ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (19)

Ձիւնն արդէն լքեր էր քաղաքը, թէեւ ամուր կառչած կը մնար հեռաւոր ու շրջակայ լեռներուն։

Երեւանը լքեր էր նաեւ Ֆարզատ քեռին՝ արդէն երկու-երեք շաբաթ առաջ։ Զանան յանձներ էր կապոյտ մզկիթի շէյխին եւ արդէն հանգիստ մտքով ու խղճով, իրականութեան մէջ նաեւ քիչ մըն ալ փրկուած ըլլալու, ճակատագրի այդ բեռէն ազատած ըլլալու զգացումով, քշեր էր բեռնակառքը դէպի Թեհրան դարձեալ։ Գրկեր էր Զանան անշուշտ, սիրով սեղմեր էր անոր գլուխն իր կրծքին, եւ, առաջին անգամ ըլլալով, արցունք թողեր էր դուրս աչքերէն՝ յիշելով քոյրն իր, Զանայի մայրը, զոր կորսնցուցեր էր մօտ երկու ամիս առաջ։ Զանայէն այսպէս բաժնուելով՝ տեսակ մը անվերադարձ բաժնուած կը զգար արդէն քրոջմէն։

Զանան, սկիզբը ինչքան ալ դժգոհ մզկիթի մը յանձնուած ըլլալու իրողութենէն, այնուամենայնիւ շուտով հասկցեր էր, որ եղածը փոխզիջում մըն էր իրեն համար։ Այդ նոր եւ օտարալեզու քաղաքին մէջ, ակնյայտ էր, որ մինակ գլուխ պիտի չհանէր։ Ո՛չ գործ պիտի կարենար գտնել, ո՛չ մնալու տեղ։ Այդպէս դարձեր էր շէյխին հիւրը, փոխան առօրեայ գործերու մէջ օգտակար դառնալու խոստումի։ Մզկիթի մատակարարը, հաւաքարարը եւ պարտիզպանը դարձեր էր ան։ Այս գործերուն դիմաց ոչ միայն կացարան ու սնունդ կը ստանար շէյխէն, այլ նաեւ հայերէն լեզուի ուսուցում։

Որոշ բառեր նման էին այնքան, որ սորվեր էր արդէն։ «Մէկ»ը «Եք»ն էր, «դու»ն «թօ»ն, «շաքար»ը «շէքէր»ը, «հազար»ը «հեզար»ը... այսպէս կամաց կամաց շուկայ սկսեր էր երթալ Զանան, ճաշի համար պէտք եղած գնումները ընել, քիչ մը բանջարեղէն, քիչ մը պտուղ, քիչ մը հաց ու համեմունք, քիչ մըն ալ, անպայմանօրէն, հայերէն կը բերէր հետը ամէն երթալուն։ Ու կամաց-կամաց կ՚աճէր լեզուն։ Երբեմն յատուկ երկար կը մնար մրգավաճառին քով, գործը կ՚երկարէր, յաճախորդներէն այս կամ այն պտուղին անունը լսելու եւ սորվելու համար։

Առայժմ դժգոհ չէր Զանան։ Ինքզինք լաւ կը զգար։ Կը սիրէր քաղաքը, որ ոչ այնքան փոքր ու ցած էր ինչքան Պամը, բայց ոչ ալ այնքան մեծ ու բարձր ինչքան Թեհրանը։ Շէյխն ալ բարի մարդ էր, ու թէեւ մի քանի փորձ ըրեր էր, բայց շուտ հասկցեր ու հաշտուեր էր իրողութեան հետ, որ Ալլահի ուղարկած կրօնական աշակերտը չէր Զանան... յուսախաբ եղեր էր անշուշտ, բայց չէր բարկացած ու վերաբերմունք չէր փոխած Զանային հանդէպ։ Եթէ ոչ կրօնական աշակերտը, այնուամենայնիւ Ալլահին ղրկած հիւրն էր ան, կարիքաւոր որբ մը վերջապէս, որուն օգնելը, ճամբու դնելը, իր պարտականութիւնն էր։ Յատկապէս որ խօսքը իր բարեկամ Ֆարզատի քեռորդիի մասին էր...

Հասկցուեր էին շէյխն ու Զանան։ Առանց այդ մասին խօսելու, գիտէին երկուքն ալ, որ ժամանակաւոր էր մզկիթի մէջ կեցութիւնը Զանային, մինչեւ լեզուի տիրապետումը, որ, բնականաբար, ուրիշ դռներ պիտի բանար նորի եւ արկածախնդրութեան ծարաւ պամեցի պատանիին առջեւ...

ԵՐԱՄ

•շարունակելի 

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020