Լուսինը կը Ժպտի…
Գահիրէի Խալիկ էլ Մասրիի մեր տան հիւրանոցի պատշգամը փայտէ փեղկեր չունէր: Անոր փոխարէն սկիզբէն միայն դուռ մը դրուած էր, որուն մարմնին կէսէն վեր կային միջակ մեծութեամբ չորս թափանցիկ եւ քառանկիւն ապակիներ, ուրկէ առաւօտները դպրոց երթալէս առաջ արեւը մեր տունը այցելութեան կու գար:
Մայրս ամէն տարի՝ Կաղանդի եւ Զատկուան օրերուն, վարի երկու ապակիներու փայտէ եզերքներուն վրայ հաստատուած ոսկեգոյն ձողիկներէ իր ձեռքով բանուած ասեղնագործեր կը կախէր:
Մաքուր, ճերմակ կերպասի վրայ աշխատցուած ու արդուկուած այդ ասեղնագործերուն տեսարանը խոշոր քարերու վրայ նստած եւ սրինգ նուագող հրեշտակներ էին… Անոնց սրինգներէն նուագի ձայներ չէին ելլեր, բայց ինծի այնպէս կը թուէր, թէ պատշգամի ապակիներուն վրայ եթէ մօրս ասեղնագործերու ներկայութիւնը չտեսնէի, Կաղանդը եւ Զատիկը իրենց հմայքէն շատ բան կը կորսնցնէին ինծի համար:
Բայց տօնական օրերը կարեւոր էին ու մենք ամբողջ տարին անհամբեր՝ անոնց գալուն կը սպասէինք: Սակայն մեր փողոցի տուներուն մէջ մեզմէ զատ քիչեր կային այդ տօներուն սպասող, որովհետեւ մեր շուրջը հայեր կամ քրիստոնեաներ շատ չկային բնակող: Իրաւ է, թէ մենք Եգիպտոսի մէջ «Խաուակա»ներ էինք, բայց մեր բնակած փողոցը հին էր եւ թերեւս ալ այդ պատճառաւ, ժամանակի ընթացքին «Խաուակա»ները հեռացած էին մեր թաղէն… Հոն բնակչութեան մեծամասնութիւնը տեղացիներէ բաղկացած էր:
Սակայն Խալիկ էլ Մասրին, անցեալին, քաղաքին կարեւոր փողոցներէն եղած էր: Դեռ ալ կարեւոր էր, անշուշտ ոչ նախկինին չափ, որովհետեւ հակառակ ժամանակին հետ քայլ պահած չըլլալուն ու նոր օրերու բաղդատմամբ ալ նեղ մնացած ըլալուն՝ հոնկէ անցնող թրամվայները քաղաքին որոշ մասերը տակաւին իրարու կը կապէին:
Մեր առաջին յարկի պատշգամէն ես կը սիրէի դիտել այդ թրամվայներու երթեւեկը եւ լսել մանաւանդ, փողոցի յատակին վրայ, երբեմն անցնող ու կառքերու կապուած ձիերու կամ ջորիներու թոփիւնը… Հետաքրքրական էր փողոցին եռուզեռը … Բայց հակառակ փափաքիս, երբ դեռ պզտիկ էի, ինծի կարելի չէր ըլլար միշտ գոհացում տալ ուզածներուս, որովհետեւ այն օրերուն պատշգամին դուռը սովորաբար գոց կ՚ըլլար եւ հասակս պատշգամին բռնակը դարձնելու չէր հասներ… Դրան ետեւէն ես յաճախ կը լսէի թրամվայներու զանգակին հեռացող կամ մօտեցող ձայնը եւ անհամբեր կը սպասէի փողոցին մէջ հեռուէն կրկնուող շրջուն վաճառորդներու երկարող կանչին…
Ասֆուր էլ Նի՜լ…
Լապան զպա՜տի…
Մոլոխէյյա՜…
Պալահ Զաղլու՜լ …
Լեցուն ապրանքներով կողով մը իրենց գլխուն վրայ շալկած անոնք կ՚անցնէին մեր տան առջեւի փողոցէն եւ կանչող ձայնով՝ ծախած ապրանքներուն գովեստը կ՚ընէին: Անոնք բնածին վաճառորդներ ալ էին եւ ունեցած ապրանքնին ծախելու հոգեբանութեամբ, երբեմն քալած ժամանակ, տեղ-տեղ կը կենային եւ հնարաւոր գնորդներ գտնելու մտահոգութեամբ, աչքով չորս դին յաճախորդներ կը փնտռէին…
Անոնց ծախած զանազան ապրանքներուն մէջէն, ամենաշատ սիրածներէս մէկը, երկար, գրեթէ փողոցները աւլող սեւ հագուստով կնոջ մը, որսացուած եւ վեցական զոյգերով իրարու ոտքերէն կապուած շատ համեղ պզտիկ թռչուններն էին…
Ամէն անգամ երբ կնոջ «Ասֆուր էլ Նիի՜լ» երկարող կանչը լսէի՝ վազելով մօրս լուր կու տայի… Ան վեր կը կանչէր կինը եւ «Ասֆուր»ներ կը գնէր իրմէ: Կինը մեզմէ յետոյ դեռ քանի մը դրացիներու ալ թռչուններ ծախելէ ետք, կը վերցնէր մնացածը ու գոհ կը մեկնէր մեր տունէն:
Երթալէն վերջ, երկյարկանի շէնքին մեր բնակած առաջին յարկէն, փողոցին մէջ դարձեալ լսելի կ՚ըլլար իր «Ասֆուր էլ Նի՜իլ» հեռացող կանչը…
Նոր չէր Խալիկ էլ Մասրիի վրայ այդ երկյարկանի շէնքը, ու անոր յարակից դերձակի խանութէն դուռ մը անդին՝ անցնող թրամվայներու գիծին շատ մօտ եղող իր խանութի պատին առջեւ մեր դրացի Ամմու Եուսուֆը առանց յենարանի նստարանի մը վրայ միշտ նստած կ՚ըլլար: Ան արհեստով յեսան էր եւ մօտը, նստարանէն քիչ մը անդին պատին կռթնած, ջաղացքի մը քարին նմանող խոշոր ու կլոր պահեստի յեսանաքար մը կը պահէր ամբողջ տարին: Ամմու Եուսուֆը երկար տարիներ աշխատելէ վերջ խանութ բացած գործատէր դարձած էր:
Ան հիմա այլեւս չէր աշխատեր: Իր փոխարէն գործաւոր մը խանութէն ներս յեսանաքարին վրայ ամբողջ օրը մկրատ, դանակ եւ ուրիշ գործիքներ կը սրցնէր:
Կարճ մազերով, թոյլ կերպասէ ճերմակ ու կարճ տափատով Ամմու Եուսուֆը, հակառակ վնասուած մէկ աչքին, ժամանակով, մեր փողոցի անպաշտօն հսկիչը դարձած էր:
Ան կը ճանչնար բոլոր անցորդները, մեծ կամ փոքր դրացիները ու բարեկամ էր ամէնուն: Ճիշդ այս պատճառաւ մեր ալ բարի դրացին էր ու տան լաւ բարեկամը:
Սակայն Ամմու Եուսուֆը ջերմեռանդ մահմետական էր եւ կուրօրէն կը հետեւէր Քուրանի բոլոր պատուիրանքներուն :
Րամատանի օրերուն ծոմի վերջաւորութիւնը աւետող մայրամուտի թնդանօթի հար-ւածէն քիչ առաջ խանութին դուռը վար կ՚առնէր եւ օրուան առաջին ճաշը՝ «իֆթար»ը տան մէջ արժանիօրէն վայելելէ վերջ, կ՚իջնէր խանութը դարձեալ կը բանար ու առջեւի նստարանին վրայ իր առաջուան տեղը կը գրաւէր…
Քիչ վերջ պզտիկ տղաք ու աղջիկներ երգելով՝ կ՚անցնէին փողոցէն եւ ձեռքերնին գունաւոր ապակիներով ու վառած մոմերով Ֆանուսներ բռնած՝ կու գային Ամմու Եուսուֆին առջեւ Րամատանի երգեր կ՚երգէին…
Ամմու Եուսուֆը բարի էր: Գթասիրտ ալ էր: Կը հասկնար ուզածնին եւ պզտիկ նուէրներ տալով՝ կը գոհացնէր բոլորը…
Հիւրանոցի մեր պատշգամէն՝ գիշերները ես կը դիտէի այս բոլորը, կը լսէի տղոց երգերը ու անոնցմէ քանի մը մասեր ալ գրեթէ գոց սորված էի:
Սակայն երգերէն զատ սորված էի նաեւ, որ Րամատանը միայն երգերու ամիս չէր եւ մահմետականներուն համար կարեւոր աղօթքի եւ բարիքի ամիս ալ էր, որովհետեւ այդ օրերուն գթասէր եւ հարուստ մարդիկ աղքատներուն սեղան կը բանային եւ ուրիշ բարի գործեր ալ կը կատարէին:
Մայրս կը հաւատար, որ գթասիրտ մարդիկ բոլոր ազգերուն մէջ գոյութիւն ունէին, իսկ մեր մահմետական դրացիներն ալ կ՚ըսէին, թէ Րամատանի ամիսը՝ գիշերներուն, իրենց կատարած բարի գործերով եւ աղօթքներով, արծաթէ լուսինը երկնքին վրայ կը ժպտէր եւ աստղերն ալ, յատկապէս բարի մուսլիմ հաւատացեալներուն համար աւելի փայլուն կը պսպղային…: Սակայն Րամատանի գիշերները ինծի տարբեր տարբեր յիշատակներ կը բերէին ամէն տարի: Արշալոյսէն քիչ առաջ երբ Մուսահհարաթին մութ փողոցներէ կ՚անցնէր եւ դրամական պզտիկ վարձատրութեան մը փոխարէն՝ գաւազանով մուսլիմները Սուհուրի երկրորդ ճաշին արթնցնելու համար գաւազանով անոնց դուռը կը ծեծէր ու անունները միշտ երկնցնելով՝ կը կանչէր, ես յաճախ կ՚արթննայի եւ Ամմու Եուսուֆին անունը կը լսէի:
Յետոյ անկողինիս մէջ դեռ պառկած՝ կէս քուն վիճակի մէջ, հեռուէն կը լսէի ու երբեմն ալ կը համրէի ուրիշ դռներու ալ տրուած հարուածի խուլ ձայներ եւ քունով թուլցած՝ երազի պէս կը հետեւէի խորհրդաւոր Մուսահարաթիին գիշերուան լռութեան մէջ մարող ոտնաձայներուն:
Սակայն Ամմու Եուսուֆը բարեպաշտութեան իր տեսակին մէջ միակը չէր, եւ իրեն պէս Քուրանի օրէնքններուն հետեւող ու Մուհամմատի Աստուծմէն վախցող, ուրիշ մուսլիմ դրացիներ ալ կային մեր փողոցին մէջ:
Անոր չափ բարի ու մեր ընտանիքին լաւ բարեկամ ալ, մեր վարի ատաղձագործ Ամմու Ապտօն էր, որ առաւօտները կանուխէն երկայն հասակը ծռած՝ խանութին դուռը կը բանար ու շինուելիք փայտէ կարասիներուն համար կրակին վրայ սոսինձ կը հալեցնէր: Իր տղաքը՝ Մուսթաֆան, Մուհամմէտը եւ Թահան, աւելի ուշ գործի կու գային… Մուսթաֆան վերապահ ու սակաւախօս էր: Երբ պատահէր, որ դասերէ ազատ ժամի մը իրենց խանութը այցելութեան երթայի, կը նախընտրէի միշտ Մուհամմէտին կամ կատակախօս Թահային հետ խօսիլ, որովհետեւ անոնք խիստ չէին. հարցումներուս կը պատասխանէին եւ յաճախ կը թոյլատրէին որ տաշեղներով ու իրենց գործիքներով ալ խաղամ:
Մինչեւ տղոց երեւնալը ամէն առտու Ամմու Ապտօն խանութէն դուրս կրակին վրայի թիթեղին մէջ հալող սոսինձը փայտով կը խառնէր, յետոյ ներս կը մտնէր ու կը սկսէր նախորդ օրուան գետին թափած տաշեղները աւլել:
Ամէն օր առտուները երբ ճշդապահօրէն ժամը վեցը քառորդ անցած դպրոց երթալէ առաջ նախաճաշիս կաթ գնելու համար փողոց կ՚իջնէի, Ամմու Ապտօն խանութին առջեւի մայթը աւլելու վրայ կ՚ըլլար: Ես կը բարեւէի ու՝
-Սապահ էլ խեր եա Ամմու Ապտօ, կ՚ըսէի: Ան կը ժպտէր ու՝
-Սապահ էլ ֆոլլ կամ սապահ էլ Էշթա եա Կարօ, կը պատասխանէր:
Ես կ՚աճապարէի եւ շատ չէի խօսեր, որովհետեւ դպրոցիս դեղձանիկի գոյնով օթոպիւսները կանուխ կու գային:
Փողոցին մէջ կաթնավաճառին փայլուն ապակիներով խանութը շատ հեռու չէր եւ ճամբուս վրայ գտնուող կամարաձեւ ու խոշոր պատուհաններով սրճարանին դիմացի նեղ անկիւնը կը գրաւէր: Առջեւը խաչմերուկ մը կար: Խանութին մէջ մօրուքաւոր կաթնավաճառը, առաւօտները կանուխէն շերեփով կաթ կ՚եռացնէր ու ապակիէ ցուցափեղկերուն ետեւ, պտուկէ «սուլթանիա»ներու մէջ մածուն եւ կաթնապուր կը ծախէր:
Գործաւորները առտուան կանուխ ժամերուն կու գային եւ խանութէն ներս՝ պատին տակ շարուած չորս կամ հինգ սեղաններու շուրջ, պնակ մը տաք կաթի մէջ հաց կը բրդէին ու նախաճաշելէ վերջ գործի կ՚երթային:
Խաչմերուկի Խալիկ էլ Մասրին կտրող փողոցը կ՚անցնէր կաթնավաճառին անկիւնէն, եւ թրամվայներու գիծէն հեռու ճիւղաւորուելէ վերջ, մինչեւ թաղին ներսերու զուտ տեղական մասերը կ՚երթար: Փողոցի այդ մասէն ինքնաշարժներ կամ թրամվայներ չէին անցներ: Հոն տարբեր շուկայ էր եւ քով-քովի, կարծես տաքնալու համար իրարու կռթնած պզտիկ խանութներու մէջ ամէն տեսակ ապրանքներ աժան գինով կը ծախուէին:
Ասկէ զատ տեղւոյն վրայ կը գտնուէին նաեւ տեսակ-տեսակ արհեստի գործաւորներ եւ խանութպաններ: Կային մսավաճառներ, «Պելետի» կամ «Ֆրանկի» հացավաճառ խանութներ, հնակարկատներ, փռապաններ, թթումի եւ ձմերուկի խարկուած կուտ ծախողներ եւ ուրիշ շատ արհեստներու խանութպաններ:
Բայց այս չէր բոլորը, եւ ես ամէն անգամ երբ այդ նեղլիկ փողոցին մէջ գտնուէի, անոր միւս ծայրին՝ խանութի մը մէջ, ես դեռ ուրիշ տեղեր չգտնուած արդուկարար մը կը տեսնէի, որ հագուստները ոտքով կ՚արդուկէր:
Հետաքրքրական էր: Մաքուակին կամ արդուկարարը երկայն կոթով շիկացած ծանր արդուկը կը հանէր կրակարանէն եւ դժուարութեամբ՝ արդուկի ցածուկ եւ երկար սեղանի մը ծայրին հաստատուած քառանկիւն երկաթի մը վրայ կը զետեղէր: Յետոյ ծունկի բարձրութեան կէսին հասնող այդ սեղանին վրայ կը ծռէր, ոտքը արդուկի կոթին առջեւ՝ աղիւսի ձեւով շինուած քառանկիւն փայտի մը վրայ կը դնէր եւ կոթի ծայրէն բռնելով՝ արդուկը սեղանին վրայ կը սահեցնէր: Փայլուն արդուկը հագուստի կերպասին վրայ հովի պէս կը թռէր եւ մէկ անգամ երթալ-գալով՝ շատ դիւրին կ՚արդուկէր…
Խանութին փողոցը Խալիկ էլ Մասրիի անկիւնէն սկսեալ նեղ էր, բայց բանուկ էր եւ ամբողջ օրը ձիերու կապուած անցնող-դարձող կառքերու երթեւեկէն մաշած ասֆալտին վրայ փոսիկներ բացուած էին, որոնց մէջ ատենով հաւաքուած փոշին՝ խանութպաններուն կէսօրուան տաքին փողոցները ջրած ժամանակ ցեխի կը վերածուէին:
Սակայն փողոցը մաշած ասֆալտով, մեծ ու փոքր փոսերով կամ պզտիկ խանութներով գեղանկար էր ու ես երբ տան մէջ պէտք եղած բանի մը համար փողոց իջնէի, հակառակ մօրս տուած հեռու տեղեր չերթալու պատուէրներուն, յաճախ ճամբաս կը շեղէի ու այն կողմերէն ալ կ՚անցնէի:
Վերադարձիս հոն երթալս իրմէ չէի թաքցներ, բայց պատճառը ինծի կը պահէի: Մօրս միտքէն ինչպէ՞ս անցնէր, թէ այն կողմերը երթալուս նպատակը՝ անցնող ձիերու կապուած կառքերու ետեւէն «շա՜ապաթ» ընելս էր:
«Շաապաթ»ը սորված էի եղբօրմէս կամ ճիշդ չեմ յիշեր, թէ ուրիշ ո՛ր ընկեներէս: Մենք կառքերու քալած ժամանակ կը վազէինք եւ անոնց կառոյցին մաս կազմող, ետեւի երկու կողմերէն դուրս երկարած կլոր գերաններու վրայ փաթթուած չուաններէ կախուելով՝ մինչեւ փողոցին ծայրը կ՚երթայինք:
Կառապանը ձիերը կառավարելու համար, մտրակը ձեռքին, բացօթեայ կառքին առջեւը նստած կ՚ըլլար եւ սովորաբար չէր նշմարեր ետեւը պատահածը: Սակայն եթէ պատահէր, որ անցորդներէն մէկը նշմարէր եւ լուր տար, կառապանը ետեւ կը դառնար եւ ձեռքի մտրակը օդին մէջ շաչեցնելով՝ մեզ կը վախցնէր:
Մենք անմիջապէս վար կը ցատկէինք եւ փողոցին մէջ յաջորդ կառքի անցնելուն կը սպասէինք…
Նոր եկողներուն մէջ ես մասնաւորապէս կը նախընտրէի հիները, որոնց զսպանակները գործածուելէն թուլցած կամ կակուղցած կ՚ըլլային եւ մաշած ասֆալտին վրայ՝ բացուած փոսիկներէն աւելի կ՚օրօրուէին…
Դեկտեմբեր ամսու մը մէջ, Կաղանդի դպրոցական արձակուրդի առաջին օրերուն, չեմ յիշեր՝ ի՛նչ գնելու նպատակաւ, ճամբուս վրայ յաճախ շեղած փողոցս դարձեալ մտայ:
Այն օրը փողոցին մէջ երթեւեկը սովորականէն աւելի բանուկ էր եւ խանութներն ալ մարդոցմով լեցուն էին:
Փողոցի հացավաճառին առջեւ դեռ միւս ծայրին գտնուող արդուկարարի խանութին չհասած՝ ետեւէս մօտեցող կառքի մը անիւներուն ձայնը լսեցի : Դարձայ եւ ջորիներու կապուած հին կառք մը տեսայ, որ ժողովուրդին մէջէն ճամբայ կը բանար ու կողմս կը յառաջանար:
Անմիջապէս մէկ կողմ քաշուեցայ եւ սպասեցի, որ կառքը աւելի մօտենայ: Երբ քովէս անցաւ, վազեցի ու քայլերս իր արագութեան հասցնելով՝ յարմար վայրկեանին թեւերս երկնցուցի եւ կառքին գերաններուն փաթթուած՝ չուանէն կախուեցայ:
Չորս անիւներով կառքը առանց ծանրութիւնս զգալու անտարբեր շարունակեց իր ճամբան…
Ես գոհ էի եւ ուրախ, սակայն կառքին օրօրուիը եւ զգացած ուրախութիւնս երկար չտեւեցին: Կառքը քանի մը փոսերու մէջ մտնել-ելլելէ վերջ, խոշոր փոսէ մը անցած ժամանակ զօրաւոր ցնցումով յանկարծ շարժեցաւ եւ խոշոր փոսէն ելած վայրկեանին ալ ետեւի մասը անսպասելիօրէն յանկարծ վեր բարձրացաւ:
Ես անակնկալի եկած՝ զգացի, որ ձեռքս վայրկեանի մը մէջ թուլցաւ ու բռնած չուանս ձեռքէս փախաւ: Դեռ օդին մէջ ձեռքս երկնցուցի ու փորձեցի չուանի ծայրին հասնիլ, բայց օգուտ չունեցաւ, եւ կառապանը առանց լուր ունենալու ետեւի պատահածէն, կառքին հետ ելլել-իջնելով եւ երբեմն ալ աջ-ձախ օրօրուելով՝ շարունակեց իր ճամբան: Ես փողոցին մէջտեղ յետոյքիս վրայ նստած՝ հազիւ կրցայ կառքին հեռանալը դիտել…
Երբ կաղալով տուն հասայ՝ մօրս այնպէս ձեւացուցի, թէ բան չէր պատահած: Ան արդէն պատշգամի ապակիներէն կախած էր իր ձեռքով բանած ասեղնագործերը, եւ հրեշտակներն ալ ամէն տարիներու նման, դեռ խոշոր քարերու վրայ նստած սրինգ կը նուագէին:
Տան մէջ աչքիս առջեւ մթնոլորտը անմիջապէս փոխուեցաւ ու այնպէս զգացի, թէ Կաղանդը մօրս հրեշտակներով՝ վերջապէս իր տարեդարձը մեր տան մէջ տօնելու եկած էր։
Սակայն կաղանդը այն տարի իր վերջին տարեդարձը տօնեց Խալիկ էլ Մասրիի մեր տան մէջ:
Տօնական օրերէն քանի մը շաբաթ վերջ քաղաքապետարանէն լուր եկաւ, թէ թաղը ամբողջութեամբ պիտի փլցուէր եւ տեղը ուրիշ արդիական ու լայն պողոտաներով նոր մը պիտի շինուէր:
Մենք փոխադրուեցանք ու գացինք Տահեր թաղի Յովսէփ Գեղեցիկ պարտէզին դիմացի թիւ 2 նոր շէնքին հինգերորդ յարկը բնակեցանք:
Սակայն նոր յարկաբաժնի հինգերորդ յարկի մեր պատշգամէն ես չկրցայ այլեւս Ամմու Ապտօն, Ամմու Եուսուֆը եւ Րամատանի գիշերներուն փողոցներէն գունաւոր ֆանուսներով անցնող տղաքը եւ աղջիկները տեսնել: Անոնք հոն չկային ու անոնցմէ զատ, դեռ ջորիներով քաշուած կառքերու ետեւէն «շաապաթ» ընելու կարելիութիւն կամ ուրիշ զուարճանալիք տարբեր խաղեր ալ չկային…
Ես կը նախընտրէի մեր առաջուան տան առաջին յարկի պատշգամը եւ տունը, ուր ցերեկները փողոցներուն մէջ շրջուն վաճառորդներու երկարող կանչը եւ Րամատանի գիշերներուն ալ մութին մէջ անհետացող Մուսահհարաթիներու ոտնաձայները կը լսէի ու մտքիս մէջ հազար ու մէկ բաներ կ՚երազէի…
Սակայն մեր նոր բնակարանը նախընտրէի կամ ոչ, Տահերի յարկաբաժնին մէջ տարիներ բնակեցանք: Յետոյ երկար ժամանակ վերջ, դարձեալ փոխադրուեցանք, բայց այս անգամ գացինք եւ հարաւի ովկիանոսին վարի կողմերը սուրճերու արեւադարձային խոշոր երկիրը հաստատուեցանք:
Հոս տեսանք, որ արեւը տարին ամբողջ կ՚երգէր եւ դաշտերու ծաղիկներուն վրայ տարածուելով՝ անոնց գոյն ու կեանք կու տար : Հոս սորվեցանք նաեւ, որ կեանքին գոյները ուրիշ էին, հովերը խաղաղ կը փչէին եւ մարդիկ տարբեր-տարբեր ձայներով ու նոր ձեւերով կը խօսէին կեանքին հետ:
Սակայն ես չեմ ուզեր ու չեմ ալ կրնար մտքիս մէջ եղած հին եւ անփոխարինելի յիշատակներս մոռնալ: Ուրիշ են անոնք : Ուրիշ են, որովհետեւ մինչեւ այսօր երբ անոնց մասին մտածեմ, կը զգամ, որ մտքիս երկնակամարին վրայ Րամատանի արծաթէ լուսին մը դեռ կը ժպտի եւ Խալիկի մեր մուսլիմ դրացիներուն ըսածին պէս աստղերը այն գիշերներուն աւելի փայլուն կը պսպղան…
ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
Քամփինաս, Պրազիլ