ՍՊԱՍՈՒՄ
Ի՞նչ կը սպասէ մարդ, եթէ ոչ այն՝ ինչ որ հոգեմտայինին մէջ գոյութիւն ունի եւ սակայն՝ ափերը դատարկ են ու պատրաստ՝ ընդունելու սպասուածը:
Մարդու խառնուածքին մէկ յատկութիւններէն է ան. Յուսալ, սպասել, երազել եւ այլն:
Մարդու, քանի որ մեզի յայտնի կրօններու մէջ կայ սպասման վիճակ:
Շրջան առ շրջան Պուտտա մը կը յայտնուի. քրիստոնեան Յիսուսի խօսքին հետամուտ կը սպասէ Երկրորդ Գալուստին: Շիի մահմետականներ կը սպասեն Մուհտին. մեքսիքացի Ինքաներն ալ կը սպասէին…
Երբ Եւրոպայէն երթը սկսաւ… սպանացիներ մուտք գործեցին Մեքսիքա. «Բարի գալուստ»ով եւ նուէրներով պատիւներու արժանացան տեղացիներու կողմէ իբրեւ իրենց սպասածը եւ սակայն… (Խեղճերը չէին գիտեր իրենց գլխուն գալիքը):
Սպասելու մէջ խորհուրդ մըն ալ գոյութիւն ունի, գաղտնի խոստումի նման, թէ անպայման ուր որ է պիտի յայտնուի… եւ կամ՝ անհրաժեշտութիւն մը պիտի իրագործուի, եթէ ոչ մօտիկ ապագային, գէթ մօտիկին, կամ նոյնիսկ՝ հեռաւոր, որ կ՚արժեւորէ նաեւ, ապրելու իմաստը կու տայ ջերմութիւն, յոյս, հաւատք՝ ապագայի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ յարատեւելու կամք:
«Ծիծեռնակը բոյն էր շինում,
Ե՜ւ շինում էր, ե՜ւ երգում,
Ամէն մի շիւղ կպցնելիս՝
Առաջուան բոյնն էր յիշում:»
(Ղ. Աղայեան)
Ո՞վ գիտէ քանիերորդ անգամն էր… աւերուածութենէ ետք՝ վերակառուցում կամ նորոգութիւն. բոյն՝ որ երաշխիքը պիտի ըլլար ապահովութեան իբրեւ տուն բնակելի, գալիք սերունդին համար, որուն կը սպասէ արտորնօք:
Այդ մեր ժողովուրդին կեանքն է ի հարկէ:
Կառուցում, կործանում. կեանքի բիրտ ընթացքն է:
Վերընձիւղում ու… հողմեր ու պայքար. երազանք եւ սպասում…
«Ու կը սպասեմ որ բացուի» ԱԶԳԻՍ «պայծառ Կիրակին»:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան