ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

500 ՏՈԼԱՐՆՈՑ ԽՆՁՈՐԸ…

Ոմանք պիտի կարծեն, թէ խնդրոյ առարկայ խնձորը ոսկիէ կամ թանկարժէք իրէ մը պատրաստուած է։ Անոնք բոլորովին կը սխալին, երբ կարդալով իրազեկ դառնան իրականութեան։

Քոլորատօ նահանգի բնակիչներէն Քրիսթըլ Թետլաք Փարիզ կատարած ճամբորդութենէն կը վերադառնար տուն, երբ աներեւակայելի դէպքի մը դէմ յանդիման գտնուեցաւ։

«Տելթա» ճամբորդական ընկերութեան պատկանող օդանաւի սպասեակներէն մին Քոլորատոյի օդակայանը չհասած խնձոր մը կը հրամցնէ մեր ճամբորդին։ Քրիսթըլ՝ կուշտ եմ ըսելով, խնձորը կը զետեղէ իր պայուսակին մէջ։ Եւ ահա կը սկսի Քրիսթըլի ահարկու ճգնաժամը։ Հիմա, թոյլ տուէք բացատրեմ։

Մենք գիտենք, թէ արտասահմանէն՝ կանաչեղէն կամ պտուղ արգիլուած է ներածել։ Նոյն օրէնքը ի զօրու է՝ Նեւատայէն կամ ուրիշ նահանգէ մը Գալիֆորնիա մուտք գործողներուն համար։ Սա՝ հիւանդութիւններու տարածումը կանխարգիլելու միջոց մըն է, որ պետութիւնը օրէնքի կարգի անցուցած է։

Երբ Քրիսթըլ ապահովութեան գօտիէն անցնելէ ետք, մաքսատան պաշտօնեային կը ներկայանայ, պաշտօնեան պայուսակը բանալ կու տայ եւ կը տեսնէ կարմիր խնձորը։ Եւ կը սկսի հարցաքննութիւնը…։ Արդիւնք՝ պաշտօնեան 500 տոլարի տուգանք մը կը սահմանէ խեղճ աղջկան, որովհետեւ արգիլեալ պտուղը «կը ներածէր» ան։

Աղջկան բացատրութիւնը, թէ օդանաւի սպասեակը տուած էր իրեն… բազում աղմուկ վասն ոչինչի կը դառնայ, եւ անզիջող պաշտօնեան հաստատ կը մնայ իր որոշումին վրայ։ Առ քեզի նրբացուցիչ դէպք յանցանաց…

ԼԱՑԻ ՊԱՀԱՐԱ՞Ն…

Լացի պատը գիտենք, որ հրեաներու համար սրբութիւն է, որովհետեւ ան Սողոմոնի տաճարէն միակ կանգուն մնացած մասն է, որ կը գտնուի Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ։

Սակայն Լացի պահարանը (cry closet) մեզի համար նորութիւն է եւ թէեւ անհեթեթ կը թուի ըլլալ, բայց կարծես հոգեբանական թաքուն ճշմարտութիւն մը կայ ետին՝ որ կ՚արդարացնէ իր գոյութիւնը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Ուրեմն, Եութա նահանգի Սոլթ Լէյք քաղաքի պետական համալսարանի գրադարանին մէջ զետեղուած է 180 քիլօկրամ կշռող պահարան մը (տեսնել նկարը), որ կը ծառայէ աշակերտներու մեկուսացման։ Անոնք, տասը վայրկեան ժամկէտով, կրնան առանձնանալ հոն եւ լալ, իրենց քննութիւններուն առթաց ճնշումը թեթեւցնելու համար։

Ամերիկայի մէջ ոմանք իրենց գործին պատճառած ճնշումը փարատելու համար, մարզարաններ կ՚երթան եւ հոն բռունցքով՝ առաստաղէն կախուած գնդակի մը հետ կը մարտին, իրենց ներսի կուտակուած մաղձը թափելու համար։

Այս վերջին տարբերակը աւելի ճիշդ է, քան տուն երթալով կնիկ կամ զաւակ ծեծելը, չէ՞ք խոհիր…

Վերադառնալով մեր «լացի պահարան»ին, ըսեմ թէ իւրաքանչիւր աշակերտին կը տրամադրուի միայն տասը վայրկեան, որպէսզի բոլորին մատչելի դառնայ ան։ Իսկ պահարանը ներսէն ծածկուած է փափուկ կերպասով մը եւ օժտուած է խաղալիքներով եւ խաղի կենդանիներով (stuffed animals), որոնք կը ծառայեն մեղմացնելու ուսանողին թախիծը…

Աւելի՛ն, գրադարանապետը կը զգուշացնէ ուսանողները, որ եթէ պիտի գործածեն «լացի պահարան»ը, պարտին դուռը թակել՝ մտնելէ առաջ, որպէսզի վստահ ըլլան, թէ ներսը մէկը չկայ…

Առ այժմ, այդ պահարանը պիտի մնայ գրադարանին մէջ՝ մինչեւ որ աշակերտական քննութիւնները աւարտին…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Նոր Օր», Լոս Անճելըս

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2018