ՌՈՒՍԱՑ ՓՈՒԹԻՆԸ ԱՌԱՅԺՄ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ Է
15 յունուարին բաւական անսպասելի իրադարձութեամբ մը՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութիւնը ներկայացուց իր հրաժարականը։ Անսպասելի, որովհետեւ մինչ այդ ռուսաստանեան «պալատական» մամուլի ներկայացուցիչներ ոչ մէկ լուր կամ վերլուծական գրած էին երկրին համար բաւական տարողունակ եւ նոյնքան «իմաստալից» այս յոյժ կարեւոր զարգացումին մասին։
Ի դէպ, մինչեւ իր պաշտօնէն հրաժարիլը վարչապետ Մետվետեւ, որ վերջին տարիներուն կը համարուէր նախագահ Վլատիմիր Փութինի ամենէն մտերիմ եւ վստահելի գործակիցը, ոչ մէկ առիթով անդրադարձած էր իր գլխաւորած կառավարութեան դիմագրաւած դժուարու-թիւններուն կամ խնդիրներուն մասին։
Անշուշտ, այստեղ պէտք է հաշուի առնել նաեւ, որ նախագահ Փութինի առած որոշումէն առաջ քիչ չէր թիւը ռուսաստանցի այն քաղաքացիներուն, որոնք կը դժգոհէին Մետվետեւէն ու իրենց «վրան բաց» դժգոհութիւնները կ՚արտայայտէին համացանցի ընկերային էջերուն վրայ։
Դժգոհութեան գլխաւոր մեկնակէտը գործող կառավարութեան անարդիւնաւէտ ըլլալն էր ու Մետվետեւի անձին դէմ մերթ ընդ մերթ հնչող մեղադրանքները, որոնք բոլորն ալ կը խօսէին իշխանութեան չարաշահումի, նաեւ դրամական կասկածելի գործարքներու մասին։
Ի դէպ, եթէ Ռուսաստանի այսօրուան ընդհանուր իրավիճակը քննել փորձենք շատ արագ կերպով՝ պիտի նկատենք, որ երկիրը կարողացաւ վերջին տարիներուն ընթացքին վերակազմել իր արտաքին քաղաքականութեան նոր օրակարգը եւ այդ առումով ալ ունենալ կարեւոր ձեռքբերումներ։ Նոյնը կարելի է ըսել պաշտպանական ոլորտին մասին, որովհետեւ Փութինի իշխանութեան օրերուն Ռուսաստան կարողացաւ ռուսական զէնքի հանդէպ առկայ յարգանքը եւ «հաւաստիութիւն»ը պահպանել ու դառնալ Մերձաւոր Արեւելքի շարք մը պետութիւններու վստահելի գործընկերը։
Այս բոլորէն անդին սակայն, հասկնալի ու նոյնիսկ երեւելի սկսած էր դառնալ, որ Մոսկուայէն դուրս ռուսաստանեան հարիւրաւոր շրջաններ կը բողոքէին ընկերային-տնտեսական լուրջ խնդիրներու մասին ու իրենց ապրած դժուարութիւնները կը բարդէին գործող կառավարութեան ուսերուն։
Վերջին զարգացումներուն մասին հնչեցին բազմաբեւեռ կարծիքներ, որոնց մէջ սակայն ուղենշային կերպով երեւելի կը դառնար այն վարկածը, որ նախագահ Փութինի կողմէ եղած միջամտութիւնը, կառավարութեան հրաժարումը ու նոր դէմքի մը՝ Միխայիլ Միշուսթինի անուան յայտնուիլը կը մատնեն ներքին անհանգստութեան մը մասին, որ կապ ունի Փութինի ոչ այնքան երիտասարդ ըլլալուն, նաեւ իր նախագահական նստաշրջանի մօտալուտ աւարտով։
Վարկածները վարկած… սակայն շատ պարզ ու յստակ կ՚երեւի, թէ Փութին այսօր կը շարունակէ մնալ անփոխարինելի առաջնորդ մը։ Անփոխարինելի, ոչ միայն Ռուսաստանի, այլ նաեւ ու մանաւանդ Մերձաւոր Արեւելքի համար, ուր շնորհիւ իր ձեռներէցութեան ու քաղաքական կամքին, ան կարողացաւ խաղի նոր դերաբաշխում մը իրականացնել, ինչպէս նաեւ վերադարձնել Ռուսաստանը իր նախկին կարեւոր դերին։
Ամէն պարագայի, աւելի մօտէն հասկնալ փորձելու համար Ռուսաստանի մէջ ընթացող քաղաքական գործընթացները, իմ ընթերցողներուն պիտի հրամցնեմ երկար տարիներ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակից, դեսպան, դիւանագէտ ու վերլուծաբան Արման Նաւասարդեանի հետ օրերս կատարուած հարցազրոյցը, որ լոյս տեսաւ Երեւանի «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթին մէջ։ Նշեմ նաեւ, որ հարցազրոյցը կատարած է հայրենի լրագրող՝ Սիւզաննա Պօղոսեան։
Դեսպան Արման Նաւասարդեանի տեսակէտը. «Արդեօք Փութին կանգնա՞ծ է Սերժ Սարգսեանի ճակատագրին արժանանալու վտանգին առջեւ»
-Պարոն Նաւասարդեան, Ռուսաստանի կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ: Եթէ շատ ընդհանրական կերպով փորձենք գնահատականներ տալ, ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ Ռուսաստանի մէջ: Ի՞նչ խնդիր կը փորձէ լուծել Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին:
-Եթէ գնահատելու ըլլանք շատ ընդհանրական կերպով, Ռուսաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնք նախ՝ ունին ներքաղաքական բնոյթ, սակայն կը տարածուին նաեւ աշխարհաքաղաքական ոլորտներու եւ միջազգային յարաբերութիւններու, հետեւաբար նաեւ Հայաստանի արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան վրայ, քանի որ Ռուսաստանի հետ մենք ռազմավարական դաշնակից ենք, նոյն ռազմաքաղաքական դաշինքի անդամներ։
Ձեր հարցի երկրորդ մասին պատասխանելով ըսեմ, որ Փութին, մեծ հաշուով, կը փորձէ լուծել երկու խնդիր. առաջին՝ հնարաւորինս հաւասարակշռել ներքաղաքական, յատկապէս տնտեսական իրավիճակը, որ այսօր չի խօսիր իր իշխանութեան օգտին, հետեւաբար կը վնասէ անոր վարկանիշին՝ (վերջին տուեալներով այն իջած է մինչեւ հարիւր առ 47), միւս կողմէ՝ 2024-էն ետք պահել այն բարձր նշաձողը, զոր Ռուսաստանը ձեռք բերած է անոր շնորհիւ, անկախ այն հանգամանքէն՝ ինք կ՚ըլլայ իշխանութեան գլուխը, թէ՝ ոչ։
-Փութին յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է ոչ թէ նոր Սահմանադրութիւն ընդունիլ, այլ փոփոխութիւններ իրականացնել մայր օրէնքին մէջ: Առաջարկուող փոփոխութիւնները կը վերաբերին Ռուսաստանի Պետական տումայի, Պետական խորհուրդի, նահանգապետներու, Սահմանադրական դատարանի դերի մեծացման: Կը քննարկուի նաեւ ամրագրել, որ նախագահի թեկնածուն պէտք է առնուազն վերջին քսանհինգ տարիներուն բնակած ըլլայ Ռուսաստանի մէջ, այլ պետութեան քաղաքացի չհանդիսանայ: Ըստ ձեզի՝ ի՞նչ նպատակ ունին այս փոփոխութիւնները: Փութին, ըստ ձեզի, ինքն իրեն համար ի՞նչ դեր նախապատրաստած է 2024-ին՝ իր նախագահութեան ժամկէտի աւարտէն ետք: Արդեօք ան պիտի դառնա՞յ ստուերային ղեկավար:
-Առաջարկուող փոփոխութիւնները, անշուշտ, ունին բարեկարգման եւ բարեփոխիչ միտումներ։ Իսկ ըսել՝ Փութինը կը մնայ ղեկավար չորս տարի յետոյ, թէ՝ ոչ, իր մէջ կը պարունակէ գուշակութեան մեծ բաժին, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, Պետական խորհուրդը կը ներառէ իր մէջ այդ հնարաւորութիւնը։
-Այսինքն՝ կը կարծէք, որ հնարաւոր է՝ ան դառնայ Պետական խորհուրդի ղեկավար՝ այդպէսով վերահսկելով իշխանութեան ճիւղե՞րը։
-Բացառուած չէ։ Սակայն նման ընտրութիւն իր մէջ կը պարունակէ որոշակի վտանգներ, որոնց մենք ականատես եղանք Սերժ Սարգսեանի կատարած քաղաքական ընտրութեան պարագային։
-Ռուսաստանի գործող նախագահը, վստահաբար, նախագահի պաշտօնին կը պատրաստէ նաեւ իրեն փոխարինող մը: Կրնա՞յ արդեօք այդ «ժառանգորդը» Միշուսթինը ըլլայ, թէ՞ ան կրնայ ըլլալ այնպիսի մէկը, որուն մասին նոյնիսկ ոչ ոք պատկերացում ունի:
-Հաւանաբար կ՚ըլլայ Միշուսթինը, որ, ըստ լրատուական աղբիւրներու, վերջերս առանցքային դեր խաղացած է Ռուսաստանի պիւտճէի եւ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան մէջ։ Օգտուելով առիթէն՝ կ՚ուզէի ըսել. հայկական մտածելակերպը եւ փիլիսոփայութեան կառուցուածքը հակուած է ամէն ինչի մէջ փնտռել ու կը փնտռէ հայկականը եւ ազգայինը, որ հասկնալի է տարբեր պատմական եւ հոգեբանական պատճառներով։ Հիմա, երբ աշխուժօրէն կը շրջանառուի Միշուսթինի «հայ ըլլալու» տեղեկութիւնը, իմ բարի խորհուրդը, հեռու մնալ անոր ծագման մասին իրական կամ մտացածին լուրերով ոգեւորուելէ, յետոյ չհիասթափուելու եւ պատրանքի գիրկը չիյնալու համար։
-Շատ կը խօսուի ընկերային ոլորտին մէջ դրական բարեփոխումներ իրականացնելու վարկածին մասին։ Մասնաւորապէս, Փութին խոստացած է 1 թրիլիոն ռուբլի յատկացնել ծնելիութեան խթանման, ընկերային-առողջապահական ծրագիրներուն: Այս մօտեցումները ի՞նչ նպատակ ունին:
-Այս փոփոխութիւնները եւս կարելի է դիտարկել իշխանութիւններու վարկանիշը բարձրացնելու նպատակի շրջագիծէն ներս։
-Ռուսաստանի նախկին վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւին առաջարկուած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալի պաշտօնը։ Ըստ ձեզի՝ Մետվետեւ կը համաձայնի՞ այդ պաշտօնը ստանձնել:
-Կը կարծեմ՝ կը համաձայնի, որովհետեւ չհամաձայնելու պարագային լրիւ կը յայտնուի՝ պատուաւոր թոշակառուի կարգավիճակի եւ քաղաքականութեան լուսանցքի մէջ։
-Պարոն Նաւասարդեան, խնդրեմ գնահատել՝ Ռուսաստանի մէջ սկսած գործընթացները որեւէ ազդեցութիւն կ՚ունենա՞ն Հայաստանի վրայ՝ որպէս ռազմավարական դաշնակից, որպէս հարեւան, որպէս ԵԱՏՄ-ի անդամ պետութիւն…
-Կը կարծեմ՝ Հայաստանը կը մնայ որպէս Ռուսաստանի ռազմավարական դաշնակից, քանի որ նոր իշխանութիւնները նման յարաբերութիւններ հաստատած են Մոսկուայի հետ՝ ի հեճուկս հանրապետութեան վրէժխնդիր ուժերու, զորս ես կ՚անուանեմ 5-րդ շարասիւն։ Պարզապէս, մենք պէտք է կարողանանք ճիշդ, խելացի եւ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն կառուցել Ռուսաստանի հետ եւ ատոր համար բոլոր նախադրեալները կան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024