ՆՈՐ ՏԱՐԻՈՎ ՆՈՐՈԳՈՒԷ, ԲԱՅՑ ՀԻՆԸ ՄԻ՛ ՄՈՌՆԱՐ…

Նոր Տարի։

Նոր Տարին նոր էջ բանալու գլխաւորագոյն առիթն է, սակայն նորը բանալու միջոցին՝ ստէպ հինը կը փորձենք մոռնալ եւ առջեւ նայիլ։ Հին էջը փակուած է եւ արդէն ժամանակավրէպ է, իսկ նորը լիառատ անակնկալներով եւ իրագործումներով, բուռն ցանկութիւններով ու նպատակներով լի է։ «Հին» անունը կրող հին տարին սակայն կեանքիդ ամենէն արժէքաւոր դասագիրքն է, ուր կան սեւ եւ սպիտակ էջեր։ Այդ էջերը լեցուն են կեանքի ելեւէջներովդ, անյաջողութիւններովդ ու վերելքներովդ, վաստկած փորձառութիւններովդ ու ձախորդութիւններովդ, որոնք անգին են եւ չես կրնար մէկ օրուայ մեծ գումարներ ծախսելով՝ ձեռքբերել զանոնք։ Սակայն անխոհեմ եւ աննպատակ մարդը, այդ դասագիրքը մէկդի շպրտելով, իր մաշկին վրայ զգացած այդ սպիները անտեսելով՝ կը շարունակէ իր կեանքի միապաղաղ ընթացքը…։

Բարձր տրամադրութեամբ, վերանորոգ թափով եւ տօնական մթնոլորտով դիմաւորեցինք Նոր Տարին՝ 2018-ը։ Աւանդական տօնածառը եւ մսուրը մեր տունը զարդարած են։ Ինքնաբուխ կերպով դէմքերուն վրայ ժպիտ կը գծուի, երեխաներուն անմեղունակ շրթներէն արտաբերուած երգերն ու կանչերը առաւել եւս մեզ կ՚ուրախացնեն։ Ամէն ինչ նոր կը թուի ըլլալ, իսկ մենք լաւատեսութեամբ լիացած ու հոգեպէս դրական, ուրախ եւ խանդավառութեամբ լեցուն սրտով բարեմաղթութիւններ կը շռայլենք իրարու, «կենաց»ի բաժակներ կը բարձրացնենք, յաճախ կը մոռնանք մերձաւոր տարուան օրերուն մեր անյաջողութիւնները։ Զանոնք մեր ետին ձգելով՝ կը շարունակենք նո՛յն յանկերգով կրկնել նոյն սխալներն ու տարեվերջին կը սկսինք զարմանալ մեր ու մեր ըրածներուն վրայ։ Ներքնապէս գիտենք որ սխալ ենք, բայց արտաքնապէս չենք ընդունիր ու կը մերժենք մեր կատարած կամայ-ակամայ սխալները, բայց հեզ համակերպումի մը եւ նահանջող հաշտուողականութեամբ մը, ինքնամոռացութեամբ կը շարունակենք պարապ շրջանակի մեր շուրջպարը։

Մարդկային կեանքին յատուկ հոգեբանական երեւոյթ մըն է, երբ աշխատանք մը կամ ծրագիր մը իր աւարտին կը հասցնես, յաճախ գոհունակութեան զգացումի շուքին կողքին ձեւաւորուող մտահոգութեան անորոշ ու անհասկնալի հոգեվիճակ մը կ՚ունենաս։ Յետոյ ի՞նչ պիտի ընես եւ ի՞նչ պիտի ըլլաս։ Ի՞նչ պատճառով, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ իւրաքանչիւր տարուան վերջին ամսուան, վերջին օրուան կը յաջորդէ ո՛չ միայն «նոր» օր մը, այլեւ սկիզբ կ՚առնէ 365 օրերու համագումարը եղող ամբողջական Նոր Տարի մը։ Ան ինքզինք կը պարտադրէ քեզի ե՛ւ խորհելու՝ խորհրդաւոր փոփոխութեան առընչութեամբ, ե՛ւ ակամայ ապրելու տարուան նորութիւնը։

Այո՛, 2017 տարին փակեցինք քաղցր ու դառն յուշերով։ Խանդաղատանքով ու դառնութիւններով ծանրաբեռնուած օրերը իբրեւ անդարձ ժամանակ անցան։ Սակայն, պէտք է ընդունիս, որ ամէն նորութիւն իրեն հետ կը բերէ դրական եւ ժխտական կացութիւններ, կարելիութիւններ, իրավիճակներ, մտահոգութիւններ եւ տագնապներ։ Իրականութեան մէջ «նորութիւն» կոչուածը ինքն իր մէջ չունի վերոյիշեալ խնդիրները, այլ զայն ընկալողին՝ մարդուն մէջ ի յայտ կու գան անոնք, նայած թէ ի՞նչ դիտաւորութեամբ կամ ինչպիսի՞ կեցուածքով կը դիմաւորես կամ կ՚ընկալես զանոնք, այլեւ՝ կը հակադրուիս կամ կը համակերպիս անոնց։

Ամանորը, խրախճանական մթնոլորտէն վեր եւ անդին, մշակուած ու նպատակասլաց ծրագրի մը իրականացման աննկարագրելիօրէն կարեւոր մեկնակէտն է։ Այս իմաստով Նոր Տարին նոր կարելիութիւններ կամ նոր ու յաւելեալ առիթներ ընծայաբերող իրադարձութիւն է։ Այն, նոյն ատեն, երէկին՝ մօտիկ անցեալի մեր գործունէութեան քննարկումն ու արժեւորումն է։ Մեր բացթողումները, սխալները, յանցանքներն ու մեղքերը ճանչնալու եւ ընդունելու իւրայատուկ ժամանակ է։ Այս բոլորը, սակայն, զօրաւոր անձնաւորութեան յաջողութեան ու յառաջդիմութեան առհաւատչեան է։ Իսկ տկարը կամ տկարամիտը, ինքզինք ծածկելու բարդոյթէն առաջնորդուած, ձախորդութենէ վերջնական անկման կը դիմէ, եւ կը փորձէ «երջանի՜կ» ձեւանալ, սակայն ժամանակի ընթացքին այս աներեւոյթ հիւանդութիւնը քաղցկեղի պէս տարածուելով՝ մեզ «մահաքուն»ի ու ծուլութեան կ՚առաջնորդէ։

Թուականը ժամանակի նշումն է եւ ոչ սովորական թիւի մը ակնարկութիւնը։ Ժամանակի մը շրջագիծին մէջ կ՚ապրինք, բայց ամէն մարդ իր ուզած ձեւով կը լեցնէ ժամանակը։ Էականը ժամանակը օգտագործելն ու արժեւորելն է՝ միշտ բարին ունենալով որպէս նպատակակէտ։ Իրարու «բարի տարիներ» կը մաղթենք։ Խորքին մէջ բարութեան գաղափարն է որ կը շեշտենք, ակամայ բարին կը ցանկանք, սակայն բարին չենք գործեր։ Միշտ յիշէ, որ ոչ ոք կրնայ ժամանակը տնտեսել՝ եթէ զայն չօգտագործէ։ Ժամանակը արագահոս գետի նման է, որ վարարուն առաջ կ՚ընթանայ։ Կարելի չէ զայն կանգնեցնել եւ կամ՝ անոր ամէն մէկ կաթիլը օգտագործել, բայց կրնաս օգտագործել զայն՝ կեանքդ իմաստաւորելով եւ արժեւորելով։ Իսկ եթէ քեզի տրամադրուած ժամանակը չգործածես՝ ան միանգամընդմիշտ պիտի անցնի, բայց անոր զուգընթաց՝ դուն ալ հին տարիներուն հետ միասին պիտի «անցնիս»։ Պիտի «անցնիս» տարիքովդ, արարքներովդ, սովորութեամբդ, նկարագրովդ, սակայն յետոյ պիտի յիշուի՞ս։ Ժամանակին մէջ յիշուելու համար, պէտք է «ներդրում» կատարես՝ դուն քեզ բարի գործերով զսպանակելով, մարդավայել արարքներ դրսեւորելով եւ բարոյական արժէքներու համահունչ կեանք մը ապրելով։

Տարեգլուխը լրջանալու, ինքնաքննութեան, ինքնասրբագրումի եւ հաշուեյարդարի լուրջ պահն է։ Ո՞ւր կ՚երթանք եւ ո՞ւր կ՚ուզենք երթալ։ Եթէ կարենայինք մարդկային արժանապատուութեամբ ազատ ու անկաշկանդ խորհիլ, բայց մանաւանդ գործել՝ արտայայտուիլ գործնապէս եւ պատասխանատութեան գիտակցութեամբ, մեր սպառուող կեանքի իւրաքանչիւր երկվայրկեանի յետին մասնիկն իսկ պիտի ուզէինք կամ փորձէինք լեցնել՝ արժեւորել, մարդս աստուածապատկեր էակի վերածող բարութեան գործերով։ Բայց ինչպէ՞ս։ Շատ յաճախ մեր դիմաց նպատակներ կը դնենք, սակայն անոնց ինչութիւնը չենք քններ։ Այդ անհեռանկար նպատակները անհորիզոն նաւավարութեան մը կը նմանին, որոնց վերջը նաւաբեկումն է, իսկ վախճանը՝ ծովամոյն ըլլալը։ Արդ, ի՞նչն է սխալը կամ ի՞նչ կը պակսի. երեք ճշմարտութիւններ՝ հաստատուն կամք, նպատակասլացութիւն եւ ժամանակացոյց։ Եթէ կ՚ուզես նոր տարիով նորոգուիլ եւ կեանքդ ամբողջապէս փոփոխութեան ենթարկել, ապա պէտք է մտքիդ պահարանին մէկ անկիւնին վրայ կողմնացոյց-ուղեցոյց եւ ժամացոյց-ժամանակացոյց ունենաս։ Կողմնացոյց-ուղեցոյցը առաջնայինը երկրորդականէն, խորքայինը մակերեսայինէն զանազանելու գրաւականն է, իսկ ժամացոյց-ժամանակացոյցը իւրաքանչիւր ժամանակդ արժեւորելու եւ իմաստաւորելու յուշարարն է։

Մարդ արարածը իր ծննդեան առաջին վայրկեանէն սկսեալ, ճամբայ կ՚ելլէ կեանքին մէջ իմաստ մը կամ իսկական կեանքը գտնելու փնտռտուքով։ Եթէ պահ մը մտածենք երկրագունդի վրայ մեր գոյութեան պատճառին եւ առաքելութեան մասին, ի դէպ այդ մտածելն ալ փնտռտուք մը չէ՞։ Վստահաբար կը յանգինք այն եզրակացութեան, որ կեանքի շարժիչ կամ մղիչ ուժը, մարդուն հետաքրքրասիրութեան կողքին, փնտռտուքն է։ Մարդ կը դադրի «բանական» էակ կոչուելէ, երբ կը դադրի բազմակողմ պրպտումներով փնտռել իր շուրջը, իր ներսը, ինքզինք եւ մանաւանդ իր գոյութեան պատճառը։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Իր փրկագործական զոհաբերումով նոյնիսկ աստուածադիր ուխտն ու ընտրեալ ժողովուրդը «հինցած» համարեց (Հմմտ. Եբր 8.13), որովհետեւ Իր արեամբ «նոր ուխտ» (Հմմտ. Մտ 26.28) եւ նոր ընտրեալ ժողովուրդ յառաջացուց (Հմմտ. Ա.Պտ 2.9-10)։ Մարդ արարածը, հետեւաբար, չի կրնար իր գոյութեան իմաստն ու արժէքը լաւագոյնս ճանչնալ եւ լիիրաւ կերպով հասկնալ, առանց օրէ օր «ներքնապէս նորոգուելու» (Հմմտ. Բ.Կր 4.16), առանց նորին ու նորութեան գիտակցութեան, առանց նորարարական իրագործումին, նոր համակարգերու ստեղծումին, մինչեւ որ նոր երկինքն ու նոր երկիրը ստեղծուին (Հմմտ. Ես 65.17։ Բ.Պտ 3.13) եւ հաստատուին (Հմմտ. Ես 66.22։ Յյտ 21.1)։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Վերանորոգուեցէ՛ք հոգիով՝ ձեր մտածելակերպը փոխելով, եղէք նոր մարդ մը՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէ՛ք ճշմարիտ կեանքը՝ արդարութեամբ ու սրբութեամբ» (Եփ 4.23-24)։

Սիրելի՛ ընթերցող, 2017 տարին քեզի համար արդէն հին տարի մըն է, հին՝ բայց չհինցող։ Այդ հին տարուան մէջ կան վերիվայրումներ, անջնջելի յուշեր, ապրումներ ու դժուարութիւններ։ Անցեալի կեանքդ երբեք մի՛ փորձեր ջնջել, որովհետեւ այդ բոլորը մտքիդ, հոգիիդ մէջ թաջուած են ու թաջուած ալ պիտի մնան։ Դուն ես այդ բոլորին քանդակագործը եւ հեղինակը։ Փորձէ Նոր Տարիին նոր ուղեցոյց-կողմնացոյցով սկսիլ, սակայն հին տարուայ փորձառութեանդ վրայ հիմնուելով՝ նոյն սխալը մի՛ կրկներ։

Նոր Տարին առջեւդ բաց է եւ 365 օրեր քեզի կը սպասեն։ Քեզի կը մնայ Նոր Տարին հիմնապէս, էապէս նորոգուած անհատականութեամբ ապրիլ, գործել եւ արարել։ Թող որ յաջողութիւնն ու փառքը շուքի նման քեզի հետեւին եւ ո՛չ թէ դուն շուքին ետեւէն ուժասպառ ու անիմաստ վազես։ Խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը մարդոց ջերմագին ողջագուրման, գոյակցութեան, գործակցութեան յօդը եւ շաղախը ըլլան, իսկ կեանքի գերագոյն նպատակը՝ Ամենակալը Ինք իմաստաւորէ լոյսի օրհնութեամբ բացուող մեր նոր կեանքը։

Շնորհաւոր Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ…

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 3, 2018