Մեծագոյն յաղթողն է ներքին կայունութեան գործօնը

Ան­կախ այն հան­գա­ման­քէն, որ այ­սօր Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան դաշ­տի դրա­կան կեր­պա­րը վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեանն է, ե­րէկ ուշ ե­րե­կո­յեան յստակ կը դառ­նար, որ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը իր քուէն տուած է ներ­քին կա­յու­նու­թեան:

Ու ե­թէ ճիշդ է, որ երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ու իշ­խող Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կա­ն կու­սակ­ցու­թեան հան­դէպ կայ դժգո­հու­թիւ­ն, ա­պա նաեւ յստակ է, որ մին­չեւ այս պա­հը այդ ու­ժը փո­խա­րի­նե­լու կո­չուած քա­ղա­քա­կան նոր ուժ մը չէ ձե­ւուո­րուած:

Ե­րէկ գի­շեր ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն վրայ տա­րա­ծուած եւ Exit Poll-ի կող­մէ կա­տա­րուած հար­ցա­խոյ­զին հա­մա­ձայն, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան 6-րդ գու­մար­ման խորհր­դա­րան պի­տի հաս­նին չորս քա­ղա­քա­կան ու­ժեր.

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւն

«Ծա­ռու­կեա­ն» դա­շինք

«ԵԼՔ» դա­շինք

Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­­ցու­թիւ­ն

Իսկ խորհր­դա­րա­նէն դուրս մնա­ցներն են՝

«Հայ­կա­կան վե­րած­նուն­դ» կու­սակ­ցու­թիւ­նը

«Օ­հա­նեան-Րաֆ­ֆի-Օս­կա­նեա­ն» դա­շին­քը

«Կոնգ­րես-ՀԺԿ»

«Ա­զատ Դե­մոկ­րատ­նե­ր»

Հա­յաս­տա­նի Կո­մու­նիս­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը

Ան­կախ ա­մէն բա­նէ, ե­րէկ Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րը յատ­կան­շուե­ցան խա­ղաղ ու «հան­գիս­տ­» ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քով:

Քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սար­կու­թեան դի­տոր­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ հնչած ա­հա­զան­գե­րը կը խօ­սէին «ու­ղեկ­ցե­լու փոր­ձե­ր­»ու մա­սին:

Թե­րեւս ե­ղան նաեւ ընտ­րա­կա­շառք տա­լու դէպ­քեր, բայց ընդ­հա­նուր առ­մամբ Հա­յաս­տա­նի այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը եւ ընտ­րա­կան նոր մե­քա­նիզմ­նե­րու կի­րառ­մամբ պէտք է գնա­հա­տել, որ­պէս դրա­կան քայլ մը դէ­պի յա­ւե­լեալ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն:

Ճիշդ է, որ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն մե­ծա­գոյն տո­կո­սը դժգոհ է երկ­րի տնտե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կէն, բայց այդ մէ­կը պատ­ճառ չդար­ձաւ, որ նոյն դժգոհ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ի­րենց ձայ­նը չտա­յին իշ­խող Հան­րա­պե­տա­կա­նին:

Պատ­ճառն այն էր, որ քա­ղաք­ա­կան պայ­քա­րի մէջ մտած ու­ժե­րէն ոչ մէ­կը բա­ւա­րար ուժ ցոյց տուաւ փո­խա­րի­նե­լու գոր­ծող հա­մա­կար­գը: Փո­փո­խու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար բա­ւա­րար չէ միայն մէկ ամ­սուան աշ­խա­տանք կամ «ընտ­րա­պայ­քա­ր» ու այս ա­ռու­մով ա­մե­նէն փաս­տա­ցին «Օ­ՐՕ» դա­շին­քին («Օս­կա­նեան-Րաֆ­ֆի-Օ­հա­նեան) կրած «մեծ պար­տու­թիւ­ն»ն էր:

Այս պար­տու­թեան մէջ եւս պէտք է փնտռել կա­րե­ւոր «պատ­գամ­նե­ր», ո­րոնք ա­պա­ցոյց չեն, որ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցին չէ մոռ­ցած, թէ դա­շին­քի «պա­րագ­լուխ­նե­ր­»ը փոր­ձուած եւ իշ­խա­նու­թեան մէջ ե­ղած գոր­ծիչ­ներ են: Ու ան­կէ ան­դին «նախ­կին նա­խա­րար­նե­րու ա­կում­բ­»ի ան­դամ­նե­րը այ­սօր կանգ­նած են կա­րե­ւոր քննու­թեան հա­մար: Ա­նոնք պի­տի շա­րու­նա­կե՞ն ի­րենց հան­րա­յին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, կամ թէ հե­ռա­նան քա­ղա­քա­կան մի­ջա­վայ­րէն:

Եր­կու խօսք ալ կա­րե­լի է ը­սել Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեա­նի ա­ռաջ­նոր­դած «ՀԱԿ-ՀԺԿ» դա­շին­քին մա­սին, ո­րուն ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թիւ­նը նաեւ կա­րե­ւոր ցու­ցա­նիշ մըն էր, որ այ­սօր Հա­յաս­տա­նի հան­րու­թիւ­նը, ե­թէ մեծ յար­գանք ու­նի Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հին վեր­լու­ծա­կան մօ­տե­ցում­նե­րուն եւ Ղա­րա­բա­ղի հար­ցով «խրա­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­ր­»ուն մա­սին, ա­պա նոյ­նը կա­րե­լի չէ ը­սել ա­նոր «խմբա­կից­ներ»ուն մա­սին, ո­րոնք ան­ցեալ հինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, ի­րենց մօ­տե­ցում­նե­րով եւ «գոր­ծու­նէու­թեամ­բ» դար­ձան «մեծ-մե­ծ» խօ­սող «մու­նե­տիկ­նե­ր»:

Ու խօս­քէն ու ծան­րա­գոյն մե­ղադ­րանք­նե­րէն ան­դին չմտա­ծե­ցին գործ­նա­կան ո­րե­ւէ քայլ կա­տա­րե­լու մա­սին: Այդ դա­շին­քին տրուած քուէ­նե­րու նօս­րու­թիւ­նը կը փաս­տագ­րէր, որ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիին հա­մար այ­սօր «ծանր մե­ղադ­րանք­ներ հնչեց­նող­նե­ր­»ու խմբակ մը պէտք չէ, այլ պի­տա­նի են գոր­ծիչ­ներ, ո­րոնք կը տա­նին իս­կա­կան գործ:

Ի վեր­ջոյ ո՛վ չի գի­տեր, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան ղե­կը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն իր ձեռ­քե­րուն մէջ պա­հած «Հան­րա­պե­տա­կա­ն­»ը ու­նի «աչք ծա­կո­ղ» սխալ­ներ, բայց եւ այն­պէս հա­կակ­շիռ ստեղ­ծե­լու կամ ընդ­դի­մա­դիր ճա­կատ կազ­մե­լու հիմ­նա­կան նե­րու­ժը կը բխի նոր ո­րա­կի աշ­խա­տանք կա­տա­րե­լու ձե­ւա­չա­փե­րէն եւ ոչ թէ «ճոխ-ճո­խ» քննա­դա­տու­թիւն­ներ ուղ­ղե­լէ:

Այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ա­մե­նէն ակ­նա­ռու յա­ջո­ղու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ «ԵԼ­Ք» դա­շին­քին խորհր­դա­րան մտնե­լը: Գաղտ­նիք չէ, որ այդ դա­շին­քին ա­տաղ­ձը ընդ­դի­մա­դիր գոր­ծիչ Նի­կոլ Փա­շի­նեա­նի ճի­գե­րով հիմ­նադ­րուած «Քա­ղա­քա­ցիա­կան պայ­մա­նա­գի­ր» կու­սակ­ցու­թիւնն է, ո­րուն հիմ­նա­կան նե­րու­ժը՝ Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սար­դու­թիւնն է:

Այս դա­շին­քը որ­քա­նով պի­տի կա­րո­ղա­նայ յա­ջո­ղիլ ու ար­դիա­կան մօ­տե­ցում­ներ կի­րա­ռե­լով փոր­ձել դրա­կան աշ­խու­ժու­թիւն մը ստեղ­ծել Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ, ժա­մա­նա­կը ցոյց պի­տի տայ: Այս դա­շին­քին ի­րենց քուէ­նե­րը տուած մօ­տա­ւո­րա­պէս 150 հա­զար քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ի­րենց գրա­ւը դրած են ե­րի­տա­սար­դու­թեան վրայ ու ժա­մա­նա­կը ցոյց պի­տի տայ, թէ ինչ­քա­նով ճիշդ էր այդ գրա­ւը:

Ա­ւար­տած ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին եզ­րա­կա­ցու­թեան փորձ մը ը­նե­լու հա­մար հարկ է նշել, որ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիին մե­ծա­գոյն քուէն տրուե­ցաւ երկ­րի կա­յու­նու­թեան: Կա­յու­նու­թիւն մը, որ պայ­մա­նա­ւորուած պի­տի ըլ­լայ ներ­քին ան­դոր­րով ու դէ­պի խոր-հըր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կարգ անցն­ցում ան­ցու­մով: Տա­կա­ւին վաղ է խօ­սիլ այն մա­սին, թէ ինչ­պի­սի բա­ժա­նում­ներ պի­տի ըլ­լան խորհր­դա­րա­նին մէջ։ Բայց ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ իշ­խող «Հան­րա­պե­տա­կա­ն­»ը նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կազ­մե­լու հա­մար կա­րիք պի­տի ու­նե­նայ գոր­ծըն­կե­րոջ մը, որ շատ հա­ւա­նա­կան է, որ պի­տի ըլ­լայ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը:

Բա­ցի այս բո­լո­րէն, իշ­խա­նու­թեան հա­մար եւս կա­րե­ւոր նոր հանգ­րուան մըն է բա­ցուո­ղը: Ո­րով­հե­տեւ բա­րե­փո­խու­նե­րու կա­րիք զգա­ցող իշ­խա­նու­թիւ­նը իր առ­ջեւ ու­նի «ժա­մա­նա­կի խնդի­ր» ու այդ գոր­ծօ­նը կա­րե­ւոր ազ­դակ է ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի վրայ դրուած մեծ յոյ­սե­րը:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի այս խորհր­դա­րա­նը պի­տի տար­բե­րի նախ­կին խորհր­դա­րան­նե­րէն, ոչ միայն նոր սահ­մանդ­րու­թեան հի­մունք­նե­րուն բե­րու­մով, այլ նաեւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի հա­մար «նա­խա­տե­սուա­ծ» զար­գա­ցում­նե­րով:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2017