ԱՂՕԹՔ
(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)
«Որովհետեւ Քուկդ են միշտ արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը: Ամէն»:
Այժմ տեսնենք, թէ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը ինչպէս բացատրած են այս նախադասութիւնը:
Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացին կ՚ըսէ. «Ապա, աղօթքի աւարտին, կ՚ըսես. «Ամէն»: Այդ «Ամէն» բառով, որ կը նշանակէ՝ թող ըլլայ, դուն կը դրոշմես եւ կը հաստատես այն ամէնը, ինչ որ Աստուածաւանդ աղօթքը կը պարունակէ»:
Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կ՚ըսէ. «Եթէ տկարութիւնդ յաճախակի է, դուն վստա՛հ եղիր, որ Ան [Աստուած] քու վրադ զօրութիւն ունի, որպէսզի բոլոր պակասութիւններդ [տկարութիւններդ] դիւրութեամբ ամբողջացնէ: ...Ան ո՛չ միայն մօտեցող վտանգներէն կ՚ազատէ քեզ, այլ՝ կարողութիւն ունի քեզ փառաւորուած ու նշանաւոր դարձնելու»:
Ս. Գրիգոր Նարեկացին կը գրէ. «Այս մէկը խոստովանութիւն մըն է՝ խնդրուածներու կատարումին համար: Որովհետեւ կ՚ըսենք, թէ ինչ որ ի բնութենէ ունիս եւ Քուկդ է, այն կը հայցենք, թէ՝ Արքայութիւնդ թող գայ, որ անսկզբնաբար եւ յաւիտեան ունիս, եւ ունենալովդ՝ մեզի տաս: Եւ զօրութիւն, այսինքն՝ կրնաս մեր մեղքերուն ներել, եւ ինչ որ կը խնդրենք, Քու զօրութենէդ օտար չէ: Տակաւին, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ մեղքերուն ներել, բացի՝ Աստուծմէ, նոյնպէս կրնայ նաեւ, որ ինչ կ՚ուզես [կը խնդրես], կատարել եւ մեզ փորձութեան չմատնել ու մեր բոլոր կարիքները հոգալ: Փառքն ալ յաւիտեան ունիս, որով Քեզ փառաբանողները կը փառաւորես յաւիտենական եւ ո՛չ թէ անցաւոր կամ առօրեայ պատիւով, որով Եկեղեցւոյ մանուկները [զաւակները] արժանաւոր կը դարձնէ, այժմ եւ յաւիտեանս: Ամէն»:
Ներսէս Լամբրոնացին կը գրէ. «Կ՚ըսէ «Դո՛ւն ես մեր վրայ Տէր, Քու թագաւորութեանդ ներքեւ գրաւուած ենք, չարին իշխանութիւն մի՛ տար՝ Քու թագաւորութեանդ ծառաներուն վտանգելու»: Բայց տես, թէ աղօթքին խօսքերը ինչպէս կը համապատասխանեն նաեւ այս աւարտին: Որովհետեւ՝ «եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք. այլ մեզ չարէն ազատէ՛» ըսելէն ետք, կ՚աւելցնէ. «Որովհետեւ Քուկդ են միշտ արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը: Ամէն». այսինքն՝ եթէ մէկը ոեւէ մէկուն կը փորձէ ու վտանգի կը մատնէ, որու վրայ իշխանութիւն ունի, մենք՝ Քո՛ւ սեփականութիւնը եւ արարածներն ենք, Քո՛ւ տէրութեանդ ներքեւ ենք եւ ո՛չ թէ չարի, ամբողջ գոյութիւնը Քո՛ւկդ են եւ ո՛չ թէ անորը, եթէ փորձուելու կ՚արժանանանք, Քու՝ Տիրոջ ձեռքը թող մատնուինք եւ ո՛չ թէ թշնամիին: Եթէ Դաւիթը, մարդոց յարուցած փորձանքը ձգած, ատորմէ հրաժարեցաւ եւ աղաղակեց՝ «թող Տիրո՛ջ ձեռքը մատնուիմ եւ ո՛չ թէ՝ մարդոց» (Ա.Թգ 24.14), մենք ինչքա՞ն աւելի պիտի հրաժարինք նախանձող թշնամիի անզեղջ փորձանքներու մարտէն: Մեր վրայ եղած զօրութիւնն ու տէրութիւնը Քո՛ւկդ են. ինչպէս որ կը խնամես, Դուն՝ Տէ՛րդ պատժէ ծառաներս, երբ որ կամենաս: Եւ Քո՛ւկդ են փառքը, հիմա եւ գալիք յաւիտեաններուն: Ամէն»:
Ս. Գրիգոր Տաթեւացին կ՚ըսէ. «Քո՛ւկդ է թագաւորութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը, յաւիտեանս յաւիտենից. այսինքն՝ երբ Անո՛րն է Արքայութիւնը, ապա մենք մեղքէն չենք վախնար. երբ Անորն է զօրութիւնը, ո՛չ ոք կրնայ յաղթել մեզի: Աստուած ո՛չ միայն մեզ բոլոր չարերէն կ՚ազատէ, այլ՝ յաւիտենապէս կը փառաւորէ:
«Ամէն. կը հաստատէ բոլոր խնդրուածները. ինչ որ խնդրեցինք, ճշմարիտ է, թող ըլլայ: Տէրունական աղօթքը եօթ խնդրանք կը պարունակէ. երեքը՝ հոգեւոր, չորսը՝ մարմնաւոր: Չորս խնդրանքները այստեղ եւ հիմա կը կատարուին, իսկ երեքը՝ հանդերձեալ կեանքին մէջ պիտի կատարուին: Եւ, որովհետեւ հոգին աւելի պատուական է, քան մարմինը, ապա, նախ հոգեւորը կը խնդրենք. Սուրբ անունը, Արքայութիւնը եւ Աստուծոյ կամքին կատարումը, իսկ յետոյ մարմնաւորը կը խնդրենք. ամէնօրեայ հացը, թողութիւնը եւ մեղքերու փորձութիւններէն ու չար պատուհասներէն ազատիլը: Եւ այս եօթ տեսակի խնդրանքներէն աւելին պէտք չէ խնդրել, որովհետեւ բոլոր տեսակի խնդրանքները կը պարունակեն, որոնք հոգիին եւ մարմինին օգտակար են»:
Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքը խօսելով ընդհանրապէս աղօթքի մասին, փառաբանութեան մասին՝ այսպէս կը գրէ. «Փառատրութիւն եւ փառաբանութիւն է Աստուծոյ փառք տալը, որովհետեւ միայն Ա՛ն է զօրութիւններու Տէր, փառքի թագաւոր եւ ամէն փառաբանութեան արժանի, որովհետեւ անհուն կարողութիւն է, անհաս իմաստութիւն, անչափ մեծութիւն, ամենաբարի եւ բոլոր կատարելութիւններու ամբողջացում»:
Տէրունական աղօթքի մասին, Պատրիարք Հայրը կ՚ըսէ. «Աղօթքներուն մէջ աւելի մեծ աղօթք չկայ, քան՝ Տէրունականը, այսինքն՝ «Հայր մեր»ը, որ նոյնինքն մեր Տէր Քրիստոսը սորվեցուց»:
Աղօթքի մէջ Աստուծոյ Արքայութիւնը խնդրելու մասին այսպէս կը գրէ. «Աղօթքի ժամանակ նախ պէտք է Աստուծոյ Արքայութիւնը խնդրել միայն ի՛րեն համար, իսկ այլ բաները՝ Արքայութեան համար: Որովհետեւ, այն ինչ որ կարգուած չէ Երկինքի Արքայութիւնը ստանալու համար կամ անոր չի՛ վերաբերիր, վայել չէ Աստուծմէ հայցել:
«...Սակայն, մենք պէտք է Աստուծոյ Արքայութիւնն ու Անոր արդարութիւնը խընդ-րենք, եւ այն բոլոր բաները, որոնց կարիքն ունինք, քանի տակաւին մարմինի մէջ ենք, Աստուած Ի՛նք մեզի կու տայ, որովհետեւ մեր պէտքերն ու կարիքները աւելի լաւ գիտէ, քան՝ ինչ որ մենք կը խնդրենք ու գիտենք (տե՛ս Մտ 6.33: Եփ 3.20)»:
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ փառաբանել զԱստուած: Արդեօք պատասխա՞ն մըն է այն բոլոր բարիքներուն, զորս Ան մեզի պարգեւած է:
«Ո՛չ:
«Զաւկի օրինակով փորձենք հասկնալ ասիկա:
«Զաւակ մը իր ծնողներուն հանդէպ երախտագէտ պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ որովհետեւ ամէն օր իրեն կը կերակրեն, հոգ կը տանին, կամ դրամ կու տան իրեն, եւ այլն: Այլ՝ որովհետեւ, զինք ծներ են, իրեն կեանք տուած: Կեանք տալը ինքնին մեծագոյն պարգեւն է:
«Մարդուն առ Աստուած երախտագիտութիւնը եւս նոյնպէս կը բխի այն իրողութենէն, որ Աստուած է, որ զայն ստեղծած եւ անոր կեանք տուած է: Մարդ էակին գոյութիւնը Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւն է: Եւ անիկա իսկ բաւարար է, որ մարդը երախտագէտ ըլլայ իր Արարիչին հանդէպ:
«Հետեւաբար, երբ մարդ զԱստուած կը փառաբանէ՝ ինքնաբուխ կերպով իր երախտագիտութիւնը կ՚արտայատէ զինք ստեղծողին: ԶԱստուած փառաբանելը պարտադրանք մը չէ, այլ՝ մարդ էակին մէջէն կու գայ:
«Ան զԱստուած կը փառաբանէ նաեւ այլ պատճառով մը:
«Այսնպէս ինչպէս երբ գեղեցիկ պատկեր մը կը տեսնենք՝ կը հիանանք թէ՛ անոր վրայ եւ թէ զայն ստեղծողին. նոյնպէս ալ երբ բնութիւնը կը կը դիտենք՝ կը հիանանք թէ՛ անոր փառաւորութեան վրայ եւ թէ՛ զայն Արարողին: Ուստի, Աստուած փառաբանելը կը բխի նաեւ այդ հիացումէն:
««Ամէն»:
«Պարզագոյն իր իմաստով՝ «թող ըլլայ» կը նշանակէ: Ասիկա կ՚եզրափակէ կամ կը հաստատէ խօսք մը կամ յայտարարութիւն մը:
«Բառը կարելի է հասկնալ իբրեւ հաստատում կամ իսկապէս, ստուգապէս, ճշմարտապէս եւ իրաւամբ իմաստներով:
«Յայտնութեան գիրքին 3.4-ին մէջ կը տեսնենք, որ անիկա իբրեւ յատուկ անուն գործածուած է Քրիստոսի համար: Այնտեղ «անսխալ ճշմարտութիւնը» կամ «հաւատարիմը» իմաստները ունի բառը:
«Կարգ մը ձեռագիրներուն մէջ «ամէն»ը կը պակսի: Մենք չենք գիտեր, թէ Յիսուս երբ «Հայր մեր»ը սորվեցուց՝ «ամէն»ով եզրափակե՞ց, թէ ոչ: Անհաւանական չէ, որ «ամէն»ը ետքը եկած եւ միացած ըլլայ «Հայր մեր»ին»:
Աւարտելով Տէրունական աղօթքի այս ամփոփ բացատրականը, խնդրենք Ամենակալ Աստուծմէ, որպէսզի մեր միտքերն ու հոգիները լուսաւորէ եւ առաւել եւս իմաստութիւն պարգեւէ, որպէսզի կարողանանք հասկնալ Իր կամքը, գործադրել Իր պատուիրանները եւ մեր կեանքով վկայելու, թէ մենք Անոր արժանի զաւակներն ենք:
Ի վերջոյ, պատարագիչին բառերով ըսենք՝ «եւ թոյլ տուր, որ համարձակօրէն դիմենք Քեզի, ո՜վ Երկնաւոր Հայր եւ երգաձայն աղօթքով» բարբառինք.
«Հայր մեր երկնաւոր,
սրբաբանուի՛ անունդ.
թող գայ արքայութիւնդ,
թող կատարուի Քու կամքդ,
ինչպէս որ երկինքի մէջ՝
նոյնպէս ալ երկրի վրայ։
Ամենօրեայ մեր հացը
այսօր եւս մեզի տուր։
Ներէ՛ մեր յանցանքները,
ինչպէս որ մենք կը ներենք
անոնց՝ որոնք մեզի դէմ
նոյնպէս յանցանք գործած են։
Եւ թոյլ մի՛ տար,
որ փորձութեան մէջ իյնանք.
այլ մեզ չարէն ազատէ՛։
Որովհետեւ Քուկդ են միշտ
արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը: Ամէն» (Մտ 6.9-13):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 20 եւ վերջ
Վաղարշապատ, 18 նոյեմբեր 2018