ԱԿՆԱՐԿ - 81 - ՀԱՄԱԿԵՐՊԵԼՈՒ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆ

Վերջերս յաճախ կը մտածեմ այս մասին, թէ ժամանակաշրջանը որու մէջ կ՚ապրի այսօրուան մարդը, համակերպելու ժամանակաշրջանն է:

Պահ մը եթէ ուշադրութեամբ սերտենք այսօրուան մարդուն կեանքը, անոր ապրած պայմանները, անոր առաջարկուած հանգամանքները իր կեանքը ապրելու, կարգաւորելու եւ կազմակերպելու, ապա վստահաբար շատերս պիտի գանք այն եզրակացութեան, որ իրապէս կ՚ապրինք համակերպելու ժամանակաշրջանին մէջ:

Քիչեր կան, շա՜տ քիչեր, որոնք երբեմն-երբեմն հոսանքին հակառակ կը թիավարեն, բայց որովհետեւ հոսանքը ա՛յնքան զօրաւոր է, հակառակ անոր որ սխալ ուղղութեամբ կ՚ընթանայ, դիւրութեամբ եւ առանց մեծ դժուարութիւններու այդ քիչերուն ձայնը կը խեղդեն, կը լռեցնեն:

Սակայն, ինչքան ալ խեղդուին ու լռութեան մատնուին այդ ձայները, փաստը կը մնայ փաստ, եւ ճշմարտութիւնը չի՛ դադրիր ճշմարտութիւն ըլլալէ, թէ այսօրուան մարդը համակերպող դարձած է եւ կ՚ապրի համակերպութեան ընդհանուր մտացնծութեան-յիմարութեան (Euphoria) վիճակի մը մէջ:

Այսօր ի՛նչ ալ առաջարկուի մարդուն՝ յատակապէս համացանցի, հետատեսիլի, ռատիոյի ու մամուլի միջոցով, առանց մտածելու, առանց խորանալու, առանց սերտելու, մարդը անմիջապէս իր վրայ կը վերցնէ, «իրը կը դարձնէ» իրեն ներկայացուածը, կարծէք այդպէս պէտք է ըլլայ:

Այս մօտեցումը բնականաբար ծրագրաւորուած մօտեցում մըն է, որովհետեւ այդպիսիով մարդոց ուղեղները կը սրբուին, կը դատարկուին, կը լուացուին (brain wash), զանոնք պատրաստելով ամէն տեսակի խաղի: Խաղ երբ կ՚ըսենք, նկատի կ՚ունենաք քաղաքական, տնտեսական, բժշկական, ուսումնական ոլորտներուն մէջ:

Հակառակ այն իրողութեան, որ այսօր կը խօսուի ու կը բարձրաձայնուի մարդու ազատութեան, անոր իրաւունքներու մասին, սակայն այսօր աւելի քան երբեք մարդը զրկուած է իր ազատութենէն ու իրաւունքներէն: Զրկուած է նոյնինքն այն կազմակերպութիւններուն ու հաստատութիւններուն կողմէ, որոնք կը բարձրաձայնեն այդ ազատութեան ու իրաւուքներուն մասին: Թող ներուի մեզի ըսել, որ այսօրուան մարդը խաղալիքն ու զոհը դարձած է իր ուղեղին մէջ մեքենայականօրէն «ամրագրուած» ազատութեան իր իրաւունքին:

Բաւարար է այսօրուան կազմակերպել համերգ մը, փառատօն մը, այնտեղ հնչեցնել մէկ երկու երաժշտութիւն եւ կամ երգ, ու վերջ, մարդը արդէն չկայ, կ՚իյնայ իր մտացնծութեան մէջ եւ կը մոռնայ ամէն ինչ:

Վերոյիշեալ հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները այսօրուան մարդը վերածած են անդէմ, աննկարագիր, սեփական մտածելակերպ չունեցող արարածի մը: Ամէն ինչ իր փոխարէն իրենց կը մտածեն, կը ծրագրեն, կը կազմակերպեն ու մարդուն կը մատուցեն՝ որպէսզի գործադրէ: Իսկ մարդը, որովհետեւ համակերպելու ախտին մէջ թաթախուած է, առանց մտածելու, իրենց մատուցուածը կը վերցնէ ու կը կատարէ իրմէ պահանջուածը: Այլ խօսքով, այսօրուան մարդը դադրած է որոշումներ կայացնելէ, ընտրութիւններ կատարելէ: Ամէն ինչ իր փոխարէն կը կատարուի, իրեն միայն գործադրութիւնը կը մնայ:

Եթէ փորձենք այս բոլորին պատճառը գտնել, պատասխանը շատ պարզ եւ յստակ է. որովհետեւ ուրացած ու մերժած ենք ի վերուստ մեզի տրուած ազատութիւնը: Աստուած երբ մարդը ստեղծեց, անոր ազատութիւն եւ բանականութիւն շնորհեց, որպէսզի կարենայ իր կեանքը կարգաւորել, կազմակերպել ու կառավարել: Մարդը, սակայն, այդ ազատութիւնը չկրցաւ ճիշդ կերպով ընկալել ու հասկնալ, եւ իրեն համար սկսաւ նոր «ազատութիւն»ներ որոնել, ինչ բանի հետեւանքով, եկած ու հասած է այս օրուան, երբ այդ «ազատութիւն»ներու իր փնտռտուքին մէջ ո՛չ միայն կորսնցուցած է ի վերուստ իրեն տրուած ազատութիւնը, այլեւ իր շինծու եւ յերիւրածոյ «ազատութիւն»ն ալ կորսնցուցած է, որովհետեւ դարձած է անդէմք ու անկարգ եւ սկսած է համակերպիլ ամէն ինչի հետ:

Աստուած մեզ չէ՛ ստեղծած համակերպելու ամէն ինչի հետ, ընդհակառակը, Աստուած մեզի բանականութիւն տուած է, որպէսզի կարենանք ճիշդն ու սխալը, բարին ու չարը զանազանել եւ ըստ այնմ որոշումներ կայացնել: Իսկ մենք ի՞նչ կ՚ընենք այսօր. ո՛չինչ, որովհետեւ կորնցուցած ենք այդ զգացողութիւնը, խեղաթիւրած ենք մեզի տրուած բանականութիւնը եւ սեփական մտածելակերպէ զրկուած ենք: Վերածուած ենք ոչխարներու հօտի մը, որոնք կ՚առաջնորդուին իրենց լսած զանգակին ձայնով, առանց մէկ անգամ իսկ իրենց գլուխը բարձրացնելու եւ նայելու, թէ դէպի ո՞ւր կ՚երթան:

Ոմանք պիտի հակառակին ըսելով, որ վերը նշածս իրողութիւնը հոգեւոր կեանքով ապրողներուն կը վերաբերի, որոնք իրենք զիրենք ենթակայ դարձուցած են Աստուծոյ եւ սեփական կամք չունին: Չարաչար կը սխալին այդպէս մտածողները: Այդ մտածումը արդիւնք է համակերպելու ախտին, որու մէջ ինկած են անոնք: Ճշմարիտ ազատութիւնը Աստուծոյ եւ Անոր պատուիրանները գործադրելուն մէջ կը կայանայ:

Աստուած այս աշխարհը չէ՛ ստեղծած եւ զայն մեր խնամքին չէ՛ յանձնած, որպէսզի վերջաւորութեան մեզ պատժէ կամ դատապարտէ, ընդհակառակը, Աստուած այս բոլորը տուած է մեզի, որպէսզի վայելենք, մեր կեանքը ապրինք: Եթէ այդպէս ըլլար, ապա Աստուած անարդար պիտի ըլլար, ինչը քա՜ւ լիցի մեզի այդպէս մտածել: Աստուած պարզապէս մեր դիմաց դրած է նաեւ այն բոլոր պայմաններն ու միջոցները՝ այս աշխարհը եւ մեզի տրուած կեանքը լաւագոյն ապրելու եւ վայելելու, եթէ ճիշդ ընտրութիւն կատարենք, ապա աշխարհիկ «ազատութիւն»ները չեն հետաքրքրեր մեզ, որովհետեւ իրականին ներկայութեամբ կեղծը անիմաստ է: Ինչպէս երբ աշխատանքի պիտի ընդունուինք որեւէ մէկ ընկերութենէ կամ հաստատութենէ ներս, նախ մեզի տուեալ կառոյցին պայմանները կը ներկայացուին, եւ եթէ մենք համաձայնինք, նոր միայն պայմանագիր կը կնքենք, այդպէս ալ է Աստուծոյ հետ մեր պարագան: Աստուած Իր պայմաններն ու օրէնքները Աստուածաշունչին մէջ արձանագրած ու փոխանցած է մեզի, գործարդելն ու անոնցմով ապրիլը մեզի կը մնայ: Եւ ինչպէս երբ մեր համաձայնութիւնը տանք որեւէ մէկ ընկերութենէ կամ հաստատութենէ ներս աշխատելու, այդպիսով գերի չե՛նք դառնար, մեր ազատութիւնը չի՛ կաշկանդուիր, որովհետեւ մենք ինքնակամ ընդունած ենք այդ բոլորը, նոյնն է նաեւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան պարագան: Աստուած ո՛չ մէկ բան կը պարտադրէ մեզի, ընդհակառակը, մեզ ձգած է մեր ազատութեան:

Հետեւաբար, յարգը գիտնանք մեզի ձրիաբար շնորհուած ազատութեան, որպէսզի համակերպող չըլլանք, այլ՝ թելադրող. թելադրող՝ անշուշտ հոգեւոր ու բարոյական առումով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

12 օգոստոս 2024, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2024