«ՄԵԾ ԵՂԲԱՅՐԸ»
1949 թուականին հրատարակուեցաւ Ճորճ Օրուէլի «1984» անուն վէպը, որու հիմնական մասը գրի առնուած էր 1948-ին։ Կան վարկածներ, որոնք կը հաստատեն, թէ հեղինակը իր այս նշանաւոր ստեղծագործութիւնը անուանած է վէպի ստեղծման տարեթիւի՝ 1948-ի վերջին երկու թիւերը տեղափոխելով։
Վէպին մէջ նկարագրուած է արեւմտեան վարչակարգը 1984 թուականին, երբ ամբողջատիրական համակարգի մը դէմ ելլելը անհատները կործանման կը տանէր։ Վէպին ներքին գաղտնագիրերը խոր շեշտեր եւ ակնարկներ կը պարունակեն, այս պատճառով հասկնալի էին վէպի տպագրութեան ու վաճառքի արգիլումը։ Օրուէլի այս հանրայայտ գիրքը Խորհրդային Միութեան տարածքէն ներս լոյս տեսաւ 1988-էն յետոյ։ Այս հանգամանքը շատ բնական էր, քանի որ գիրքը կը զգուշացնէ բռնատիրական (dictatorship) ու ամբողջատիրական (totalitarism) վարչակարգերու դէմ։
Վէպին գլխաւոր հերոսը՝ Մեծ եղբայրը (անգլերէն՝ Big Brother) Ովկիանոսիա պետութեան եւ «Ինկսոք» (ingsoc) կուսակցութեան ղեկավարն է։ «Մեծ եղբայր» եզրոյթը կիրառուած է բնորոշելու ամբողջութիւնը բոլոր կաճառներու եւ կառոյցներու, որոնք ոտնձգութիւն կը կատարեն մարդու հիմնարար իրաւունքներու, ազատութիւններու եւ անոր անձնական կեանքի նկատմամբ։ «Մեծ եղբայր»ը նկարագրուած է՝ որպէս սեւ պեխերով այր-մարդ մը, որ մօտաւորապէս 45 տարեկան է։ Ան ունի կոշտ, սակայն միեւնոյն ժամանակ գրաւիչ դէմք։ Գիրքին մէջ «Մեծ եղբայր» դէմքը ցուցադրուած է Լոնտոնի տարածքէն ներս կախուած բազմաթիւ ցուցապաստառներու վրայ։ Իւրաքանչիւր հրապարակի պատերէն կը նայի նոյն դէմքը։ Աչքերը կը հետեւին ամէնուն։ «Մեծ աղբայրը քեզի կը հետեւի» կը գրէ պաստառներու վրայ։ Հեռուստահաղորդումներուն ան հանդէս կու գայ որպէս Ովկիանոսիայի անսխալական ղեկավար։ Իր իսկական գոյութեան մասին ոչ ոք վստահ է։ Մեծ եղբայրը 50-ական թուականներուն Մեծն Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան առաջնորդներէն մէկը եղած է։ Մեծ եղբօր միահեծան իշխանութեան հաստատումը սկսած էր 1960 թուականին, այդ ժամանակ ալ սկսած է յեղափոխութեան անմիջականօրէն մասնակցած կուսակցական ղեկավարներու ջարդը։ 1970-ական թուականներու սկիզբին Մեծ եղբայրը կը դառնայ Ովկիանոսիայի միանձնեայ առաջնորդը։
Վէպի հարատարակութենէն յետոյ «Մեծ եղբայր» անուանումը յատուկ դարձաւ այնպիսի պետութիւններու ու կազմակերպութիւններու համար, որոնք կը փորձեն ամբողջական վերահոկողութիւն հաստատել իրենց ենթականերու կամ ազգաբնակչութեան վրայ։ Օրուէլ, իր կեանքի ողջ տեւողութեան փորձած է մարդիկը գիտակից դարձնել բռնատիրական ու ամբողջատիրական համակարգերու մասին։ Վէպը կը ստիպէ մարդիկ անցեալի, ներկայի ու ապագայի ճշմարտութիւններու մասին մտածել։
Հեռատես հեղինակ Ճորճ Օրուէլ տարիներ առաջ նկարագրած է այնպիսի համակարգ մը, որ իր կառավարութեան եւ հսկողութեան տակ կը պահէ մարդոց ապրելակերպն ու գաղափարները՝ միտքը։ Ան նաեւ լոյս կը սփռէ ո՛չ միայն անցեալի, այլ՝ ապագայի եւ ներկայի։
Նկատի ունենալով մեր առօրեայ ապրելակերպը. բջիջային հեռաձայններն ու այլ փորձագիտական միջոցները՝ մեծ տեղ կը գրաւեն մեր կեանքէն ներս։ Շատ քիչ է անոնց թիւը, որոնք ընկերային ցանցերէն մէկուն անդամ չըլլան։ Սակայն այս սարքաւորումները իսկապէս վստահելի՞ են։ Համացանցի որոշ կողմերու, մակարդակներու վրայ կը խախտուի մարդոց առանձնութեան իրաւունքը. միթէ անոնք ալ «մեծ եղբայր»ներ չե՞ն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ