ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՎ ՈՒՂՂԵԼ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ՀՈՒՆՁՔԵՐԸ

Յուլիս ամիսը յատկանշուեցաւ սուրիահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու շրջանաւարտ հունձքերուն ամավերջի հանդէսներով:

Ուրախալի էր բեմերուն վրայ տեսնել ուսումնատենչ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք կեանքի նոր փուլ մը պիտի թեւակոխեն՝ իրենց նախասիրած ճիւղերուն մէջ մասնագիտանալով, իրենց տեսիլքին իրականացման առաջին քայլերը նետելով:

Յաջողակ երիտասարդը անպայման բարձր գնահատանիշ ապահովողը չէ: Ան ձգտում ունեցողն ու այդ ձգտումին հասնելու, մասնագիտանալու համար պայքարող երիտասարդն է, որ կը հաւատայ իր ներքին ուժին, կարողութիւններուն:

Մեր շրջանաւարտները, փաստօրէն, վկայեցին որ չեն ընկրկիր դժուարութիւններու դիմաց: Պատերազմի դառն տարիները չխամրեցուցին անոնց ձգտումները: Անոնք մեծ յոյսերով աշխատեցան, սորվեցան, մաքառեցան, իրենց լաւագոյնը ի գործ դրին երկրորդականի վկայականը ստանալու ու բարձրագոյն ուսման ուղղուելու համար:

Անոնք քաջ գիտէին, որ 21-րդ դարը ճարտարագիտութեան դար է, մասնագիտացման դար է: Ըստայնմ տքնեցան, սորվեցան:

Մեծ էր դերը հայկական վարժարաններուն, որոնք երկրի ընդհանուր պատկերին մէջ լաւագոյն վարժարաններ կը համարուին իրենց կրթադաստիարակչական ծրագիրներով, որքան ալ որ ներքին դժուարութիւններ եւ տարուէ-տարի նորարարութեանց ներմուծման կարիք ունենան:

Այս բոլորով հանդերձ, շրջանաւարտներու մեծամասնութեան մօտ կը շօշափենք մասնագիտութեան ընտրութեան դժուարութիւն, որոշ համեմատութեան մը մօտ նաեւ անորոշութիւն, մասնագիտական նախասիրութեան եւ ընծայուած առիթներու անհամապատասխանութիւն: Հարցը որոշ չափով կը ծագի այն պատճառով, որ սուրիական կրթական համակարգին մէջ տակաւին կը գործէ պաքալորիայի գնահատանիշին հիման վրայ համալսարանի որեւէ ճիւղ ընդունուելու պայմանը: Սա որոշ չափով կը սահմանափակէ շրջանաւարտներուն ընտրութիւնը, որովհետեւ քանի մը նիշ կորսնցուցած ըլլալով, որեւէ շրջանաւարտ կրնայ առիթ չունենալ իր նախասիրած մասնագիտութիւնը ընտրելու: Սուրիոյ Կրթութեան նախարարութիւնը այս հարցը կը փորձէ աստիճանաբար լուծել՝ որոշ համալսարաններու պարագային մուտքի քննութեան առիթներ ընծայելով ուսանողներուն, երկրորդական վարժարաններէն ներս գնահատանքի չափանիշները վերատեսութեան ենթարկելով եւ այլն:

Այսուհանդերձ համալսարան ընդունուելու այս ձեւը պատճառ կը դառնայ, որ կարգ մը աշակերտներ ընտրեն կարելին, ոչ թէ փափաքելին:

Հարցին մէկ այլ երեսը այն է նաեւ, որ երկրորդականի շրջանաւարտները լաւապէս ծանօթացած չեն ըլլար Սուրիոյ համալսարաններու տարբեր ճիւղերուն, անոնց նիւթերուն, տուեալ համալսարանը աւարտելէ ետք աշխատանքի հաւանական ասպարէզներուն: Որոշ շրջանաւարտներ պատկերացում ալ չեն ունենար, թէ բարձրագոյն ուսման որեւէ ճիւղ ընտրելով ինչպիսի՞ դեր պիտի ստանձնեն իրենց անհատական թէ հաւաքական կեանքի վերելքին համար: Այս յստակեցումները կարեւոր են յատկապէս պատանեկան տարիքէն երիտասարդական տարիք թեւակոխող աշակերտներուն համար:

Կայ այլ յոռի երեւոյթ մը եւս, որ կ՚ազդէ մասնագիտական ճիւղի ընտրութեան վրայ: Այդ ալ ընկերային միջավայրին արժեւորումն է որոշ մասնագիտութիւններու, ինչ որ երբեմն անձը կը մղէ այդ միջավայրին տուրք տալու նկատառումով կատարելու իր ընտրութիւնը:

Մեր ընկերութիւնը, ցաւօք, երբեմն համալսարան ընդունուելու նիշին հիման վրայ կ՚արժեւորէ որեւէ մասնագիտութիւն, առանց նկատի առնելու, որ յաջող աշակերտը իր նախասիրած մասնագիտութեան մէջ կրնայ յառաջադէմ ըլլալ ու ստեղծագործել:

Այս բոլոր հարցերը կարելի է յաղթահարել, եթէ երկրորդականի առաջին իսկ կարգերէն մեր աշակերտներուն պարզաբանումներ տրուին, համալսարաններու դասախօսներ հրաւիրուին, աշակերտներուն համար յստակ դառնան իւրաքանչիւր մասնագիտութեան աշխատանքի կարելիութիւններն ու պայմանները, եւ ըստայնմ, իրենց վկայականները անհատական թէ հաւաքական կեանքին ծառայեցնելու համոզումով ընտրութիւն կատարեն անոնք: Այս պարագային միայն մեր աշակերտները պիտի կարենան իրենց նախասիրութեան, կարողութիւններուն եւ տեսիլքին մէկտեղումով աւարտել երկրորդականը ու մասնագիտական ճիշդ ընտրութիւն կատարել, առանց տուրք տալու պայմաններուն եւ միջավայրին:

Սուրիական համալսարանները վերջին տարիներուն ճիւղաւորուած են տարբեր մասնագիտութիւններով, յագուրդ կու տան ուսումնատենչ մեր շրջանաւարտներուն եւ անոնց դիմաց կը բանան բարձրորակ մասնագիտացման այլազան ուղիներ:

Կրթական հաստատութիւններուն եւ ծնողներուն պարտքն է, ուրեմն, ուղղութիւն տալ աշակերտներուն: Երիտասարդ այս հունձքերուն վստահուած է վերջապէս մեր համայնքի բարեկարգման ապագան: Ազգային կեանքի մէկէ աւելի ոլորտներ մասնագիտացած մարդուժի կարիք ունին, ունի՞նք սակայն այդ մարդուժի պատրաստութեան նպաստելու եւ ըստայնմ անոր ներդրումէն օգտուելու ծրագիր եւ ռազմավարութիւն…:

Խմբագրական «Գանձասար»ի

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2019