«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ԿԱԽԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍԱՏԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

-Ո՜վ Ռոնտա. սուրբ մարդ մը չի՞ կրնար յայտնաբերել կախարդ մը կամ կանգնեցնել զինք իր կախարդական գործերէն:

-Ինչպէ՞ս կանգնեցնէ զայն: Կը խնդրես մարդէ մը, որպէսզի վախնայ Աստուծմէ եւ զգոյշ ըլլայ, որով իր կեանքի ընթացքով լաւ կերպով չ՚ընթանար, ապա իր հոգը չ՚ըլլար: Հետեւաբար ի՞նչ պիտի ըլլայ կախարդին պարագան, որ սատանային հետ կը գործակցի:

Ի՞նչ կրնաս ընել անոր: Ինչ ալ ըսես անոր, ապա իր կռնակը պիտի դարձնէ ու սատանային հետ պիտի քալէ: Երբ դէմ դիմաց ըլլաս կախարդի մը հետ եւ սկսիս աղօթել, ապա սատանան իրար կ՚անցնի ու կախարդը չի՛ կրնար իր գործը ընել:

Մէկը խնդիր մը ունեցած է: Շատ խաբեբայ կախարդ մը անոր տուն գացած է, իր օգնութիւնը առաջարկելով: Այդ մարդը շա՜տ պարզ էր, որով չէր գիտցած որ այդ մարդը կախարդ մըն էր, այդ պատճառով Աստուած միջամտած ու պահպանած է զինք, եւ պատահած է այն՝ ինչ որ հաշուի մէջ չէ եղած: Խաղի դերակատարները փոխուած են, որով սատանաներուն կողմէ կապուած է այդ կախարդը, որ իր կարգին այդ պարզ մարդէն խնդրած է օգնութիւն, իսկ վերջինս եկած է լուծելու անոր խնդիրը:

-Ո՜վ Ռոնտա. այդ մարդը տեսա՞ծ է սատանաները:

-Ո՛չ. կապանքը տեսած է: Կախարդը գոչած է օգնութիւն խնդրելով: Գետին ինկած է եւ սկսած է գլորուիլ՝ ձեռքերով գլուխը ծածկելով, որպէսզի պաշտպանէ զայն: Մի՛ կարծեր, որ կախարդները ապահով կեանք կ՚ապրին եւ թէ սատանաները ամէն անգամ եւ միշտ կը կատարեն անոնց ուզածները: Կախարդները միայն մէ՛կ անգամ եթէ ուրանան Յիսուսին, այդ բանը բաւարար է սատանաներուն համար: Սկիզբը, կախարդները սատանաներուն հետ օգնութեան համաձայնութիւն կը կնքեն, որով սատանաները այդ կախարդներուն տարիներով կ՚օգնեն: Սակայն վերջաւորութեան անոնց կ՚ըսեն.

-Հիմա ձեզմով պիտի զբաղինք:

Յատկապէս այն ատեն, երբ կախարդները չյաջողին կատարել սատանաներուն փափաքները:

Գիտես, թէ յետոյ ի՜նչքան կը տառապին անոնք: Կը յիշեմ, որ անգամ մը կը խօսէի երիտասարդ կախարդի մը հետ, որ Թիպեթէն եկած էր: Տեսայ, որ յանկարծ կը կանգնէր, ձեռքերս կը բռնէր ու զանոնք դէպի ետեւ կը տանէր ու կ՚ըսէր.

-Թող պարոն էֆէնտին գայ ու ազատագրէ քեզ:

Անոր երեսին գոչեցի.

-Գնա՛ այստեղէն, սատանայ:

Եւ զինք գետին փռեցի: Փորձեց հարուածել ինծի իր ոտքով, սակայն չյաջողեցաւ, քանի որ իր ոտքը իմ բերանիս դիմաց կանգ առաւ: Աստուած պաշտպանեց զիս: Ձգեցի զինք եւ խուցս մտայ: Կարճ ժամանակ մը ետք տեսայ զինք վերադարձած եւ իր ամբողջ մարմինին վրայ փուշեր էին: Ըսաւ ինծի.

-Սատանան պատժեց զիս, որովհետեւ չյաղթեցի քեզի, եւ ան զիս անտառ նետեց:

Սեւ խաւարի ուժերը անզօր են: Մարդիկ են, որոնք զանոնք զօրաւոր կը դարձնեն՝ Աստուծմէ հեռանալով, որովհետեւ այդպիսով անոնց իրաւունքներ կու տան:

ԱՅՆ ԻՆՉ ԿԸ ՎԵՐԱԲԵՐԻ ՍԱՏԱՆԱՆԵՐՈՎ ԲՆԱԿՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ

-Ո՜վ Ռոնտա. գերգեսացի դիւահարին մէջ քանի՞ սատանաներ կային (Ղկ 8.26):

-«Բազմաթիւ սատանաներ», կ՚ըսէ Ղուկասի Աւետարանը (8.30): Այդ պատճառով այդ մարդը ըսաւ, թէ իր անունը «Լէգէոն» է [հռոմէական ռազմական ջոկատ մը, որ վեց հազար զինուոր կը հաշուէ]: Ինչպէս կարելի է, որ սատանայէ բնակուածի մը մէջ բազմաթիւ այլ սատանաներ բնակին, այդպէս ալ հաւատացեալ մարդուն սիրտը տեղ կ՚ընէ բոլոր սիրտերուն: Սիրտ մը, որ զՅիսուս կը տանի, չի՞ կրնար բոլոր սուրբերուն ալ տանիլ:

Կարգ մը հոգեբոյժներ կը կարծեն, որ սատանաներէ բնակուածները հոգեկան հիւանդութենէ մը կը տառապին: Միւս կողմէ, կարգ մը քահանաներ կը կարծեն, թէ հոգեկան հիւանդները սատանաներէ բնակուած են: Այստեղ պէտք է այս երկուքը բաժնել, որով հոգեկան հիւանդները տեղ մը կ՚երթան, իսկ սատանաներէ բնակուածները ուրիշ տեղ մը: Հոգեբոյժ մը կրնա՞յ օգնել մարդու մը, որուն մէջ սատանայ կայ:

-Ո՜վ Ռոնտա. սատանայէ բնակուած մարդը կրնա՞յ հասկնալ, որ սատանայ կայ իր մէջը:

-Այո՛, կրնայ հասկնալ, բացի եթէ ուղեղը խանգարուած է, այդ պարագային դժուար կ՚ըլլայ օգնել անոր: Սատանաներէն բնակ-ւածը պէտք է ենթարկուի, որպէսզի կարենայ օգնութիւն ստանալ:

ՍԱՏԱՆԱՅԱԿԱՆ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍԱՏԱՆԱՅԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՊԸ

Հպարտը խաւարին մէջ կը տապլտկի: Ծանր սխալներ կը գործէ եւ չի՛ հասկնար թէ ինչ կ՚ընէ: Ըմբոստացող միտք ունի եւ բարձրացող ծուխի կը նմանի:

Մէկը անգամ մը խոստովանեցաւ, թէ բոլորը կը սիրէ, ընդ որում նաեւ սատանան, որովհետեւ ան չար չէ:

-Ի՞նչ կ՚ըսես, -ըսի անոր-, եթէ Աստուած սատանային կատարեալ ազատութիւն տայ, ապա մեզ բոլորս կորուստի կը մատնէ: Սատանայէն ո՞վ ուրախութիւն տեսած է մինչեւ հիմա, որ դուն տեսնես զայն:

Այդ մարդը բոլոր պատուհաններն ու դռները փակեց, որով թանձր խաւարի մէջ կ՚ապրէր, չէր լսեր, մտիկ չէր ըներ եւ չէր ալ փորձեր հասկնալ: Ընդհակառակը, կը պնդէր, թէ ուրիշները կը փորձեն հանել զինք այդ վիճակէն: Այս մէկը հանե՞լ է: Ինչպէ՞ս կարելի է այդ միտքը հանել (անոր գլուխէն): Ան խենթ չէ, անոր խելքը կ՚աշխատի, սակայն այն ինչ որ կ՚ըսէ ուրացում է եւ հայհոյանք:

Այսպիսով, կամաց-կամաց սատանայապաշտութեան կը հասնին: Սատանայապաշտներուն վրայ սատանան կը տիրէ. սատանայական երաժշտութիւնը կ՚օգտագործեն, որպէսզի խեղճ փոքր երեխաները ներքաշեն. անոնք այն աստիճանին հասած են, որ նոյնիսկ սատանան կը կանչեն ու կը փառաւորեն զայն. «Մենք մեր անձերը քեզի կը նուիրաբերենք, ո՜վ սատանայ». Սարսափեցնող բան է:

-Հետեւաբար, ո՜վ Ռոնտա. կրնա՞յ պատահիլ, որ հպարտութիւնը սատանայական ազդեցութեան առաջնորդէ:

- Այո: Ենթադրենք, որ ոեւէ մէկը մեղանչեց եւ ինքզինք արդարացուց: Եթէ ուրիշները փորձեն օգնել անոր, պիտի ըսէ, թէ անոնք կ՚անիրաւեն զինք ու կը դատապարտէ զանոնք, որովհետեւ ինքզինք աւելի լաւ կը կարծէ քան միւսները: Ատկէ ետք կը սկսի դատել սուրբերը՝ սկսելով նորերէն եւ հասնելով հիներուն: Ապա կ՚ընդարձակուի իր դատապարտութիւններով հասնելով Տիեզերական ժողովներուն եւ այն կերպին՝ որով անոնք որոշումներ կայացուցած են: Եւ կը հասնի այն վիճակին, որ կը կասկածի Աստուծոյ կատարած գործերուն, ինքն իրեն հարցադրելով.

-Աստուած ինչո՞ւ այս ինչ բանը այսպէս ըրաւ:

Երբ այդ աստիճանին հասնի, կը նշանակէ, թէ ան խենթ չէ, այլ՝ ան սատանայական ազդեցութեան տակ է:

Օր մը հայր մը իր զաւակին հետ՝ որ սատանայով բնակուած էր խուցս եկան: Այդ տղան կ՚ըսէր, թէ ինք աստուած է: Անոր հայրը դիմած էր հոգեւոր հայրերէն մէկուն, որ Աթոս լեռան բնակիչ չէ. վերջինս սարսափած էր, որ կրնայ յանկարծ սատանան իր վրայ յարձակիլ, որով բաւարարուած էր միայն օրհնելով զինք: Ատկէ ետք զաւակը ըսած էր իր հօր.

-Պիտի տեսնես, որ Հայր Պաիսիոսը պիտի ընդունի, որ ես աստուած եմ,- եւ դրամային գրաւ դրած էր այդ բանին համար: Սկսայ վարդարանը աղօթել, որով ոտքի կանգնեցաւ եւ պոռաց.

-Ի՞նչ կ՚ընես. բոլոր մեղքերը գործեցի եւ մէջս սատանայ ունիմ, եւ՝ աստուածացած եմ: Պէտք է զիս աստուած խոստովանիս: Դուն ուրիշ բան չես ըներ, եթէ ոչ վարդարանի համրիչին հատիկներով խաղալէն:

Նեղացայ լսելով անոր խօսքերն ու աւելորդ եւ ծանր արտայայտութիւնները: Վռնտեցի զինք՝ կոպիտ կերպով յանդիմանելէ ետք: Բարկացաւ, գրգռուեցաւ եւ վնասակար կենդանիի վերածուեցաւ, իր գրպանէն դրամները հանեց՝ գետին նետեց եւ խոստովանեցաւ, թէ գրաւը պարտուած էր: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 32

7 ապրիլ 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 29, 2021