ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԱՄՈՒԱՆ ԼԱՅՔ ԵՈՒ - ԱՏԷԼ (SOMEONE LIKE YOU - ADELE)

Շատ յուզիչ, զգացումներով լի երգ մը, որ ողջ աշխարհին ստիպեց յուզուիլ զայն լսելու ժամանակ եւ նոյնը կը շարունակէ ընել մինչ օրս: Ատէլ երգը գրելու ժամանակ անոր մէջ ամբողջութեամբ արտացոլած է իր ապրումներն ու ներաշխարհը: Երգի խօսքերը, զորս գրած է երգչուհին անձամբ, իր ներսը կուտակուած ըսելիքն էր սիրեցեալին, որուն հետ յարաբերութիւնները ընդհատուած էին շատ ցաւալիօրէն Ատէլի համար:

Երգչուհին երկարատեւ եւ բուռն սիրավէպ ունէր լուսանկարիչ Ալեքս Սթարքի հետ: Անոնք ծանօթացած էին ընդհանուր ընկերներու միջոցով եւ անմիջապէս հասկցած, որ իրենց միջեւ կայ ձգողական անտեսանլի կապ մը, զոր հնարաւոր չէր բացատրել: Անոնք ողջ օրը միասին կ՚անցընէին: Ալեքս նոյնիսկ տեղափոխուած էր ապրելու Ատէլի բնակարանը: Երգչուհին բուռն ու անմնացորդ սիրով կը սիրէր Ալեքսը, որ, սակայն չէր շտապեր օրինականացնել իրենց յարաբերութիւնները: Ան շրջագայութիւններու ժամանակ կ՚ուղեկցէր երգչուհիին որպէս պաշտօնապէս լուսանկարիչ եւ չէր ներկայանար որպէս սիրեցեալ: Այս հանգամանքը հոգեպէս կը ճնշէր երգչուհին: Ան չէր հասկնար պատճառը, որ կը ստիպէր սիրեցեալին հրաժարիլ համատեղ ապագայ կեանքէն եւ զայն օրինականացնելէն: Վերջ ի վերջոյ անոնց սիրավէպը ընդհատուեցաւ Ալեքսի հեռացումով եւ Ատէլի փշրուած սպասելիքներով, կոտրուած հոգիով եւ վէրքերէն ցաւող ներքնաշխարհով:

Երգի ստեղծման մասին անոր համահեղինակ Տեն Ուիլսոնը կը պատմէ. «Ես Ատէլին հանդիպեցայ հոլիուտեան «Հարմոնի» արուեստանոցի մէջ, ուր զիս անոր հետ աշխատելու հրաւիրած էր արտադրող Ռիք Ռուպին։ Ատէլը եկաւ արուեստանոց, երգի առաջին տունի բառերն ու մեղեդիի մէկ մասը արդէն ունենալով: «Հարմոնի»ն բարձր առաստաղներով փոքր արուեստանոց մըն է, ուր «Եամահա» դաշնամուր մը կայ եւ հիանալի հնչողութիւն: Ես նստայ դաշմանուրի մօտ՝ փորձելով պարզապէս ներդաշնակել անոր մեղեդին, որ դարձաւ անոր հիմնական հնչողութիւնը յետագային: Երբ Ատէլ երգեց երգի առաջին տողերը, ես հասկցայ, որ այս ըսելիքով եւ անոր հզօր ձայնի շնորհիւ աներեւակայելի բան մը պիտի ստացուի, եւ կը զգայի, որ դաշնամուրը միակ գործիքն է, որ պիտի ուղեկցի անոր մետաղական հզօր, բայց եւ միեւնոյն ժամանակ քնքոյշ ձայնին: Այդպէս ալ եղաւ: Չհաշուած այն ժամանակը, զոր Ատէլ անցուցած է անկողինի ծայրին նստած ստեղծագործելով, երգի վրայ աշխատեցանք ընդամէնը երկու օր: Ապա ձայնագրեցինք: Հետաքրքրական է, որ արտադրուեցաւ նոյն այս՝ նմոյշը»:

«Մենք բաժնուեցանք, երբ Ալեքս հեռացաւ ըսելով, որ լուրջ յարաբերութիւններու պատրաստ չէ եւ առաւել եւս պատրաստ չէ երկարատեւ համատեղ կեանքի: Պատկերացուցէք, ինչ կրնային զգալ ես երբ իմացայ, որ ան նշանուած է մի քանի ամիս անց եւ կը պատրաստուէր ամուսնանալ: Իմ աշխարհը փուլ եկաւ: Հոգիս կոտրուած էր, սիրտս կոտրուած էր, սպասելիքներս՝ փշուրներու վերածուած, ընելիքս՝ անյայտ: Ես գիտէի միայն, որ կ՚ուզեմ անոր ըսել ամէն ինչ, զոր կը զգամ, բայց ինչպէ՞ս: Վիրաւորանքն ու ցաւը կը ճնշէին զիս: Կ՚ուզէի տիրապետել ինծի եւ ցոյց տալ ինքզինքիս, անոր ու մնացած աշխարհին, որ կրնամ ապրիլ եւ կրնամ զօրաւոր ըլլալ ու յաղթահարել դժոխային հոգեվիճակը, ինչ որ ունէի: Երկինքը փլած էր գլխուս: Աշխարհը շրջուած էր գլուխն ի վար: «Մի՛ մտահոգուիր, ես կը գտնեմ քեզ նման մէկուն….», այս տողերէն սկսաւ ամէն բան», կը յիշէ Ատէլ:

Երգը մտաւ Ատէլի «21» ալպոմի մէջ: Գլխաւորեց բրիտանական, ամերիկեան, աւստրալական, իտալական, իռլանտական երաժշտական հիթ-շքերթները: Դարձաւ ամերիկեան «Պիլպորտ Հոթ 100» հիթ-շքերթի յառաջատարը: 2012-ին երգը ստացաւ «Կրեմի» մրցանակ՝ լաւագոյն փոփ կատարում անուանակարգով:

Երգի հոլովակը նկարեց անգլիացի ռեժիսոր Ճէյք Նաւան՝ Փարիզի մէջ: Հոլովակն ալ, երգին նման առաւելագոյն պարզութեամբ է:

Հետաքրքրական է այն փաստը, որ երգը լսելու ժամանակ կը յուզուին եւ կու լան գրեթէ բոլորը, անկախ անկէ թէ լսողը կին է կամ տղամարդ: Հաւանաբար, որովհետեւ երգը չափազանց անկեղծ է եւ իւրաքանչիւրը կը գտնէ անոր մէջ իր կեանքին ու մտքերուն բնորոշ բան մը, որ կը ստիպէ ապրիլ երգը՝ կարծես ապրելով սեփական զգացողութիւնները:

 «… երբեմն սէրը կը յարատեւէ.

երբեմն ալ՝ կը ցաւցնէ»

«….Sometimes it lasts in love

But sometimes it hurts

instead….»

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019