ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄ ՄԻՆՉԵՒ ՆՈՅԵՄԲԵՐ

Աւելի քան յստակ կը դառնայ, որ օրեր առաջ Պրիւքսելի մէջ կայացած եւ իր տեսակին մէջ այս տարուան երրորդը համարուող Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը պարզապէս միտում մը ունէր՝ երկարաձգելու այսօրուան դրութիւնը։ Այլ խօսքով, ոչ մէկ յառաջխաղացք Հայաստանի գերիներու հարցով, սահմանազատան հարցով կամ նոյնիսկ՝ Հայաստանի համար ամենաբարդ օրակարգը համարուող խաղաղութեան վերջնական պայմանագրի խմբագրման հարցով։

Բնականաբար, վարկած մը կայ, որ Ատրպէյճանի կողմէ վերջին շաբաթներուն երեւելի դարձած փութկոտութիւնը, ռազմական «միքրօ» գործողութիւնը, ապա «անսպասելիօրէն» Լաչինի միջանցքի փակումը, հայկական երեք բնակավայրերու՝ Բերձորի, Աղաւնոյի ու Սուսի դատարկումը, Ատրպէյճանին յանձնումը որոշ չափով եւ ինչ-որ տեղ կապ ունէին Ռուսաստանի «ապրած իրավիճակին», Ուքրայնայի պատերազմի բռնկումին հետ։ Կա՛յ այս վարկածը, սակայն ասկէ աւելի մտահոգիչ է, որ հայկական օրակարգը իբրեւ թէ իրենց ձեռքը պահած Հայաստանի անճարակ իշխանութիւնները հերթական անգամ ամբողջ աշխարհին ցոյց կու տան, որ իրենք որեւէ որոշիչ դեր չունին այս բոլորին մէջ եւ ընդհակառակն՝ յայտնուած են «անկոչ հիւր»ի կարգավիճակով։

«Կը տարուին» ուր որ զիրենք կը տանին քաղաքական-ապահովական փոթորիկը կամ փոթորիկները եւ «կը բերուին» հոն, ուր զիրենք ետ բերողները կը կամենան։ Մարգարէ ըլլալու կարիք չկայ այս բոլորը նկատելու համար։ Ընդամէնը օրեր առաջ, Պրիւքսելի հանդիպման ժամանակ Ալիեւ ինքնավստահ էր, ինչպէս միշտ, իսկ Փաշինեան «կոտրուած» եւ ամենակարեւորը՝ կացութենէն անտեղեակ։

Այս բոլորի կողքին, անշուշտ, գոյութիւն ունին Ռուսաստան-Եւրոպա եւ Ռուսաստան-Ատրպէյճան ու Թուրքիա մեծ շահերու պայքարները, որոնք կը տարուին յաճախ տեսանելի թեքստերով եւ արտայայտութիւններով ու որոնք շատ հաւանաբար արձանագրեն Հարաւային Կովկասի ապագային վերաբերեալ կարգ մը կարեւոր եւ որոշիչ եզրոյթներ։

Ի դէպ, Կովկասի զարգացումներուն վերաբերեալ միշտ ալ առանցքային տեղ տրուած է «Քոմերսանթ» ռուսական թերթին մէջ։ Օրերս, առհասարակ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան ու մասնաւորապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սկսած գործընթացներուն մասին ան հրապարակած է ուշագրաւ յօդուած մը, որով մանրամասնօրէն ամփոփուած են վերջին համապատասխան բոլոր իրադարձութիւնները։ Մասնաւորապէս ընդգծուած է, որ հակառակ Մոսկուայի միջնորդութեամբ աւելի կանուխ ձեռք բերուած եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու կատարման ուղղեալ աշխատանքին՝ այնուամենայնիւ, Պաքու եւ Երեւան հետզհետէ աւելի կարիքը կը զգան բանակցութիւնները շարունակելու Պրիւքսելի հարթակին վրայ։

Ռուսական թերթի վերլուծութեան մէջ, ըստ էութեան, հարց տրուած է, թէ խաղաղութեան ճանապարհ կա՞յ։ Իր հերթին, Ատրպէյճան դժգոհ է 9 նոյեմբեր 2020-ի պայմանաւորուածութիւններու կատարման ձգձգումէն: «Քոմերսանթ»ի զրուցակիցները Երեւանէն կը խոստովանին, թէ Մոսկուայի եւ Պրիւքսելի բանակցութիւններու նոր փուլի նախօրէին իրավիճակը Հայաստանին ի նպաստ չէ։ Քաղաքագէտ Բենիամին Պօղոսեան նշած է, որ Հայաստանի համար կացութիւնը երթալով կը բարդանայ։ Եւրոմիութիւնն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որոնք յաւակնութիւններ ունին միջնորդ ըլլալու, կ՚ապաւինին հիմնախնդրի լուծման, ինչ որ կրնայ յանգեցնել 2025-ի նոյեմբերէն յետոյ Ռուսաստանի խաղաղապահներու Լեռնային Ղարաբաղէն դուրս գալուն: «Ուստի, Եւրոմիութիւնը շահագրգռուած է, որ Երեւանն ու Պաքուն Պրիւքսելի բանակցութիւններով պայմանաւորուին՝ Ատրպէյճանի կազմին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար կարգավիճակին շուրջ, որպէսզի աւելի վերջ իրական բանակցութիւններ սկսին այդ ինքնավարութեան սահմաններուն շուրջ», համոզուած է Պօղոսեան։

Իր կարգին, Ռուսաստան-Ատրպէյճան փորձագիտական խորհուրդի համանախագահ Ֆարիտ Շաֆիեւ հաստատած է, որ Պրիւքսելի բանակցութիւններուն մէջ Պաքուի առաջնահերթութիւնն է Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի հարցը։ «Ռուսական փորձագիտական շրջանակները կը ջանան հասկնալ, թէ ինչո՞ւ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Պրիւքսելի մէջ բանակցութիւններու համար այլընտրանքային հարթակ բացին՝ մինչ արդէն կար Ռուսաստանի ուղղութիւնը։ Նախ՝ Պրիւքսելի բանակցութիւնները չեն նշանակեր, որ Ռուսաստանի հարթակը ի չիք կը դառնայ։ Երկրորդ՝ Եւրոմիութիւնը երկու երկիրներուն ալ կ՚առաջարկէ յստակ տնտեսական աջակցութիւն։ Մասնաւորապէս Հայաստան մեծ յոյսեր դրած է այդ ներդրումներուն վրայ։ Երրորդ՝ հակառակ 11 յունուար 2021-ի փաստաթուղթին տակ Ռուսաստանի նախագահին ստորագրութեան՝ Հայաստան վերջին մէկ տարուան ընթացքին կը ձգձգէր Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններէն դէպի Նախիջեւան հաղորդակցութիւններու բացման գործընթացը, ինչ որ նախատեսուած էր 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտով: Պաքու հիասթափուած է յառաջընթացի բացակայութենէն։ Սա եւս պատճառ մըն էր, որ բանակցային ուղին գործարկուէր Պրիւքսելի մէջ», եզրափակած է վերլուծաբանը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2022