ԿԵԱՆՔԸ ՆՊԱՏԱԿԱԴՐԵԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Աննպատակ կեանքը ամբողջական կորուստ է։ Բոլոր մարդիկ համաձայն են այս իրականութեան։ Անցեալին, երբ հաճոյասէրները ըսին՝ «ուտենք, խմենք. քանի վաղը պիտի մեռնինք» (Ա.Կր 15.32), բոլոր սերունդները ընդդիմացան անոնց. որովհետեւ, մարդ արարածը միայն մարմին ու զգացում չէ, այլ նաեւ աղօթող հոգի մըն է, մտածող միտք մը, ընկերային յարբերութիւններ մշակող անձ մը, որ իր մէջ ունի սիրելու, տալու եւ պատասխանատուութեան ուրախութիւնը։

1. Ինչո՞ւ մեր կեանքը նպատակադրենք

Որովհետեւ նպատակը՝

ա. Կեանքին իմաստ կու տայ.

Այսինքն, այն մարդը, որ նպատակ կ՚ունենայ, այդ նպատակը հոգեկան կամ մտային տրամաբանական հիմք մը կ՚ունենայ անպայման։ Այս փաստ մըն է, որ կեանքը իւրայատուկ իմաստ մը ունի եւ ոչ թէ ինչպէս որ կարգ մը գոյապաշտ հերետիկոսներ ըսին. «Պէտք չեղող եւ անօգուտ գոյութիւն մըն է»։

Կեանքը, ազնիւ մարդոց մտածողութեամբ, այն է, որ մեր օրերը՝ թէ՛ մենք մեզ եւ թէ ալ ուրիշները Աստուծմով ուրախացնելով կ՚անցընենք. այլապէս մարդ ինչպէ՞ս կրնայ դիմանալ՝ ցաւերուն, չարութիւններուն, աղէտներուն, եթէ յաւիտենականութիւնը այս աշխարհի վրայ եղած ատեն չապրի եւ մահանալէն ետք յաւիտենականապէս ձեռք ձգէ յաւիտենականութիւնը եւ Աստուծոյ հետ ուրախութեամբ վայելէ անմահութիւնը։ Տակաւին, ներկայ աշխարհի ցաւերը մարդուն՝ «արտակարգօրէն գերազանց եւ յաւիտենական փառք մը կ՚ապահովեն» (Բ.Կր 4.17), այլ բարիքներու կողքին։ Այսպէսով, ցաւերը զինք կը մղեն զուսպ ըլլալու այս կեանքին մէջ, զղջալու, Աստուծոյ նուիրուելու, մաքրուելու եւ բիւրեղանալու, նման ոսկիին, որ կրակով կը զտուի։ Ցաւերը, զորս Աստուած կ՚արտօնէ որ մենք կրենք, մարդը հպարտանալէ հեռու կը պահեն (Պօղոս Առաքեալի ունեցած սուր ցաւին նման), եւ կը բիւրեղացնէ Աստուծոյ ընտրեալ մարդիկը (ինչպէս Աբրահամի Իսահակը ընծայելու արարքը)։

բ. Մարդուն ճամբայ կու տայ.

Այնքան ատեն, որ նպատակը յստակ եւ որոշ է, անպայմանօրէն ըլլայ ճամբայ մըն ալ, որու մէջէն քալելով մեր նպատակին կը հասնինք։ Այսպէսով, մարդ կը գիտնայ, թէ ո՛ւր պիտի կոխէ եւ ո՛ր ուղղութեամբ պիտի ուղղէ քայլերը, որպէսզի հասնի իր ազնիւ նպատակին։

գ. Մարդուն աշխուժութիւն կու տայ.

Նպատակը տեսնելը մեզ կը մղէ աւելի ջանք թափելով հասնիլ անոր, անդրանցնելով ամէն տեսակի դժուարութիւններ։ Իսկ երբ մեր նպատակը չենք կրնար յստակօրէն տեսնել, աշխուժութիւն չենք ունենար եւ իրարանցումի կը մատնուինք, նոյնիսկ երբեմն կը վախնանք ու մեր մտածումներուն եւ մատահոգութիւններուն մէջ կը կորսուինք։

2. Նպատակին յստակ ըլլալու կարեւորութիւնը

Նպատակին յստակ ըլլալը, կը բխի հետեւեալ կէտերէն.

ա. Ամենէն կարճ ճամբան. այսինքն, յստակ նպատակ ունենալը կ՚օգնէ ինծի ուղիղ գիծ մը գծելու սկիզբի եւ աւարտի կէտե-րուն միջեւ. իսկ ուղիղ գիծը ամենէն կարճ ճամբան է երկու կէտերուն միջեւ։ Այս պատճառով, նպատակին յստակ ըլլալը կ՚օգնէ ինծի, որ ուղղակիօրէն նպատակիս ուղղուիմ. մինչ այդ, երբ յստակ չըլլայ՝ կը ստիպէ, որ աջ ու ձախ խոտորիմ, նոյնիսկ շեղիմ ճիշդ ճամբէն եւ վերջաւորութեան նպատակէս ամբողջութեամբ հեռացած կ՚ըլլամ։

բ. Նուազ ուժ. որովհետեւ, ամենէն կարճ միջոցները նպատակին հասնելու՝ կը նշանակէ նուազ ջանքի գործադրութիւն. մինչ նպատակէն խոտորիլը, կը ստիպէ, որ մարդ ա՛լ աւելի ուժ ու ջանք թափէ, առանց ճիշդ նպատակին հասնելու։

գ. Ամենէն մեծ հասոյթը. պարզ է, որ երբ նուազ կամ որոշ ջանք թափելը նպատակին հասնելու, առիթ կու տայ, որ այդ ուժն ու ջանքը գործադրենք ուրիշ ասպարէզներու մէջ, որոնց մէջ ալ թերեւս յաջողութիւն գտնենք, այնքան ատեն որ մեր նպատակները յստակ ու ճիշդ են։

Այս պատճառով, նպատակիս յստակութիւնը, զիս կը մղէ քայլելու ամենէն կարճ ճամբէն, նուազ ջանք թափելու եւ մեծ հասոյթներ ունենալու՝ Աստուծոյ շնորհքով։

3. Նպատակներուն տեսակները.

Երկու տեսակի նպատակներ կան.

ա. Ռազմավարական նպատակ. այսինքն, վախճանաբանական եւ էաբանական, որն է Աստուծոյ արքայութեան եւ յաւիտենականութեան հասնիլ։ Այս նպատակը մարդոց մէջ կայ ինքնաբերաբար, անոր մէջ խիղճը կայ՝ «Աստուծոյ ձայնը մարդուն մէջ», կատարեալ անկշտութիւն եւ ծարաւութիւն կայ՝ յաւիտենականին հասնելու։ Առանց Աստուծոյ, այս մէկը անկարելի է։ Թիւ մը կայ, որ կը կոչուի անվերջանալի, որ իրականութիւն մըն է, եւ մարդ իր էութեամբ անմահ էակ մըն է, այսինքն միշտ ինքզինք, իր երկրային կեանքը կ՚անդրանցնի ու միշտ կը ջանայ անմահութեան հասնիլ։ Կարեւորը սակայն, անմահութեան հասնելու ճամբան գիտնայ՝ փրկութեան եւ Փրկիչին, անմահ  ըՔրիստոսի՝ երկինքէն իջած կենդանի հացին միջոցաւ, որ մեզի անմահութիւն կը պարգեւէ։

բ. Հանգրուանային նպատակ. որոնք են՝ հոգեկան, մշակութային, նիւթական եւ ընկերային նպատակները։ Այս բոլորն ալ պէտք է ծառայեն ռազմավարական նպատակին՝ Աստուծոյ արքայութեան։ Տակաւին, հաւատացեալը իր սիրտին մէջ ալ կ՚ունենայ արքայութիւն մը, զոր կը պահէ եւ կ՚ուղղէ դէպի յաւիտենական արքայութիւն, որ երկնային Երուսաղէմն է։

Առօրեայ կեանքի նպատակներն են՝ ուսում, աշխատանք, ամուսնութիւն կամ կուսութիւն, ծառայութիւն կամ խորհրդածութիւն, մեղքին րքերուն եւ պայմաններուն համեմատ։

4. Նպատակին հետ քայլել եւ առ այդ գործել.

Հոգեբանութեան մէջ, մարդիկ երեք ձեւեր կ՚օգտագործեն հանգրուանային նպատակներուն հասնելու համար, ջանալով հասնիլ վախճանաբանական նպատակին։ Կը փափաքինք զանոնք այստեղ թուել եւ ճշդել քրիստոնէութեան կեցուածքը անոնց նկատմամբ։

Առաջին՝ Ուղղակի միջոց.

Այսինքն, նպատակը յստակ է դիմացս եւ ես դէպի հոն կ՚ուղղուիմ. թերեւս արգելքի հանդիպիմ եւ հետեւեալ ձեւով վարուիմ.

1. Արգելքը վերցնել, եթէ կրցանք յաջողիլ։

2. Անոր շուրջը դառնալ, եթէ կարելիութիւնը ունինք։

3. Հանգրուանային նպատակը փոխել, ինծի յարմարող այլ նպատակով։

Նոյնիսկ, հոգեկան գետնի վրայ մարդ կրնայ դնել նպատակ մը, որն է վանականութիւնը, սակայն կը տեսնէ, որ անձնապէս ամուսնական կեանքը աւելի յարմար է իրեն համար։

Իսկ նիւթական գետնի վրայ, երիտասարդ մը կ՚որոշէ որոշ ճիւղ մը ընտրել ուսանելու համար, սակայն արգելքները կը դժուարացնեն իրականացնելու իր այդ նպատակը եւ այլ ճիւղ մը կ՚ընտրէ, որ աւելի յարմար է իրեն։

Քրիստոնէութիւնը համաձայն է այս միջոցին, այնքան ատեն, երբ մարդ Աստուծոյ օգնութեամբ կը ջանայ հասնիլ իր նպատակին։ Եթէ հանդիպի արգելքներու, որոնք ամբողջովին արգիլեն զինք իր նպատակը իրագործելէ, Աստուծմով եւ հոգեւորականի մը առաջնորդութեամբ կը զգայ, թէ ուրիշ ազնիւ նպատակ մը աւելի լաւ պիտի ըլլայ իրեն համար, եւ առ այդ կ՚ուղղուի դէպի միւս նպատակը՝ խաղաղութեամբ եւ գոհունակ սիրտով։

Երկրորդ՝ Անուղղակի միջոցներ.

Մարդ այս միջոցներուն կը դիմէ, երբ արգելքներու հանդիպի. այս միջոցներէն մաս մը քրիստոնէական հասկացողութեամբ ընդունուած են, իսկ ուրիշ մաս մը՝ ո՛չ։ Հոգեբանութիւնը այս ընթացքը պաշտպանողական հնարքներ (Defence Mechanisms) կը կոչէ, ուր մարդ իր գոյութիւնը եւ ինքզինք կազմաւորելու ընթացքը կը պաշտպանէ։ Սակայն, կարեւորը, քրիստոնէական հասկացողութեամբ ճիշդ ընթացքը որդեգրելն է, որովհետեւ այս հնարքներուն մեծամասնութիւնը քրիստոնէութիւնը չ՚ընդունիր։

Թուենք մի քանին.

ա. Ճնշում. մարդ արարածը, ընկերային գետնի վրայ չընդունուած դրդապատճառները եւ ցաւալի կամ ամչկոտութիւն պատճառող յիշատակները երբ անզգայութեան մէջ կը թաղէ, կը կարծէ, որ վերջացան։ Սակայն, իր երեւակայութեան եւ երազներուն մէջ կ՚երեւին եւ երբ կ՚աւելնայ ճնշումը, անոր կը հետեւի ջղագրգռութիւն եւ ինքզինք կորսնցենլ։ Քրիստոնէութիւնը կը սորվեցնէ մեզի, որ չճնշենք կամ չթաղենք այս ժխտական զգացումները անզգայութեան մէջ, այլ զգայութեան մէջ հանենք, աղօթենք, մտածենք եւ խոստովանինք։ Այսպէսով, ներումի, օգնութեան եւ առաջնորդութեան կ՚արժանանանք, դիմագրաւելու այս չընդունուած դրդապատճառներն ու ցաւալի յիշատակները, վստահ ըլլալով, որ Աստուծոյ ամենակարողութիւնը կրնայ մեզ յաղթական հանել եւ թիկունք կը կանգնի մեր տկարութիւններուն, կը սրբացնէ մեր դրդապատճառները եւ մեր ցաւալի եւ ամչկոտութիւն պատճառող յիշատակները կ՚օգտագործէ, շինելու համար մեր ներկան ու ապագան։

բ. Բարձրացում (Sublimation). այսինքն մարմնական պարզ ցանկութիւններէն վերանալ, շինիչ ուղղութեամբ. օրինակ՝ կրօնաւորութիւն, ընթերցում, մարզանք, նախասիրութիւններ, ծառայութիւն եւ այլն։

Բարձրացումը, վերանալն ու ազնուանալն է չընդունուած դրդապատճառներու միջոցաւ, զանոնք վերածելու ընդունուած եւ օգտակար գործի մը եւ այս մէկը անկասկած, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ ընդունուած եւ կարելի միջոց մըն։

գ. Փոխարինում. այսինքն, եթէ մարդ ասպարէզի մը մէջ ձախողի, կը դիմէ ուրիշ ասպարէզի, ուր կրնայ յաջողիլ։ Այս միջոցն ալ քրիստոնէական հասկացողութեամբ ընդունելի է, երբ այս ասպարէզները շինիչ են եւ մաքուր. օրինակ՝ աշխատանքը, մարզանքը, արուեստները եւ այլն։

դ. Ինքնարդարացում. այսինքն, մարդ իր ձախողութիւնը կ՚արդարացնէ խաբուսիկ պատճառաբանութիւններով, պատասխանատուութենէն փախուստ տալու համար. այսպէս վարուելով, կ՚այլանդակէ լաւ նպատակը, զոր ձախողեցաւ իրագործելու, կամ գէշ նպատակի մը արժէքը կը բարձրացնէ, եւ կամ ձախողութեան համար սուտ պատճառաբանութիւններ կ՚ընէ։ Այս պարագային, ճիշդ կ՚ըլլայ, որ մարդ խոստովանի, թէ ձախողեցաւ, որովհետեւ ամօթ բան չկայ ասոր մէջ եւ փորձէ գտնել ճիշդ պատճառը իր ձախողութեան ու ջանայ Աստուծոյ շնորհքով յաջողցնել զայն։

ե. Պարպում եւ հեռացում. օրինակ՝ գործատէր մը գործի մէջ կը ճնշէ իր պաշտօնեային վրայ եւ պաշտօնեան իր նեղութիւնը տան մէջ իր կնկան հետ վիճաբանութեան կը վերածէ… Այս մէկը քրիստոնէական եւ մարդկային հասկացողութեամբ անընդունելի է։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ, որ հարցին հետ աւելի լաւ ձեւով վարուի, հաճեցնելով իր գործատէրը՝ սրբագրելով գործած սխալները եւ կամ իր արդար իրաւունքը պահանջէ առանց անարդար ըլլալու։

զ. Զանցառութիւն. այսինքն, մարդ ուրիշներու սխալներուն մասին կը խօսի, որպէսզի ուրիշներուն նայուածքները հեռու պահէ իր գործած սխալներէն… Այս է, որ քրիստոնէութիւնը ամբաստանութիւն կը կոչէ։ Աւելի լաւ կ՚ըլլար, որ խնդրոյ առարկան իր գործած սխալները փնտռէր ու սրբագրէր եւ ուրիշներուն առաքինութիւնները փնտռելով սորվէր անոնցմէ։

է. Ընդօրինակում. այսինքն, մարդ կը փորձէ իրեն համար յաջող եւ իւրայատուկ եղող անձի մը յատկութիւնները ընդօրինակել, որպէսզի այդ յաջողութենէն ինքն ալ բան մը ունենայ. այսպէս մտածելով «փոխ կ'առնէ» անոր յատկութիւններէն, վարուելակերպէն, շարժուձեւերէն, եւ այս բոլորը թերեւս արտաքնապէս միայն եւ ո՛չ էապէս։ Անկասկած, որ այս ձեւը ճիշդ չէ՛, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ իր էութիւնը ունի, վարմունքն ու հարցերը դիմագրաւելու իր դիտանկիւնը։ Աւելի լաւ կ՚ըլլայ, որ մարդ Աստուծոյ հետ գործակցի հաւատքի մէջ, որպէսզի Աստուած իրագործէ զինք ստեղծելու իմաստը եւ զայն ընէ իւրայատուկ սրբապատկեր մը։

ը. Կեղծաւորութիւն. մարդ երբեմն կը չափազանցէ իր սէրը արտայայտել մէկու մը նկատմամբ, որպէսզի ծածկէ նոյն մարդուն հանդէպ ունեցած ատելութիւնը։ Այս մէկը քրիստոնէական չէ՛։ Մարդ Աստուծոյ ներգործութեամբ կրնայ իր նմանը ճշմարիտ սիրով սիրել, նոյնիսկ անոնք, որոնք կը հակառակին ու կը թշնամանան իրեն։ Այս կրնայ արտաքնապէս չըլլալ։ Տակաւին կրնայ յանդիմանել կամ անկեղծօրէն եւ ուղղակիօրէն խօսիլ, հասնելու համար խաղաղութեան եւ հաշտութեան։

թ. Յամառութիւն. տկար եղողին հնարքն է զօրաւորին դէմ գործածուող, ինքզինք փաստելու համար։ Յամառութիւնը կրնայ յառաջ գալ մարդու հպարտութենէն եւ ինքն իր մասին լաւ կարծիք ունենալէն։ Երկուքն ալ սխալ կեցուածքներ են։ Աստուած կարող է տկարին ուժ եւ օգնութիւն տալ՝ յանդիմանելու, հասկցուելու եւ յամառին հպարտութիւնը նուազեցնելու, եթէ տակաւին շարունակէ հպարտանալ եւ շփանալ, մղելու զինք դարձի գալու։

ժ. Արթնութեան երազներ. այս միջոցով, մարդ կը փորձէ երեւակայութեան մէջ իրագործել այն՝ ինչ որ իրական կեանքին մէջ չկրցաւ իրագործել։ Այս պարագային կա՛մ երեւակայական առասպելութիւններու, թշնամանքի եւ կամ զգացումները ոտնակոխելու կը դիմէ։ Այս բոլոր միջոցներն ալ սխալ են։ Կեանքը իրականութեան գետնի վրայ աւելի լաւ է։ Տակաւին, հարցերուն հետ ուղղակիօրէն գործելը աւելի յարմար է, ինչ որ մեզ իրական նպատակներու կը հասցնէ։

ժա. Քաշուիլ. այսինքն, մարդ կը քաշուի այն կեցուածքներէն, ուր կը զգայ, թէ մարդիկ կրնան զինք այպանել ու քննադատել եւ այս պատճառով ժամերով կ՚առանձնանայ։ Սակայն, աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ ինքզինք հանդարտեցնէր՝ հանգիստով, աղօթքով, առանձնանալով եւ ապա ասպարէզ իջնէր դիմագրաւելու եւ սերտելու հարցերը։

Հօր Աստուծոյ շնորհքը մեզ բոլորս ընդգրկէ։

ԱՆՊԱ ՄՈՒՍԱ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 3, 2018