ԻՆՉՊԷՍ ՃՇԴԵԼ ԼԵԶՈՒԻ ՄԸ ՍԱՀՈՒՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒՄԸ

Լաւ է, որ համաշխարհայնացման եւ միօրինակութեան այս ժամանակաշրջանին, երբ յատկապէս մարմաջ մը կայ համակարգիչի, համացանցի տարածուած լեզուն՝ անգլերէնը աւելի տիրապետող դարձնել, մարդիկ կը փորձեն քանի մը լեզուներ սորվիլ, իսկ տարբեր ազգեր մեծ ճիգեր ի գործ կը դնեն իրենց մայրենին պահպանելու: Բազմաթիւ ձեւեր կան՝ դասակարգելու անձի մը լեզուական հմտութիւնները, բայց սահունութեան հասկացողութիւնը դժուար է սահմանել:

Այս առընչութեամբ «Պի.Պի.Սի.»ի «Ֆիւչըր» բաժինին մէջ հրապարակուած է լեզուական հարցերու յօդուածագիր Եւա Սանտովալի գրութիւնը: Կը ներկայացնենք հատուածներ:

*

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան թեկնածուներէն քաղաքապետ Փիթ Պութիկիեկի երիտասարդական, զինուորական տուեալները եւ ամուսնական կարգավիճակը կրնան զինք զատորոշել մնացեալ թեկնածուներէն, բայց այն փաստը, որ ան կը տիրապետէ 7 լեզուներու, իսկապէս խօսելու նիւթ է ժողովուրդին համար:

Այս թուացեալ կախարդական սխրագործութիւնը յատկապէս տպաւորիչ է հիմնականին մէջ միալեզու երկիրներուն, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ մէջ (ուր, յաջորդաբար, բնակչութեան 80 եւ 62 առ հարիւրը միա՛յն անգլերէն կը խօսի):

Եթէ այդպիսի նախանձելի տաղանդը կը ստեղծէ խորհրդաւոր մթնոլորտ մը, ատիկա նոյնպէս անխուսափելիօրէն հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ:

Պատկերասփիւռային հաղորդումի մը ընթացքին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախկին ծերակուտական Քլէր Մաքասքիլ Պութիկիեկէն խնդրեց մեկնաբանել լեզուներ խօսելու իր ունակութիւնը, Պաթիկիեկ պատասխանեց. «Ատիկա կախեալ է այն բանէն, թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզէք խօսիլ ըսելով: Ես կրնամ ձեւով մը կարդալ նորվեկերէն օրաթերթ, բայց՝ միայն դանդաղ… Իսկ իմ արաբերէնս եւ տարիս սկսած են ժանգոտիլ»: Ասիկա ցոյց կու տայ խոնարհութիւն, համեստութիւն՝ բայց՝ ոչ այնքան, որ Պութիկիեկ եւ անոր աջակիցները կտրականապէս հերքեն անոր բազմալեզու ըլլալու լուրերը:

Ասիկա քաղաքապետ Պութիկիեկը ծաղրել չէ: Անոր սահունութեան ունակութիւնը զիս կը հետաքրքրէ, որովհետեւ ես լեզուի նախկին ուսուցչուհի եմ, 11 տարի անգլերէն դասաւանդած եմ Ճաբոնի եւ Իտալիոյ մէջ եւ այժմ Քէյմպրիճի անգլերէն բերանացի քննութեան պատասխանատու եմ, աշխատանք մը, որ ինձմէ կը պահանջէ ուշադրութիւն դարձնել թեկնածուներու երկրորդ լեզուին մէջ արտասանութեան, առոգանութեան, շարահիւսութեան մանրամասնութիւններուն: Ակներեւ է, որ Պութիկիեկ հմայուած է լեզուներով եւ պատրաստ է սորվելու եւ բաւական համարձակ է պատկերասփիւռային ուղղակի հաղորդումով խօսելու անոնց հետ, որոնց մայրենին է այդ լեզուն: Յատկութիւններ, որոնք զինք իմ դասարանիս աստղը պիտի դարձնէին: Բայց իմ նախկին աշակերտներէս շատերուն նման, որոնք կ՚ակնկալեն երկու ամսուան ընթացքին «սկսնակ»էն «բնիկ» խօսող ըլլալ, Պութիկիեկ հաւանաբար թերագնահատած էր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «խօսիլ» լեզու մը:

Ես շատ լաւ կը հասկնամ սեփական կարողութիւններու գերագնահատումը: Իտալերէնի «ժառանգաբար խօսող» մը՝ ես երկու տարիէ կ՚ապրէի Իտալիոյ մէջ, երբ ես լսեցի պանդոկի պաշտօնեային իմ մասիս ըսած խօսքը. «Այդ օտարականը չի խօսիր իտալերէն»: Ես նախ տագնապեցայ, ապա հանդարտեցայ: Այդ մէկ պարզ նախադասութիւնը ընթացք տուաւ ուղեւորութեան մը, որուն շնորհիւ ես մղուեցայ խոստովանելու, որ մինչ ես մեծցած էի տան մէջ իտալերէն խօսելով եւ սահուն խօսող էի, ես ոչ մէկ ձեւով կը տիրապետէի իտալերէնին:

ԻՍԿԱՊԷՍ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ «ՍԱՀՈՒՆ»

Կարգ մը շրջանակներու մէջ այս եզրը կը նշանակէ բնիկի նման խօսիլ՝ սկսնակի մը եւ լեզուին լաւ տիրապետողին միջեւ ոչ մէկ տարբերութիւն տեսնելով: Օտարալեզու խօսակցութիւնը լսող դրսեցին միայն կը լսէ աղօտ հնչիւններ, այդպէսով «սահուն» խօսող կ՚անուանէ այն անձը, որ նախադասութիւն մը կրնայ կարկտել:

Ըստ լեզուաբան Տանիէլ Մորկանի, սահունը իրականութեան մէջ կ՚ակնարկուի անոր, թէ երկրորդ լեզու մը խօսողը որքա՛ն հեզասահ եւ արդիւնաւէտ կը խօսի զանազան նիւթերու մասին, տուեալ ժամանակամիջոցի մը մէջ: Թէեւ սահունութիւնը կրնայ մատնա-նըշել տիրապետումի աստիճան մը, սակայն ատիկա ինքնաբերաբար չ՚ենթադրեր ճշգրտութիւն՝ քերականականօրէն ճիշդ նախադասութիւններ կազմելու ունակութիւն, նոյնպէս չ՚ենթադրեր քերականականութեան տիրապետում:

ՈՐՔԱ՞Ն ԿԱՐԵՒՈՐ ԵՆ ՃՇԳՐՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՔԵՐԱԿԱՆԱԿԱՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Այս մէկը կախեալ է խօսողին կարիքներէն: Եթէ անոնք պարզապէս կ՚ուզեն զրուցել ընկերային միջավայրի մէջ, անոնց ուշադրութիւնը կրնայ ըլլալ միայն սահունութեան հասնելու վրայ, բայց եթէ երկրորդ լեզու կը պահանջուի առեւտրական կամ ակադեմական աշխատանքներու համար, ճշգրտութիւնն ու միջավայրը շատ կարեւոր են, որովհետեւ բազմաթիւ սխալներով հաղորդակցութիւնները կրնան դիտուիլ իբրեւ ոչ արհեստավարժ:

Այս սխալները կը ներառեն բառացի թարգմանութիւններ իրենց բնիկ լեզուէն եւ լեզուի անցում: Բայերու եղանակներու ճշգրիտ օգտագործումը, նախադրեալները, յոգնակիները, յօդերը բնական, նոյնիսկ էական մասն են սորվելու հոլովոյթին:

Բազմաթիւ սորվողներ, սակայն, կը կարծեն, որ եթէ հասկնալի դարձան, ուրեմն իրենց խօսածը «կատարեալ» է: Եւ միայն խօսողը չէ, որ կը խծբծուի սխալներուն համար, քերականական սխալները սովորաբար արգելք չեն ըլլար լսողին հասկնալու, որ ինքնաբերաբար կրնայ «խմբագրել» սխալները: Անգլերէնի մէջ «Ես 17 տարի ունիմ» նախադասութիւնը սխալ է, բայց, այդուհանդերձ, մարդիկ կը հասկնան, որ խօսողը ըսել կ՚ուզէ, թէ ինք 17 տարեկան է: Աւելի՛ն. ընկերներ եւ ուսուցիչներ չեն յուսալքեր, այլ կը քաջալերեն երկրորդ լեզու սորվողները, եւ ասիկա նոյնպէս կրնայ նպաստել ուռճացնելու ինքնագնահատումը:

Կը կարծեմ, որ հանրածանօթ նմանակումներով կը համեմատենք, թէ ինչպէ՛ս մենք կը պատկերացնենք պատմութիւն մը կամ տեսարան մը մեր միտքին մէջ, այն ձեւին հետ, որ մենք կը պատմենք կամ կը նկարենք: Լեզու մը սորվելու առաջին վճռորոշ տարիներուն թերեւս կը մտածէք փառահեղ վրձինի հարուածներու նման, բայց կը խօսիք մրոտելով, հապճեպ հարուածներով։

ՈՒՐԵՄՆ Ե՞ՐԲ ՄԷԿԸ ԿՐՆԱՅ ԸՍԵԼ, ԹԷ «ԿԸ ԽՕՍԻ» ԼԵԶՈՒ ՄԸ

Ասիկա 1 միլիոն տոլարնոց հարցում մըն է: Մէկը կրնա՞յ ինքզինք նկատել սպանախօս, եթէ միայն հազիւ խօսող է, բայց յաճախ չի կրնար հասկնալ բնիկ խօսողները, քանի որ անոնք «շատ արագ կը խօսին»: Եթէ անոնք կը գործածեն բայի միայն երկու ժամանակ եւ իւրաքանչիւր նախադասութիւն սխալներ կը պարունակէ:

Պատասխանը հաւանաբար աւելի նուազ այո-ոչ է, եւ աւելի՝ «որքա՞ն լաւ»:

Բարեբախտաբար խօսակցական սահունութեան եւ ընդհանուր տիրապետումը չափելու միջոցները կան: «Սահունութիւնը վերացական հասկացողութիւն է, այնպէս որ, մենք կը նշանակենք նշմարելի միաւորներ», կը բացատրէ Տանիէլ Մորկըն: Ամենէն աւելի վստահելի երկու գործօններն են՝ «խօսքի արագութիւնը» եւ «խօսքի տեւողութիւնը»: Խօսքի արագութիւնը, կշռոյթը կրնան սահմանուիլ, թէ որքա՛ն (արդիւնաւէտ) լեզու կ՚արտաբերէք ժամանակի ընթացքին, օրինակ՝ վայրկեանը քանի՞ վանկ: Իսկ խօսքի տեւողութիւնը, իբրեւ միջին, որքա՞ն կրնաք արտաբերել դադարի եւ կմկմալներու միջեւ: Դուք կրնաք ճշգրտութիւնը դիտարկել՝ իբրեւ ենթակայ սահունութեան, քերականական ճշգրտութեան, բառապաշարի ընտրութեան, արտասանութեան եւ ընդհանուր ճշգրտութեան տեսանկիւնէն»:

Մասնագէտներ կը նկարագրեն անգիտակցական հոլովոյթը, որմէ կ՚անցնի ոեւէ անձ՝ խօսակցութենէն առաջ. հասկնալ՝ ի՛նչ ըսել, ձեւակերպել, թէ ինչպէ՛ս ատիկա ըսել եւ, վերջապէս, համապատասխան ձայները հնչեցնել: Այս բոլորը տեղի կ՚ունենան երկվայրկեանի մը մէջ վեց վանկ արտաբերելով: Երկրորդ լեզու խօսողները, որոնք պէտք ունին իրենց մտածումները թարգմանելու ոչ հարազատ լեզուի մը, կը դիմագրաւեն նոյնիսկ աւելի մեծ մարտահրաւէր մը՝ բաւարարելու այս խիստ ժամանակային սահմանափակումները: Անոնք նոյնպէս պէտք է յաճախ յաղթահարեն խանգարումներու եւ հնչելու, առոգանութեան մարտահրաւէրները: Ճշգրտութիւնը այս փուլին կըր-նայ տակաւին բացակայիլ, բայց ուշադի՛ր, երկրորդ լեզուի մը սահունութիւնը նուաճելը հսկայական սխրանք մըն է:

Քէյմպրիճ համալսարանի մուտքի բերանացի քննութեան պատասխանատուները կ՚ըսեն, որ իրենք կը նային այնպիսի բաներու, ինչպէս՝ յարակցութիւնը, պատասխանելու արագութիւնը, խօսակցութեան կառավարումը եւ արտասանութիւնը, բայց իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատկութիւնը:

Երկրորդ լեզու խօսողները անհատապէս կրնան տարբեր կարողութիւններ դրսեւորել: Կ՚ըլլան աշակերտներ, որոնք շատ ճշգրիտ են, բայց այնքան կը վախնան սխալելէ, որ իրենց սահունութիւնը կը տուժէ: Այլ աշակերտներ, որոնք անվախ կը նետուին եւ բաւական սահուն են, բայց անոնց լեզուն սխալներով լեցուն է:

Ըստ մասնագիտական ուսումնասիրութեան մը, անհրաժեշտ է 200 դասաւանդումի ժամ, որպէսզի սորվելու մղում ունեցող աշակերտ մը մէկ մակարդակէն յառաջանայ դէպի յաջորդ մակարդակ: Բանալի բառը մղումն է: Լեզու մը սորվիլը զգալիօրէն կը տարբերի անհատներու միջեւ: Սորվողը բա՞ց է նոր կառուցուածքներու: Արդեօք անոնք, փոխանակ կառչելու հիմնական «բաւական լաւ» քերականութենէն, կը զարգացնե՞ն այն, որ արդէն սորված են: Արդեօք ան կը կառչի՞ հետեւողականօրէն սորվելու եւ գործնական փորձեր կատարելու:

Միտքը հետեւեալն է. «Գրիչը սեղանի վրայ է» խօսքին եւ գրական հատուածի մը մասին կատարեալ թեզ մը գրելու միջեւ բազմաթիւ քայլեր կան:

Տիրապետման կշիռքը հիանալի կը չափէ, կը գնահատէ երկրորդ լեզուի ունակութիւնը, բայց ամենէն արագ, ամենէն թաքուն սահունութեան եւ ճշգրտութեան «ստուգումները» իրական կեանքի իրավիճակներն են՝ բնիկ խօսողներու հետ: Որքա՞ն սահուն եւ երկար է ձեր փոխազդեցութիւնը ձեր երկրորդ լեզուին մէջ: Դուք կը խուսափի՞ք որոշ նիւթերէ կամ կացութիւններէ, որովհետեւ բառերը չունիք: Դուք փոխանակ խօսակցութեան ամբողջութիւնը հասկնալու՝ կը բաւարարուի՞ք «բանալի բառեր»ու ընդմէջէն ըսուածին «իմաստը» հասկնալով: Որքա՞ն լաւ կրնաք հասկնալ շարժապատկերը՝ առանց ենթագիրները, թարգմանութիւնը կարդալու, կամ գիրք մը՝ առանց բառարանի: Եթէ ե-նամակ կը գրէք եւ կը հարցնէք բնիկ խօսողին, որպէսզի սրբագրէ, քանի՞ սխալ կը գտնէ:

Ինչ կը վերաբերի ինծի, մինչ իմ իտալերէնի քերականութիւնս զգալիօրէն բարելաւուեցաւ, Իտալիոյ մէջ իմ կեցութեան ինն տարիներուն ընթացքին, ես՝ իբրեւ գրող, տակաւին պէտք ունիմ սահունութեան, բնիկի անթերի լեզուին, ճշգրտութեան եւ շարահիւսութեան: Ես դեռ հոն չեմ հասած եւ որոշ ատեններ ես կը յուսահատիմ, որ երբեք պիտի չհասնիմ այնտեղ:

Եւ յետոյ ես ինծի կը յիշեցնեմ, որ երկրորդ լեզու սորվիլը նման է ամուսնութեան: Դուք կը կարծէք, որ գիտէք ձեր ամուսինը, երբ մատանին կ՚անցընէք, բայց ատիկա միայն սկիզբն է եւ յանձնառութիւնը՝ կեանքին:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2019