«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՁԵՌՔԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԻՔ ԸԼԼԱՆՔ»

Պօղոս Առաքեալ Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակին 6-րդ գլուխին 1-14 համարներուն մէջ կը խօսի, թէ մենք՝ մարդիկս, մեռած պէտք է ըլլանք մեղքին համար եւ կենդանի՝ Քրիստոսի համար: Առաքեալը իր այս սահմանումը կը բացատրէ ըսելով, թէ՝ որովհետեւ միացանք Քրիստոսի, մեր այդ միացումով մկրտուեցանք, «մկրտութեամբ՝ Անոր մահուան հաղորդակից դարձանք» (6.3): Տակաւին, մկրտութեամբ Անոր հետ թաղուեցանք, որպէսզի Անոր հետ ալ յարութիւն առնենք եւ «նորոգուած կեանքով ապրինք» (6.4): Առաքեալը կը թելադրէ մեզի, որ մեղքը չթագաւորեցնենք մեր վրայ, այլ՝ Աստուծոյ յանձնուինք: Այսպէս կ՚ըսէ. «Մեղքին անձնատուր մի՛ ըլլաք, ձեր անդամները անիրաւութեան գործիք դարձնելով, այլ՝ որպէս մահուընէ կեանքի եկած մարդիկ՝ դուք ձեզ Աստուծոյ յանձնեցէք եւ ձեր մարմինները Աստուծոյ ձեռքին մէջ արդարութեան գործիք դարձուցէք» (Հռ 6.13):

Մեծ պահքի այս շրջանը Առաքեալին այս թելադրութիւնը իրականացնելու բացառիկ եւ յարմարագոյն առիթ մըն է: Արդարեւ, պահքը միջոց պէտք է ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին մաքրուելու, սրբուելու, մեղքէն հեռանալու եւ Աստուծոյ մօտենալու՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելելու:

Առաքեալին խօսքերէն կը հասկնանք, թէ եթէ մեղքին անձնատուր ըլլանք, այդպիսով մեր անդամները, այսինքն՝ մեր մարմինը անիրաւութեան գործիք կը դարձնենք: Անիրաւութեան, այսինքն՝ սատանային, որովհետեւ ով որ կը մեղանչէ սատանային գործակից ու կամակատար է: Եթէ կամայ թէ ակամայ այս վիճակին մէջ ենք, պահեցողութեամբ պիտի փորձենք այդ անիրաւութիւնը մեզմէ վանել: Վանելու համար սակայն հսկայ աշխատանք պէտք է, որ ձեռք կը ձգենք աղօթքով եւ Սուրբ Հայրերուն վարքը կարդալով, ուր այնպիսի օրինակներ կան կապուած այս անիրաւութեան, որ կրնան մեր այս ճանապարհորդութեան օգտակար ճանապարհորդակից ըլլալ մեզի:

Եթէ յաջողինք այդ քայլին դիմել, Առաքեալին յաջորդ թելադրութիւնն է՝ «որպէս մահուընէ կեանքի եկած մարդիկ՝ դուք ձեզ Աստուծոյ յանձնեցէք եւ ձեր մարմինները Աստուծոյ ձեռքին մէջ արդարութեան գործիք դարձուցէք». մեղքին մէջ եղող մարդը՝ կենդանի մահացած մըն է, իսկ մեղքէն ազատուած մարդը Առաքեալին բառերով՝ «մահուընէ կեանքի եկած»: Պահեցողութեան այս ընթացքը հետեւաբար պիտի ըլլայ մահէն կեանքի գալու փուլ մը, կեանք մը սակայն որ լեցուն է աստուածային շնորհներով ու օրհնութիւններով: Մահէն կեանքի գալը սակայն բաւարար չէ, այլ՝ պէտք է մենք մեզ Աստուծոյ յանձնենք եւ Անոր ձեռքին մէջ արդարութեան գործիքներ դառնանք: Բնականաբար իւրաքանչիւր մեղք ունի իր վարձատրութիւնը, եւ եթէ կը գիտակցինք, որ անցեալին անիրաւութեան՝սատանային գործակից եղած ենք, սակայն հիմա երբ մահէն կեանքի գալով մենք մեզ Աստուծոյ կը յանձնենք, պէտք է մեր կեանքը ամբողջութեամբ արդարութիւն գործելու փուլ մը ըլլայ, սակայն ո՛չ թէ ինքնագլուխ, այլ՝ Աստուծոյ ձեռքին մէջ, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն: Ինչպէ՞ս կրնանք սակայն արդարութիւն գործել. շատ պարզ, մեր նմանները սիրելով, ներելով անոնց, աղօթական կեանք ապրելով՝ որով մեր շրջապատն ալ կ՚օգտուի, ողորմութիւն ընելով, եւ նման բազմաթիւ առաքինի գործերով:

Չորրորդ օրուան մարտահրաւէր. Պահեցողութեան ընթացքին պիտի փորձենք ամբողջովին հեռանալ անիրաւութենէն եւ հակառակը՝ մօտենանք արդարութեան Արեգակին, ամբողջութեամբ յանձնուինք Անոր, Անոր Սուրբ Կամքին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2022