«Այն Ինչ(ի)՞ է Որ Կը Հա­ւա­տանք…

«Մար­դուն հա­ւա­տամ­քը հիմքն է ա­նոր կեան­քին ինք­նու­թեա­նը եւ գոր­ծե­րուն»։
Վեր. Տքթ. Թրե­վըր Ճոնզ
(Անկ­լի­քան ե­կե­ղե­ցիի կղե­րա­կան)

Մի քանի տարիներ առաջ ձեռնարկեցի ուսումնասիրութիւն մը Տուպայիի-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ՝ Աստուածաշունչի եւ անոր պատգամին ընկալումի ու յանձնառութեանը մէջ։ Ուսումնասիրութիւնը կատարեցի հնդիկ բանուորներու հետ՝ արական եւ իգական սեռրէ, որոնք տարբեր տեսակի աշխատանքներու մէջ են իրենց արտասահմանեան աշխատանքային կեանքերու մէջ։ Ինչ խօսք, որ Արաբական ծոցի տարածքաշրջանի մէջ կ՚ապրին աւելի քան 15 միլիոն բանուորներ՝ մեծամասնութեամբ ասիական եւ ափրիկեան երկիրներէ եկած։ Այս բանուորներու ընկերատնտեսական ու կենցաղային վիճակները ոչ գոհացուցիչ եւ գնահատելի կարգավիճակներու մէջ են։ Եթէ մէկ կողմէ տնտեսական եկամուտները շատ չնչին են՝ բայց նոյնքան նաեւ բժշկական ու կեցութեան պայմանները խեղճ եւ գրեթէ ոչինչ։ Եւ այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել հոգեկան ու հոգեբանական բարդութիւնները եւ ճնշումները, ինչ որ այս բանուորները կը դիմագրաւեն՝ ուր իրնեց կեանքերը կը վերածուին սպառիչ եւ նոյնիսկ անմարդկային իրավիճակներու։

Ուսումնասիրութեան նպատակակէտն էր փորձել տեսնել, թէ ինչպէ՞ս Աստուածաշունչի «Յոյսի» պատգամը իր ներգործութիւնը կ՚ունենայ եւ կրնայ ունենալ այս բանուորներու կեանքերուն համար իրենց օտարերկեայ այս աշխատանքային դժուարին  կեանքերուն համար եւ թէ անոնք նոյն այս «Յոյս»ով ինչպէ՞ս կրնան դիմագրաւել շատ մը ընկերային-տնտեսական ու հոգեբանական իրենց ճնշումները։

Բայց հետաքրքրական էր տեսնել ուսումնասիրութեան արդիւնքները։ 

Եթէ մէկ կողմէ կը փորձէի առընչել բանուորներու «ընկալումը» Յոյսի պատգամին հետ՝ բայց անոնք նախ խօսեցան «հաւատքի» գիտակցութեան վրայով։ Թէ Աստուածաշունչի շնորհած «հաւատք»ը եւ Քրիստոսով «նոր կեանքի» գիտակցութեան մէջէն՝ իրենց համար դարձած էր գրաւական՝ հասնելու համար իրենց կեանքերուն դիմագրաւած բոլոր ճնշումներու։ Անոնք նախ հաստատեցին, թէ հաւատքի իւրացումն է, որ կը շնորհէ յոյսի ակնկալութիւնը եւ գիտակցութիւնը։ Եւ թէ հաւատքին շնորհած այս «Յոյս»ն է, որուն միջոցաւ կրնան նաւարկել իրենց դժուարին կեանքերը…։

Սեպտեմբեր 21-ին պիտի նշենք դարձեալ մեր հայրենի իրականութեան 27-րդ անկախացման տարեդարձը։ Եթէ անկախութիւնը այս պարագային հայ ժողովուրդին տրուեցաւ՝ իմմա շնորհուեցաւ՝ բայց պատմութեան այս իրադարձութիւնը դարձաւ մեծ Արժէք։ Արժէք՝ ուր հայուն կեանքը՝ հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին՝ ստացաւ ինքնութիւն։ Ինքնութիւն մը՝ որ մեզ դարձուց հպարտ անհատ եւ քաղաքացի՝ համաշխարհային քաղաքական ու ընկերատնտեսական համակարգերուն մէջ։ Աւելի՛ն. մայր հայրենիքի անկախացումը աշխարհասփիւռ հայուն համար եղաւ մէկ կողմէ «տուն», բայց նաեւ անով՝ իմմա հայրենիքով՝ մենք ստացանք դիմագիծ։ Մայր հայրենիքի անկախացումը եւ անոր պետականութիւնը տուաւ քաղաքական ինքնութեան մէկ մեծ արժէքը։ Եւ այս քաղաքական ինքնութիւնը՝ եւ ի մասնաւորի երիտասարդ սերունդներու համար՝ դարձաւ իր ազգային, մշակութային ու ազգագրական դիմագիծը կերտելու մէկ մեծ ապաւէնը։ 

1991 տարիէն ետք՝ մեզի կը սպասէր մէկ մեծ առաքելութիւն։ Եւ այս անկախութիւնը շարունակելու բայց մանաւանդ կերտելու ազգային կարեւոր մարտահրաւէրը։ Եւ այս իմաստով՝ մեր անկախութիւնը պահելու եւ կերտելու այս գործընթացը չեղաւ երբեք դիւրին։ Կային ու տակաւին՝ միջազգային քաղաքական-ապահովական մտահոգութիւններ եւ վտանգներ. ինչպէս՝ Ղարաբաղեան պատերազմներ, հայ-թրքական յարաբերութիւն-ճնշումներ, սահմանային (ան)ապահովութիւն ու տակաւին։ Ներ-հայաստանեան իմաստով տնտեսական տագնապը եղաւ ճնշող իրավիճակ եւ որուն մէկ մեծ հետեւանքը հայ ժողովուրդի արտահոսքն է նոյնինքն ինք իր հողէն եւ որ ստեղծեց դասական սփիւռքի կողքին մէկ նոր (ոչ բաղձալի) հայկական իրականութիւն մը։ Բայց կար նաեւ քաղաքացիական, պետական ու ընկերային համակարգերու մէջ կաշառակերութեան ընթացող եւ մեծցող ծաւալը։ Եւ այս վերջինը՝ ինչ խօսք՝ ճամբայ հարթեց «թավշեայ յեղափոխութեան» եւ որ սկիզբ դրաւ նոր պետական համակարգի մը, որ կը խոստանայ ըլլալ արդար եւ թափանցիկ։ 

«Թավշեայ յեղափոխութենէն» ետք ծայր առած կաշառակերութեան բացայայտումները բաւական ցնցիչ էին։ Եւ չենք ալ գիտեր, թէ տակաւին կան ինչ նոր զարգացումներ, որոնք կրնան բացայայտուիլ։ Եւ եթէ պահ մը կանգ առնենք եւ փորձենք վերլուծել այս մեր անկախութենէն անդին անցած պատմութեան տարբեր փուլերը եւ, ի մասնաւորի ներհայաստանեան կարգավիճակները, ինչ որ մղիչ տագնապն էր, որ ծայր տուաւ «թավշեայ յեղափոխութեան», դժուար պիտի չըլլայ տեսնել, թէ կան բացթողումներ, բայց մանաւանդ տեղքայլեր։  Տեղքայլ՝ մեր քաղաքացիական-ազգային դաստիարակութեան՝ իմմա էթիքի մէջ եւ նաեւ բացթողումներ՝ մեր կրօնական-քրիստոնէական ու հոգեւոր գիտակցութեան պրիսմակէն։ Այսօր՝ ակներեւ է, թէ կայ «ամլութիւն» մը մեր հայրենիքի մէջ եւ վերեւ յիշուած դաստիարակչական տարբեր բնագաւառներու մէջ։ Եւ մեկնելով այս դաստիարակչական համընդհանուր եւ պակասաւոր երեւոյթներէն՝ արժէ հարց տալ. «Թէ ինչ(ի)՞ է որ կը հաւատանք»։ Որովհետեւ՝ եւ ինչպէս որ յիշուած է՝ «մեր հաւատամքը հիմքն է մեր ինքնութեան եւ մեր գործերուն»։ Եթէ մեր ինքնութիւնը մեր անկախացած հայրենիքն է եւ անոր մէջէն (եւ այդպէս է ու պէտք է որ ըլլայ), այս պիտի ենթադրէ, թէ մեր գործերը նոյն այս մեր հայրենիք-ինքնութիւնը կերտելու եւ իրագործելու հրամայականին մէջ է ու պէտք է որ ըլլայ։ Եւ ինքնութիւնը ու գործը արդիւնք են մեր կեանքերուն մէջ մեր իւրացուցած հաւատամքին…։

Եթէ հնդիկ բանուորը իր ընկերատնտեսական դժուար իրավիճակներու մէջէն նաւարկելու համար գտաւ իր յոյսը՝ իմմա ինքնութիւնը՝ բայց նոյն այդ յոյսին ինքնութիւնը ան ստացաւ իր կրօնական-քրիստոնէական ու Աստուածաշնչական դաստիարակութեան կերտած «հաւատքէն», որ եղաւ իր հաւատամքը։ Հապա եւ մե՞նք՝ որպէս հայրենիք, պետականութիւն եւ ժողովուրդ…։ 

Եւ հոս կ՚արժէ քիչ մը եւս ընդարձակել կարգ մը տեսութիւններ։ 

Քրիստոնէական Աստուածաբանութիւնը մարդը ու հաւաքականութիւնը փոխելու իրականութեան մէջ կը կայանայ։ Աստուծոյ «մարդեղացումը» եւ անոր իրականութիւնը, որուն միջոցաւ մարդուն եւ աշխարհին «նոր կեանք» շնորհուեցաւ։ Եւ թէ այս նոր կեանքի գիտակցութիւնը երկնային իրականութիւն չէ միայն, այլ երկրային, ուր այս նոր կեանքը կ՚ապրիս աշխարհին մէջ։ Եւ այս «նոր կեանք»ը՝ իմմա մարդկային կեանքի մէջ յառաջացած ու յառաջացուցած «փոփոխութիւնը»՝ ունի շարունակականութեան հիմք եւ գործընթաց։ Մարդը՝ որ կը «փոխուի», պարտի նաեւ «փոխել» ուրիշը։ Եթէ Աստուած ստեղծեց աշխարհը եւ մարդը, Ան եղաւ ստեղծագործ։ Բայց Ան աշխարհը ու մարդը ստեղծելով՝ նոյն մարդուն նաեւ ըրաւ ստեղծագործ։ Աստուած փոխեց մարդը ու յանձնարարեց, որ նոյն մարդը փոխէ ուրիշը։ Այս իմաստով՝ քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը «փոխուող» եւ «փոխող» իրականութիւն է։ Եւ փոխուող ու փոխող իրականութիւնը «նոր կեանքի» գիտակցութեան մէջ է։ Եւ այստեղէն պէտք է  հասկնալ, թէ ինչպէս առաջին դարու եկեղեցին եւ իր ընդհանրական հասկացողութեան մէջ՝ սկիզբ առաւ «փոխուած» հաւաքականութեան մը միջոցաւ եւ որուն՝ իմմա եկեղեցիին առաքելութիւնը դարձաւ եւ մինչեւ այսօր՝ «փոխել» կեանքեր։ 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը կը ներկայացնէ որպէս «միտք»ը եկեղեցւոյ։ Ան այս «միտք»ին արգասիքը կը դնէ հետեւեալ ձեւով. «Եկեղեցին ինքզինք կ՚արտայայտէ աստուածաբանութեան ճամբով. աստուածաբանութիւնը հիմնուած է Աստ-ւածաշունչին, եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն ու տիեզերական ժողովներու վրայ։ Աստուածաբանութեան աղբիւրը Աստուծոյ յայտնութիւնն է»։ 

Եւ այս «միտք»ը ու նոյն «միտք»ին դաստիարակութիւնն է, որ մենք պէտք է աւելիով ներմուծենք մեր ներկայ օրերու հայրենի ու հայ ժողովուրդի իրականութեան մէջ։ Եւ ինչպէս Արամ Ա. Կաթողիկոս կը հաստատէ ըսելով՝ «Աստուածաբանութիւնը չի կրնար ապաքաղաքական ըլլալ, որովհետեւ ան կանչուած է իր տեսակէտն ու կեցուածքը արտայայտելու ընկերութեան կեանքին հետ աղերս ունեցող հարցերուն…»։ 

Հայրենիքի անկախութիւնը հայուն ազգային-քաղաքական ինքնութիւնն է։ Եւ այս անկախութիւնը եւ անոր ինքնութիւնը եթէ մէկ կողմէ պէտք է պահել, բայց նաեւ շինել։ Եւ պէտք է շինել՝ «Նոր»ին գիտակցութեան համար եւ անոր մէջ։ 

Եւ «թավշեայ յեղափոխութիւնը», որուն տեսլականը «փոխել» էր տիրող համակարգը՝ պիտի կարենայ շարունակել գոյատեւել, եթէ կայ գիտացութիւնը։ Թէ հայը ինչ(ի)՞ է որ կը հաւատայ։ 

Կը հաւատայ «միտքի՞ն»…։ Որ կը «փոխուի՞» եւ կը «փոխէ՞»…։ «Նոր Կեանքի» տեսլականո՞վը…։ 

Հայրենիքը եւ անոր պետականութիւնը ու տակաւին անկախութիւնը մեր ազգային հպարտութիւնն է։ Եւ այս հպարտութիւնը պիտի տանինք դէպի լուսաւոր ապագան։ Եւ լուսաւոր ապագան՝ «նոր կեանք»ի մէջ է եւ կ՚արժէ, որ զայն դարձնենք հիմքը մեր ինքնութեան եւ գործերուն։ 

Այն ինչ(ի)՞ է որ կը հաւատանք…։

Անպայմանօրէն «Նոր Կեանք»ին։

ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2018