Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ԾԱՌՍ
Ցանեցի ծառ մը
տարիներ առաջ
չեմ ալ յիշեր ե՞րբ
բայց կը յիշեմ խնամքս
շնչաւոր այդ արարածին
թիզ-թիզ աճումը
ծառ մըն է սովորական
սովորակա՞ն
չէ, չէ, շատ անձնական
աճեցաւ, ծաղկեցաւ
ամէն ինչ շատ լաւ էր
մինչեւ...
մինչեւ այն ատեն, երբ փոթորիկը եկաւ ու հարուածեց
հատեց ծառս մէկ կողմէն
տխրեցաւ ան
շատ...
բայց մաքառեցաւ
ու ահա տարիներ ետք ան կը ծաղկի
տերեւներ կ՚աճին անոր առողջ ճիւղերուն վրայ
ահա ծաղիկ մըն ալ կը բուրէ հոնկէ
ծառին մէկ ճիւղէն
շատ գեղեցիկ
կը դիտեմ ծառս
կը հիանամ ծաղիկի գեղեցկութեամբ
սակայն կարելի՞ է
կարելի՞
տեսնել ծառին ծաղկած ճիւղը միայն
առանց անոր հատուած կէսը նշմարելու...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017
Հարթակ
- 11/30/2024