ՊԵՇԻՐ ԺԸՄԱՅԷԼ ԵՒ ՀԱՊԻՊ ՇԱՐԹՈՒՆԻ. ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԲԱԺՆՈՂ ԵՐԿՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐ
Երեսունհինգ տարիներ առաջ կը սպաննուէր Լիբանանի նախագահ Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ: Երկիրը ծանր բաժանումի մատնած քաղաքացիական պատերազմի ողջ տեւողութեան Ժըմայէլի սպանութիւնը կը համարուի կարեւոր դարձակէտ մը: Բացի անկէ, որ որոշ քաղաքական կողմի մը համար սպանութեան դէպքը կը համարուէր «պատգամ», իսկ միւս հակադիր կողմին յստակ կը դառնար, որ Լիբանանը որպէս արաբական միջավայրին մէջ գտնուող երկիր, անհնար էր դառնալ Իսրայէլին ենթակայ երկիր մը:
Այդ օրերուն, որպէս «յառաջադէմ» ներկայացող քաղաքական ուժերուն համար անկիւնադարձային սպանութիւնը ցայսօր ալ կը համարուի արձանագրուած յաղթանակ այն ուժերուն դէմ, որոնց համար Թել Աւիւի հետ կամուրջներ կառուցելը թապու մը կամ արգիլուած արարք մը չէր:
Երեսունհինգ տարի անցած է այդ ծանր ոճիրէն, սակայն ցայսօր ալ յստակ է, որ հակառակ այնքան երկար տարիներէ ետք երկրին մէջ գործող երկու ճամբարներն ալ չեն պատրաստուիր զիջումներ կատարելու:
Աւելի՛ն. անոնց ըմբռնումները սկսած են դառնալ աւելի կարծր, անվիճելի եւ բացարձակապէս ճշմարիտ: Ու այս մթնոլորտին մէջ է նաեւ, որ շատ հեշտ է նախկին նախագահ Պեշիր Ժըմայէլին սպանութիւնը եւ այդ ահաբեկչութիւնը գործած մեղադրեալին դէմ արձակուած մահապատիժի վճիռը կրնան մէկ օրէն միւսը ծանր բաժանումի մը տանիլ Լիբանանը:
Շաբաթ մը առաջ Լիբանանի դատական ատեանի դատախազ Ժան Ֆահըտ մահապատիժի վճիռ արձակեց երկրի 7-րդ նախագահ Պեշիր Ժըմայէլն ու անոր գաղափարակից ընկերները սպաննելու գործով մեղադրուած Հապիպ ալ Շարթունին: Նախքան դատական վճիռին արձակուիլը՝ դատարանին դիմաց հաւաքուած էին իրարու ընդդիմադիր երկու խմբաւորումներ:
Առաջին խմբաւորումը նախկին նախագահի եղբօրորդիի՝ երեսփոխան Սամի Ժըմայէլի ղեկավարած «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան անդամներն ու համակիրներն էին, իսկ միւս խմբակը՝ մինչ այդ մեղադրեալ, իսկ այսօր արդէն որպէս յանցագործ ճանչցուած Հապիպ Շարթունիի «գաղափարակից»ներն էին, որոնց մեծ տոկոսը անդամ է Անթուն Սաատէյի հիմնադրած «Ղովմի» կուսակցութեան: Եթէ պատմական արագ հայեացք մը նետենք Լիբանանի քաղաքական ընդհանուր տեսարանին վրայ, ապա յստակ պիտի դառնայ, որ այս երկու կուսակցութիւնները, որոնք մասնակցութիւն ունեցած են տասնհինգ տարի տեւած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, ունին գաղափարական մեծ տարակարծութիւններ: Այդ տարակարծութիւններուն հիմքը՝ Լիբանանը որպէս վերջնական հայրենիք դաւանելու անոնց ունեցած տարբեր մօտեցումներն են:
«Փաղանգաւոր» կուսակցութիւնը, որ յայտնի է իր «արեւմտամէտ» մօտեցումներով (հակառակ անոր, որ միշտ ալ դաւաճանուած է Արեւմուտքի կողմէ) հիմնադրուած է 14 Սեպտեմբեր 1982-ին սպաննուած Պեշիր Ժըմայէլի հօր՝ Փիէռ Ժըմայէլի կողմէ, 1936-ին: Կուսակցութիւնը սկզբնական շրջանին եղած է սկաուտական եւ մարզական միութեանց համախմբում եւ աւելի ետք է, որ դիմափոխուելով եւ ունենալով զինուորական թեքում, բուռն կերպով մասնակցած է լիբանանեան արիւնալի պատերազմին: Մեծամասնութեան մէջ քրիստոնեայ եւ յատկապէս մարոնի տարրերէ բաղկացող կուսակցութեան նշանաբանը եղած է «Աստուած, հայրենիք, ընտանիք». այդ առանցքներուն շուրջ է նաեւ, որ «փաղանգաւորներ»ը գործած ու դարձած են Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմի երբեմնի մեծագոյն ուժերէն մին:
Երկրորդ ուժը, որ յայտնի է իր «ձախ» թեքումներով, եղած է ներշնչարանը արաբ ձախ-ազգայնական թեքումով մտաւորականութեան: Այդ կուսակցութեան հիմնադիր Անթուն Սաատէն, որ կը համարուի «Ղովմի» կուսակցութեան մեծ գաղափարախօսը, իբրեւ կարգախօս բարձրացուցած է «Մեծն Սուրիա» մը կերտելու առաջադրանքը: Այդ «Մեծն Սուրիա»ն կրօնական, յարանուանական, դաւանական բաժանումներու ենթակայ չէ եւ այդ կուսակցութեան հիմնական առանցքը «արգասաբեր մահիկ»ի շրջաններուն մէջ կերտելու մօտեցումն է զայն, որուն բնակիչներուն համար կարեւորը քաղաքական ընկալումներն են, ոչ թէ կրօնական պատկանելիութիւնը:
Այս երկու խմբաւորումներուն միջեւ վիհը աւելի կը խորանար, որովհետեւ «ղովմի»ներուն համար «գլխաւոր թշնամի» համարուած Իսրայէլը որոշ ժամանակահատուածի մը համար կը դառնար «Լիբանանեան ուժեր»ու «գործակից»ը: Ժամանակահատուածը, որուն կ՚ակնարկեմ, լիբանանեան պատերազմի 1980-ականներու փուլն է, երբ Պեշիր Ժըմայէլ, որպէս «Լիբանանեան ուժեր» քրիստոնեայ միլիսի առաջնորդ կը դիմէր Թել Աւիւի ղեկավարութեան՝ Պէյրութի մէջ անոնցմէ օժանդակութիւններ խնդրելու նպատակով:
Խորքին մէջ լիբանանեան այդ փուլը բաւական բարդ ժամանակաշրջան մըն է, ու այդ շրջանին է նաեւ, որ երկրին մէջ պաղեստինցի-իսլամ լիբանանցի դաշինքը սկսած էր բաւական կարեւոր ձեռքբերումներ արձանագրել: Եասէր Արաֆաթի առաջնորդած ՊԱԿ-ը սկսած էր դառնալ անպարտելի ու կը սպառնար ամբողջ քրիստոնէութեան: Քրիստոնեաներուն համար կար նաեւ Սուրիոյ «պատուհան»ը, սակայն Հաֆըզ Էսատի համար ալ այդ հանգրուանին Լիբանանի մէջ գործող «պաղեստինցիները ճզմելու» ծրագիրը իրատեսական չէր, շարք մը տուեալներու եւ կարեւոր հանգամանքներու բերումով: Այս իրադրութեան մէջ էր նաեւ, որ Պեշիր Ժըմայէլ կը փորձէր ոչ միայն իսրայէլեան «ապահովական նեցուկ» մը ստանալ, այլ նաեւ նախապատրաստել իր նախագահ դառնալու կարեւոր փուլը:
Սակայն Ժըմայէլ չարաչար կը սխալէր, որովհետեւ Թել Աւիւ օգտուելով քրիստոնեայ թեւի որոշ կողմի մը «կանաչ լոյս»էն, Լիբանան կը ներխուժէր եւ կը հասնէր մինչեւ Պէյրութ:
Իսրայէլ կը պաշարէր Պէյրութը եւ ոտնակոխ կ՚ընէր միջազգային ընդունուած բոլոր սկզբունքներն ու օրէնքները:
Այդ օրերուն էր նաեւ, որ կը գործուէին ծանրագոյն ոճիրներ ու սպանդներ, որոնցմէ ամենաչարափաստիկը «Սապրա եւ Շաթիլա» գաղթակայաններու սպանդն էր, որուն նոյնպէս մասնակից կը դառնային «Լիբանանեան ուժեր» ու շարք մը երեւելի ղեկավարներ:
Այդ ներխուժմէն ետք ՊԱԿ-ի զինեալները ծովու ճանապարհով կը հեռանային Լիբանանէն եւ սկիզբ կ՚առնէր նոր հանգրուան մը, որ «կը պսակուէր» Պեշիր Ժըմայէլի նախագահ ընտրութեամբ: Մարոնի քրիստոնեաներուն մեծամասնութեան համար Պեշիրի նախագահ դառնալը «մեծ երազ»ի մը իրականցումն էր, որ կիսատ կը մնայ քրիստոնեայ արի եւ քաջ ղեկավարին դաւադրական սպանութեամբ:
Վերադառնալով Հապիպ ալ Շարթունիի դէմ արձակուած վճիռին՝ կարելի է ըսել, որ մահապատիժի վճիռը, որ կը հրապարակուէր «բաւական ուշ», խորքին մէջ փորձ մըն էր ամրագրելու երկրի «քաղաքական դատեր»ու վերաբերեալ արդարութեան ամրացման հարցը:
Անկախ ամէն բանէ, Շարթունի մարդասպան է: Ու մէկդի դնելով այն փաստը, որ Պեշիր Ժըմայէլ փորձած էր համագործակցիլ Թել Աւիւին հետ, որոնք «մարդասպաններ» կը համարուէին պաղեստինցիներուն ու անոնց զինակից իսլամ լիբանանցիներուն համար, շատ յստակ է, որ ոճրագործութիւն գործած անհատը պէտք է պատժուէր:
Տխուր իրականութիւն է սակայն, որ լիբանանցիներուն շատ-շատերուն համար դատաիրաւական դրուածքները եւ օրէնքի ուժով ու հովանիով հարցերը լուծելու ըմբռնումը տակաւին արմատ չէ նետած:
«Ղովմի» կուսակցութեան բոլոր անդամները կը հաւատան, որ Պեշիր Ժըմայէլ դաւաճան մըն է, իսկ մարոնի քրիստոնեաներուն ու յատկապէս իր հիմնադրած «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան անդամներուն համար ալ Պեշիր Ժըմայէլ Լիբանանի համար «փրկիչ» նախագահ մըն էր, որուն հիմնական սկզբունք-երազը համակեցութեամբ ապրող եւ լիբանանեան արեւելումով երկրի մը կերտումն էր: Այս բոլորէն անդին, յստակ է նաեւ, որ ծանր վէրքերու եւ մեծ արիւնահոսութիւններու թատերաբեմ դարձած Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար «անցեալի դասեր»ը որոշակի արժէք կամ իմաստ մը չունին:
Առնուազն Հապիպ ալ Շարթունիի էութեան եւ Պեշիր Ժըմայէլի կերպարին շուրջ առկայ տարակարծութիւնը ցոյց կու տան, որ Լիբանանի հասարակութիւնը տակաւին շատ հեռու է «իրական քաղաքացիութիւն» ունեցող հասարակութիւն մը ըլլալէ: Ու այդ փաստը բաւական մտահոգիչ է, որովհետեւ երկրին մէջ ապրող, գործող եւ նոյնիսկ գոյակցող ուժերէն իւրաքանչիւրը կը խօսի, կ՚երազէ, կը տեսնէ, կը պատկերէ ու մանաւանդ կը պայքարի «իր Լիբանան»ին համար, որ բոլորովին տարբեր ու նոյնիսկ «հակասական» Լիբանան մըն է միւս կողմերուն համար:
Այս իրավիճակին մէջ յայտնուած Լիբանանը յստակ ու բացայայտ է, որ տակաւին երկար ժամանակ պիտի մնայ պարանաձգութիւններու աքցանին մէջ, այնքան ժամանակ, որ անոր շրջակայ երկիրներէն իւրաքանչիւրը կը շարունակեն զօրակցիլ, նեցուկ կանգնիլ եւ պայքարիլ յանուն այն Լիբանանին, որ ամենէն շատ մօտ է իրենց ծրագիրներուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ