ՓՈՔՐԻԿ ՊԱՏԱՀԱՐ ՄԸ
Ինծի համար փոքրիկ չէր պատահարը, բայց աշխարհահռչակ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան համար՝ թերեւս:
Ժամանակէ մը ի վեր կը պայքարիմ այս հսկայ, տիտան ընկերութեան դէմ, որովհետեւ կ՚ուզէր իր Microsoft Office-ը ինծի վաճառել, որ 2-6 գրաւոր աշխատանքային «գրասենեակներ» կը պարունակէ, ներառեալ՝ Word, Excel, Power point եւ ուրիշներ, որոնց մեծամասնութեան կարիքը չունիմ: Գրելու այս աշխատանքային միջոցը, որոնցմով կը կարենայի մեծամասնօրէն հայերէն եւ մասամբ ալ անգլերէն լեզուներով յօդուածներ գրել համակարգիչիս վրայ եւ ուղարկել հրատարակութեան, կը փոխարինէ ձեռագիր գրութիւնը, որ շատերու համար աւելի հեշտութիւն մը կրնայ ըլլալ:
Պայքարս այս պարագային հետեւեալն էր: Մինչեւ «Windows 10» համակարգիչներու ստեղծումը, «Մայքրոսոֆթ» ընկերութիւնը այս աշխատանքային «գրասենեակը» առանց այլ եւ այլ պատճառաբանութիւններու հիմնականօրէն տրամադրած էր նախկին համակարգիչներուն մէջ, առանց նիւթական յաւելեալ պահանջներու:
Բայց, ինչպէս միշտ, ամէն անգամ որ նորանշանակ տնօրէն մը յանձն կ՚առնէ ընկերութեան մը ղեկավարութիւնը, կը ջանայ իր գործելաոճը, նպատակները, գաղափարները եւ ծրագիրները կիրարկել այդ ընկերութեան աշխատելաոճին մէջ, շատ հաւանաբար՝ «նորութեան» մը կամ առաւել շահոյթի նոր աղբիւրի մը հնարագիտութենէն մղուած:
«Windows 10»ի ստեղծումը իր ժամանակին, արդէն եղաւ խնդրայարոյց, թերութիւններով լի, բազմաթիւ անիմաստ պահանջքներով եւ անգործածելի տուեալներով կամ յաւելուածներով, մինչեւ ճշդում ու հարթում: Իսկ այդ բոլորը, շատ կարճ ժամանակի ընթացքին, սկսան կամաց-կամաց ծորիլ դէպի նիւթական պահանջներու շարաններու: Զարմանալի չէր անշուշտ, որ տարի մը ամբողջ, շարունակ, «Մայքրոսոֆթ»ը կը հրահրէր ու կը քաջալերէր ձրիօրէն տրամադրուած համակարգիչի այս «Windows 10» տարբերակը, յանուն յառաջդիմութեան եւ ժամանակակից արդիւնաբերութեան: Յաճախ կը զարմանամ. արդեօք յառաջդիմութիւնը կախեալ է բարդութեան, խրթին կերպերու կիրարկմա՞ն հետ, թէ՝ աւելի հեշտացման եւ դիւրութեան: Ահաւասիկ այսպէս եղաւ սա «Windows 10»ը: Բաւական ժամանակ չարչարանքով կը դիմակալէի համակարգիչը մինչեւ սորվիլս ու հաշտուիլս անոր ամենօրեայ փոփոխութիւններուն հետ, որ ինծի կը մատուցէր «update» անուան տակ: Մինչդեռ, արար աշխարհ տեղեակ էր այս նոր տարբերակին թերութիւններուն մասին:
Այժմ, երբ բաւական հաստատուած եւ կայունացած «Windows 10»ի, չորս տարի անց իր ստեղծումէն ի վեր, վարիչ տնօրէնութիւնը կը ջանայ իրենց «նորահնար գիտութիւնները» վաճառել, հակառակ անոր որ այդ բոլորը ժողովուրդին անվճար տրամադրուած էր համակարգիչի ստեղծումի առաջին օրէն սկսեալ:
Պայքարիս հիմնակէտը դարձաւ յօդուած մը, որ գրած էի համակարգիչիս մէջ, պահած եւ ապա ուղարկած հրատարակութեան: Որովհետեւ մերժած էի «Մայքրոսոֆթ»ին «գրասենեակ»ը գործածել, ուրեմն՝ որպէս «վրիժառութիւն», յօդուածս «save» չէր ըրած «Մայքրոսոֆթ»ը համակարգիչիս մէջ եւ փոխարէնը պարապ էջ մը ուղարկած եւ համակարգիչիս գրութեան ընթեռնելիութեան տարբերակ «գրասենեակ»ը անջատած: Բայց, շնորհիւ մեր նորելուկ հայ սերունդի արթնութեան եւ գիտութեան (երեւակայեցէ՛ք, բարեկամիս թոռը), կարողացաւ գտնել յօդուածս ի հեճուկս այդ «ամբարտաւան» «Մայքրոսոֆթ»ին:
Ունիմ նաեւ հրաշագործ եղբօրորդի մը, որ զիս ձերբազատեց այդ տաղտուկէն, աւելի գործունեայ եւ հեշտ «գրասենեակ» մը գտնելով համակարգիչիս համար:
Հարցը նիւթականը չէ. պարզապէս՝ շահարկումի զոհ չդառնալն է: Չե՞ն բաւեր այս ժողովուրդին վրայ բեռցուած տուրքերը եւ մեծամեծ ընկերութիւններու կեղեքման միջոցները: Ո՞ւր մնացին արդարութիւն, ժողովրդավարութիւն, իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ այլ հռետորական լոզունգներու գործադրութիւն:
Կամ՝ նիւթականի այնքա՜ն կարօ՞տ է արդեօք «Մայքրոսոֆթ»ը այսպիսի ճղճիմ ու գձուձ հաշիւներու մէջ մտնելու համար:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
«Նոր Օր», Լոս Անճելըս