ՏԱՌԱՊԱՆՔԻ ԵՒ ԽՂՃԻ ԱՐՏԱՑՈԼՈՒՄԸ
Կարգ մը լրատուամիջոցներու, կայքէջերու եւ այլն, լուսանկարներու մէջ ներկայացուած են զանազան դրուագներ, որոնք սադրիչ ըլլալէ անդին կը զարմացնեն տեսնողները, նաեւ կը մղեն խորհրդածելու տուեալ լուսանկարիչներու բարոյագիտական արժէքներուն մասին։
Լուսանկարի մը մէջ Հնդկաստանէն քանի մը խեղճ երեխաներ կանգնած են կեղծ մթերքներով սարքուած սեղաններու առջեւ։ Մրցանակակիր իտալացի լուսանկարիչ Ալեսիօ Մամոն այս պահը լուսանկարած է 2011 թուականին՝ «Երազել սնունդը» կոչուած ծրագրի շրջանակներէն ներս։ Աւելի վերջ Համաշխարհային մամուլի լուսանկարի հիմնարկը (World Press Photo Foundation) տուեալ լուսանկարները ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակելով ծնունդ տուաւ բաւական սուր վէճի մը։ Բազում մարդիկ այս լուսանկարը համարեցին ոչ-բարոյական ու վիրաւորական։ Իր ներողութեան նամակին մէջ Մամօ ըսած է, թէ ան փափաքած է Արեւմուտքին ցոյց տալ սննուդի մսխումը՝ սադրիչ ձեւով։
Անշուշտ, այս լուսանկարները յաճախ մարդու իրաւունքներու արշաւներու մաս կը կազմեն։ Խօսքի ազատութիւնը, ներառեալ տեսողական ներկայացումը (visual presentation), պաշտպանուած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեամբ եւ բազմաթիւ երկիրներու սահմանադրութիւններով։
Անկասկած, աշխարհի վրայ բազմաթիւ երկիրներու պարագային անհրաժեշտ են արշաւներ սովի, աղքատութեան կամ աղէտներու վրայ՝ այդ բոլոր խնդիրներուն ուշադրութիւն հրաւիրելու համար։ Ինչպէս նշած է գիտնական Տէյվիտ Քեմփըլ, լրագրողներու համար մարտահրաւէր է շարժման անցընել հանրային բողոքը, քանի դեռ ուշ չէ լուծելու համար խնդիրները:
Այս աղէտները կը պահանջեն պետութիւններու եւ օժանդակութեան կամ հասարակական կազմակերպութիւններու արագ արձագանգը, ինչ որ մարդու իրաւունքներու փորձագէտ Թոմաս Քինըն անուանած է «ամօթի շարժման անցումը», որ կը ճնշէ պետութիւնները՝ քայլեր ձեռնարկելու եւ զանոնք փրկելու ծանր մարտահրաւէրներէն:
Ճշմարտութիւն է, թէ այս տեսակ լուսանկարները ունին ծաւալուող ազդեցութիւն: Գրեթէ ամբողջ աշխարհը ոտքի կանգնած էր, երբ ամերիկացի լուսանկարիչ Ճէյմս Նաքթուէյ լուսանկարեց Սոմալիի սովը։ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութիւնը յայտարարած էր, որ Սոմալիի ուղղեալ հանրային աջակցութիւնը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ ամենամեծ արշաւն էր:
Այնուամենայնիւ, ինչպէս կը նշէ Քեմփըլ, լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը կրնայ սեւեռել բացասական կարծրատիպերու վրայ՝ սովի պատկերագրութեամբ կամ Ափրիկէի նման «հեռաւոր» վայրերու մէջ սովամահ մարդոց լուսանկարներով:
Տարբեր համատեսքով լուսանկարներու ուժի գիտակցումը ճնշեց հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրագրողներու վրայ՝ անցնելու «խղճահարութեան քաղաքականութենէն» «արժանապատուութեան քաղաքականութեան»:
2010 թուականին «Amnesty International»ը հրապարակեց կարգ մը ուղեցոյցներ՝ տառապանքը պատկերող լուսանկարներու վերաբերեալ: Աւելի վերջ «Save the Children»ը կազմակերպեց ձեռնարկ մը՝ ամբողջ աշխարհի լուսանկարչութեան բարոյագիտութեան վերաբերեալ հետազօտութիւններ կատարելէ յետոյ:
Յստակ օրէնքները կ՚երաշխաւորեն չնկարահանուելու փափաքը, մերկութենէն խուսափիլը եւ մարդոց հետ խորհրդակցիլը սեփական գաղափարներու վերաբերեալ, թէ ինչպէս պէտք է իրադարձութիւնը տեսողականօրէն ներկայացուի: Հիմնական խնդիրն է, թէ լուսանկարուած առարկաները կամ տեսարանը կրնան խարդախութեան ենթարկուիլ։ Սա կ՚արտացոլէ լուսանկարներու մէջ որոշ առարկաներու անկայուն վիճակի նկատմամբ աւելի մեծ զգայունութիւն ցուցաբերելու կամ թաքցնելու ցանկութիւնը:
Այնուամենայնիւ, խօսիլը աւելի դիւրին է, քան շարժման անցնիլը: Իսկական մարտահրաւէրը, ի վերջոյ, այն է, թէ բարոյագիտական խնդրայարոյց լուսանկարները, որոնք աշխարհին կը ներկայացնեն խեղճ կամ ողորմելի զոհեր, յաճախ կը յայտնուին հանրութեան կիզակէտին։
Հուսկ, ըստ շատ մը գիտնականներու, հետազօտողներու եւ վերլուծաբաններու, լուսանկարիչներ պէտք է հաւատարիմ մնան այն բարոյագիտական չափանիշներուն, որոնք սահմանուած են իրենց համար: Անոնք պէտք է յիշեն, որ յաճախ բարի մտադրութիւններն ու ներկայացուած տառապանքները չեն արդարացներ կասկածելի լուսանկարներու օգտագործումը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ