ԱԿՆԱՐԿ - 47 - ՀՐԱԿ ԱԲԷԼԵԱՆ. «ՈՒՍՈՒՄՆԱՌՈՒԹԵԱՆՍ ՈՒՂԻՆ»

-Կը ներկայացնէք դուք Ձեզ:

-Անունս Հրակ Աբէլեան է: Ծագումով քէսապցի: Լիբանանի մէջ հասակ առած եմ: Ամառնային արձակուրդները անցուցած եմ Քէսապի մէջ։ 18 տարեկանիս Գանատա՝ Մոնթրէալ փոխադրուեցայ ուսումս շարունակելու համար եւ արդէն 14 տարիէ այստեղ կ՚ապրիմ։

-Կը խօսի՞ք մեզի ձեր ուսումնական կեանքին մասին՝ Լիբանանէն մինչեւ Գանատա՝ Մոնթրէալ:

Լիբանանի մէջ մանկապարտէզէն մինչեւ դպրոցական վերջին տարիս 12-րդ դասարան, յաճախած եմ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած եմ։ Գանատա՝ Մոնթրէալ bachelor of Science in Biology ուսանած եմ Գոնգորտիա (Concordia) համալսարանին մէջ։ Հինգ տարի հիւանդանոցի մը մէջ աշխատելէ ետք՝ իբր շտապ օգնութեան սենեակի համակարգող (Emergency room coordinator), ուսումս շարունակեցի Մըքկիլ համալսարանէն ներս (McGill University)՝ Master’s of Science in Public Health: Ապա սկսայ աշխատիլ ՄԻԱՎ-ի (HIV), սեռական առողջութեան, հետազօտութիւններու եւ հանրային առողջութեան ոլորտէն ներս: Այսքանը ընդհանուր եւ արագ ակնարկ մըն էր անցած ուղիիս:

Հիմա քիչ մը մանրամասնեմ.

Երբ դեռահաս էի, փափաքս էր բժշկական համալսարան ընդունուիլը: Սկզբնական քայլ որպէս նպատակ ունէի՝ կենսաբանութեան պսակաւորի (bachelor) կոչում ստանալ: Նպատակիս հասնելու համար մեծ բախտաւորութիւն էր ինծի համար՝ վայելել ծնողներուս աջակցութիւնը, որով հնարաւորութիւն ունեցայ Գանատա մեկնելու եւ այնտեղ ուսումս շարունակելու համար: Ուսմանս կողքին երբ սկսայ հիւանդանոցի մը մէջ աշխատիլ, ապա ինքնաբաւ դարձայ, ինչ որ աւելիով ամրապնդեց իմ քայլերս դէպի նպատակակէտ: Նկատի ունենալով որ աշխատանքիս բերումով շատ մօտ էի բժիշկներու եւ հիւանդապահներու հետ, այդ մօտիկութիւնը առիթ դարձաւ ինծի հասկնալու, թէ ես չեմ ուզեր բժշկական դպրոց երթալ, որովհետեւ գիտակցեցայ, թէ այդ փափաքը փորձ մըն էր բաւարարելու ինքզինքս եւ ընտանիքս: Ժամանակ պէտք էր ինծի մնալու բժշկական ճիւղին մօտ: Այդ ժամանակը տեւեց մի քանի տարի, մինչեւ հասկցայ, թէ Հանրային առողջապահութեան ոլորտէն ներս աշխատիլը ինծի համար աւելի լաւ ու հոգեհարազատ է, որովհետեւ գիտակցեցայ, թէ առողջապահութեան կեդրոնը ո՛չ թէ անձն է, անհատը, այլ՝ կարկինը աւելի լայն տարածելով՝ ամբողջ բնակչութիւնը:

-https://www.concordia.ca կայքէջը անցնող օրերուն հրապարակած էր ձեր հետ ունեցած զրոյցը, որ վերնագրած էր՝ «Ես իմ տեղս գտայ Մոնթրէալի մէջ»: Կը ներկայացնէ՞ք մեզի ձեր փորձառութիւնը:

-Քէպէքի (Quebec) մէջ ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներու բախումը, միաժամանակ ֆրանսերէնի պահպանումը միշտ խնդիր եղած է: Այս խնդրին առընչուող քաղաքական քայլերէն մէկը նահանգէն դուրս գտնուող ուսանողներու ուսումի վարձի բարձրացումի հնարաւորութիւնն էր, քանի որ անոնք կը կարծէին, թէ ուսանողներուն մեծամասնութիւնը Քէպէքի մէջ կ՚ուսանի, ապա կը հեռանան (https://shorturl.at/glPW5): Concordia-ն ինծի հետ կապ հաստատեց՝ տեղեկացնելու համար, թէ անոնք կապ հաստատած են Concordia-ի շրջանաւարտներուն հետ, որոնք որպէս միջազգային կամ նահանգէն դուրս ուսանողներ՝ եկած ու մնացած են Քէպէքի մէջ, ձեւով մը աղմուկ բարձրացնելու ուսումի վարձի բարձրացումին դէմ: Յօդուածը որ դուք կարդացած էք (https://shorturl.at/pUV58), կէս ժամուան զրոյց մըն էր, ուր ես խօսեցայ Մոնթրէալի մէջ ապրածս տարիներու փորձառութեան մասին՝ տարբեր ժամանակահատուածներու եւ կարգավիճակներու ընթացքին: Մոնթրէալի մէջ ապրածս ժամանակաշրջանին, ծանօթացած եմ նոր մարդոց հետ, նոր ընկերներ ձեռք բերած եմ, մտերմութիւններ հաստատած, եւ անկախ ազգութենէ կամ կրօնքի պատկանելիութենէ, ես բոլորը անխտիր կը սիրեմ ու կը յարգեմ այնպիսին՝ ինչիսին կան։ Ես իրապէս «իմ տեղս գտայ Մոնթրէալի մէջ», թէեւ լաւ չեմ յիշեր, թէ զրոյցի ո՞ր հատուածին մէջ ունեցայ այդ արտայայտութիւնը՝ որ կայքը զայն վերնագիր որպէս օգտագործած էր, սակայն, կը հաւատամ, որ այդ ճիշդ է:

-Գանատայի տարբեր քաղաքներուն մէջ մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին: Շփում ունի՞ք անոնց հետ: Ինչպէ՞ս է հայկական կեանքը Գանատայի մէջ, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ դուք հասակ առած էք հայութեամբ շնչող ու ապրող լիբանանահայ գաղութէն ներս:

-Մոնթրէալի հայ համայնքին հետ հիմնական շփումս եղած է այն, երբ չորս տարի (2012-2016) Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կազմակերպած շաբաթօրեայ դպրոցի աշխատանքներուն մասնակացութիւնս բերի՝ դասաւանդելով հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ փոքրիկներուն հետ տարեվերջեան թատրոն մը պատրաստելով: Կրնամ ըսել, որ Լիբանանի մէջ «Արեգ» թատերախումբին 10 տարի անդամ ըլլալս այս ուղղութեամբ շատ օգտակար եղաւ ինծի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ դպրոցի աշխատանքներուն մէջ։ Շատ հաճելի ժամանակ էր ուսուցիչներուն եւ փոքրիկներուն հետ: Այս չորս տարիները նաեւ առիթ հանդիսացան ծլեցնելու ջերմ մտերմութիւն-ընկերութիւն մը դպրոցի գործունեայ անդամներէն մէկուն եւ իր ընտանիքին, որոնց հետ մինչեւ օրս շատ ժամանակ կ՚անցընեմ՝ յաճախակիօրէն այցելելով ու հանդիպելով անոնց հետ: Տակաւին, մի քանի այլ հայ ընկերներ ալ ունիմ, որոնց հետ յաճախ կը հանդիպիմ: Ներկայիս, սակայն, հայ համայնքին հետ գործնական եւ անմիջական առընչութիւն չունիմ:

Հայկական կեանքը Գանատայի մէջ բաւական աշխոյժ է։ Ես միայն Մոնթրէալի մասին կրնամ խօսիլ. գաղութը եթէ չեմ սխալիր ունի 3 դպրոց, 7 եկեղեցի, երկու հայալեզու շաբաթաթերթ, ակումբներ, պարախումբ, ինչպէս նաեւ համալսարաններու մէջ գործունէութիւն կը ծաւալեն հայ աշակերտական միութիւններ:

-Ի՞նչ է ձեր խորհուրդը երիտասարդ ուսանողներուն, որոնք մէկ կողմէ կը փափաքին իրենց ուսումը շարունակել միջազգային համբաւ ունեցող համալսարաններէ ներս, միւս կողմէ, վախ կայ իրենց մէջ՝ օտար միջավայրի, նոր մարդոց հետ ծանօթանալու, եւ այլն:

-Խորհուրդս այն է, որ եթէ դուն միջազգային համբաւ ունեցող համալսարան երթալու ցանկութիւն կամ հակում ունիս եւ միջոց, հնարաւորութիւն գտած ես ատոր համար, պէտք է անպայման քայլ նետես: Օտարութեան մէջ ապրիլը (կարճ ժամանակի համար կամ երկար) լաւ է, որովհետեւ ձեր շրջապատը կը հարստանայ բազմազան տեսակէտներ ունեցող եւ տարբեր տիպի մարդոցմով: Սկիզբը դժուար պիտի ըլլայ, բայց ժամանակի ընթացքին կը վարժուիք։ Շուտ վարժուելու համար ալ խորհուրդս է նաեւ, որ ինչքան հնարաւոր է շատ ժամանակ անցընէք քաղաքի փողոցներուն վրայ, ուսումնասիրէք զայն, շփուիք մարդոց հետ, եւ այլն։

Երկրորդ խորհուրդս. գացէք այնպիսի վայր մը, ուր դուք գոնէ ծանօթութիւն ունենաք ընտանիքի մը կամ մտերիմ ընկերոջ մը հետ, որոնք կրնան օգնել ձեզի տուեալ քաղաքի մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ ունենալ, եւ այլն: Օրինակի համար, այստեղ կ՚ապրի հօրս հօրաքրոջ զաւակը իր ընտանիքով. անոնք ինծի շա՜տ օգնեցին, երբ ես առաջին անգամ եկայ այստեղ։ Կը յիշեմ առաջին օրերս. կ՚ապրէի համալսարանի հանրակացարանէն ներս։ Հօրեղբայրս զիս օդակայանէն առաւ, գացինք իրենց տուն, միասին ընթրեցինք. անոնք ինծի անհրաժեշտ իրերը՝ պնակ, գաւաթ, դանակ-պատառաքաղներ պատրաստեցին, որպէսզի հետս հանրակացարան տանէի՝ այնտեղ գործածելու համար… Երբեք չեմ մոռնար այդ գիշերը, ապրումներս, տպաւորութիւնս… եւ մինչեւ այսօր այդ իրերը պահած եմ տակաւին…:

Ի վերջոյ, անշուշտ, ինչքան երիտասարդ հասակի երթաս, այնքան աւելի դիւրին կ՚ըլլայ քեզի համար:

Ուսումի ձեր տարիներուն, եթէ դուք միջոցներ ու հնարաւորութիւն ունենաք, անպայմանօրէն արձակուրդներուն այցելեցէք ձեր ընտանիքին…: Ուսմանս տարիները այնպէս դասաւորուեցան, որ ես ակամայից հինգ տարի չկարողացայ Արեւելք՝ Լիբանան երթալ, ընտանիքս տեսնելու…, եւ այդ տարիները շա՜տ ծանր էին ինծի համար: Իսկ հիմա, անպայմանօրէն կը փորձեմ նուազագոյնը 1-2 տարին անգամ մը երթալ ընտաիքիս մօտ։

-Ի վերջոյ, ձեր բարեմաղթութիւնները Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով:

-Նոր տարուան մաղթանքս խաղաղութիւնն է: Մենք սարսափելի ժամանակներ կ՚ապրինք: Արցախի յանձնումը, արցախահայութեան իրենց պապենական հողերէն հեռացումը, ներկայիս Պաղեստինի մէջ կատարուող ցեղասպանութիւնը…: Կրնայ ըլլալ որ անզօր զգանք մենք մեզ տեղի ունեցող անարդարութիւններուն հետ, սակայն, մենք պէտք չէ դադարինք ատոնց մասին խօսելէ ու բարձրաձայնելէ: Կը կարծեմ՝ մենք կը տեսնենք ու կը գիտակցինք, թէ ի՜նչ ուժի կրնան հասնիլ համախմբուած մարդիկ:

Ի վերջոյ, այս դժուար ժամանակաշրջանին, ես կը փափաքիմ, որ մենք շարունակենք կեդրոնանալ սիրոյ վրայ, որովհետեւ միայն սիրով կարելի է խաղաղութեան հասնիլ: Սիրենք մեր շրջապատը, սիրենք մարդիկը, ինչպէս նաեւ սիրենք մեր սիրելիները, մեր ընտանիքները, երախտապարտ ըլլալով միշտ մեր ունեցածին համար:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2023