ԱՐՄԱՇԱԿԱՆ՝ ՂԵՒՈՆԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ, ՏԷՐ ԱՐՄԱՇ ՔՀՆՅ. ՀԱՅՐԸ ԵՒ ԱՐՄԱՇՈՒ ՉԱՐԽԱՓԱՆԻ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԸ

Աստուծոյ նախախնամութիւնը երբեմն այնպէս մը կը գործէ, որ մարդ արարածին միայն կը մնայ՝ հիացումով դիտել Աստուծոյ շնորհած ուղղութիւնը։ Իրապէս «Խորհուրդ խորին» են Աստուծոյ մտածումները, քանի անսահմանութիւն բառը Աստուծմով կ՚իմաստաւորուի նախեւառաջ։ Շատ ատեններ, կամայ եւ ակամայ կը մտածենք Աստուծոյ ներկայութեան մասին եւ կը ջանանք Իր կամքին կատարելապէս թափանցել, բայց Աստուած ընդհանրապէս պատահարներով կը մօտենայ մեզի եւ կը մատնանշէ, թէ կարելի չէ բոլորովին հասնիլ անհասանելի իմաստութեան։ Իրապէս շատերուս առջեւ վերացական կը մնայ այս գաղափարականը, մինչեւ այն ժամանակ, որ Աստուած մեծ անակնկալով մը կը յայտնուի մեր կեանքէն ներս եւ տեսանելի դէպքերուն ընդմէջէն կը խօսի ենթականերուս։ Երբ դրական եւ կամ ժխտական անակնկալներով դէմ յանդիման կը մնանք, Աստուած կը ներգործէ մեր մտքէն ներս ու կը սկսի ներշնչել անսպասելիօրէն։ Քանի՞ անգամներ չենք գործածած հետեւեալ ասոյթը. «Աստուծոյ մատը կայ այս գործին մէջ»։ Հետեւաբար կը տեսնենք, թէ կեանքը անակնկալ է եւ իւրաքանչիւր անակնկալ՝ մեծ թէ պզտիկ իր կենաց պատգամով կը յայտնուի մեր առջեւ։ Կը հաւատամ, թէ մարդու մը վայելած անսպասելի նման անակնկալները, լաւագոյն քարոզէն եւ կամ գեղահիւս պատգամէն առաւել եւս մեծ դասեր կրնայ փոխանցել նոյն անձին, բաւ է որ միտք յոգնեցնէ։

Երբ գրի կ՚առնեմ այս տողերը, պահ մը կը մտածեմ, թէ քանի քանի անգամներ այս մէկը իրականացած է կեանքիս մէջ եւ բազում օրինակներ կարելի է ցուցադրել այս ուղղութեամբ։ Նման շրջագիծով իւրաքանչիւր դէպք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի եւ Իր մարմինը՝ Սուրբ Եկեղեցիին հանդէպ հաւատք արթնցուցած է մէջս, որոնց շնորհիւ հոգեւոր ժառանգութեան նկատմամբ անկեղծ համակրանքս ու սէրս աւելցած է։ Իրարմէ անկախ դէպքեր նոյնիսկ պատահական կրնան նկատուիլ, բայց՝ երբ բարոյական խորհուրդով մը իրազեկ կը դառնանք այս բոլորին, այդ պահուն կը հաստատուի, թէ  իմաստաւորուած ծրագիր մը տեսանելիօրէն յայտնուած է մեր առջեւ։ Վերջերս նմանօրինակ վկայութիւն մը ունեցայ Միացեալ Նահանգներու մէջ արմաշական Ղեւոնդ Արք. Դուրեանի յիշատակին մօտ, որով մտքիս մէջ ծնունդ առաւ հետեւեալ ասոյթը. «Արմաշական՝ Ղեւոնդ Սրբազանը, Տէր Արմաշ Քահանայ Հայրը եւ Արմաշու Չարխափանի Սրբապատկերը»։ Պոլիսէն այնքան հեռաւոր եկեղեցւոյ մը մէջ, ի՞նչ պատահեցաւ, որով՝ ակամայ մտքիս մէջ մարմնաւորուեցաւ այս եռոտանին։

Նախ սկսինք վերյիշել արմաշական Ղեւոնդ Արք. Դուրեանը՝ երբեմնի քարոզիչը Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ։ Հայ Եկեղեցւոյ փառապանծ անցեալին մէջ ծնունդ առած են բազում հոգեւոր սպասաւորներ, որոնք թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ ժողովուրդին վարկը բարձրացնելու յաջողութիւնը ունեցած են։ 19-րդ դարու նման կարկառուն դէմքերէն մին եղած է Ղեւոնդ Սրբազան։ Արմաշու հոգեւոր օրրանին մէջ սնած, իր եկեղեղեցւոյ դիմագիծին եւ վարդապետութեան հմտացած Գառնիկը, ուխտած է ցկեանս ծառայել Հայ Եկեղեցւոյ եւ իր ժողովուրդին, եւ ապա՝ մեծանուն Եղիշէ Եպսկ. Դուրեանի ձեռամբ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ՝ անուանուելով Հայր Ղեւոնդ։ Այս քաջարի երիտասարդ հոգեւորականը, իր բոլոր ձիրքերով փայլած է նաեւ Պոլսոյ մէջ, ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ ու մասնաւորապէս կարողացած է սրտախօսիկ քարոզներով ներթափանցել ժողովուրդի սրտերուն, մտքերուն եւ հոգիներուն։ Իսկ, Ս. Թագաւոր եկեղեցին բախտը ունեցած է, իր բեմին վրայ, որպէս քարոզիչ հիւրընկալելու Ղեւոնդ Վարդապետը։ Իր տեսլականով Ս. Թագաւոր դպրաց դասը կազմութեան առաջնորդած է, որուն սաներէն շատեր ապագային դարձած են նաեւ հոգեւորականներ։ Մտաւորական պաշարով, ծանր կեցուածքով, առաջնորդող բնաւորութեամբ, միշտ վառ մնացած է իր ներկայութիւնը։ Ապագային, առաջնորդական պաշտօններ վարելէ յետոյ, ի վերջնումն բոլորին դարձած է Միացեալ Նահանգներու առաջնորդ եւ նոյնիսկ իր տարաբախտ վախճանով եղած՝ պատմութեան եզակի անձերէն մին։ Իր վերջին շունչը տուած է Նիւ Եորքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, տօնական հանդիսաւոր Ս. Պատարագին, երբ իր վրայ կը կրէր Քրիստոսի փառքը խորհրդանշող հանդերձանքը։ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան խաւարագոյն օրերէն մին եղաւ իր վերջալոյսը, քանի դաշունահարուեցաւ ու վախճանեցաւ։ Ի յիշատակ այս պատմական իրողութեան, Ղեւոնդ Սրբազանը թաղուեցաւ Ս.Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ու իր շիրիմը մինչեւ այսօր կ՚ընդունի իր հիւրընկալները։ Իսկ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյս «Պալըքճեան» սրահին մէջ, Ղեւոնդ Սրբազանի նկարը տեսնող Հայ Եկեղեցւոյ անցեալին ծանօթ անձեր, տակաւին այսօր եւս կը յիշեն այս համբաւաւոր անունը։

Մօտաւորապէս ութսուն տարիներ առաջ վախճանած այս հոգեւոր առաջնորդը, ինչպիսի՞ դաս մը տուաւ հեռաւոր երկրի մը մէջ պոլսեցի վեղարաւորի մը։ Շատեր իր շիրիմը այցելած էին, բայց ես ինչո՞ւ մասնաւորապէս նշել ուզած էի իր կերպարը։ Պատասխանը շատ պարզ էր իսկոյն, քանի ըստ իս, Ղեւոնդ Սրբազանը փափաքն ունեցած էր իր շիրմին մօտ լսել Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ ներկայ քարոզիչի «Հոգւոց» աղօթքը։ Ուրեմն եկէ՛ք յիշենք դէպքը։

Կեցութեանս օրերուն, մասնաւորապէս փափաքն ունեցած էի այս մեծ հոգեւորականի շիրմին գտնուած Ս. Խաչ եկեղեցին (Holy Cross Church) այցելել, բայց աւա՜ղ այցելելու համար շատ օր չունէի։ Այցելութեանս պահուն ինծի կ՚ընկերանային Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադիր անդամներէն՝ Նորայր Պիոսեանի դուստրը՝ Հիլտա Պիոսեան-Շէշէթեան եւ իր կողակիցը՝ Մարք Շէշէթեան։ Երբ բարեկամները տեսնելու առիթն ունեցայ, առաջին հերթին իրենց յայտնեցի նաեւ Ղեւոնդ Սրբազանի շիրիմը այցելելու փափաքս։ Անոնք եւս ըսին, թէ տեղւոյն պայմաններու պատճառաւ եկեղեցին միայն կիրակի առաւօտ պաշտամունքի բաց կ՚ըլլայ, իսկ մնացեալ օրերու համար պատասխանատուներու հետ պէտք է կապ հաստատել, որպէսզի եկեղեցւոյ դուռը բացուի։ Ապա, հեռաձայնեցին եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն, որոնք յայտնեցին, թէ շաբթու մէջ ամէն ոք ստիպուած գործի կ՚ըլլայ ու միայն գործի ժամէն յետոյ կարելի է միատեղուիլ փափաքողաց հետ։ Այնուհետեւ, ցաւօք սրտի յայտնեցին, թէ մեր փափաքած ժամերուն կարելի պիտի չըլլար եկեղեցին բանալ։ Քանի, եկեղեցին բաց պիտի չըլլար, ես ալ փափաքն ունեցայ, գոնէ եկեղեցին արտաքնապէս տեսնել, քանի այս պատմական վայրին մօտենալն անգամ նշանակութիւն պիտի ունենար։ Մինչ կը ճամբորդէինք, եկեղեցւոյ նախկին սպասաւորներէն Տէր Արմաշ Քահանայի հետ հեռաձայնով կը խօսէի եւ իրեն եւս կը փոխանցէի, թէ գոնէ եկեղեցին տեսնելու համար կը ճամբորդենք դէպի Ս. Խաչ եկեղեցին։ Իր հետ մասնաւորապէս զրուցել փափաքած էի, քանի ինք եւս ծառայած էր այս եկեղեցւոյ մէջ եւ յետ ձեռնադրութեան վերակոչուած՝ Ղեւոնդ Սրբազանի հոգեւոր ծննդավայր «Արմաշ» անունով։ Երբ տէր հօր հետ կը զրուցէի, կը պատմէի նաեւ Ղեւոնդ Սրբազանի կեանքէն որոշ դրուագներ։ Անգամ մը եւս յիշեցուցի, թէ որքան խորհրդաւոր անունի մը տիրացած էր։ Երբ տէր հօր հետ կը խօսէի, ինքնաշարժը մօտեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ։ Երբ մեր շուրջը պահ մը կը դիտէինք, տէր հօր ըսի, թէ արդէն իսկ հասած էինք մեր կայանը։ Եւ այդ զրոյցը պահ մը ընդհատուեցաւ իմ խօսքով. «Եկեղեցւոյ դռնէն մէկը դուրս կ՚ելլէ, անհաւատալի» եւ յետոյ դրան մօտ կանգնած պարոնին, որ դէպի իր ինքնաշարժը կ՚ուղղուէր, ձայնեցինք ու ըսինք. «Կեցիր եղբայր, հինգ վայրկեան սպասէ։ Խնդրենք»։ Պարոնին անունը Վարդան էր եւ ան սիրով ընդառաջեց մեր խնդրանքին, քանի լսեց, թէ հիւրաբար հոգեւորական մը եկած էր արտասահմանէն։ Այս պահուն արդէն իսկ թէ՛ ես եւ թէ բարեկամներս նոյն բանը կը մտածէինք, որ այս մէկը ուղղակի հրաշք մըն էր։ Այնքան հետաքրքրական զուգադիպութիւն մը, ակնկալուածէն կէս ժամ ուշ կրցանք հասնիլ եկեղեցի եւ երբ մենք հասանք, եկեղեցիէն Պարոն Վարդանը դուրս կ՚ելլէր։ Ան եկեղեցւոյ համալիրին մէջ կարճատեւ ստիպողական աշխատութիւն մը կատարելու համար հոն կը գտնուէր ու մեզ առաջնորդեց դէպի եկեղեցի եւ Ղեւոնդ Սրբազանի շիրիմը։ Արագ պէտք է ըլլայինք, քանի շատ երկար ժամանակ չունէինք։ Արագընթաց քայլերով հասանք եկեղեցւոյ մայր դուռը, որմէ ներս մտած ժամանակս ուղղակիօրէն ուղղուեցայ դէպի Ղեւոնդ Սրբազանի շիրիմը։ Ս. Խորանին ձախակողմեան կողմը կանգնած էր շիրիմը, որուն առջեւ Յինանց շրջանի բերմամբ կը գտնուէր Քրիստոսի խորհրդանշական գերեզմանը։ Իրապէս շատ տպաւորիչ էր այդ տեսարանը. վախճանեալ հոգեւոր սպասաւորին խոնարհ բայց խորհրդաւոր տապանը եւ իր վերակենդանացած յիշատակները։ Կարծէք այդ պահուն պիտի ելլէր գերեզմանէն ու պիտի ողջունէր Ս. Թագաւոր եկեղեցիէն որպէս ուխտաւոր իրեն եկած՝ իր հոգեւոր զաւակը։ Թէեւ եկեղեցին անձայն էր, չկար երկու հոգիէ զատ մէկը, բայց՝ երբ միասնաբար աղօթել սկսանք, կարծէք Ղեւոնդ Սրբազան շնորհակալութիւն կը յայտնէր ըսելով. «Շնորհակալութիւն, սիրեցեալ մանկունք, քանզի այս աղօթքը լսել փափաքած էի Տիրոջմէ։ Եւ փառք Յարուցելոյն որ արժանացուց զիս, այս կենդանի ձայնը լսելու ձեզմէ»։ Մինչ մենք կը յիշատակէինք միասիրտ եւ միախորհուրդ. «Քրիստոս, Աստուծոյ որդին, յիշէ քու արքայութեանդ մէջ՝ Ս. Եկեղեցւոյ բազմամեայ տեսուչ եւ Ս. Թագաւոր եկեղեղեցւոյ երբեմնի քարոզիչ՝ արմաշական Ղեւոնդ Սրբազանը. ամէն»։ Կարճատեւ այս պահերը, կարծէք երկարաշունչ օրուան մը համապատասխանած ըլլային։ Երբ Ղեւոնդ Սրբազանի շիրմէն կը հեռանայի, եկեղեցւոյ ձախակողմեան անկիւնը տեսայ այլ սրբապատկեր մը, որ կը կոչուի «Չարխափան Ս. Աստուածածնի սրբապատկեր»։ Ցաւօք սրտի, մարմնաւոր Արմաշը եւ իր Չարխափանը այսօր գոյութիւն չունին, բայց կան որոշ յիշատակներ, որոնք թարմ կը պահեն ոգեղէն Արմաշը։ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ այս սրբապատկերն ալ, այս խորհրդանշական օրհնեալ ներկայութեամբ կ՚ողջունէր այցելուները։ Չարխափանը, որ երկա՜ր տարիներ ուխտաւորներու խնդրանքները ընդունած էր, Չարխափանը, որուն նմանօրինակ պատկերը կը զարդարէր Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ աւագ սեղանը, այդ օր, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հուսկ բանքը կը կատարէր այս իմաստալից հանդիպման։ Իր առջեւ գոհութեան կարճ աղօթք մը եւս արտասանելէ յետոյ բաժնուեցանք արմաշական Ղեւոնդ Սրբազանէն եւ իր կողքին կանգնած՝ Չարխափանէն։ Երբ եկեղեցիէն դուրս ելայ, վստահ էի, թէ բոլորիս առջեւ հրաշքի համազօր երեւոյթ մը սփռուած էր։ Այնուհետեւ, այս տպաւորութիւնը բաժնելու համար կրկին հեռաձայնեցի Տէր Արմաշ Քահանային ու հետեւեալ եռոտանին իրեն յայտնեցի. «Արմաշական՝ Ղեւոնդ Սրբազանը, Տէր Արմաշ Քահանան եւ Արմաշու Չարխափանի Սրբապատկերը»։

Ս. Թագաւոր եկեղեցիէն ողջո՜յն քեզ՝ արմաշական Ղեւոնդ Սրբազան, ողջո՜յն քեզ Տէր Արմաշ Քահանայ Հայր, ողջո՜յն քեզ Արմաշական Չարխափանի սրբապատկեր ու բի՜ւր օրհնութիւն եւ սէր այս եռոտանիի մէն մի անդամին։

Թէեւ կրնաք մտածել, թէ պատահական հանդիպում մըն էր, բայց երբ աղօթքի ժամանակ կանգնած էի եկեղեցւոյ մէջ, զգացի, թէ աստուածային նախախնամութիւն էր այս մէկը։ Անգամ մը եւս թափանցած էի, թէ կարելի չէր Աստուծոյ գործելաձեւը ըմբռնել։ Եւ այցելութեան աւարտին մտածեցի, թէ եթէ յուսալքութեան հետեւանքով այցելութենէ հրաժարէինք, բնականաբար այս բոլորը պիտի չպատահէին եւ առ առաւելն տէր հօր հետ խօսած պիտի ըլլայինք։ Բայց Աստուած ներշնչեց եւ մենք որպէս խոնարհ սպասաւորներ, այս կարճատեւ այցելութեան աւարտին խոր տպաւորութիւններով ուղղուեցանք դէպի վերադարձի ճանապարհը։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

24 մայիս 2019, Գատըգիւղ

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2019