ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ-ՊԷՅՐՈՒԹ ԱՌԱՆՑՔԻՆ ՎՐԱՅ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՐՑԵՐ

Եթէ պահ մը ընդունինք, որ Լիբանանի մէջ այսօր հիմնական խաղացողը Իրանն է, ապա պէտք է ընկալենք նաեւ, որ Իրանի կողքին եւ ոչ-նուազ դերով հանդէս կու գայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Երկար տարիներու պատմութիւն է Պէյրութի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները, որոնք նաեւ կը պայմանաւորուին Լիբանանի աշխարհագրական դիրքով, քաղաքական-անվտանգային դերով ու ձեւով մըն ալ արաբական աշխարհին հետ ուղիղ հաղորդակցութեան մտնելու հիմնաւոր փաստարկով։ Մինչ երրորդ պարագան այսօր բաւական տարբեր պատճառներու բերումով նախկին ուժականութիւնը չունի, անդին առաջին երկու կէտերը կը շարունակեն իրենց տիրական դերն ու տեղը ունենալ միջազգային քաղաքականութեան մեծ հարթակին վրայ։

Այստեղ հարկ է նշել, որ Լիբանան մոտելով, կենսակերպով, նաեւ տնտեսական յառաջադէմ կերպարով միշտ ալ փորձած է նմանիլ ԱՄՆ-ին։ Կրթական, առողջապահական, ընկերային, տնտեսական ու մանաւանդ ելմտական ոլորտներու մէջ Լիբանան փաստած է իր ներկայութիւնն ու ուժը՝ շնորհիւ ԱՄՆ-ի նեցուկին։ Անշուշտ, այս յարաբերութիւնը անցած է բաւական խրթին փուլերէ, սակայն կայ փաստարկ, որ նոյնիսկ ամենադժուարին պահերուն ԱՄՆ չէ ուզած ամբողջութեամբ իր ճակատագրին թողել վիրաւոր Լիբանանը։ Թերեւս երկրի կառուցուածքը, անոր համայնքային պայքարները, ներքին ձեւափոխութիւնները, նաեւ «Դիմադրութեան ճակատ»ին հզօրացումը առիթ հանդիսացած են, որ ԱՄՆ կերպով մը հեռանայ լիբանանեան մեծ խաղէն, սակայն այդ հեռացումը եղած է միայն որոշ ժամանակի մը համար։ Անշուշտ, լիբանանցիք մեծապէս տուժած են այդ ապահարզանէն, բայց եւ այնպէս, միշտ ալ յոյս փայփայած են, որ ԱՄՆ պիտի ունենայ իր ըսելիքը Լիբանանը հարուածող ալիքներուն դէմ։

Ի դէպ, այս օրերուն է նաեւ, որ ԱՄՆ կը խօսի իր նոր քաղաքական համակարգային մօտեցումներուն մասին՝ կապուած Լիբանանին տնտեսական բացորոշ նեցուկ տրամադրելու հետ, ինչ որ աննախադէպ է ու կրնայ համարուիլ փրկութեան օղակ մը տնտեսական բեռան տակ կքած երկրին համար։ Այս բոլորէն անդին կայ նաեւ ԱՄՆ-Իրան դիմակայութիւնը, որուն հիմնարար գետիններէն կը համարուի Պէյրութը, ուր տարբեր ժամանակներու Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի խորքային բախումները ունեցած են իրենց բացորոշ դրսեւորումները եւ լիբանանցիներու տեսակէտէ յառաջիկայ փուլերուն տեղի ունենալիք Իրան-ԱՄՆ երկխօսութիւնը աւելի քան որեւէ ժամանակ կրնայ երկրին տալ խաղաղութեան տանող մեծ խարիսխ մը։

ԱՄՆ-Լիբանան յարաբերութիւններուն մասին Պէյրութի «Ալ Ժումհուրիէ» պարբերականին մէջ ուշագրաւ յօդուած մը հրապարակուած է ամերիկահայ (արմատներով՝ լիբանանցի) ակադեմական գործիչ եւ դասախօս տքթ. Սահակ Անտէքեանի։ Յօդուածին մէջ ան մասնաւորապէս յայտնած է, թէ տասնամեակներ աշխատելով օրէնքի գերակայութեան ոլորտին մէջ առանց ունենալու որեւէ որոշակի քաղաքականութին, ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (USAID) 2023 թուականի ապրիլին հրապարակեց կառավարութեան առաջին քաղաքականութիւնը՝ օրէնքի գերակայութեան ծիրէն ներս օժանդակելու այլ երկիրներու: Անտէքեան նաեւ հարց տուած է, թէ ի՞նչ են այս քաղաքականութեան կարեւոր կէտերը եւ ինչպէ՞ս պիտի ազդեն Լիբանանին վրայ։ Ան սոյն յօդուածին մէջ անդրադարձած է նաեւ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան կայքէջին մէջ հրապարակուած օրէնքի գերակայութեան նոր քաղաքականութեան ներառած երեք հիմնական կէտերուն.

1- Ընդունիլ սահմանումը Օրէնքի գերակայութեան՝ միեւնոյն ժամանակ ընդունելով, որ օրէնքի գերակայութեան աջակցիլը շարունակական է, պէտք չէ կիսատ մնայ:

2- Յայտարարել «մարդոց վրայ կեդրոնացող արդարադատութեան» նոր մօտեցման մասին, այսինքն՝ օրէնքին ազդեցութեան տակ գտնուող անհատը ըլլայ հիմքը քաղաքականութիւններուն, հաստատութիւններուն գործընթացներուն եւ կիրառումներուն, որոնք առընչուած են արդարադատութեան եւ յարակից համակարգերուն ու ծառայութիւններուն հետ։

3- Առաջնահերթութիւն տալ գիտելիքին եւ ապացոյցներուն՝ օգտագործելով տուեալները՝ զարգացնելու օրէնքի գերակայութեան գործունէութիւնը եւ լուծելու խնդիրները: Այսպիսով մարզել եւ զօրացնել տեղական գործօն կողմերը եւ գործընկերները, աջակցիլ արդարադատութեան մէջ յառաջացած բացը լրացնելու եւ օգնել ժողովրդավարութեան յաջողութեան:

Այս մասին ան աւելցուցած է հետեւեալը. «USAID-ի այս նոր քաղաքականութիւնը, որ արդարութիւնը մարդոց վրայ պէտք է կեդրոնանայ, կը համարուի կանոններու փոփոխութիւն այն խաղին, որ նախապէս կար եւ անոր պատճառն է, որ գործակալութիւնը անդրադարձաւ, թէ իր ջանքերը անբաւարար են հաստատելու աւելի արդար հասարակութիւններ, որովհետեւ աշխարհի վրայ կայ անարդարութենէ տառապող շուրջ 5.1 միլիառ անհատ: Այս տեսանկիւնէն եւ նկատի առնելով, որ հասարակութիւնները կը փոխուին եւ օրէնքը պէտք է քայլ պահէ հասարակութեան այս փոփոխութիւններուն հետ, կարիքը զգացուեցաւ նոր ռազմավարութեան մը, որ մարդը՝ արդարութեան խնդրոյ առարկան, ըլլայ խնդիրին հիմքը (People-Centered Justice): USAID-ի նոր ռազմավարութիւնը կ՚արտացոլէ գործակալութեան մտածելակերպի եւ աշխատելաձեւի փոփոխութիւն, քանի որ յենակէտը ուղղուեցաւ հաստատութենականէն անհատականի, այսինքն՝ անցնիլ դատական ​​համակարգի մէջ բարդ բարեփոխութիւններէն դէպի տեղական գործօն կողմերու ընդգրկում՝ ընդգծելու համար անհատական ​​արդարութեան առաջնահերթ կարիքները եւ նպաստելու նոր լուծումներ գտնելու կամ բարեփոխելու առկայ իրաւական միջոցները, տուժող անձը (անկախ անոր գործի բնութենէն. քաղաքացիական է, քրէական կամ վարչական) քաղաքականութիւններուն հիմքը դնելով հաստատութիւններուն գործընթացներուն եւ կիրառումներուն, որոնք առընչուած են արդարադատութեան եւ յարակից համակարգերուն ու ծառայութիւններուն հետ»:

Վերլուծութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ USAID կը կարեւորէ նաեւ պայքարը փտածութեան դէմ, ինչ որ կը սպառնայ օրէնքի գերակայութեան: Ի դէպ, փտածութիւն բառը նոր քաղաքականութեան փաստաթուղթին մէջ նշուած է 12 անգամ: «Վերոնշեալ բոլոր կէտերը տեսականօրէն գեղեցիկ եւ իտէալական են։ Բայց եկէք զանոնք դնենք լիբանանեան եւ տեղական պարունակին մէջ: Լիբանանի պարագային թէ՛ սկզբունքային եւ թէ՛ բովանդակային առումներով մեծ հակասութիւն կայ ամերիկեան գործակալութեան Լիբանանի մէջ ըրածին եւ 2023-ին յայտարարած փաստաթուղթին մէջ փտածութեան դէմ պայքարելու կապակցութեամբ ըսածին հետ:

Անտէքեան յօդուածին մէջ անդրադարձած է 2013-ին «Վերնախաւի ռազմավարութիւնները եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ պատերազմէն ետք համայնքային ինքնութիւնները Լիբանանի մէջ» խորագիրով հրապարակուած գիտական յօդուածի մը, որու հեղինակներն են տքթ. Ժանին Քլարք եւ տքթ. Պասիլ Սալլուխ։ Անոնք գրած են, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական խաւը եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը նոյն մետաղադրամի երկու երեսներն են եւ անոնք օրկանապէս կապուած են իրարու, փոխն ի փոխ կ՚իրականացնեն իրենց դերերը։ Համայնքի վերնախաւերը կը ներթափանցեն քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններէն ներս, կը պաշարեն կամ կը համագործակցին, նաեւ կ՚ընդլայնեն իրենց յաճախորդներու ցանցերը՝ ներառելով քաղաքացիական հասարակական այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը ջանան յարաբերութիւններ մշակել համայնքներուն, քաղաքական ձեւաչափերուն հետ եւ կամ բացայայտօրէն մարտահրաւէր կը կարդան համայնքային համակարգի դէմ:

«Հետեւաբար, քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու մեծ մասը, որոնք սովորաբար նուիրատուներու տեղական գործընկերներն են եւ կը ստանան նիւթական օգնութիւն՝ զարգացման ծրագիրներ իրականացնելու համար, կապուած են այն քաղաքական եւ համայնքային խաւին հետ, որու դէմ կ՚ուզէ պայքարիլ USAID-ի քաղաքականութիւնը՝ փտածութեան դէմ պայքարելու կոչին տակ: Ուստի, 2023 թուականի նոր քաղաքականութեան լուրջ բնոյթ տալու նպատակով, նաեւ վստահութիւն ապահովելու համար USAID պէտք է մանրամասն քննէ ենթադրեալ ծրագիրներուն համար ծախսուած գումարները։ Գործակալութիւնը նաեւ պէտք է վերանայի իր եւ տեղական իշխանութիւններուն՝ յատկապէս քաղաքացիական հասարակութեան միութիւններուն միջեւ գործընկերութեան պայմանագիրները ամենայն թափանցիկութեամբ եւ առարկայականօրէն վստահ պէտք է ըլլայ, թէ այդ միութիւնները չեն ենթարկուիր Լիբանանի այն դասակարգին, որ ամբաստանուած է փտածութեամբ, որպէսզի այս փտած խաւը չօգտագործէ ամերիկացի քաղաքացի հարկատուներու գումարները քաղաքականապէս զօրանալու իր համայնքներուն մէջ՝ խրախուսելով քաղաքական միջնորդութիւնները, որոնց դէմ USAID-ի քաղաքականութիւնը կը պայքարի եւ կը ջանայ վերացնել զանոնք՝ ինչպէս նշուած է 2023 թուականի փաստաթուղթին մէջ», եզրափակած է ան:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2024