Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆՑ
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի վտանգալից օրերուն, ուղիղ երկու ամիս տեւողութեամբ, 1945 յունուար 21-էն մարտ 23-ը, մեր նախորդ սերունդի մեծանուն Հայրապետ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց ծովու ճամբով Նիւ Եորքէն Լիբանան պիտի մեկնէր որպէս Ընտրեալ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 1938 թուականէն ի վեր վարելէ ետք Ամերիկայի Արեւելեան թեմին առաջնորդութիւնը։ Առաջին ամսուն տաժանելի ճամբորդութիւն մը վերապահուած էր Մեծ Հայրապետին, որուն կ՚ընկերանար Դերենիկ Վարդապետ Փոլատեան, որ իր ուսման աւարտին կը վերադառնար Անթիլիաս։ Երկրորդ ամսուն հայրապետը ցամաքի ճամբով եւ խաղաղ պայմաններու մէջ հայ գաղութներ այցելելէ ետք կը հասնէր Անթիլիաս։
Պատերազմի արհաւիրքի այդ օրերուն երկուքը կը բարձրանային Ուաշինկթըն Օլսթըն անուն բեռնատար շոգենաւը՝ կտրելու համար Ատլանտեան ովկիանոսն ու Միջերկրական ծովը, մինչ Նիւ եորքի նաւամատոյցը ողջերթի եկած էին Տ. Տիրայր Արք. Տէր-Յովհաննէսեան, Թեմական իշխանութեանց վարչականներն ու հայահոծ բազմութիւն մը։ Յարմարութիւններ չունեցող եւ պատերազմին ենթակայ յիշեալ նաւը արկածալից եւ երկար մէկ ամսուան ճամբորդութիւն մը կը վերապահէր 78-ամեայ հայրապետին եւ իր ընկերակից վարդապետին, որոնց փոքրիկ սենեակ մը տրամադրած էին շոգենաւի սպաներու յարկաբաժնին մէջ։ Շոգենաւը մաս կը կազմէր 86 այլ շոգենաւերու խումբի մը՝ բոլորն ալ զինուոր եւ զինամթերք փոխադրող։
ՅՈՒՆՈՒԱՐ 26-Ի ՍԱՍՏԻԿ ԱԼԵԿՈԾՈՒԹԻՒՆԸ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
Շոգենաւին վրայ կային նաեւ օտար հոգեւորական մը եւ երկու ուսուցիչներ, որոնք դէպի Միջին եւ Ծայրագոյն Արեւելք կը ճամբորդէին։ Գարեգին Ընտրեալ Կաթողիկոսը անոնց կողմէ ճանչցուեցաւ որպէս «սուրբ մարդ», երբ լսեցին անոր «Պահպանիչ» աղօթքը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, որպէս Աստուծոյ Պահապան Աջը թշնամի հաւանական թնդանօթներուն դէմ։ Յունուար 26-ի ուրբաթ օր, կը գրէ Դերենիկ Վարդապետ իր «Յուշեր»ուն մէջ, ճամբորդներ սաստիկ ալեկոծութեան մատնուեցան, նաւեր իրար բախեցան, եւ նոյնիսկ «մեր շոգենաւը իր ետեւի նաւուն զարնուելով գէշ կերպով վնասուեցաւ»։ Իսկ փետրուար 5-ին աւելի վատը պատահեցաւ, երբ Ատլանտեան ովկիանոսի վրայ թշնամի ընդծովեաներ յարձակում գործեցին Ուաշինկթըն Օլսթըն «մեր շոգենաւին վրայ»։
Գարեգին Հայրապետ մտահոգուած իր ձեռքի պայուսակէն փոքրիկ ձեռագիր մատեան մը եւ վարդապետական խաչը հանելով՝ «սրանց հետ միասին իջնեմ ոսկիանոսի անդունդը» կ՚աղօթէր։ Ամէնուրեք իրարանցում, հրացանաձգութիւն եւ սարսափ կը տիրէր այդ օր, եւ սակայն կէսօրուան ժամուն ժամանակաւոր կերպով խաղաղութիւն տիրեց, եւ գիտնական, ու ձեռագրագէտ բանասէր «Սրբազանը ամբողջ օրը գրչագիր մատեանը ձեռքերուն մէջ կը թղթատէր ու կը կարդար»։ Հրաշագործ Հայրապետի աղօթքով շոգենաւը պիտի հասնէր Ճիպրալթարի նեղուցը, ուրկէ ապահով պիտի անցնէին Միջերկրական ծով։
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 8 ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆ
Վարդանանց հինգշաբթի օրը վերջապէս շոգենաւը Ճիպրալթարի նեղուցէն դէպի Միջերկրական ծով պիտի անցնէր, այս անգամ միայն իրենց շոգենաւով առանձինն, քանի միւս նաւերը այլ ուղղութեամբ երթալով բաժնուած էին խումբէն։ Այդ պատճառով, կը գրէ Դերենիկ Վարդապետ, ճամբորդներուն պաշտօններ տրուեցան ինքնապաշտպանութեան համար։ Դերենիկ Վարդապետի պաշտօնն էր «արագահարուածը փամփուշտով լեցնել», իսկ հայրապետին կը մնար աղօթել Տիրոջ ողորմութիւնը հայցելով։ Նոյն օր Վարդանանց յիշատակին, հայրապետն ու վարդապետը «Նորահրաշ» շարականը երգեցին եւ գոհաբանական աղօթք մատուցին զինուորներուն եւ ճամբորդներուն ներկայութեան, որոնց Դերենիկ Վարդապետ իր կազմած հայերէն եւ անգլերէն համառօտ աղօթագիրքէն օրինակներ բաժնեց։ Ամերիկացի քարոզիչը «Աստուած լսեց հայոց ծերունի արքեպիսկոպոսին աղօթքը» ըսելով անվտանգ անցած էին երկար եւ վտանգալից օրերէն, երբ շոգենաւը Ալճերիոյ Օրան նաւահանգիստը մնաց երեք օր։
Գիտնական Գարեգին Հայրապետը այդ անծանօթ քաղաքը իջեցուցին զինուորական ինքնաշարժով ու բարձրացուցին այն լերան կատարը, ուր կար Սուրբ Խաչ անունով հին վանք մը։ Սրբազանը հետաքրքրութեամբ նկատեց որ ան 14-րդ դարու հայկական տաճարներուն նման կառոյց մըն էր եւ փափաքեցաւ վանքին տանիքը բարձրանալ հակառակ տրուած զգուշացումներուն։ Սրբազանը մագլցեցաւ, կը գրէ Դերենիկ Վարդապետ, եւ կատարեց իր խուզարկութիւնները եւ սպաներու օգնութեամբ ապահով իջաւ վար դէպի շոգենաւը։ Մի քանի օրեր ետք, փետրուար 21-ին, ճիշդ ամիս մը ետք, կը հասնէին Եգիպտոսի Փորթ Սայիտ նաւահանգիստը, ուր կը դիմաւորուէին Եգիպտահայ թեմի առաջնորդ Տ. Մամբրէ Արքեպիսկոպոս Սիրունեանէ, որ ընտրեալ կաթողիկոսն ու Դերենիկ Վարդապետը կ՚առաջնորդէր երկաթուղիի կայարանը՝ ուղղուելու դէպի Գահիրէ, երեք ժամուան գնացքով մը։
ԳԱՀԻՐԷԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱԿԱՆԱՏԵՍ ՊԱՏԱՆԻԻՆ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Փետրուարի կիսուն էր երբ տողերս գրողը, Դանիէլ Արզումանեան, տասնեւմէկ տարեկան պատանի եւ Գալուստեան Ազգային վարժարանի երրորդ կարգի աշակերտ, մի քանի դասարաններու աշակերտութեան հետ միասին ընտրեալ հայրապետին ընդառաջ խմբովին եկեղեցի դիմաւորութեան պիտի երթայինք մեր ուսուցիչներուն հետ։ Շատ լաւ կը յիշեմ մեր երգի ուսուցիչն ու մայր եկեղեցւոյ դպրապետը՝ Ղազարոս Ղազարոսեան մեզի սորվեցուցած էր «Կիլիկիա» հոգեթով երգը, զոր պիտի երգէինք շրջափակին մէջ Գարեգին Հայրապետի եկեղեցի մուտքին։ Կը սպասէինք եկեղեցւոյ բակը, երբ ինքնաշարժները հասան ու պատկառելի թափօր մը կազմուեցաւ՝ գլխաւորութեամբ Գարեգին Ընտրեալ Կաթողիկոսին, որուն կից Դերենիկ Վարդապետն ու քահանայից դասը՝ հանդիսաւոր կը յառաջանային դէպի եկեղեցւոյ մուտքը։ Երգեցինք «երբոր բացուին դռներն յուսոյ» երգը, երբ առաջին անգամն ըլլալով կաթողիկոս մը կը տեսնէինք, որ եկեղեցի մուտք գործելով եւ առաջնորդ սրբազանի բարի գալստեան ջերմ խօսքերով բեմ կը բարձրանար, տալու համար իր հայրական պատգամը։ Հասակով ոչ-բարձր եւ սակայն իր կրակոտ ճառով հայրապետը կը խօսէր, եւ անշուշտ մենք բան չէինք հասկնար այդ տարիքին։ Մտքէս կ՚անցնէ՞ր արդեօք, թէ չորսուկէս տարի ետք, 1949 սեպտեմբերին, իմ քայլերը պիտի ուղղուէին դէպի նոյն հայրապետը, որուն հայրական շունչին տակ ծնկաչոք Անթիլիասի Դպրեվանք ուսանէի եւ Դերենիկ Եպիսկոպոս Փոլատեանէ, ճիշդ ինը տարիներ ետք, քահանայական կարգ ստանայի Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ։ Նախախնամական կարգադրութիւն իսկապէս։
ԴԷՊԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
Մարտ 2-ին եգիպտահայ ազգայիններ թէ՛ Գահիրէի եւ թէ Աղեքսանդրիոյ մէջ, ուր նաեւ այցի գնաց հայրապետը, Դպրեվանքի սաներու կրթաթոշակներ եւ կանխիկ հանգանակութիւններ կատարելով պատուեցին նորընտիր հայրապետը։ Գահիրէէն շոգեկառքի գնացքով Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Յովսէփեանց եւ իր շքախումբը մեկնեցան Երուսաղէմ, Սրբոց Յակոբեանց պատրիարքարան, ուր բացառիկ շուքով, նորընտիր Կիւրեղ Պատրիարքի գլխաւորութեամբ եւ օտար բարձրաստիճան եկեղեցականներու ներկայութեամբ դիմաւորուեցաւ եւ ողջագուրմամբ պատրիարք հօր հետ հրաւիրուեցաւ Մայր տաճարի աւագ խորանէն տալու իր հայրական պատգամը։ Հանդիպակաց կիրակին վեհափառ հիւրը ի ժամ Սուրբ Պատարագի պիտի քարոզէր եւ երեկոյեան պիտի պատուէին զինք միաբանական ճաշկերոյթով։ Կիլիկիոյ Աթոռէն Երուսաղէմ եկած էին Տ. Եփրեմ Արքեպիսկոպոս Տոհմունի եւ Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Փայասլեան, որոնք կը դիմաւորէին հայրապետն ու միաբանակից Դերենիկ Վարդապետը։
Նոյն 1945 տարուան աշնան օծեալ եւ գահակալած Տ.Տ. Գարեգին Յովսէփեանց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին պիտի մեկնէր նախագահելու Տ.Տ. Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ անձամբ օծելու զինք։ Նոյն օրերուն Մայր Աթոռի մէջ նորընտիր կաթողիկոսի ձեռամբ եպիսկոպոս պիտի ձեռնադրուէր Պատրիարք Տ. Կիւրեղ Ծ. Վարդապետ Իսրայէլեան տասն ընծայացուներու հետ միասին։ Գարեգին Հայրապետ ցաւօք սրտի Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ պիտի կատարէր Կիւրեղ Պատրիարքի վերջին օծումը չորս տարիներ ետք, երբ պատրիարքը կանխահաս տարիքի մէջ կը վախճանէր Պէյրութի մէջ, եւ դէպի Երուսաղէմ յատուկ ճամբորդութեամբ եւս պիտի նախագահէր թաղման կարգին։
ԺԱՄԱՆՈՒՄ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌ
Երկու լման ամիսներու յոգնեցուցիչ ճամբորդութենէ ետք 1945 թուի մարտ 23-ին, Գարեգին Ընտրեալ Հայրապետը Հայֆայէն դէպի Լիբանան ցամաքի ճամբով Անթիլիաս կը հասնէր հայրապետական օծում եւ գահակալութիւն ստանալու համար։ Սահմանագլուխին դիմաւորութեան եկած էին Լիբանանի թեմին Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան, հայ երեսփոխաններ եւ Կեդրոնական վարչութեան կրօնական ու աշխարհական անդամներ, մամուլի, կուսակցութեանց, կրթական եւ ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչներ։ Աւելի քան հազար ինքնաշարժներու թափօրով հայրապետը Պէյրութ կը հասնէր, եւ անցնելով հայահոծ թաղերէն Անթիլիաս կը հասնէր եւ կը դիմաւորուէր Աթոռին Տեղապահ Տ. Խադ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանի եւ միաբանութեան կողմէ։
Գարեգին Հայրապետը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճար մուտք կը գործէր «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ եւ տեղապահը իր եւ միաբանութեան ջերմ զգացումները յայտնելով կ՚ըսէր. «Տարիներու երկար սպասումէ յետոյ վերջապէս Ձեր Բարձրաշնորհ Սրբազնութեան ներկայութիւնը մեր մէջ անպատում եւ անսահման ուրախութեամբ կը լեցնէ մեր սրտերը», հրաւիրելով զինք «թագաւորելու ոչ աւերակաց վրայ եւ ոչ ալ ջախջախուած Աթոռի վրայ, այլ աստանդական թափառումէ ետք ինքզինք վերագտած Անթիլիասի ծովափին վրայ, յաջորդելու Սահակ, Բաբգէն, եւ Պետրոս մեծագործ եւ շինարար Հայրապետներուն»։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ