ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԳԵՏԻ ԱՓԵՐԸ ՉԵ՛Ն ՀՈՍԻՐ
Ո՛չ ոքի համար գաղտնիք է այլեւս, թէ արաբական աշխարհի խոհանոցներու ճնշող մեծամասնութենէն ներս շոգեկաթսաներուն լռութիւնը եւ հրաժարիլը սուլելէն ներկայ ժամանակին, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ յարգանքի տեսակ մը տարածաշրջանէն ներս ամենէն մեծ շոգեկաթսայի սուլոցին եւ անոր թնդանօթներէն ու մօտիկ եղող բարձրախօսներէն բարձրացող շոգիին: Այս բոլորը այն բանէն ետք, երբ հրաւիրեալները սկսան վազել դէպի սեղանը, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր հետ ունենալով իր ամանն ու կարգախօսները:
Տակաւին, հակառակ միլիոնաւոր մատղաշ ոտքերու, որ իրենց կռունկները կը զարնեն արաբական հողին առաւօտ թէ գիշեր, սակայն ազատագրութեան ճամբուն վրայ գործնականօրէն ո՛չինչ կը շարժի, բացի Պասամ ալ-Շաքաաի1 գաւազանէն:
Իսկ արաբական բանտերուն խճողուածութիւնը ազատամարտիկներով եւ անմեղներով, որոնք իրենց գլուխները ապարդիւն կերպով պատերուն եւ փակ դռներուն կը զարնեն, կը նշանակէ, որ Խորթումի Ոչ-ի գործնական թարգմանութիւնը հետեւեալն է. ո՛չ հաշտութեան, ո՛չ ճանաչումին, ո՛չ բանակցութիւններուն արաբ մարդուն հետ:
Տակաւին, եթէ ներկայիս տարածաշրջանէն ու ամբողջ աշխարհէն ներս ամենէն սարսափելի ազգային, աշխարհագրական կամ ճակատագրական աղէտներ պատահին, ապա արաբ քաղաքացին, ի պատասխան իրեն բաժին հասած ճակատագիրին, այլեւս չի՛ վազեր զէնքը առնելու՝ կռուելու համար, կամ փողոց ելլելու՝ ցոյցի համար, նոյնիսկ տանիք բարձրանալ՝ դիտելու համար, ալ կը շտապէ գրպանին մէջ եղող հաշուիչ մեքենային ու կը սկսի հաշուել.
Եթէ վաճառական է՝ իր վաճառքին վրայ կ՚ազդէ՞:
Եթէ պարտիզպան է՝ իր բերքին վրայ կ՚ազդէ՞:
Եթէ գրող է՝ իր վարկին-համբաւին վրայ կ՚ազդէ՞:
Եթէ լրագրող է՝ իր ծանուցումներուն վրայ կ՚ազդէ՞:
Եթէ աշակերտ է՝ իր քննութիւններուն վրայ կ՚ազդէ՞:
Իսկ եթէ պաշտօնեայ է՝ իր պաշտօնը բարձրանալուն վրայ կ՚ազդէ՞:
Եթէ պատասխանը «ոչ» է, ապա ամէն ինչ կարգին է: Երկինքը պայծառ է, հովը մեղմ, իրեն կը պակսի միայն երգ մը կամ երգիծական թատրերգութիւն մը, որպէսզի լիաթոք ծիծաղի, ուրախանայ եւ անհոգ ըլլայ:
Վերը ներկայացուածին հիման վրայ, շրջագայող բանագնաց Ֆիլիփ Հապիպը2 տարածաշրջան յաճախակի իր տուած այցելութեան եւ ասոնց ու անոնց հետ մնայուն հանդիպումներու ընթացքին չի՛ ձգտիր անհրաժեշտ պայմանաւորուածութիւնները նախապատրաստել՝ իսրայէլեան զօրքերուն Լիբանանէն դուրս գալուն: Կամ, արդար լուծումներ գտնել արաբական մեծ խնդիրին, այլ աւելի շուտ՝ դարաշրջանի յուղարկաւորութեան պատրաստութիւններ տեսնելու: Անոր եւ անոր արդարութեան համար, ուշադրութիւն դարձնելով անոր հետ կապուած ամենէն աննշան մանրամասնութիւններուն, ընթացակարգին եւ փառաւորութեան: Այսպէս.
* Ո՞վ պիտի յայտարարէ մահուան լուրը եւ ե՞րբ:
* Ո՞վ պիտի ցաւակցի:
* Ո՞վ պիտի ընդունի ցաւակցութիւնները:
* Ո՞վ պիտի լայ լուռ կերպով:
* Ո՞վ պիտի ուշաթափի թաղումի ժամանակ:
* Ինչո՞վ պիտի ծածկուի անարատ գերեզմանը. ռեհանի՞, մայրիի՞, թէ՞ արմաւենիի ճիւղերով:
Արդարեւ, ներկայ ժամանակը ամէն ինչի մասին համաձայնելու ժամանակն է:
Սակայն, իմ ժամանակս չէ, որովհետեւ ես եղէգի նման եմ… կը ծռիմ, բայց չե՛մ կոտրուիր:
Նոյնիսկ եթէ իմ աչքովս տեսնեմ, թէ ինչպէս սգաւորներն ու ստորագրողները իրենց մատներէն կը սրբեն թանաքի հետքը պատերուն եւ անցորդներուն հագուստներուն վրայ:
Նոյնիսկ եթէ չարչարանքի համբաւը արաբական աշխարհի սահմաններուն տարածուի՝ լուացքի պարաններուն նման:
Իսկ կալանավայրերը որպէս նամակատուփ կախուին փողոցներուն անկիւնները կամ զառիվարներուն վրայ:
Իսկ իմ արցունքներս ու արիւնս հոսին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կեղտաջուրերու խողովակներուն մէջէն:
Ապա՝
Պիտի չմոռնամ Պաղեստինի հողէն կտոր մ՚իսկ, կամ տառ մը անոր տառերէն, ո՛չ թէ պայքարի, ազգայնականական կամ պատմական պատճառներով, այլ՝ այնպիսի պատճառներով, որ տակաւին տիեզերքի այն գաղտնիքներէն են, ինչպէս ձախողուած առաջին սէրի մը պատմութիւնը, կամ կաթ ուտող նորածինի մը լացը՝ մայրամուտին:
Մանկութենէս ի վեր մինչեւ հիմա իմ կեանքս, գիրքերս, անկողինս ու պայուսակներս այս հիման վրայ դասաւորեցի: Արդարեւ, ինչպէ՞ս ձգեմ ամէն ինչ՝ ոչինչի համար: Տակաւին, Քոնկոյի համար մտրակի հարուածին չեմ ներած, համա ինչպէ՜ս Պաղեստինի համար:
Հետեւաբար, ակռաներով ու ճանկերով պիտի պաշտպանեմ ատելութիւնս, զայրոյթս ու արցունքներս:
Իւրաքանչիւր աղքատի փոխարէն պիտի անօթենամ:
Իւրաքանչիւր յեղափոխականի փոխարէն պիտի բանտարկուիմ:
Իւրաքանչիւր անիրաւուածի փոխարէն պիտի պաղատիմ:
Իւրաքանչիւր հալածուողի փոխարէն դէպի լեռներ պիտի փախչիմ:
Իւրաքանչիւր օտարականի փոխարէն փողոցներուն մէջ պիտի քնանամ:
Որովհետեւ Իսրայէլը մեր խնդուքներէն չի՛ վախնար, այլ՝ արցունքներէն:
Ո՛չ ալ տասը յարկանի շէնքէ մը, այլ՝ բանաստեղծէ մը, որ ապաստանարանի մը մէջ կը գրէ:
Ո՛չ ալ կը վախնայ երկու դրամատուներու միութենէն, այլ՝ երկու անօթիներու միութենէն:
Ո՛չ ալ կը վախնայ երկու իշխանութիւններու միութենէն, այլ՝ երկու ժողովուրդներու միութենէն:
Ո՛չ ալ բարձր գագաթներէն կը վախնայ, այլ անոնց կողքերը եղող ձորերուն մէջ հաւաքուողներէն:
Այս ժամանակը թերեւս շինականութեան, բնականոնացման եւ ենթարկելու ժամանակը ըլլայ, թիւերու ժամանակը եւ ո՛չ թէ պատրանքներու ու երազներու: Սակայն, իմ ժամանակս չէ: Ռետինով պիտի ջնջեմ ծունկս. պիտի ուտեմ զանոնք, որպէսզի ծունկի չգամ այս դարուն, կամ որեւէ մէկ հոսանքի մը, կամ որեւէ մէկ հանգրուանի մը: Տակաւին, նախակրթարանի տարիներուս ես ծունկի չեմ եկած պատին դիմաց՝ բազմապատկումի աղիւսակին համար, հակառակ անոր որ ես սխալ եղած եմ, հիմա այսքան տարիներ ետք, ամբողջ աշխարհի աչքերուն առջեւ պէտք է Պեկընի՞ն կամ ոեւէ մէկ ուրիշ մէկուն դիմաց ծունկի գամ, այն պարագային երբ ես իրաւացի եմ:
Ես ո՛չ միայն հաւատարիմ եմ իմ հայրենիքիս, արաբականութեանս եւ դպրոցական երգերուս, այլեւ՝ հաւատարիմ եմ նոյնիսկ հազիս:
Պիտի չյուսահատիմ, պիտի չյանձնուիմ այնքան ատեն որ մէկ արաբ ըլլայ, որ այս հանգրուանին «ո՛չ» ըսէ, նոյնիսկ եթէ իր կնոջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 26
Վաղարշապատ
1 Պասամ Ահմատ ալ-Շաքաա (1930-22 յուլիս 2019): Պաղեստինի Նապլըս քաղաքի նշանաւոր անձնաւորութիւններէն մէկը, որ 1976-1982 թուականներուն ընթացքին եղած է այդ քաղաքին քաղաքապետը: 2 յունիս 1980-ին մահափորձի ենթարկուած է՝ իր ինքնաշարժին մէջ զետեղուած ռումբի պայթունի մը պատճառով: Չէ՛ մահացած, սակայն պայթունի հետեւանքով կորսնցուցած է իր երկու ոտքերը: Այս դէպքէն ետք ան գրած է. «Եթէ յաջողեցան ոտքերս կտրել, սակայն պիտի չկարենան պայքարս մարել: Հրեաները ուզեցին որ մեռնիմ, սակայն Աստուած կեանք շնորհեց ինծի, որպէսզի առաքելութիւնս շարունակեմ՝ արաբ եւ ազատ Պաղեստինը պաշտպանելու, ամբողջ Պաղեստինը: Իւրաքանչիւր արաբ մարդու իրաւունքն է Պաղեստինը պաշտպանել, որովհետեւ արաբ ժողովուրդին եւ ամբողջ արաբական աշխարհին դատն է, որ արաբական-ազգային դատ է»:
2 Լիբանանեան ծագում ունեցող ամերիկացի դիւանագէտ մը (1920-1992): Ան յայտնի դարձած է 1981-ին եւ 1982-ին Իսրայէլի եւ Լիբանանի (հիմնականին մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան) միջեւ կրակի դադարեցման: Այս պատճառով, անոր եւ այդ օրերու Ամերիկայի արտաքին վործոց նախարար՝ Ալեքսանտր Հիեճի կապը լարուած է, քանի որ վերջինս եջակողմեան հոսանքը ներկայացնելով, Իսրայէլի աջակից մը եղած է:
Հարթակ
- 11/22/2024