ՍՆԱՆԿԱՑԱԾ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐ
Մէկ տարիէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածութեան պայքարը կը շարունակուի հեռատեսիլի եւ լրատուական զանազան միջոցներու պաստառներուն եւ էջերուն վրայ, զգաստ պահելով ամերիկացին եւ նաեւ մեզ, հայերս։ Չեմ գիտեր ինչո՞ւ մեզ, պարզ ու ռամիկ հայերս, որովհետեւ ոչ մէկ ամերիկացի նախագահ առանձնայատուկ գործ նուիրած է հայերուն, բացի խոստումներէ։ Բայց եւ այնպէս, որպէս ամերիկեան քաղաքացիներ, կը հետեւինք լուրերուն, մէկս հանրապետական, միւսս դեմոկրատ, յաճախ զիրար այպանելով կամ յանդիմանելով եւ վերջապէս վիճաբանելով կամ՝ կռուելով։ Բայց մեզի ի՞նչ տարբերութիւն, այնքա՞ն ալ առաջնահերթ է այս նիւթը աւելի քան մեր հայրենիքին լուրերը եւ այնտեղի զարգացումները։ Սակայն, այստեղ կրկին կը հակակշռէ մեր միտքին մէջ ամերիկեան քաղաքացիութեան պատկանելիութիւնը, ուր կ՚ապրինք եւ շատ հաւանաբար, ուղղակի կամ անուղղակիօրէն ազդեցութիւն ունենայ մեր կեանքի ընթացքին վրայ։ Ուստի, պահ մը քննարկենք նախագահական երկու թեկնածուներուն անհատական, բարոյական, քաղաքական, ղեկավարման եւ այլ կարողութիւնները, որմէ ետք եթէ յաջողինք, կը կարենանք գաղափար մը կազմել իրենց արժանիքներուն մասին։ Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածուն՝ Հիլըրի Քլինթընը, նախկին առաջին տիկինն է՝ իր ամուսնոյն Պիլ Քլինթընի նախագահութեան ժամանակաշրջանին (1993-2001), նախկին արտաքին գործոց նախարար՝ 2009-2013 եւ Նիւ Եորքի շրջանի ներկայացուցիչ, որ այժմ կը պայքարի հանրապետական թեկնածու, ազատ գործարար եւ մեծահարուստ միլիառատէր Տանըլտ Թրամփի դէմ, ԱՄՆ-ի նախագահական պաշտօնին համար։
Ընթերցողին ներողամտութիւնը պիտի հայցեմ, եթէ զինք վիրաւորած ըլլամ ներքոյիշեալ տուեալներովս, որոնք յերիւրուած չեն, եւ ոչ ալ իմ անհատական կարծիքն են։ Սոյն տուեալները քաղուած են գրաւոր մամուլէն, արխիւներէ եւ տեսաժապաւէններէ։
Տիկին Քլինթըն ունեցած է քաղաքական հարուստ փորձառութիւն։ Ան Արքընսաս նահանգին մէջ, 1975 թուականէն սկսեալ զբաղած է իրաւաբանական ապա՝ քաղաքական գործունէութիւններով, իր ամուսնոյն, Պիլ Քլինթընի հետ, եւ մինչեւ այսօր։ Ունի զօրաւոր անհատականութիւն շրջապատին եւ իր ընտանիքին հանդէպ։ Ունի հարուստ փորձառութիւն քաղաքական մարզերուն մէջ, հակառակ ամուսնոյն գարտուղի արկածախնդրութիւններուն։ Պարագայ մը, որ յաճախ զինք մատնած է անել պարագաներու։ Իր «առաջին տիկին»ի տարիներուն, եղած է ամուսնոյն ուղղորդը կարգ մը հակասական հարցերու մէջ, որոնցմէ նշանաւորներէն եղած են Foster Care-ը, Adoption-ը, կարգ մը նախագահական ներումներ եւ դատական հարցեր։ Իսկ մինչեւ իր արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնին աւարտը, ան ունեցած է հակասական այլ հարցեր, ինչպէս՝ Աֆղանիստանի եւ Իրաքի ներխուժման, Արաբական Գարնան, Լիպիոյ գայթակղութեան եւ Իրանի հիւլէական ուժի կանխարգիլման հարցերը, մինչեւ իր նախագահական թեկնածութեան արշաւը։ Իր ամուսնոյն հետ ունին «Քլինթըն Ֆաունտէյշըն»ը, որ ըստ յայտարարութիւններուն, կը ծառայէ բարեսիրական նպատակներու։ Դեմոկրատական համագումարէն ետք փսփսուքներ տարածուած են անոր առողջական վիճակին վերաբերեալ, որոնք հանրապետականներուն խծբծանքին առարկայ դարձած են։
Կը պաշտպանէ միասեռական կազմակերպութիւնը, կիներու իրաւունքները, ժողովրդային առողջապահական ապահովութիւնը, ծնողական արձակուրդը, համաշխարհային նախադպրոցական ձրի հոգատարութիւնը, կողմնակից է համաշխարհայնացման, կը խոստանայ հաւասարութիւն եւ օգնութիւն ընծայել փոքրամասնութիւններուն եւ ներգաղթողներուն, քուէարկութեան նուիրատուութիւններու սահմանում, Նիւ Եորքի սակարանի վերակարգաւորում եւ ունի նաեւ այլ ծրագիրներ։
Տանըլտ Թրամփ, հանրապետական թեկնածուն, չունի որեւէ քաղաքական փորձառութիւն։ Ան իր հօրմէն ժառանգած է կալուածային եւ շինարարական հաստատութիւնը, որ իր հմտութեամբ զարգացնելով զայն, դարձած է աշխարհի մեծահարուստ 400 միլիառատէրերէն մին։ Ան նշանաւոր դարձած է Էն.Պի.Սի. հեռատեսիլի կայանի եթերէն իր յայտագիրով եւ համաշխարհային գետնի վրայ կը վայելէ հմուտ գործարարի տիտղոս, հակառակ ճարպիկ միջոցներով ձերբազատուելով պարտատէրերէ։ Իր նախագահական օրակարգը անզուսպ եւ համարձակ կերպով կը ներկայացնէ առանց որեւէ զղջումի կամ նկատումի։ Կը սպառնայ պատ հիւսել Մեքսիկայի եւ ԱՄՆ-ի սահմանի երկայնքին, երկրէն վանել բոլոր անօրէն քաղաքացիները, արգիլել ֆանաթիք իսլամներու մուտքը, կ՚առաջարկէ հսկողութիւն բանեցնել բոլոր մզկիթներուն վրայ, հակառակ է NAFTA-ի եւ TPP-ի, առեւտրական համաձայնագրեր, որոնք իրենց ակնկալուած արդիւնքը չեն տուած, կ՚առաջարկէ դադրեցնել գաղթականաց հոսքը այն երկիրներէն, որոնք սպառնալիք են Ամերիկայի։ Վերանայիլ գաղթականութեան եւ առողջապահական օրէնքներուն, կարգ մը երկիրներու հետ առեւտրային համաձայնութիւններ եւ այլ ծրագիրներ, որոնք արդէն գայթակղեցուցած են իր հակառակորդները եւ ոտքի հանած բնիկ եւ «ճերմակ» ամերիկացին։
Թրամփ տակաւին չունի համայն հանրապետական կուսակցութեան նեցուկը մինչեւ այսօր, հակառակ Քլինթընին, որ կը վայելէ դեմոկրատներուն նեցուկը կարգ մը աննշան թերացումներով։
Աշխարհի հզօրագոյն պետութիւնը, այսօր աշխարհին կը ներկայանայ վերոյիշեալ երկու թեկնածուներով։ Մէկը միւսը ստորնացնելով եւ զանազան գոյնզգոյն մակդիրներով եւ ածականներով զիրար այպանելով, այս երկու թեկնածուներէն մէկը պիտի դառնայ Ամերիկայի յաջորդ նախագահը։
Ուրիշ մէկը չկա՞ր։
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
«Նոր Օր», Լոս Անճելըս