ՔՈՒԷԱՐԿԵՆՔ Ի ՆՊԱՍՏ ԱՅՆՃԱՐԻ

Թարգմանաբար կը ներկայացնենք «Լ՚Օրիան Լը Ժուր»ի պատրաստած Այնճարի մասին յօդուածը:

Երկրորդ տարին ըլլալով՝ «Լ՚Օրիան Լը Ժուր»ի ընթերցողները Լիբանանի եւ աշխարհի մէջ պիտի քուէարկեն ի նպաստ «լիբանանցիներուն նախասիրած գիւղի»ն: Այս տարի 10 նոր գիւղեր առաջադրուած են: Իւրաքանչիւրը կը ներկայացուի զեկոյցով եւ տեսերիզով մը, որոնք ձեզի պիտի օգնեն ընտրելու: Այնճարը առաջինն է այս շարքին, որ պիտի երկարի 10 օր, եւ աւարտին քուէարկութիւնը պիտի սկսի մեր կայքէջին վրայ:

Թռչուններու դայլայլներուն ներքեւ, որոնք կը լսուին գիւղին բոլոր ծայրերը, բնութեան սիրահարները եւ պատմութեամբ հետաքրքրուողները կը հիւրընկալուին Այնճարի մէջ, որ արաբերէնով կը նշանակէ զօրաւոր ջուրի հոսքով աղբիւրը: Պեքայի սիրտը գտնուող խաղաղութեան այս իսկական ապաստարանը վերակառուցուած է Մուսա տաղի (Ժապալ Մուսա, այսօր՝ Թուրքիոյ մէջ, ժամանակին՝ Սուրիոյ) հայ ընտանիքներուն կողմէ, որոնք 1939-ին փախած են: Այնճար հաւատարիմ մնացած է Մուսա լերան 6 գիւղերու անուններուն եւ անոնց տարրերուն՝ Հաճի Հապիպլի, Քեպուսիէ, Վագըֆ, Խըտըրպեք, Եողունոլուք եւ Պիթիաս:

Հողը մշակել՝ գոյատեւելու համար

«Պաշտպանելու համար հայ ժողովուրդը՝ ֆրանսական կառավարութիւնը Լիբանանէն գնած էր հողեր, եւ ապա հողի պզտիկ շերտեր հաւասար ձեւով բաժնած էր բնակիչներուն՝ անկախ անոնց ընկերային կարգավիճակէն», կը պատմէ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան: Ընտանիքներուն գոյատեւումը ապահովելու համար, ֆրանսացիները 1945-ին կառուցեցին ոռոգման հնարամիտ համակարգ մը, որ գիւղին երկու աղբիւրները՝ Նապահ Այնճարը եւ Նապահ Շամսինը, կը կապէ 1200 հեկտար մշակելի հողերուն: Պահպանուած մինչեւ այսօր եւ վերջերս նորոգուած՝ Լիբանանի բնութեան պահպանման ընկերութեան շնորհիւ, ոռոգման համակարգը կը զմայլեցէ Այնճարի այցելողները, որոնք կրնան ատոնք յայտնաբերել հետիոտն արշաւի միջոցով, որ իրենց համար պատրաստուած է:

Եւ կը թուի, որ ոռոգման այս համակարգը հրաշքներ գործած է: «Կը տեսնէ՞ք այս կանաչ դաշտերը: Ասոնք գոյութիւն չունէին, երբ մեր ընտանիքները հոս հաստատուեցան: Այնճարը անապատային հող մըն էր», կ՚ընդգծէ Պերճ Թիւմպերեան՝ բնութեան սիրահար մը, որ փոքր տարիքէն որոշած է իր կեանքը նուիրել իր գիւղի բնական ժառանգութեան պահպանման: Այնուհետեւ, դեղձ, տանձ, խնձոր, ելակ, ընկոյզ եւ պիստակներ կը ցանուին Այնճարի մէջ եւ այժմ հաճոյք կը պատճառեն այցելուներու քիմքին՝ գիւղի պաշտպանուած կանաչ տարածք իրենց այցելութեան ընթացքին:

Այնճարը այսօր

Այնճար այսօր կ՚ապրի գիւղատնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան միջոցով, բայց կ՚ապաւինի նաեւ սփիւռքի նիւթական ներդրումներուն, որոնք կատարողները ամէն ամառ գիւղ կը վերադառնան: «Ձմրան մենք 2300 մշտական բնակիչներ ենք, բայց մեր թիւը 6200-ը կ՚անցնի ամրան», ըսաւ Վարդգէս Խօշեան: Ընտանիքներուն մեծ մասը գաղթած է Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկա: Բայց անոնք տակաւին իրենց տուները կը պահեն: Իսկ վաճառել փափաքողները տուները միայն Այնճարի բնակիչներու տուած են: Այնճարցիները 75 առ հարիւր առաքելական, 15 առ հարիւր կաթողիկէ եւ 10 առ հարիւր աւետարանական են, չեն ուզեր բոլորովին «օտարներ»ու հաստատումը տեսնել իրենց գիւղին մէջ», ըսին մեզի: «Մենք կը փափաքինք, որ Այնճարը մնայ բնակուած Ժապալ Մուսայի վերապրողներու ժառանգորդներով: Մենք իւրայատուկ համայնք մըն ենք, բայց՝ շատ համերաշխ: Նոյնիսկ Պէյրութի հայերը մեր լեզուն չեն կրնար հասկնալ», կը բացատրէ քաղաքապետարանի ոստիկան մը:

Այլ յատկանշական տեղեկութիւն մը. գիւղը երբեք չէ կազմակերպած քաղաքապետական ընտրութիւններ, բայց համաձայնութեամբ կը կատարէ նշանակումներ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն եւ քաղաքապետի պաշտօններուն համար: Վարդգէս Խօշեան հպարտութեամբ կը յիշեցնէ, որ գիւղը ունի ելեկտրականութիւն օրական 24 ժամ եւ յաջորդ Սեպտեմբերին կը մտածէ կազմակերպել իր առաջին փառատօնը: Այսքան յաջողութիւններ տարօրինակ են քաղաքապետարանի մը համար: Բայց Անյճար գիւղին համար այսօրուան մեծ մարտահրաւէրը համոզելն է երիտասարդները, որպէսզի Պէյրութ չհաստատուին՝ փնտռելով արհեստավարժ աւելի փայլուն ապագայ մը, ինչպէս Պերճ Թիւմպերեանը՝ մնան Այնճար:

ԲՆՈՒԹԻՒՆ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ՀԱՄԵՂ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ

Երբ Պերճ Թիւմպերեան չի մասնակցիր ծառեր տնկելու ծրագիրին (ընդհանուրը 85.000 ծառ՝ 2011-էն մինչեւ հիմա), ան իր ընկերներուն՝ Հրայր Քիւրտեանի եւ Խաժակ Սթամպուլեանի հետ կը հիւրընկալէ մանուկներու եւ երէցներու խումբեր՝ պահպանուած տարածքին մէջ, իտէալապէս՝ գարնան: «Մենք 4 եղանակները կ՚ապրինք Այնճարի մէջ: Ձմրան կը ձիւնէ, ամրան շատ տաք կ՚ընէ, բայց գարնան ամէն բան կանաչ է», կը կատակէ Վարդգէս Խօշեան: Հետիոտն պտոյտ, հեծանիւ, լեռնագնացութիւն եւ մակոյկով պտոյտ՝ կը գտնուին ծրագիրին վրայ: Օրկանական ելակ քաղելը նոյնպէս նախատեսուած է: Ըստ պահանջի, երիտասարդ ուղեցոյցները բուսական եւ կենդանական աշխարհին մասին դաստիարակչական աշխատանոցներ կը վարեն, բանակումներ կը կազմակերպեն եւ այցելուներուն կը սորվեցնեն ծառ տնկել: Համեղ ուտելիքներ սիրողները պէտք է Պերճը տեղեակ պահեն իրենց ժամանումէն 48 ժամ առաջ: Ան Այնճարի մեծ մայրերէն կը խնդրէ աւանդական կերակուրներ պատրաստել՝ թափթուփ, ճաճըխ, պլղուրապուր, պասթըրմա եւ պուրմա՝ իբրեւ անուշեղէն:

Այնճարի մէջ նոյնպէս կը գտնուին տասնեակ մը ճաշարաններ, որոնցմէ ամենէն նշանաւորը անկասկած «Արեւ»ն է եւ անոր նշանաւոր «Պաթաթա պալոն»ը: Բոլորը մասնագէտ են լիբանանեան խոհանոցին եւ շատ քիչ թիւով հայկական ճաշատեսակ կը հրամցնեն: Գիւղին մէջ կը գտնուին երկու պանդոկներ՝ «Լայալի շամս» եւ «Շալլալաթ»:

Այնճարը կը գտնուի Պէյրութէն միայն 60 քմ. հեռաւորութեան վրայ: Պէտք է նոյնպէս ժամանակ յատկացնել՝ այցելելու խորհրդանշական հնութիւնները, կամ՝ Այնճարի բերդը:

Արձանագրուած ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ՝ Լիբանանի միակ հնագիտական «Օմայեատ» վայրը, երազողներուն կը պարգաւէ պզտիկ ճամբորդութիւն մը դէպի 8-րդ դար, Ուալիտ Ա.-ի պալատին անցքերուն մէջ: Յայտաբերուած 1948-ին, առաջին հայ ընտանիքներու տուներուն ներքեւ, Այնճար քաղաքը առեւտրական փոխանակումներու խաչմերուկ մըն էր՝ Պէյրութը Դամասկոսի միացնող եւ Հոմսը Պաղեստինին կապող ճամբաներու միացումին վրայ: Քաղաքը բաժնուած է 4 հաւասար մասերու՝ հռոմէական դարաշրջանէն ներշնչուած ճարտարապետութեամբ: Ժան Փամպուքեան եւ այլ հաւատարմագրուած ուղեցոյցներ, կրնան այցելուին ծանօթացնել խալիֆային սենեակին, համմամներու (բաղնիք) եւ ախոռներու: Ամենէն բախտաւորները կրնան տեսնել սուրիական դեղձանիկ մը, կորստեան վտանգի ենթարկուած տեսակ մը՝ որ կը թառի վայրը շրջապատող ծառերուն վրայ:

Չփախցնել

- Այնճարի հնագիտական Օմայեատ վայրի պտոյտ -Ժան Փամպուքեան

- Հետիոտն պտոյտ, հեծանիւ  եւ լեռնագնացութիւն՝ երէցներուն եւ փոքրերուն համար, Այնճարի Հիմային մէջ - Պերճ Թիւմպերեան

- Այցելութիւն՝ գիւղի երեք եկեղեցիները (առաքելական, կաթոլիկ եւ աւետարանական):

- Ճաշ՝ շատ նշանաւոր «Արեւ» ճաշարանին մէջ

Տուեալներ

- Բնակիչներու թիւ - 2300՝ ձմրան, 6200՝ ամրան

- Քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան

- Կարելիութիւն մնալու երկու պանդոկներէն մէկուն մէջ - «Լայալի շամս» կամ «Շալլալաթ»

- Ճաշարաններ՝ «Արեւ», «Շալլալաթ», «Նապաա Այնճար», «Այն Այնճար», «Ժազիրա», «Մունթաժա Շարք», «Ռազմիկ»

- Բարձրութիւն ծովու մակերեսէն՝ 900-950 մեթր

- Եղանակ. Ձմրան՝ շատ ցուրտ, ամրան՝ շատ տաք: Բարեխառն կլիմայ՝ տարուան մնացեալ օրերուն:

ԽՈՀԱՐԱՐԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՀԱՂՈՐԴՈՒԱԾ ՔԱՄԱԼ ՄՈՒԶԱՈՒԱՔԻ ԿՈՂՄԷ
 (ՍՈՒՔ ԹԱՅԻՊ)

Այն ուտելիքը, որ կրնայ կատարելապէս ցոյց տալ լիբանանեան բազմազանութիւնը «քըպպէ»ն է: Հիւսիսի մէջ ատիկա կարծր կը շաղենք, կամ հոտաւէտ, կամ համեմուած եւ ներառած պարտէզի բոլոր բոյրերը՝ հարաւի մէջ: Եւ անշուշտ իր հայկական տարբերակը ունի Այնճարի մէջ, քանի որ Այնճարի հայերը իրենց ինքնութիւնը կը պահպանեն նոյնպէս խոհանոցին միջոցով, որ բաւական տարբեր է Պէյրութի հայերու խոհանոցէն: Այնճար պատրաստուած «քըպպէ»ն շատ մօտ է քըպպէ սաժիէի, գրեթէ հարթ սկաւառակ մը, ուռած կեդրոնը, խառնուած իւղով եւ կարագով, եփուած փուռը կամ փայտածուխի վրայ եւ լեցուած՝ աղացած միսով, պղպեղի ջուրով, լոլիկի մածուկով եւ աղացած սոխով: Կ՚աւելցնենք պղպեղին չափը՝ «մըհամմարա» պատրաստելով կողքին:

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՎԱՐԴԳԷՍ ԽՕՇԵԱՆ

Կապ հաստատեցինք Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանին հետ, որ մեզի տուաւ կարգ մը տեղեկութիւններ այս մրցումին մասին: Քաղաքապետը նշեց, որ Այնճար իրաւունք ստացաւ այս մրցումին մաս կազմելու որոշ զտումներէ ետք: Քաղաքապետը նշեց, որ սխալ չէ, եթէ Այնճարը ճանչցուի իբրեւ ամենէն գեղեցիկ գիւղը, ընդհակառակը, ատիկա արդար կրնայ ըլլալ: Շահելու համար, քաղաքապետարանը մեծ աշխատանք կը տանի, որպէսզի ապահովէ հայերուն, մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ բնակող մուսալեռցիներուն քուէները:

28 Յուլիսէն մինչեւ 18 Օգոստոս կարելի պիտի ըլլայ քուէարկել Այնճարի օգտին, «Լ՚Օրիան Լը Ժուր»ի կայքէջին վրայ: Արդիւնքը պիտի հրապարակուի 21 Օգոստոսին:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Յուլիս 29, 2017