«ՆԱԽ ԱՉՔԻԴ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԳԵՐԱՆԻ՛Ն ՆԱՅԷ»

Դատելու եւ դատուելու եղանակները մարդկային, ընկերային եւ փոխյարաբերական կեանքիդ անբաժան արարքները կը նկատուին։ Կը դատես, երբ կը տեսնես սխալ արարք մը կամ անուղղայ ընթացք մը՝ ըլլայ անիկա քեզի կամ ուրիշին դէմ կատարուած։ Կը դատես ի խնդիր ճշմարտութեան յայտնաբերման եւ արդարութեան հաստատման։ Ո՛չ մէկ խօսք ու առարկութիւն այս ուղղութեամբ։ Սակայն կը դատուիս այն ատեն, երբ դուն նման պարագայի կամ մեղսակցութեան մէջ կը գտնուիս, բայց մէկ տարբերութեամբ՝ չես ընդունիր ուրիշներու կողմէ քեզի ուղղուած դատապարտութիւնը, պարզապէս անոր համար, որ յանձնապաստան արարածդ կ՚ուզես կատարեալ ներկայանալ շրջապատիդ եւ այդպէս ալ ճանչցուիլ, ընդունուիլ բոլոր բարեկամներուդ կողմէ։

Սակաւաթիւ են այն մարդիկը, որոնց դատողութիւնը անկեղծ է ու նկատողութիւնը՝ շինիչ։ Դատողութիւն մը, որ սխալ մը շրջանցելու կամ իր անձին վրայէն յանցանք մը թօթափելու համար չէ որ կը կատարուի, այլ յօգուտ ընկերութեան։ Այսօրուան նիւթականացած աշխարհին վրայ ապրող մարդը կը դատէ իր նմանակիցը իր դէմքի արտայայտութեամբ, կը ձաղկէ իր եղբայրը իր թլուատ ու կակազ ըլլալուն պատճառով, կը քամահրէ իր ընկերը չքաւորութեան կամ իր խեղճուկ հագուածքին համար, կը նսեմացնէ բարեկամը իր ապրած համեստ բնակավայրին պատճառաւ, կը մեղադրէ պաշտօնով իրեն ենթակայ անհատը փոքր բացթողումի մը համար…։ Բայց եւ այնպէս կը մեծարէ այն մարդիկը, որոնք հարուստ են եւ իրեն շահոյթի ճամբաներ կ՚ապահովեն. կը բարձրացնէ այն տխեղծները, որոնք իր համբաւը կը տարածեն. կը կոկոզաբանէ այն կեղծպարիշտ մարդիկը, որոնք ճարտարութեամբ իր յանցանքները կը ծածկեն. կը մեծաբանէ այն դատարկապորտները, որոնք սնափառութեամբ բարութիւն կը վաստկին…։ Այս բոլորը դատողութեան մէկ տարբերակն են սակայն, կայ այլ վտանգաւոր երեսակ մը եւս։

Ժամանակին տգէտ կը կոչէին այն մարդիկը, որոնք անգրագէտ, անգրաճանաչ եւ անուս էին։ Այս երեւոյթը այնքան մեղադրելի չէր եւ ոչ ալ վիրաւորական բնոյթ ունէր։ Նման բառեր պարզապէս կր տրուէին կեանքի դժբախտ պարագաներու բերումով ուսումնազուրկ անձերու. որոնք չէին կրցած դպրոց կամ համալսարան յաճախել։ Ներկայ դարուն տգէտ հասկացողութիւնը իմաստափոխուած է եւ ունի իր բազում տեսակները։ Եթէ անցեալի տգիտութիւնը մարդուն կեանքը կը դժուարացնէր՝ նամակ մը գրելու, կարդալու, թղթաբանութիւն կատարելու առումով, այսօրուայ տգիտութիւնը սակայն ո՛չ միայն հոգիդ կը կրծէ, միտքդ կը մթագնէ ու քեզ յոռետես կը դարձնէ, այլեւ շրջապատիդ, ընկերոջդ եւ քու անձիդ միջեւ մեծ վիհ մը կը ստեղծէ։ Այդ տգիտութիւնը յառաջ կու գայ մարդու լեզուի անզսպուածութենէն, մտքի տհասութենէն եւ հոգեկան կուրութենէն։ Ահա այս երեք ազդակները իրարու միանալով` քեզ կը մղեն ուրիշը զուր տեղ դատելու եւ անոր սխալները մատնացոյց ընելու։ Քննադատելու եւ այլոց սխալները «սիւնակագրել»ու ժամանակ, գոռոզութեան եւ մեծամտութեան գաւազանը առած՝ «կը խարանես» եղբայրդ կամ բարեկամդ, մոռնալով՝ որ դուն ինքդ սխալներու եւ մեղքերու «ակնաղբիւրն»ն ես։

Ո՛չ ոք դատէ։ Քննադատելն ու քանդելը դիւրին է, իսկ շինելն ու դարձեալ կառուցելը՝ դժուար։ Զուր տեղ դատելը վարկազուրկ մարդու պատկանող անպատիւ արարք մըն է, որուն պատճառով անոր ներկայութիւնը անախորժ կը թուի իր շրջապատին մէջ։ Անպատճառ դատելը կամ դատելու սիրոյն դատելը ուսման եւ զարգացած ըլլալու հետ առընչութիւն չունի երբեք, այլ ան իսկութեան մէջ դատարակաբանութիւն, պոռոտախօսութիւն եւ հոգեկան հիւանդութիւն է։ Դատողութիւնդ առողջ մտածելակերպի, շինիչ գաղափարներու, ազնուութեան եւ բարութեան վրայ հիմնուած պէտք է ըլլայ։ Նախքան դատելդ, արտաբերուած խօսքդ երկու «մաղ»է պէտք է անցընես. երբ որոշած ես դիմացինդ դատել կամ սխալը ցոյց տալ, նախեւառաջ մտածումներդ բանաձեւէ, տարազաւորէ, չափաւորէ եւ ապա խօսքդ ուղղէ հասցէատիրոջ։ Երկրորդ՝ մտածումներդ եւ կամ շինիչ քննադատութիւնդ լեզուո՛վդ է որ կ՚արտաբերես։ Գիտցի՛ր ինչպէ՞ս կամ ինչպիսի՞ բառերով պէտք է արտայայտուիլ՝ խնդրոյ առարկայ անձը չվիրաւորելու եւ չնսեմացնելու համար։ Երբեմն մարմին առած մտածումը կրնայ իր նպատակին չհասնիլ կամ սխալ հասկցուիլ, իսկ սխալ ձեւով ըսուած բառը կրնայ ամէն ինչ հիմնայատակ ընել ու կործանել։

Լսուած խօսք է, թէ «Լաւ է տասը յանցաւորի ներել, քան՝ անմեղ մը դատապարտել»։ Եթէ անմեղ ընկերդ կամ պաշտօնակիցդ մեղադրես կամ դատես, կեանքիդ մէջ ի՞նչ աւելցուցած կ՚ըլլաս։ Փուչիկներու սանդուխներով աւելի վե՞ր բարձրացած կ՚ըլլաս, թէ՞ ոչ ուրիշը զգետնելով՝ վերելք արձանագրած կ՚ըլլաս։ Ուրիշին լռելեայն գործունէութիւնը ճոռոմաբանութեամբդ խոչընդոտելը անգործ, դատարկ, նախանձոտ եւ միջուկ չունեցող մարդու յարիր արարք է։ Անմեղ ընկերդ մի՛ մեղադրեր, անոր աչքին մէջ գտնուող շիւղին խոշորացոյցով մի՛ նայիր, շիւղը գերանի մի՛ վերածեր, ճշմարտութիւնը մի՛ խեղաթիւրեր, կատար-ւած սխալը մի՛ մեծցներ ու մի՛ չափազանցեր եւ ոչ ալ զայն հիմք ընդունելով՝ թատրերգութիւններ գրէ։ Եթէ նոյնիսկ եղբայրդ քեզի դէմ մեծ յանցանք մը գործած է, փորձէ ներել եւ չդատել։ Միշտ յիշէ՛, որ ուժեղ են այն մարդիկը, որոնք կը ներեն եւ վրէժ չեն լուծեր։

Կան տակաւին լռակեաց «դատաւոր»ներու զանգուած մը, որ թշնամի չշահելու եւ ուրիշներու հետ կեղծ ու «սիրալիր» յարաբերութիւնը պահելու համար, կը նախընտրէ լուռ մնալ ի տես անարդարութեանց, կեղեքումներու եւ այլ բազմադիմի յոռի երեւոյթներու։ Ոմանք ալ կարծելով, որ իրե՛նք են ամենագէտն ու ամենաուղիղը, ո՛չ մէկ դատողութիւն կամ գէթ խօսք մը կ՚ընդունին իրենց հասցէին ուղղուած։ Ուրիշներ ալ իրենց չվերաբերող դատին մասնակցութիւն կը բերեն, պարզապէս կարծիք մը փոխանակելու համար։ Այդպիսի «կեանքի մնայուն դատաւորներ»ը անպակաս են մեր կեանքին մէջ։ Դատէ՛, բայց անկողմնակալ դիրքորոշումով եւ անխարդախ կշռադատումով արժեչափէ երեւոյթները ի խնդիր արդարութեան հաստատման։ Զգուշացո՛ւր, սակայն դուն ալ համանման յանցանքի մէջ ինկած մի՛ ըլլար։ Կեղծամտութիւնը քեզ կրնայ ժամանակաւորապէս երեւելի դարձնել, բայց եւ այնպէս ճշմարտութեան չ՚առաջնորդեր։ 

Քրիստոսի ուսուցումներուն մէջ իսկ դատողութիւնը նկատուած է որպէս հրամայական եղանակով արտաբերուած խօսք մը, որ բացորոշ կերպով կ՚արգիլէ ուրիշը դատելը. «Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ. որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով որ ուրիշները դատէք՝ Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ, եւ ի՛նչ չափանիշ որ գործածէք՝ նոյնը Աստուած պիտի գործածէ ձեզ դատելու համար» (Մտ 7.1-2)։ Աստուծոյ տուած հրահանգները եւ օրէնքները կեանքդ արգելակելու կամ սահմանափակելու համար տրուած չեն։ Ոմանք այնպէս կը կարծեն, թէ «ուրիշը չդատել»ու պատուէրը կամ ուրիշին յանցանքը մատնացուցելը մեծ յանցագործութիւն մը նկատուած է, մահուան պատիժի ենթարկուելու աստիճան։ Այսպիսի վարկածներու կամ շփոթութեանց չմատնուելու համար, Յիսուս Իր խօսքը ուղղելով կեղծաւոր Փարիսեցիներուն կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ եղած շիւղը կը տեսնես եւ չես անդրադառնար թէ աչքիդ մէջ գերան կայ։ Կամ, ինչպէ՞ս եղբօրդ կ՚ըսես. «Ձգէ որ աչքիդ մէջ եղած շիւղը հանեմ», երբ որ գերան ունիս աչքիդ մէջ» (Մտ 7.3-4)։ Հոգիով կոյր մարդո՛ց է, որ կ՚ուղղէ Քրիստոս Իր խօսքը, որպէսզի նախ իրենք՝ ինքնահայեցողութեամբ, ինքնադատողութեամբ քննեն իրենք զիրենք եւ ապա իրենց եղբօր յանցանքները դատեն։ Բժիշկը պէտք է նախ ինքզինք քննէ ու բժկէ եւ յետոյ՝ իր հիւանդը։ «Կեղծաւո՛ր, նախ աչքիդ մէջէն գերանը հանէ, որ կարենաս յստակ տեսնել եւ ա՛պա միայն եղբօրդ աչքին շիւղը հանել» (Մտ 7.5)։ Աչք ունեցողը թող տեսնէ՛։

Ինքնահաւանութեան մոլուցքէն դրդուած «բանգէտ» ու «փաստաբան» մարդիկ, Քրիստոսի ժամանակաշրջանի քծնող փարիսեցիներէն ո՛չ աւելի ու նուազ հանգամանք կամ արժէք մը կը ներկայացնեն։ Գոռոզութեան եւ ամբարտաւանութեան ա՛խտերն են, որոնք սին խաբկանքներով եւ գձուձ հաշուարկներով իրենց համակ մտայնութիւնը ու հոգին շրջապատած են։ Նմանօրինակ մարդոց թիւը փոխանակ նուազելու, հետզհետէ սկսած է աճ արձանագրել ու անուղղակիօրէն վարակիչ ախտ մը դառնալ տակաւին աշխարհը նոր ճանչցող նորափթիթ երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն կեանքին մէջ։ Բարոյականութեան հիմունքներով ու արժէքներով իր կեանքը դրսեւորած տիպար անձը նախ ինքզինք կը սրբագրէ եւ ա՛պա՝ իր նմանակիցը։ Պօղոս առաքեալ հրամայական ու դիմառնական ոճով հարց կու տայ, թէ ո՞վ է այն անձը, որ կը յանդգնի իր եղբայրը կամ ընկերը դատել. «Ո՞վ ես դուն, որ Աստուծոյ ծառան կը դատես։ Տէրը Ի՛նք միայն գիտէ՝ իր հաւատքին մէջ կանգո՞ւն է անիկա, թէ ինկած։ Բայց վստահ եղէք որ կանգուն պիտի մնայ, որովհետեւ Տէ՛րը կրնայ զայն կանգուն պահել» (Հռ 14.4)։

«Ուրիշը չդատել»ու պատուէրը թիւր ու քմահաճ մեկնաբանութեանց պատճառով, երբեմն սխալ ըմբռնուած ու ընկալուած է կարգ մը հաւատացեալներու կամ այսպէս ըսած՝ «պարզամիտ» խաւին կողմէ։ Վերոյիշեալ հրահանգ-պատուէրը քեզ ինքնամոլացած կամ ինքնակղզիացած վիճակի մէջ պէտք չէ որ թողու։ Պօղոս առաքեալ կարծես թէ կու գայ աւելի եւս մեզ լուսաբանելու, հարցադրելով բայց միաժամանակ պարզաբանելով` թէ իբրեւ քրիստոնեայ պարտաւոր ենք օգտակար դառնալու մեր հաւատակիցին՝ եղբօր, մեր շինիչ թելադրանքներով ու խոհուն դատողութեամբ. «Ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ չնչին դատ մը իսկ չէք կրնար տեսնել։ Ձեր մէջ չկա՞յ իմաստուն մը որ կարենայ ձեր միջեւ ծագած խնդիրները վճռել, որ քրիստոնեայ եղբայր մը իր հաւատակից եղբայրը դատի կը քաշէ, այն ալ՝ անհաւատներուն առջեւ» (Ա.Կր 6.2, 5-6)։ Ճշմարիտ քրիստոնեան այն է, որ իր ընկերոջ կոտտացող ցաւը լռելեայն կը մեղմէ ու կը փորձէ լուծումներ գտնել անոր վիճակը բարելաւելու համար եւ կամ՝ փոխհասկացողութեամբ կը լուծէ իր եւ իր բարեկամին միջեւ առկայ դատը։

Սարգիս Վրդ. Շնորհալի աստուածամերձ սուրբը, տեսնելով իր շրջապատի մարդոց իրերամերժ վարուելակերպը՝ կը յորդոդէ ըսելով. «Անողորմաբար ոեւէ մէկը մի՛ դատեր, նոյնիսկ եթէ ըսածդ իրաւացի ըլլայ։ Որովհետեւ եթէ մէկը վիրաւոր է ու մեղաւոր, անիկա քու ողորմութեանդ ու արցունքիդ պէտքը ունի, եւ ոչ թէ դատապարտութեանդ։ Պէտք է այդպիսիին կարեկից ու ցաւակից ըլլաս, եւ ոչ թէ՝ բամբասես։ Իսկ եթէ արդար ու անարատ մէկը դատես, առաւե՛լ եւս պէտք է վախնաս ու դողաս, որովհետեւ անիկա դատաստանէ ու բամբասանքէ ազատ է։ Մինչդեռ դուն քու նախանձիդ ու չարամտութեանդ պատճառով՝ կը դատես զինք իբրեւ յանցաւոր եւ շատերու ներկայութեան կը բամբասես զինք որպէս մեղաւոր։ Այսպիսով կը փորձես կեղտ անուն դնել անոր բարի անուան վրայ։ Ահա ա՛յս պատճառով՝ Տէրը Ինք անձամբ քեզ պիտի դատէ։ Փարիսեցին, որ ինքզինք մաքուր կը համարէր, մինչ մաքսաւորը՝ մեղաւոր, Տէրը մաքսաւորը արդարացուց՝ իր խոնարհութեան համար, իսկ փարիսեցին դատապարտեց՝ իր նմանը դատելուն համար»։ Ականջ ունեցողը թող լսէ։

Փոքրիկ աղջիկը իր ձեռքին մէջ երկու խնձոր պահած էր։ Մայրը քնքոյշ ձայնով եւ մեղմ ժպիտով անոր կը հարցնէ.

-Աղջիկս. խնձորներէդ մէկը ինծի կու տա՞ս։

Աղջիկը քանի մը վայրկեան կը նայի մօրը։ Առաջին խնձորը կը խածնէ եւ ապա երկրորդը։ Մայրը կը հիասթափի, կը վշտանայ ի տես իր զաւկին տհաճ արարքին։ Ան զինք այսպէս չէր դաստիարակած, այլ փոքր տարիքէն շարունակ մարդասիրութեան, բարութեան, իրերօգնութեան եւ ազնուութեան մասին խօսած էր։ Յանկարծ աղջիկը իրեն խածած խնձորներէն մէկը կու տայ՝ ըսելով.

-Մայրի՛կ. այս խնձորը կեր։ Ասիկա աւելի քաղցր է։

Մօր աչքերը արցունքով կը լեցուին, մարմինը կը փշաքաղուի՝ տեսնելով իր դաստիարակած զաւակին խոհեմութիւնն ու բարութիւնը։ Ապա կը փաթթուի իր աղջկան եւ ուրախութեան արցունքներով կը համբուրէ զինք։

Սիրելի՛ ընթերցող, ո՛րքան ալ հասուն, փորձառու եւ գիտակ անձ մը ըլլաս, երբեք ուրիշները առաջին իսկ վայրկեանէն մի՛ դատեր եւ ոչ ալ եզրակացութիւն մը կատարէ, այլ նախ փորձէ զիրենք լսել։ Այն ինչ որ լսած ես կամ տեսած, կրնայ ըլլալ երեւութապէս խաբուսիկ ըլլայ։ Խնձորին արտաքնապէս գրաւչութիւնը, երբեմն գունագեղ, աչքառու եւ ակնախտիղ ըլլալը երբեք երաշխիք մը չէ, որ ան համեղ եւ հիւթալի պտուղ մըն է, այլ զայն համտեսելէդ ետքն է որ կրնաս վերջնական որոշում կայացնել։ Նոյնպէս ալ նախքան մէկը դատելը, պայմանները, արտասանուած խօսքի շարժառիթները, տուն տուող դրդապատճառները ուսումնասիրէ՛ եւ ապա փորձէ քննադատել։

Գարեգին Նժդեհ կ՚ըսէ. «Քննադատել կամ ուրիշը անհիմն դատել՝ կը նշանակէ հոգեկան տագնապ ունենալ»։ Խօսքը կը վերաբերի անպատճառ դատողութեան մասին, որուն հիմքը կան նախանձ, չարութիւն եւ բղջախոհութիւն կոչուած որոմները։ Այնքան ատեն որ կ՚ապրիս՝ պիտի դատես եւ դատաստան կատարես շուրջդ կատարուած երեւոյթներու մասին։ Սակայն երբեք փարեսցիական դատողութիւն մի՛ կատարեր, որովհետեւ այդ տիպի դատողութիւնը կե՛ղծ ու ձեւակա՛ն դատողութիւն է, որ ընդունելի չէ Աստուծոյ կողմէ։ Դատելու սիրոյն մի՛ դատեր, բան մը փաստելու համար բարեկամդ մի՛ դաւաճաներ, բարձրանալու համար ընկերդ մի՛ զգետներ, յաջողութիւն ձեռք բերելու համար նմանակիցիդ ձախորդութեան պատճառը մի՛ դառնար եւ խոշորացոյցով անոր աչքին մէջ գտնուող շիւղը գերանի մի՛ վերածեր։ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Արդարին բերնէն իմաստութիւն կը բխի, անոր լեզուն կը խօսի ինչ որ արդարացի է» (Սղ 37.30)։ Արդարութեա՛մբ ապրէ, գործէ՛ եւ ապա խղճո՛վդ դատէ…

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018