ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՈՒՐՋ ՄԵԾ ԱՂՄՈՒԿ. ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՄՕ՞Տ Է

Երբեք պատահական չէ վերջերս Քուէյթի պատկան մարմիններուն կողմէ հնչած յորդորը՝ արագօրէն լքելու Լիբանանի տարածքը։ Այլ հարց, թէ ցարդ ինչո՞ւ միայն Քուէյթը նման կոչով մը հանդէս եկաւ՝ զգուշացնելով իր քաղաքացիները հեռու մնալ Լիբանան ճամբորդելէ։ Ի դէպ, առաջին անգամը չէ, որ նման կոչեր լսելի կը դառնան ու Լիբանանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները՝ ո՛չ աւելի եւ ոչ պակաս, իրենց վստահուած գործն է, որ կը կատարեն։ Խորքին մէջ նման յայտարարութիւններն ալ մեծ հաշուով լիբանանցի ժողովուրդին համար նորութիւն մը չեն, որովհետեւ հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կը շարունակեն փութալ դէպի Լիբանան, ուր կ՚անցընեն իրենց արձակուրդը կը վայելեն այդ երկրին ամառը։

Մինչ այդ սակայն, այն ինչ որ կ՚եփուի Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին, բնաւ պատահական չէ։ Իսրայէլ ո՛չ միայն հազարաւոր բանակայիններ Կազզէէն եւ Ռաֆահի հատուածէն դէպի Լիբանանի հետ սահմանային գօտի կը փոխադրէ, այլեւ՝ իսրայէլեան բանակի բարձրաստիճան պատասխանատուներ կառավարութեան սեղանին դրած են դէպի Լիբանան արշաւելու ծրագիր մը։ Արշաւել բառը հեշտ է արտասանել կամ նոյնիսկ գործադրել, սակայն խնդիրը այդ չէ։ Խնդիրը այն է, որ դէպի Լիբանան Իսրայէլի քայլերուն յաջորդականութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Ի՞նչ է Իսրայէլի ծրագիրը եւ ան ունի բաւարար ներուժ՝ իր մտքին մէջ եղածը ամբողջականօրէն իրականացնելու։ Անշուշտ, Իսրայէլի համար առաջնահերթ ծրագիրը պիտի ըլլայ «Հիզպուլլահ»ը հեռացնել իր լիբանանեան հարաւի սահմանային շրջաններէն ու այնտեղ ստեղծել անվտանգային գօտի մը։ Այդ գօտին պէտք է ըլլայ շուրջ 30 քիլօմեթր, որպէսզի «Հիզպուլլահ»ը հեռու մնայ Իսրայէլի հիւսիսային շրջաններէն։ Իսրայէլ մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւնները լուրջ խնդիր ունի այդ մէկը կեանքի կոչելու, որովհետեւ իր հիւսիսի բնակեցման վայրերն ու քաղաքները գրեթէ դատարկուած են իրենց բնակչութենէն։ Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, աւելի քան հազար բնակիչներ հեռացած են այդ քաղաքներէն, որոնք բեռ կը դառնան կառավարութեան ուսերուն։

Այս կէտին է, որ անվտանգութեան հարց լուծելու կողքին Իսրայէլ եւ յատկապէս վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու ունի կարեւոր ծրագիր. եթէ այս իրավիճակը շարունակուի, ապա բնակիչներու վերադարձին մասին խօսիլը անիմաստ պիտի ըլլայ։ Լիբանանի հետ սահմանային գօտիին վրայ գտնուող բնակեցման վայր-քաղաքներուն մէջ ապրողներէն (Քարիաթ Շմոնա, Ժիշ, Քոնայթրա, Ռոշ Փինա, Սաֆատ եւ այլ քաղաքներ) մեծ թիւով իսրայէլացիներ արդէն իսկ հեռացած են այդ շրջաններէն։ Իբր այդ, աւելի քան յստակ է, որ այդ երկրի գալիք կառավարութիւններուն համար շատ դժուար պիտի ըլլայ կրկին անգամ բնակեցնել այդ քաղաքները։ Այս խնդիրը բնականաբար իր հետեւանքները պիտի ունենայ Թել Աւիւի դրամահաւաքի ծրագիրներուն վրայ, որուն առաջին եւ հիմնական առաջադրանքը եղած է նոր բնակեցման վայրերու կառուցումը։

Հետեւաբար, դէպի Լիբանան ռազմական գործողութիւն մը կատարելու առաջադրանքը ունի յստակ հիմնաւորումներ, թէեւ կայ այն վարկածը, որ Նեթանիյահու ինչպէս Կազզէի, նոյնպէս ալ Լիբանանի պարագային յստակ եւ ընդգծուած քաղաքական ծրագիր մը չունի։ Օրինակ՝ «Համաս»ը վերացնելը (որ մինչեւ այս պահը եւ բոլոր առումներով տապալած է) կամ «Հիզպուլլահ»ը նօսրացնելը քաղաքական նպատակներ չեն, այլ ան ունի գաղափարաբանական որոշակի դրոյթներ, որոնք կրնան իրեն խթան հանդիսանալ, որպէսզի ան կարենայ շարունակել իր ղեկավարի պաշտօնը, որովհետեւ իր դիքերը զիջած եւ թուլացած են։ Անշուշտ, էականը անոր քաղաքական ճակատագիրը չէ, այլ այն, որ իր վերջին վազքին մէջ Նեթանիյահու աւելի ամեհի սխալ մը ընելով յարձակի Լիբանանի վրայ եւ հոն եւս չհասնի իր նպատակներուն։

Լիբանանի տեսանկիւնէն ալ խնդիրը բաւական բարդ է, որովհետեւ երկիրը արդէն իսկ քայքայուած վիճակ մը ունի եւ անոր պետական համակարգը կը գտնուի փլուզման եզրին։ Այս վիճակով Լիբանան մը պիտի կարողանա՞յ դիմանալ այն մեծ աղէտին, որ պիտի գոյանայ, եթէ Իսրայէլ յարձակի հարաւի ուղղութեամբ։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը այն հազարաւորներու, որոնք ստիպուած պիտի ըլլան լքել իրենց բնակավարերը եւ հասնիլ մինչեւ Պէյրութ եւ Լեռնալիբանան։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ տնտեսապէս ու նաեւ ջուրի, հոսանքի եւ այլ խնդիրներու մէջ ապրող պէյրութցիներուն վիճակը, եթէ Իսրայէլ հարուածէ Պէյրութի հարաւային շրջանը, որ կը համարուի «Հիզպուլլահ»ի բոյնն ու օրրանը։ Ի հարկէ, Լիբանան ականատեսը եղած է նման իրավիճակներու, որոնց վերջինը տեղի ունեցաւ 2006 թուականին։ Այդ թուականին ընթացք առած եւ 33 օր տեւած պատերազմի ժամանակ Լիբանանի մէջ կար, կը տիրէր ներքին համաձայնութիւն, նաեւ «Հիզպուլլահ»ն հանդէպ տրամադրութիւնները շատ տարբեր էին՝ քան ինչ են այսօր։ Սա, անշուշտ, չի նշանակեր, որ լիբանանցիք սիրով եւ համբերութեամբ պիտի չընդունին եւ իրենց դռները փակ պիտի պահեն գաղթական դարձած հարաւի կամ նոյնիսկ հարաւային Պէյրութի բնակիչներուն առջեւ, բայց եւ այնպէս, մեղմ ըսած՝ ստեղծուած պատկերը երբեք նոյնը պիտի չըլլայ։

Լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը դէմ է, որ Լիբանան միջամուխ ըլլայ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան այս փուլին։ Անոնց համար Կազզէի պատերազմը, ճիշդ է, դատապարտելի է, սակայն իրենց կարծիքով՝ «Հիզպուլլահ»ը իրաւասութիւն չունի պետութեան դերը կատարելու կամ Կազզէի պատերազմը բնաբան դարձնելով՝ նորանոր գլխացաւանքներ պատճառելու Լիբանանին։ Ճիշդ է, որ «Հիզպուլլահ» կը շարունակէ տիրական մնալ երկրի քաղաքական պրիսմակին վրայ, սակայն ներքին ճակատին վրայ անոր վարկազրկումը, նաեւ Արաբական ծոցի կողմէ անոր նկատմամբ վերապահութիւնները մատնացոյց կ՚ընեն այն մասին, որ ամենածանր պատերազմի պարագային արաբներն ալ պատրաստ չեն իրենց նեցուկը ցոյց տալ Լիբանանին։

Կրնա՞ր «Հիզպուլլահ» հեռու մնալ այս նոր արկածախնդրութենէն, ի հարկէ կրնար, բայց Իրանի նեցուկով «Հիզպուլլահ»ին համար նոր զոհերու, նոր նահատակներու, նոր փորձառութիւններու կուտակումը ո՛չ միայն կը բարձրացնէ անոր ներքին վարկը, այլեւ՝ զայն կը վերածէ շրջանային մեծ ուժի մը։

Սայէտ Հասան Նասրալլա, որ վերջերս կարեւոր ճառով մը հանդէս եկաւ, նաեւ զգուշացման սլաքներ ուղղեց Յունական Կիպրոսի ուղղութեամբ, այդպիսով ալ իր շարժումին համար տալով պատճառաբանութիւններ՝ կրկին անգամ հաւատալու, որ իրենք միայն Լիբանանի մակարդակով խաղացողներ չեն՝ այլ աւելին են։ Ճիշդ է, որ այսօր-վաղը «Հիզպուլլահ» չի կրնար հարուածել Յունական Կիպրոսի այն շրջանները, ուր Իսրայէլ ռազմափորձեր կը կատարէ տեղի բանակին հետ (անշուշտ, ըստ Նասրալլայի), սակայն այդ մօտեցումով ան կը բանայ քաղաքական-անվտանգութեան նոր պատուհան մը, որուն հայելով ալ «Հիզպուլլահ» զգօնութեան եւ զգոյշ ըլլալու պատճառներ կու տայ Յունական Կիպրոսի կառավարութեան։

Բազմաշերտ դրոյթներով լեցուն այս խնդիրներուն եւ խաղաքարտերուն մէջ կայ, անշուշտ, սուրիացի գաղթականներու հարցը, որ Յունական Կիպրոսի համար դարձած է լուրջ մտահոգութեան խնդիր ու չի բացառուիր, որ յառաջիկայ փուլին ալ «Հիզպուլլահ» գործի դնէ նաեւ այդ խաղաքարտը՝ իր ազդեցութեան գօտիները ընդլայնելով ու ամբողջ Եւրոպային ասպարէզ կարդալով։

Այս բոլորէն անդին յստակ է, անշուշտ, որ Լիբանան-Իսրայէլ նոր ճակատումը կը շարունակէ մնալ յարաբերակցութեան վրայ, պայմանաւ, որ Նեթանիյահու իր ականջին մէջ չունենայ այնպիսի մեծ վստահեցումներ, ըստ որոնց, Իսրայէլի նոր գրոհ մը հիմայատակ պիտի տապալէ «Հիզպուլլահ»ը։

Միւս կողմէ, անդրադառնալով տուժողներուն, ինչպէս անցեալին, այս անգամ ալ հաւանական պատերազմէն տուժողը պիտի ըլլայ Լիբանանի ժողովուրդը (որ արդէն դժուար կը շնչէ), սակայն անոր կողքին տուժող պիտի համարուի Իսրայէլի հիւսիսի ժողովուրդը, որուն մեծամասնութիւնը իր երկրին մէջ այս օրերուն դարձած է գաղթական։

Եթէ այս յարաբերակցութիւնը կամ օրինակը ինչ-որ առումով եւ ինչ-որ պարագայի պիտի փարատէ «Հիզպուլլահ»ի մեղքը, ապա կրնանք այդ եւս հաշուի առնել, սակայն յստակ է, որ Լիբանանի ներքին ճակատին վրայ «Հիզպուլլահ»ի հանդէպ աճող դժգոհութիւնը յառաջիկայ փուլերուն կրնայ տեղէ մը իրապէս պայթիլ ու նոր պայթումներու տանիլ Լիբանանը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 29, 2024