ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՆՉՆ Է ԱՀԱ

Յարութեան շունչն է ահա, ջարդակոտոր Ա՛զգըդ իմ,
Հորիզոնէն ծայր տըւած, ու կը փըչէ մարմնոյդ վրայ…
Ամայութի՜ւն լըռութիւն… Օրօրոց չէ. այլ շիրի՜մ
Երկիրն ամբողջ՝ ուր երէկ դուն զոհուեցա՜ր անխընայ…

Բայց Յարութեան շունչն է այս, ու զայն զգաս պիտի դուն
Գերեզմանիդ իսկ խորէն՝ կուրծքի՛դ վըրայ ջախջախուած
Ու շուրթներուդ մըսաթափ… եւ քու աչքերըդ ի քուն,
Մարա՛ծ աչքերդ արթննա՜ն պիտի լոյսին նորաբաց…

Քու արիւնէդ բողբոջած խոտերը քեզ քսուելով
Պիտի տան քեզ նոր կեանքի գըթոտ գգուա՜նքն առաջին,
Մինչ, կառչելով դուն անոնց, յամըր սակայն ապահով
Շարժմամբ մ’ոտքի պիտ’ելլես՝ թափած պատանքը հողին…

Մեղմի՜ւ, մեղմի՜ւ, վախնալով քեզ տալ յուզում մը սաստիկ,
Պիտի անցնին գարնային ծիծեռնակներն երկինքէն.
Մեղմի՜ւ կռունկը իջնէ պիտի ձեռքիդ քու մօտիկ
Եւ սոխակները հեռուն պիտի մեղմի՜ւ դայլայլեն…

Բայց դուն արդէն մօտցած ես առուակի մը ահա՛
Եւ քու վէրքերդ իր ջուրին մէջ խընամքով կը լըւաս,
Զայն կը խըմե՜ս, եւ հակած իբր հայելւոյ մը վըրայ՝
Ո՜վ խըռովիչ տեսարան, քիչ մ՚արդուզա՜րդ ալ կու տաս…

Ու փլատակներըդ ահա կը հարթըւին քիչ առ քիչ,
Մոխիրներուդ ներքեւէն փոքր ածուներ կը յառնեն,
Ամենուրեք կը շարժին արօր ու բահ ու բըրիչ,
Եւ լուսափիւռ դաշտերուդ սա՛ կանաչ քօղն է որեն…:

Ու զօրացած, աղուորցած՝ հունձքի գիշեր մը երբոր
Դուն կը հսկես գորովով զաւկըներուդ վրայ կայտառ
Որ արտին մէջ կը նիրհեն, ահա՛ աստղերը բոլոր,
Ո՛վ Յարուցեալ, գլխուդ շուրջ կ’ըլլան պըսա՜կ մը պայծառ:

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 3, 2021