ԶՈՒԳԱԴԻՊՈՒԹԻ՞ՒՆ

Չինաստանի Ուհան շրջանին մէջ համաճարակի վերածուելէն ետք, «Քորոնա» ժահրին Իրանի մէջ յայտնուիլն ու Իրանէն եկած ճամբորդներուն մօտ ժահրի յայտնաբերումը պատճառ դարձան, որ անոր դրացի եւ ոչ դրացի երկիրները անմիջապէս փակեն անոր հետ օդային ու ցամաքային սահմանները: Իբրեւ հետեւանք, Իսլամական հանրապետութիւնը յայտնուեցաւ միջազգային մեկուսացման մէջ: Այսպէսով «Քորոնա»ն յաջող կերպով իրագործեց Իրանը մեկուսացնելու ամերիկեան նպատակը, որուն կատարեալ իրագործման մէջ ձախողած էին Ուաշինկթընի հաստատած պատժամիջոցները: Իրողութիւն մը, որ ոմանք թերեւս զուգադիպութիւն նկատեն:

27-30 դեկտեմբեր 2019-ին Հնդկաց ովկիանոսի հիւսիսային մասին եւ Օմանի ծոցին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի, Ռուսաստանի եւ Չինաստանի ռազմածովայիններուն միացեալ ռազմափորձ մը, որ կը կրէր «Ծովային անվտանգութեան գօտի» անունը: Միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ, նախագահ Քարթըրի վարչակազմին մէջ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիու Պրզեզինսքի 1997-ին լոյս տեսած իր «Ճատրակի մեծ տախտակը» գիրքին մէջ արդէն զգուշացուցած էր նշեալ երեք երկիրներուն միջեւ դաշինքի մը գոյացումէն: «Ռուսաստանը Չինաստանին ու Իրանին միացնող դաշինք մը կրնայ ձեւաւորուիլ միայն այն ատեն, երբ Միացեալ Նահանգներ բաւարար կարճատես ըլլան Չինաստանն ու Իրանը միատեղ թշնամացնելու», գրած էր ան: Իրապէս ալ, այդ մերձեցումը Միացեալ Նահանգներու նշեալ երեք երկիրներուն դէմ կիրարկած քաղաքականութեան արդիւնքն է: Այդ դաշինքը աշխարհի միակ գերուժին համար գլխու ցաւ մը ըլլալուն կողքին, նաեւ ապագայ սաղմնային վտանգ մըն է, որ կրնայ աճիլ, եթէ անոր միանան այլ երկիրներ եւս: Եւ ահա «Քորոնա» ժահրը հարուածեց այդ ճակատի երեք ուժերէն երկուքը՝ Չինաստանն ու Իրանը: Դարձեա՞լ զուգադիպութիւն է:

Ամերիկացի գրող Տին Քունց 1981-ին հրատարակուած իր «Գիշերուան աչքերը» վէպին մէջ կը գրէ Ուհանի քաղաքի մէկ տարրալուծարանին մէջ պատրաստուած «Ուհան-400» ժահրին մասին եւ զայն կը կոչէ «կատարեալ զէնք մը»: Նոյն գիրքին մէջ մէկ այլ տեղ կը գրէ, թէ 2020-ին ծանր թոքատապի նման հիւանդութիւն մը պիտի տարածուի ամբողջ աշխարհի վրայ, պիտի հարուածէ թոքերը եւ բոլոր ծանօթ դարմանումներու դէմ դիմադրողականութիւն ունի: Այս բոլորէն ետք արդեօք տակաւին կարելի՞ է այս բոլորը զուգադիպութեան վերագրել:

«Զուգադիպութիւնը Աստուծոյ անծանօթ հեղինակ մնալու ձեւն է», կ՚ըսէ Ալպերթ Այնշթայն: Իսկ ո՞վ է այս «կատարեալ զէնք»ին «անծանօթ հեղինակ»ը. վստահ՝ ոչ Բարձրեալը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 29, 2020