ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Առակաց 17.14-ին մէջ կը կարդանք. «Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի, ուրեմն վէճը չբռնկած ետ քաշուէ»: Ինչպէ՞ս հասկնալ այս համարը:

Պատասխան. Հասկնալու համար պէտք է առաջին հերթին յստակացնենք, որ այստեղ խօսքը մարդկային վէճերու, կռիւներու եւ անհասկացողութիւններու մասին է, որոնց աղբիւրը բարկութիւնն է, հետեւաբար, այս համարով Իմաստունը մեզ կը խրատէ որպէսզի հեռո՛ւ մնանք բարկութենէն, եւ կամ ամէն կերպ զսպենք մեր բարկութիւնը, որպէսզի ժխտական հետեւանքներ չկրենք ու չունենանք:

Այս համարի կերպով մը պարզաբանումը Տէր Յիսուս Ի՛նք կու տայ: Մատթէոսի Աւետարանի 5-րդ գլուխին 21-24 համարներուն մէջ կը խօսի բարկութեան մասին ու այսպէս կ՚եզրակացնէ. «Երբ մէկը խնդիր ունի քեզի հետ եւ դատի կը կանչէ քեզ, սկիզբէն համաձայնութեան եկուր անոր հետ՝ դատարան չինկած, այլապէս քեզ դատաւորին կը յանձնէ, դատաւորն ալ՝ ոստիկանին, եւ բանտ կը նետուիս: Վստահ եղիր թէ բանտէն պիտի չելլես, մինչեւ որ տուգանքիդ վերջին դահեկանը չվճարես» (Մտ 5.25-26):

Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեան այս երկու համարները այսպէս կը բացատրէ. «25-րդ եւ 26-րդ համարներով Յիսուս Իր հետեւորդներուն կը պատուիրէ դատարան չհասած հաշտուիլ ոսոխին հետ: Ան կ՚ըսէ, թէ նոյնիսկ եթէ գիտես որ դիմացինդ է անիրաւը, գնա՛ եւ հաշտութեան եկուր անոր հետ: Այդ հաշտութիւնը կրնայ զոհողութիւն պահանջել քեզմէ: Ատով հանդերձ, մի՛ վարանիր, գնա՛ եւ հաշտուէ՛: Նախընտրելի է, որ դուն կամաւորաբար որոշ զոհողութիւն յանձն առնես եւ որոշ վնաս կրես, քան թէ յետոյ աւելի մեծ վնասներու ենթարկուիս:

Յիսուս աշխարհի կեանքէն այս օրինակներով Իր հետեւորդներուն կը սորվեցնէ մարդոց հետ իրենց փոխյարաբերութեան մէջ առաւել զգայուն ըլլալ. կը պատուիրէ որ Իրեն հետեւորդները շարժին այնպէս՝ որ հաշտութիւն տիրէ մարդոց միջեւ, որովհետեւ այդ հաշտութեամբ է, որ կարելի կ՚ըլլայ Աստուծոյ հետ վաւերական փոխյարաբերութիւնը»:

Պարզ եւ յստակ. մարդ որպէսզի առաջին հերթին ի՛ր կեանքը խաղաղութեամբ ապրի, աստուածահաճոյ կերպով ապրի, ապա պիտի ջանայ հաշտ ապրիլ իր շուրջիններուն հետ, վէճերէ ու անիմաստ կռիւներէ հեռու մնայ, աւելին, Քրիստոսի թելադրութեամբ, նոյնիսկ շատ յաճախ որպէսզի վերահաս փորձանքը կանխէ, նոյնիսկ պէտք է զիջի՝ եթէ վստահ ալ ըլլայ, թէ անիրաւուած է… Մարդկային մեր սահմանափակ տրամաբանութեամբ նման վարքագիծը կրնայ որպէս թուլութիւն կամ անզօրութիւն ընդունուիլ, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ շա՜տ յաճախ դժբախտաբար մեր ընկալումներն ու մօտեցումները ճի՛շդ հակառակը կ՚ըլլան Աստուծոյ ընկալումներուն եւ մօտեցումներուն, այդ պատճառով ալ փոխանակ մեր խնդիրներուն լուծում գտնելու, ա՛լ աւելի կը դժուարացնենք վիճակը… Մինչ եթէ հնազանդինք Քրիստոսի թելադրութեան եւ այդպէս գործենք, վստահ պէտք է ըլլանք, որ նոյնիսկ եթէ անիրաւուած կողմը մենք ենք, ապա մեր պաշտպանն ու վահանը Աստուած Ի՛նք է, եւ ճիշդ ու յարմար ժամանակին մեր ունեցած դժուարութեան կամ նեղութեան լուծումը կու տայ, պարզապէս մենք պէտք է վստահինք Իրեն, եւ առիթ չտանք չարին օգտագործել մեր տկարութիւնը, եւ մեզ խաղալիք դարձնէ իր չարակամութիւններուն:

Հ. Սխալը պահելը մե՞ղք է:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Ամբարիշտը արդարցնողը եւ արդարը ամբարիշտ հանողը՝ երկուքն ալ Տիրոջ առջեւ պիղծ են» (Առ 17.15): Այս համարը կարդալով ընթերցողին յստակ կը դառնայ որ ո՛չ միայն սխալը, մեղքը պահելը, ծածկելը մեղք է, յանցաքնին մասնակցութիւն է, այլեւ՝ ճշմարտութիւնը խեղաթիւրողը, ճշմարտութիւնը այլափոխողը եւս մեղաւոր է ու այսպիսիները ո՛չ միայն մեղաւոր են, այլ՝ Տիրոջ համար պիղծ են, եւ վա՜յ այն մարդուն, որ իր արարքներով ինքզինք պիղծ կը դարձնէ Աստուծոյ աչքին:

Եսայի մարգարէն վայ կը կարդայ բոլոր անոնց, որոնք մեղքը կը ծածկեն, ճշմարտութիւնը կը խեղաթիւրեն, ըսելով. «Վա՜յ անոնց, որոնք չարին բարի կ՚ըսեն ու բարիին՝ չար. որոնք խաւարը՝ լոյսի տեղ ու լոյսը խաւարի տեղ կը դնեն, որոնք դառնը՝ քաղցրի տեղ ու քաղցրը դառնի տեղ կը դնեն» (Ես 5.20):

Թատրոս Եաագուպ Մալթին կը գրէ. «Անարդարին արդարացնելն ու արդարը անարդար հանելը, Աստուծոյ ուղղուած նախատինք ու վիրաւորանք է»:

Հ. Ի՞նչ կը պատահի ծուռ սիրտ եւ նենգաւոր շրթունքներ, լեզու ունեցողին հետ:

Պ. Իմաստունը կը գրէ. «Ծուռ սիրտ ունեցողը աղէկութիւն չի գտներ ու նենգաւոր լեզուով մարդը չարիքի մէջ կ՚իյնայ» (Առ 17.20): Ծռութիւնը երբեք չի՛ կրնար մարդուն համար դրական ըլլալ, բառը իր բացատրութիւնը իր վրայ ունի արդէն՝ ծուռ, հետեւաբար երբ մարդ իր սիրտը ինչ-ինչ պատճառներով ծռած է, ապա իր կեանքը օր օրի կը ծանրանայ ու կը դժուարանայ, որովհետեւ իր մէջ եղող այդ ծռութիւնը, թոյլ չի՛ տար իրեն ճիշդն ու ուղիղը տեսնելու եւ անոնցմով առաջնորդուելու: Իսկ նենգաւոր շրթունքներու, լեզուի պարագային, ապա մեր այս շարքի նախորդ գրութիւններուն մէջ մի քանի անգամ անդրադարձած եմ: Այստեղ պարզապէս խորհուրդ կու տամ ընթերցողներուն երբեմն-երբեմն բանալ Սուրբ Յակոբոս առաքեալին Ընդհանրական նամակը ու կարդալ 3-րդ գլուխին 1-12 համարները, ուր առաքեալը կը խօսի լեզուն սանձելու անհրաժեշտութեան մասին, ուր ի միջի այլոց կ՚ըսէ. «Ո՛չ ոք կրնայ հնազանդեցնել մարդկային լեզուն, որ չար է, անզսպելի եւ մահացու թոյնով լեցուն: Անով կ՚օրհնենք մեր Տէրը եւ Հայրն Աստուած, եւ դարձեալ անով կ՚անիծենք մարդիկը, որոնք Աստուծոյ նմանութեամբը ստեղծուած են: Այսինքն՝ նոյն բերանէն կ՚ելլեն թէ՛ օրհնութիւնը եւ թէ՛ անէծքը» (Յկ 3.8-10):

Հ. Ի՞նչ է տարբերութիւնը ուրախ սիրտին եւ կոտրած սիրտին:

Պ. Սողոմոն Իմաստունը կը գրէ. «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է, բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ» (Առ 17.22):

Արդարեւ, բարկութիւնը, տրտմութիւնը, մտատանջութիւնն ու սին մտահոգութիւնները չե՛ն ձգեր, որ մարդուն սիրտը թեթեւնայ, ուրախանայ, ընդհակառակը միշտ ճնշուած, նեղուած, անտրամադիր ու կոտրուած վիճակի մէջ կը ձգեն զայն:

Բնականաբար, մարդ չկայ որ նեղութիւն, դժուարութիւն կամ փորձութիւններ չունենայ, աւելին չկա՛յ մարդ որ յուսահատութիւններ, երբեմն յուսախաբութիւններ, սայթաքումներ չունենայ: Մեր ըսածը այդ չէ:

Շատերու մօտ կայ այն մօտեցումը կամ մտածումը, որ Աստուած մարդը ստեղծած է, որպէսզի հանգիստ կեանք մը ունենայ: Այո՛, այդպէս է: Սակայն, երբ այդպէս կ՚ըսենք, ի՞նչ նկատի ունինք, աւելի ճիշդ ո՞ր կեանքը նկատի ունինք: Մարդուն կեանքը միայն այս՝ աշխարհիկ կեանքով չի՛ սահմանափակուիր, մարդկային մեր այս կեանքը նախաճաշակն է, սկիզբնաւորութիւնն է մեր միւս կեանքին, որ ի տարբերութիւն մեր այս ժամանակաւոր կեանքին, միւս կեանքը յաւիտենական է, անմահ կեանք է, ուր վախճան չկայ: Այս հասկացողութեամբ, արդարեւ, ճի՛շդ է այն մօտեցումը կամ ընկալումը, թէ Աստուած մարդը ստեղծած է, որպէսզի հանգիստ կեանք մը ապրի: Իսկ եթէ հանգիստ կեանք ըսելով նկատի ունինք միայն այս աշխարհիկ կեանքը, ապա չարաչար սխալած կ՚ըլլանք, որովհետեւ ճի՛շդ է որ Աստուած մեզ հանգիստ կեանք ապրելու համար ստեղծած է, սակայն մենք այդ հանգիստ կեանքը խաթարած ենք, մեր անհնազանդութեան ու մեղքերուն պատճառով, այլ՝ խօսքով, մենք մեղքը, անհնազանդութիւնը, անհանգիստ կեանքը ընտրած ենք, փոխանակ ընտրելու հանգիստ կեանքը: Ո՛չ միայն ընտրած ենք, այլ՝ կը փորձենք մենք մեզ համոզել, թէ լաւ ու հանգիստ կեանք մը կ՚ապրինք…, մինչ իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է:

Մարդ այս ժամանակաւոր աշխարհին մէջ կրնայ հանգիստ կեանքով ապրիլ միայն այն ատեն՝ երբ իր կեանքը կ՚ապրի Աստուծմով, իր կեանքը յանձնած է Աստուծոյ, այլապէս ամէն տեսակի բարօրութիւն, յարմարութիւն խաբուսիկ են, եւ պիտի վերջանան, շոգիանան, երբ այս աշխարհային կեանքին հրաժեշտ տանք՝ երթալու համար յաիտենական կեանքին…:

Հանգիստ կեանք կ՚ուզե՞ս ապրիլ, կառչէ Աստուծմէ, փարէ Անոր ու խնդրէ, որպէսզի Ի՛նք առաջնորդէ քայլերդ, Ի՛նք քեզի Տէր ու Պաշտպան ըլլայ այս կեանքին մէջ, որպէսզի կարենաս քու դիմացդ ցցուող բոլոր դժուարութիւններն ու նեղութիւնները յաղթահարել: Սաղմոսերգուն ունենալով այն վստահութիւնը, թէ Աստուած միշտ իր կողքին է, կ՚ըսէ. «Բարեգութ է Տէրը եւ արդար, մեր Աստուածը կ՚ողորմի: Տէրը կը պահէ անօգնական մարդիկը, ինչպէս փրկեց զիս՝ տկարութեանս մէջ: Հանգստութիւնդ վերագտի՛ր, ո՜վ իմ անձս, որովհետեւ Տէրը բարիք ըրաւ քեզի: Տէրը զիս մահուընէ փրկեց, աչքէս արցունքը սրբեց, եւ ոտքերս սայթաքումէ հեռու պահեց: Ուստի Տիրոջ ներկայութեան պիտի ապրիմ՝ ողջերու երկրին մէջ» (Սղ 116.5-9):

Այս ինքնավստահութեամբ հեռո՛ւ վանենք մեզմէ կոտրուածութիւնը, յուսահատութիւնն ու յուսախաբութիւնը, կառչի՛նք Աստուծոյ եւ Անոր ներկայութիւնը զգալով այս աշխարհի վրայ ապրինք ուրախ սիրտով ու խաղաղ հոգիով, որպէսզի այս աշխարհին հրաժեշտ տալէ ետք վայելենք Իր ներկայութիւնը դէմ առ դէմ, ու հրեշտակներուն հետ արժանի ըլլանք փառաբանելու զԻնք, յաւիտեանս յաւիտենից:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 57

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2023