ԿԵԱՆՔԻՆ ԿԱՌՉԱԾ ԱՂՔԱՏՆԵՐԸ…
Մարդոց դիմագրաւած դժուարութիւնները ընդհանրապէս արմատախիլ ընելու փոխարէն՝ ակներեւ է, որ մեծ պետութիւններ միշտ կ՚ուզեն հակամարտութիւններու տաք գօտիներ պահել եւ բազմացնել: Սակայն այդ վայրերուն մէջ բնակող մարդոցմէ ոմանք բոլոր ձեւերով կառչած են կեանքին: Փաքիստանի ամենէն աղքատ նահանգը՝ Պալուճիստան, յաճախ կը յայտնը-ւի լուրերու հաղորդումներուն մէջ, որովհետեւ այդ վայրին մէջ տեղի կ՚ունենան սպանութիւններ, անձնասպանական գործողութիւններ, անմեղներու առեւանգումներ: «Պի.Պի.Սի.»ի թղթակից Շումայլա Ժաֆերի այցելելով շրջան՝ գրած է պատմութիւնները վեց անձերու, որոնք կառչած են կեանքին:
*
ՊԱԼՈՒՃԻՍՏԱՆԻ ՄԻՒՍ ԵՐԵՍԸ. ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԳՕՏԻԻՆ ՄԷՋ
Դրամատան տնօրէնի մը գաղտնի կեանքը
Եասիր գլխաւոր երգիչն է ընդյատակեայ ռոք խումբի մը՝ Մալհար: Ցերեկը դրամատան տնօրէն, բայց գիշերը՝ երգիչ, երաժշտութեան հանդէպ իր սէրը քօղարկելով, քանի որ ան կը բնակի պահպանողական իսլամական շրջանակի մը մէջ, ուր երգելը եւ պարելը բացարձակապէս արգիլուած են:
Եասիր եւ իր ընկերները գիշերները կը հաւաքուին տան մը ներքնայարկին մէջ եւ նախ ռոք կը նուագեն «քիչ մը տաքնալու համար», ապա Պոլիվուտի երգեր կ՚երգեն: Անոնց մեծ մասը ուսանողներ են, որոնք իրենց խնայած փոքր գումարով նուագարաններ եւ սարքեր գնած են:
«Դրամատան իմ յաճախորդներս պիտի չսիրեն ատիկա: Ես կը փորձեմ իմ ընկերային ցանցիս մէջ իմ երաժշտութեանս մասին չգրել՝ վախնալով, որ առեւտուրը կը կորսնցնեմ», կ՚ըսէ Եասիր:
Աթիֆ Ասլամի մէկ երգին եղանակը նուագելով՝ Եասիր կը խօսի երաժշտութեան հանդէպ իր սիրոյ մասին:
«Մեր հանրութիւնը խորապէս վիրաւորուած է վայրագութենէն: Երաժշտութիւն նուագելու մեր նպատակը ժողովուրդին հաճելի ժամանց մը պարգեւելն է», կ՚ըսէ ան:
Մալհարի մէջ հանրային վայր մը չկայ, որպէսզի ելոյթ ունենան: Անցեալին անոնք հրաւիրուած են համալսարաններու կողմէ, բայց անոնց ելոյթներուն ընթացքին աջակողմեան խումբեր բուռն ցոյցեր ըրած են, եւ ամէն բան վերջ գտած է իրարանցումով:
«Մթնոլորտը յատկապէս երիտասարդներու համար լարուած է: Անոնք նոյնիսկ իրենց հագուստներուն ուշադիր պէտք է ըլլան», կ՚ըսէ Եասիր:
«Արեւմտեան» հագուստներ կրելը եւ երկար մօրուք չունենալը կրնան բարդութիւններ, նոյնիսկ խնդիրներ յառաջացնել:
Եասիր գիտէ, որ այստեղ երաժիշտներու համար կարելիութիւններ չկան, բայց իր երազը կ՚ապրի իր ներքնայարկի փորձերու սենեակին մէջ:
«Մենք պարզապէս կ՚ուզենք ժողովուրդը ուրախացնել, երջանկացնել»:
Կեանք եւ մահ իր ձեռքերուն մէջ
Տքթ. Շելա Սամիր Կաքար առաջին բժիշկն է, որ շտապեց այն վայրը, ուր ահաբեկիչը անձնասպանական գործողութիւն մը իրականացուց Քուեթայի քաղաքացիական հիւանդանոցի մուտքին, օգոստոս 2016 թուականին:
Եօթանասուն անձեր, մեծամասնութիւնը՝ փաստաբաններ, այդ օր զոհուեցան:
«Արիւնի մեծ աւազան մը կար: Տասնեակներով մարդիկ սեւ վերարկուներով եւ սպիտակ շապիկներով յատակին պառկած էին», կը յիշէ Շելա:
Կիներու ծննդաբերութեան հարցերու բժշկուհին կ՚ըսէ, որ ինք չէր գիտեր՝ ինչ ընել: Ան այժմ կ՚աշխատի Քուեթայի առողջապահական կեդրոնին մէջ, սակայն յարձակումէն ետք տառապած է շարունակուող զգացական եւ մտային խանգարումներէ:
Տքթ. Շելա կը հաւաստէ, որ իր կրօնական հաւատքը օգնած է իրեն՝ յաղթահարելու այս տագնապը:
«Մենք պէտք է ընկերութեան, հանրութեան մէջ ապրինք: Մենք կը գոյատեւենք ամէն օր յուսալով, որ այդ օրը բնականոն օր մը պիտի ըլլայ», կը հաստատէ ան:
Ան կ՚ըսէ, որ Փաքիստանի բոլոր մեծ քաղաքներն ալ, ոչ միայն Քուեթան, վայրագութեան փորձառութիւնը ունեցած են: «Երբ դուրսէն կը դիտէք, կը թուի, թէ մենք դժուար կեանք մը կ՚ապրինք: Բայց ես համաձայն չեմ: Զիս ամենէն շատ մտահոգողը քաղաքին մէջ ցեղային մտածելակերպն է, կարգապահութեան չգոյութիւնը», կ՚ըսէ Տքթ. Շելա:
Ըստ անոր, Պալուճիստանի մէջ կիներ անուս են եւ ազատ չեն:
«Ես ամբողջովին տեղեակ եմ ընտանիքի տղամարդոց կողմէ կիներու վրայ դրուած սահմանափակումներուն, նոյնիսկ անոնց բուժման համար: Կիներ ամբողջական խօսք չունին», կը շեշտէ ան:
Բայց նոյնիսկ այս բոլոր սահմանափակումներով եւ բարդութիւններով Պալուճիստանի բազմաշերտ ցեղային կերտուածքն է, որ ամենէն աւելի մարտահրաւէր է իրեն համար:
«Մենք Քուեթայի մէջ ունինք հազարա, պալոշ, փաշթուն, փունճապի, ուրտու, փաքիստանի եւ պարսկերէն խօսող համայնքներ: Բոլորն ալ տարբեր արժէքներ եւ աւանդութիւններ ունին, ուրեմն ես զիրենք բուժած ատենս պէտք է նկատի ունենամ իրենց մշակութային, քաղաքակրթական զգայնութիւնները», կ՚ըսէ ան:
Լրագրողը, որ կը դիմակայէ զինեալ յարձակում
Խալիլ Ահմէտ նախագահն է Պալուճիստանի լրագրողներու ընկերակցութեան: Քուեթայի լրագրողական ակումբին մէջ իր գրասենեակը շրջափակուած է փշաթելով եւ զինեալ պահակներ հսկողութիւն կը կատարեն:
Ան վտանգի ենթակայ է:
«Առեւանգումը աւանդութիւն չէ հոս: Դուն թիրախ կրնաս դառնալ, վրադ կը կրակեն, կը սպաննուիս եւ ընդմիշտ կը լռես», կը յայտնէ ան:
Երեսունութ լրագրողներ սպաննուած են Պալուճիստանի մէջ վերջին տասնամեակին:
Անոնք թիրախ դարձած են Թալեպան, Էլ Քաիտէ եւ Պալոչ անջատողական եւ աղանդաւոր կազմակերպութիւններու կողմէ: Կան նաեւ պնդումներ, որ զինուորականները եւ պետական կառավարման մարմինները, առանց դատական հոլովոյթներու, լրագրողներ կը սպաննեն: Պաշտօնատարներ կը հերքեն ասիկա:
Այն պահուն, երբ Խալիլ բակին մէջն է, ուսանողները դուրսը ցոյց մը կազմակերպած են:
«Կարելի է միայն քանի մը սահմանափակ բառեր գործածել, կարելի չէ կարծիքներ, մտածումներ ազատօրէն արտայայտել», կ՚ըսէ ան:
Փաքիստանեան պետութեան ընդդիմացող պալոչ անջատողականներու տեսակէտին անդրադառնալը նոյնպէս կը դառնայ փորձանք: Այսպիսի տեսակէտներ արտայայտելու պատճառով նահանգին մէջ տասնութ լրագրողներ, հակա-ահաբեկչական օրէնքներու հիմամբ, այժմ դատավարութեան կ՚ենթարկուին:
Հակառակ կառավարութեան կողմէ կրկնուող խոստումներուն, այս դատերը տակաւին չեն փակուած:
«Անջատողականները եւ զինեալ խումբերը մեզի կ՚ըսեն, որ իրենք մեր երեխաներուն բոլոր տեղեկութիւնները ունին եւ կրնան անոնց վնաս պատճառել որեւէ ատեն», կ՚ըսէ Խալիլ:
Ան տասնութ տարիէ լրագրող է եւ կը մերժէ տեղի տալ, հրաժարիլ:
«Ատիկա մեր աշխատանքը, ասպարէզն է: Մեր ճակատագիրն է գիշեր մը գերեզմանի մէջ ըլլալ, ասիկա կարելի չէ փոխել, ուրեմն ինչո՞ւ ատոր համար մտահոգուիլ», կը հաստատէ ան:
Մահուան շուքին տակ
Նասիմ Ճաւետ պարտադրուած է ապրիլ կեթոյի մը մէջ: Իբրեւ հազարա ցեղախումբին պատկանող եւ շիի՝ ան փոքրամասնութեան մէջ է: Հարիւրաւոր մարդիկ վերջին տասնամեակին իրենց կեանքերը կորսնցուցած են՝ թիրախ դառնալով սպանութիւններու եւ անձնասպանական գործողութիւններու:
Անոնք ապաստանած են Քուեթայի մօտ Մարիապատ բնակեցման վայրին մէջ, որ միայն մէկ մուտք ունի եւ ապահովական ուժերու հսկողութեան տակ կը գտնուի: Բայց նոյնիսկ ասիկա չէ կրցած դադրեցնել հազարայի արիւնահոսութիւնը:
«Շարժապատկերի սրահներ քանդուած են, շուկաներ փակուած են, արուեստի եւ թատերական սրահներ՝ աւերակ դարձած են: Դժուար է նոյնիսկ շնչել այս մթնոլորտին մէջ», կ՚ըսէ Ճաւետ:
Մարդիկ երեկոյեան կը հաւաքուին բլուրի մը գագաթին վրայ գտնուող Քապրիստան Շուհտա, կամ «նահատակներու գերեզմանատան» մօտ: Անոնք կը խաղան աւանդական խաղ մը, որ կը կոչուի «սանկ կիրակ», կամ՝ քար նետել:
Մինչ ոմանք կը խաղան, ուրիշներ կը նստին արեւամուտին եւ կ՚ունկնդրեն պարսկերէն գրուած կրօնական բանաստեղծութեան մը արտասանութիւնը:
Նասիմ Ճաւետ տակաւին երիտասարդ է հաւաքին համար, սակայն ներկայ կ՚ըլլայ:
«Մենք կ՚ապրինք մահուան շուքին տակ», կ՚ըսէ Նասիմ Ճաւետ:
«Անոնք, որոնք կրնային լքել երկիրը, արդէն արտագաղթած են: Երիտասարդները կը խորհին, որ ապագան մշուշոտ է: Անոնք միայն մէկ երազ ունին. այս վայրէն փախչիլ», կ՚ըսէ ան:
Ըստ Նասիմի, երբ կռիւներու, վայրագութիւններու դադար եղած է, իրենց յոյսերը մնայուն բարձրացած են, բայց ապա՝ կործանած:
«Մարդիկ կը խորհին, որ իրենք կրնան բնականոն կեանք մը վարել, բայց այլ թիրախաւորուած սպանութեամբ մը անոնք կը վերադառնան ամբողջական յուսալքումի», կը նշէ Նասիմ՝ աւելցնելով, որ իրենք կրնան միայն աղօթել, որ հարցերը բարելաւուին:
Ուսանող մը, որ կը յուսայ…
Քսաներեքամեայ Սեհնիրա Մանզուր, որ լրագրութիւն կ՚ուսանի, անկեղծ, համարձակ եւ ինքնավստահ է: Ան վատնելու ժամանակ չունի:
«Իրավիճակը սկսած է բարելաւուիլ: Եթէ ես հոս կը նստիմ, իմ բազմաթիւ բարեկամներս եւ ընկերներս համալսարան կը մտնեն եւ աշխատանք կ՚ունենան, ատիկա ցոյց կու տայ, որ փոփոխութիւնը սկսած է», հաւաստեց ան:
Անշուշտ, Սեհնիլա, որ կ՚ուսանի Պալուճիստանի համալսարանին մէջ, գիտակից է վտանգներուն, բայց կը հաստատէ, որ ատոնք չեն կրնար զինք շեղել իր ուղիէն:
«Երբ կրկին ու կրկին բան մը կը պատահի, մարդիկ կը վարժուին ատոր հետ ապրիլ», կ՚ըսէ ան:
Բայց հաւատալը անպատեհութիւն կը յառաջացնէ իր ասպարէզին մէջ, կը խոստովանի Սեհնիլա:
«Երբ մենք մեզ կը համեմատենք այլ նահանգներու ուսանողներու հետ, անոնք այնպիսի մակարդակի մը վրայ են, ուր շատ դժուար է անոնց հետ մրցիլ աշխատանքի կարելիութիւններու համար», կ՚ըսէ ան:
Սեհնիլա կը հաւատայ, որ պահպանողական ցեղախմբային մտայնութիւնը աւելի մեծ արգելք մըն է կիներու զարգացման: Բայց ան տակաւին յոյս ունի, հակառակ այն փաստին, որ երիտասարդներ կը լքեն Պալուճիստանը, քանի որ անոնք կը կարծեն, թէ իրենց տաղանդը պիտի մսխուի:
«Չինաստան-Փաքիստանե տնտեսական միջանցքը հոս է, առեւտուրը սկսած է բարգաւաճիլ, բազմաթիւ շինարարութիւններ կ՚ընթանան, եւ կրթական նոր համակարգ մը մշակուած է», կ՚ըսէ Սեհնիլա ու կը յուսայ օգտուիլ ատկէ եւ օգնել ուրիշներուն՝ մնալ եւ վերակառուցել, փոխանակ հեռանալու:
Հնակարկատը, որ կրնայ հեռանալ
Ասմաթուլլա Խան Քուեթայի հին քաղաքին մէջ խանութ մը ունի: Իր ընտանիքը այդ խանութին սեփականատէրն է 1982 թուականէն ի վեր, եւ ինք խանութը ստանձնած է հօրը մահէն ետք:
«Յաճախորդները հազուադէպ են եւ առեւտուրը՝ վատ: Խանութպանները եւ յաճախորդները անվախ էին աշխարհի մէջ», կ՚ըսէ ան՝ փայլեցնելով կնոջ մը կօշիկը:
Հաշմի շուկան, նախասիրուած գնումի կեդրոնն էր Փունճապ եւ Սինտի նահանգներէն եկող զբօսաշրջիկներուն, ինչպէս նաեւ Խըւեթայի մէջ տեղակայուած զինուորականներու եւ պաշտօնատարներու ընտանիքներուն:
Բայց վերջին տասնամեակին վայրագութիւններու աճին պատճառով, զբօսաշրջիկներուն թիւը կտրուկ նուազեցաւ եւ զինուորականներու ընտանիքները մնացին զօրանոցներուն մէջ:
«Մենք օրական 780 տոլար կը շահէինք, բայց այսօր՝ միայն 7 տոլար»:
Ասմաթուլլա կ՚ըսէ, որ այժմ աւելի նուազ են յարձակումները, բայց մարդոց վստահութիւնը անհետացած է:
«Ամէն առտու, երբ ես դուրս կու գամ տունէս, մայրս Քուրանէն հատուածներ կ՚արտասանէ, որպէսզի անվտանգ վերադառնամ»:
Եւ ապագան տժգոյն է:
«Ես նոյնիսկ չեմ կրնար գոհացնել իմ երեխաներուս տարրական պահանջները», կ՚ըսէ ան եւ կ՚աւելցնէ. «Կեանքի որակը դաժանօրէն կործանած է: Եթէ բարելաւում չըլլայ, ես պիտի լքեմ եւ Տուպայի երթամ, որովհետեւ այլընտրանք չունիմ»:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան