ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԱՄԵՐԻԿԱ-ԻՐԱՆ ԲԱԽՄԱՆ ԿԻԶԱԿԷՏԻՆ

Նախագահ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան ամենէն բնորոշ գիծը աննախատեսելիութիւնն է: Ներքին քաղաքականութեան պարագային դժուար չէ կանխատեսումներ ընել, որովհետեւ ան քաղաքական ասպարէզ մտաւ քանդելու համար այն իրագործումները, որոնք առաջադրուած էին իր նախորդին՝ նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ կենսոլորտի մաքրութեան պաշտպանութիւն, բժշկական եւ առողջապահական խնամքի մատչելիութիւն, եւ այլն: Այսօր որդեգրուած օրէնքներու ջնջումով կը շահի ճարտարարուեստը, կը սահմանափակուին ճարտարարուեստական թափօններու վրայ դրուած օրէնքները, քարիւղային հետազօտութիւններ կը կատարուին անաղարտ պահպանուելու սահմանուած տարածութեանց մէջ, եւ այլն: Ներքին քաղաքականութեան նախատեսելիութեան երկարաձգումը կարելի է նկատել նաեւ նախագահ Թրամփի հրաժարումը փարիզեան դաշնագիրէն, որ միջազգային հակակշիռ մը կը սահմանէ կենսոլորտի ապականման դէմ: Նախագահ Թրամփի աննախատեսելի նկատուած արտաքին քաղաքականութեան մէջ եւս սկսած է յստակ գիծ մը, որ ժամանակի վրայ դնելով կը պարզէ շատ ինքնատիպ նախատեսելիութիւն մը. քանի մը ամիս առաջ նախագահ Թրամփ կը սպառնար ամերիկայի ռազմական ուժի հզօրագոյն զէնքերով մոխիրի վերածել Հիւսիսային Քորէան, սակայն, շուտով պարզուեցաւ, որ շանթերու սպառնալիքներու ետին կը կատարուէին գաղտնի բանակցութիւններ, երկու կողմերը հասկացողութեան սեղանին շուրջ բերելու: Ու Սինկափուրի հանդիպման նախագահ Թրամփ քիչ կը մնար գիրկընդխառնուէր Հիւսիսային Քորէայի նախագահին՝ Քիմ Եոնկ Ունի հետ, որ մինչեւ վերջերս ամերիկեան մամուլին եւ քաղաքական շրջանակներուն մէջ ներկայացուած էր իբրեւ սատանայի մարմնացում: Յաջորդը՝ Ռուսաստանի դէմ շղթայազերծուած պայքարն էր, որ յանգեցաւ Հելսինքիի հանդիպման, ուր նախագահ Թրամփ կերպով մը անպարտ հռչակեց նախագահ Փութինը այն քաղաքական մեղադրանքներուն համար, որոնց մասին կը թմբկահարէին ամերիկեան մամուլն ու օրէնսդիր իշխանութիւնները: Ետքէն կատարուած յետս կոչումները աւելի շփոթ թողուցին կացութիւնը, աւելի քան լուսաբանութիւն մը բերեն: Ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանին՝ անիկա Ամերիկայի «անհրաժեշտ չարիքն» է (necessary evil), ինչպէս կը սահմանեն ամերիկացիք: Եթէ նոյնիսկ գոյութիւն ունեցած չըլլար Ռուսաստանը՝ ամերիկեան քաղաքականութիւնը պիտի ստեղծէր զայն. այլապէս ինչպէս պիտի կրնար արդարացնել ռազմարդիւնաբերութիւնը, որուն դէմ զգուշացուցած էր նախագահ Այզընհաուըր: Ամերիկայի մէջ քաղաքական որեւէ պաշտօնի յաւակնող թեկնածու երբ կ՚որդեգրէ զօրաւոր ինքնապաշտպանութեան թեզը, արդէն երաշխաւորած կ՚ըլլայ յաջողութեան կէսը: Պաշտպանական թեզը (defense), սրբութիւն սրբոցն է ամերիկեան քաղաքականութեան, որ դարձած է հայրենասիրութեան պիտակ ռազմարդիւնաբերողներու քսակին հաշուոյն: Նախագահ Թրամփի զայրոյթին վերջին թիրախը Իրանն է, որուն հետ կնքուած է միջազգային պայմանագիր մը՝ հիւլէական զէնքերու հետազօտութեան կասեցման դիմաց՝ մեղմել որոշ տնտեսական պատժամիջոցներ: Այդ պայմանագիրը միջազգային հսկողութեան ներքեւ կը գործէր կատարելապէս, ինչպէս միշտ կը վկայուէր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մասնագէտներուն կողմէ: Թրամփի նախագահական ընտրապայքարի նախադրեալներէն մէկն էր չեղեալ նկատել այդ պայմանագիրը՝ ծափերու արժանանալու համար իր փեսին՝ Ժարետ Քուշնէրի եւ անոր կնքահօր՝ Պենիամին Նեթանիյահուի կողմէ: Վերջապէս պր. Թրամփ հասաւ իր մուրազին եւ հեռացաւ այդ դաշինքէն՝ օդի մէջ թողելով Եւրոպան, Ռուսաստանն ու Չինաստանը, որոնք եւս մասնակիցներն են: Ուրեմն Ամերիկա նոր պատիժներ կը սահմանէ Իրանի դէմ եւ կը յայտարարէ, թէ այն երկիրները եւ ընկերութիւնները, որոնք առեւտուր կ՚ընեն Իրանի հետ, պիտի ենթարկուին պատժամիջոցներու: Եւրոպացիք, որոնք արդէն առեւտրական պայմանագիրներ կնքած են Իրանի հետ, սկսած են պատրաստուիլ Ամերիկայի պատժամիջոցներուն դէմ, հակառակ որ քաղաքական բազում թելերով կապուած են անոր հետ: Չինաստան պարզապէս յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ ուժանիւթ գնել Իրանէն, անտեսելով ամերիկեան պատժամիջոցները: Եւրոպայի մէջ մեծ համակրանք չկայ նախագահ Թրամփի նկատմամբ, մանաւանդ այնտեղ կատարած իր վերջին այցելութենէն ետք, ուր աջ ու ձախ վիրաւորեց Եւրոպայի պետական դէմքերը: Թրամփի այս շրջադարձը յայտարարելու պարտականութիւնը տրուած էր Ճոն Պոլթընի, նախագահի ապահովութեան խորհուրդի պետին, որ դիւանագիտական շրջանակներու մէջ ամենէն լիրբ քաղաքագէտն է: Դաշինքը, որ կ՚արգիլէր Իրանի հիւլէական զէնքերու հետազօտման եւ արտադրութեան գործարքները, դադրած է ի զօրու ըլլալէ Ուաշինկթընի համար: Պր. Պոլթըն կը հրաւիրէ Իրանը բանակցութեան՝ ընդարձակելու համար ծիրը այդ համաձայնութեան: Ան կ՚առաջարկէ, որ Իրան դադրեցնէ հեռահաս հրթիռներու արտադրութիւնը, դուրս գայ Սուրիոյ ռազմադաշտէն եւ վերջ տայ պետական ահաբեկչութեան գործողութեանց, շրջանի մը մէջ, ուր պետական ահաբեկչութեան մասնագէտները մէկէ աւելի են՝ այն ալ ամերիկեան հովանիին ներքեւ: Այս նոր զարգացումը ուղղակի հարուած է Հայաստանի տնտեսական հեռանկարներուն տեսակէտէն: Իրանը Հայաստանի ամենէն մերձաւոր տնտեսական գործակիցն է եւ կը պարզէ բաւական լայն հեռանկարներ: Վրաստանը կը մնայ ամենէն անվստահելի հարեւանը, միշտ, անուղղակիօրէն մասնակցելով Հայաստանի շրջափակման դաւերուն: Բացի չկամութենէն Վրաստանի, որ յաճախ առանց պատճառի կը խափանէր Վերին Լարսի անցքը, որ միակ անցակէտն է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի առեւտրական հանգոյցին, այսօր Մոսկուան եւս սկսած է ցոյց տալ իր ատամները, իբրեւ հետեւանք արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Երեւանին ուղղուած սաստին: Ճիշդ է, թէ պատժամիջոցներու պաշտօնական ծանուցում չկայ Մոսկուայէն. սակայն փաստ է նաեւ որ Վերին Լարսը փակուած է Ռուսաստանի կողմէ եւ Հայաստանէն ղրկուած ապրանքատար մեքենաները օրերով կանգ կ՚առնեն ու կ՚երկարին մինչեւ 12 քիլօմեթր: Եւ ապա, երկրագործական մթերքները փճանալէ ետք, բեռնատարները կը վերադառնան Հայաստան: Միւս կողմէ, Իրանի վրայ դրուած պատժամիջոցները ծանրօրէն պիտի անդրադառնան Հայաստանի հետ անոր առեւտրական կապերուն: Իրանագէտ Կարէն Վերանեան News.am-ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած էր, թէ տնտեսական տեսանկիւնէն ամենէն շատ կրնար տուժել Հայաստանը. «Ուաշինկթըն Իրանի դէմ պատրաստել է եւ պատրաստւում է իրականացնել երկմակարդակ պատժամիջոցներ: Առաջինը վերաբերում է մեքենաշինութեան եւ կիպերնատիկայի ոլորտում աշխատող ընկերութիւններին: Երկրորդը՝ կազային եւ նաւթային, որը բնականաբար կարեւոր նշանակութիւն ունի»: Իրանագէտին գնահատումով՝ պատժամիջոցները բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենան մանաւանդ Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիին վրայ, քանի որ ան բացուած է վերջերս Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ, ապրանքաշրջանառութիւնը քաջալերելու: Հայութեան համար տագնապը միշտ կը յանգի աղէտի: Սակայն, չինացիք աւելի լաւատես փիլիսոփայութիւն մը ունին այս մասին. անոնք կը հաւատան, որ տագնապին միւս երեսը պատեհութիւնն է։ Եթէ այս անգամ դէպքերը առաջնորդուին չինական փիլիսոփայութեամբ կրնանք լաւատեսութեան պատճառներ ունենալ: Արդէն, նախագահ Թրամփ իր զայրոյթը հրատարակելէ վերջ, Հիւսիսային Քորէայի եւ Ռուսաստանի պարագաներուն նման, յանկարծ զիջողութեան յայտարարութիւն մը կատարած է՝ յայտարարելով, որ պատրաստ է առանց պայմանի հանդիպելու Իրանի նախագահ Ռուհանիին: Հայաստանի իբրեւ չէզոք ու մօտիկ երկիր, կրնայ թատերաբեմը հանդիսանալ այդ հանդիպման, մանաւանդ որ այս օրերուն ամերիկեան քոնկրէսականներ եւ հայկական լոպիինկի խումբեր կ՚աշխատին Փաշինեան-Թրամփ հանդիպում մը կազմակերպել: Նման հեռանկար մը կրնայ աւելի հաւանական դառնալ, եթէ Ուաշինկթըն փափաքի սիրաշահիլ Հայաստանը՝ սաստկանալ սկսող ռուսական ճնշումին դիմաց: Թուրք-ամերիկեան լարուածութիւնը եւս կրնայ Ուաշինկթընի հայեացքը ուղղել դէպի Հայաստան։ Եթէ այդ հեռանկարը իրականանայ, այս անգամ զուտ քաղաքական հարթակի վրայ Սրբազան Պապին եւ Քիմ Քարտաշեանի այցելութեան նման աշխարհի լրատուամիջոցները կը սեւեռին Հայաստանի վրայ: Միւս կողմէ արդէն պատրաստութեան մէջ է ֆրանքօֆոնիի խորհրդաժողովը Երեւանի մէջ, ուր պիտի համախմբուին 17 երկիրներու նախագահները, Հայաստանը դարձեալ պիտի դառնայ աշխարհի ուշադրութեան առարկայ: Այնպէս կը թուի, թէ վերեւի հաւանականութիւնները ցանկատեսութեան սահմանէն անդին կ՚անցնին, արդարացնելու համար չինական փիլիսոփայութեան սկզբունքները: Այդ զարգացումները անխուսափելիօրէն պիտի նպաստեն զբօսաշրջութեան ու գուցէ նաեւ քաղաքական որոշ յառաջխաղացի: Պատմականօրէն Հայաստանը միշտ քալած է ռուսական ուղիով: Կ՚երեւի չինական փիլիսոփայութեան յարիլն ալ կրնայ պարգեւել իր բարիքները:

Խմբագրական «Պայքար»ի, Պոսթոն

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2018