Գարեգին ԵպսԿ. Սրուանձտեանց

17 Նո­յեմ­բե­րին, 176 տա­րի ա­ռաջ ծնած է եւ նոյն­պէս Նո­յեմ­բե­րի 17-ի օ­րը, 124 տա­րի ա­ռաջ, վախ­ճա­նած է հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծար­ժէք զա­ւակ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ իր բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճած ե­րախ­տա­շատ այս հո­գե­ւո­րա­կա­նը՝ ­Գա­րե­գին Ե­պիս­կո­պոս Ս­­րո­ւանձ­տեան­ց (1840-1892)։

­Բա­նա­սէր ու բա­նա­հա­ւաք՝ Ս­­րո­ւանձ­տեանց կո­րուս­տէ փրկած է հայ հո­գեմտա­ւոր հարս­տու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի գո­հար­ներ՝ ողջ ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հը շրջե­լով եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի շրթնե­րէն լսե­լով ու ար­ձա­նագ­րե­լով սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցո­ւած ու բա­նա­ւոր պահ­պա­նո­ւած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Ար­ձա­կա­գիր ու շնոր­հա­լի գրող՝ Գա­րե­գին Ս­­րո­ւանձ­տեանց իր բա­նաս­տեղ­ծա­կան շուն­չով եւ ­Վա­նի բար­բա­ռով հա­մե­մո­ւած գե­ղեց­կա­գոյն աշ­խար­հա­բա­րով՝ 1870-ա­կան­նե­րուն եւ 1880-ա­կան­նե­րուն գրա­ւեց հա­յոց գրա­կան ան­դաս­տա­նը։ ­Հայ­րե­նի հողն ու ջու­րը, ի­րենց հա­րա­զատ ջեր­մու­թեամբ, ինչ­պէս եւ հայ շի­նա­կանն ու աշ­խա­տա­ւո­րը, ի­րենց տոհ­մա­կան կեն­ցա­ղով ու ար­ժէք­նե­րով, ու­րա­խու­թիւն­նե­րով ու տա­ռա­պան­քով, հպար­տու­թեամբ ու ա­զա­տու­թեան տեն­չով լե­զու ա­ռին եւ գիր ու գրա­կա­նու­թիւն դար­ձան Ս­­րուանձ­տեան­­ցի գոր­ծե­րով։

Անձն­դիր հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ՝ Սրո­ւանձ­տեանց ոչ միայն հո­գե­ւո­րա­կա­նի իր բո­լո­րա­նո­ւէր ու ան­բա­սիր ծա­ռա­յու­թեամբ, այ­լեւ՝ իբ­րեւ ու­սու­ցի­չի եւ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան տա­րա­ծի­չ հան­դի­սա­ցաւ։

Ծ­­նած է ­Վան եւ հա­զիւ պա­տա­նի՝ մտած է ­Վա­րա­գայ վանք, ­Ժա­ռան­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­նին մէջ ա­շա­կեր­տե­լով Խ­­րի­մեան ­Հայ­րի­կին, ո­րուն ար­ժա­նա­ւոր գոր­ծա­կիցն ու գա­ղա­փա­րա­կի­ցը ե­ղաւ հե­տա­գա­յին, իր ամ­բողջ կեան­քի եւ ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին։

Գա­րե­գին Ե­պիս­կո­պոս Ս­­րո­ւանձ­տեան­ցի գրա­կան եւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան ա­ռա­ջին գոր­ծերն ու յօ­դո­ւած­նե­րը լոյս տե­սան Խ­­րի­մեա­նի «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կա­նի» հան­դէ­սին մէջ, ո­րուն խմբագ­րի տե­ղա­կա­լի պաշ­տօ­նը վա­րեց իր ու­սու­ցի­չի կող­քին։ Իսկ երբ 1860-ա­կան­նե­րուն Խ­­րի­մեան ան­ցաւ Մ­­շոյ ­Սուրբ ­Կա­րա­պետ վան­քը, ­Գա­րե­գին Ս­­րո­ւանձ­տեանց դար­ձեալ կանգ­նե­ցաւ ա­նոր կող­քին՝ «Ար­ծո­ւիկ ­Տա­րօ­նոյ» թեր­թի խմբագ­րու­թեան եւ վան­քի մէջ ու­սուց­չու­թեան նո­ւի­րո­ւե­լով։

Նոյն տա­րի­նե­րուն, երբ Խ­­րի­մեան Հայ­րիկ իբ­րեւ նո­ւի­րակ շրջե­ցաւ ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հի ողջ տա­րած­քը, Ս­­րո­ւանձ­տեանց ա­նոր ան­բա­ժան ըն­կե­րա­կի­ցը ե­ղաւ եւ մեծ պաշ­տա­մուն­քով հա­ւա­քեց մեր ժո­ղո­վուր­դին պահ­պա­նած բա­նա­ւոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, նաեւ՝ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ հայ­րե­նի բնաշ­խար­հին եւ պարզ ու մեծ մեր ժո­ղո­վուր­դի կեն­ցա­ղին, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ հա­ւա­տամ­քին։

Այդ շրջա­նի իր գրա­ռում­նե­րով՝ Գա­րե­գին Ե­պիս­կո­պոս Ս­­րո­ւանձ­տեանց հան-­դէս ե­կաւ ժա­մա­նա­կի Պոլ­սոյ, ­Թիֆ­լի­զի եւ Զ­­միւռ­նիո­յ հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն («Մա­սիս», «Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­մուլ», «Կռունկ ­Հա­յոց Աշ­խար­հին», «­Մե­ղու ­Հա­յաս­տա­նի» ե­ւայլն)։

Ս­րո­ւանձ­տեանց, դեռ կու­սակ­րօն չդար­ձած, կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րուն մէջ ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու հիմ­նու­մին մէջ։ 1866-ին լոյս ըն­ծա­յեց հա­յե­րէ­նի «­Նոր Ըն­թեր­ցա­րան» դա­սա­գիր­քը, որ մին­չեւ 1880-ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րը օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու կող­մէ։

1867-ին, ­Կար­նոյ մէջ, վար­դա­պետ ձեռ-­նադ­րո­ւե­ցաւ եւ իբ­րեւ ազ­գա­յին-յա­ռա­ջա­դէմ գա­ղա­փար­նե­րով տո­գո­րո­ւած ու մտա­ւո­րա­կան հա­րուստ պա­շա­րի տէր ե­րի­տա­սարդ հո­գե­ւո­րա­կան՝ քա­րո­զի­չի ա­ռա­քե­լու­թեամբ շրջե­ցաւ ու գոր­ծեց ­Վա­նի, ­Մու­շի եւ ­Կար­նոյ մէջ։ 1872-ին, Վա­նի մէջ իր ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նին, Ս­­րո­ւանձ­տեանց հիմ­նա­դիր մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ «­Միու­թիւն ի փրկու­թիւն» ա­նու­նով խմբա­կի ստեղծ­ման։

Գա­րե­գին Ս­­րո­ւանձ­տեան­ցի ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան եւ գրա­կան-բա­նա­հա­ւաք­ման գոր­ծու­նէու­թիւ­նը մեծ ոս­տում ար­ձա­նագ­րեց 1878-ին, երբ իբ­րեւ յա­տուկ նո­ւի­րակ շրջե­ցաւ հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րը՝ ազ­գաբ­նակ­չու­թեան վի­ճա­կագ­րա­կան ճշգրիտ պատ­կե­րը կազ­մե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ։

Կար­ճա­տեւ կեանք վի­ճա­կո­ւե­ցաւ Գա­րե­գին Ե­պիս­կո­պոս Ս­­րո­ւանձ­տեան­ցին։ 52 տա­րե­կա­նին բա­բա­խե­լէ առ­յա­ւէտ դադ­րե­ցաւ սիր­տը ­Մեծ ­Հա­յուն, որ իր ջա­նա­սի­րու­թեամբ եւ անձ­նո­ւի­րու­մով՝ կեան­քի այդ կարճ ժա­մա­նա­կը բազ­մա­պա­տիկ ա­ւե­լիով ի­մաս­տա­ւո­րեց ու ար­դիւ­նա­ւո­րեց։

Գ­­րա­կան-բա­նա­սի­րա­կան իր վաս­տա­կը հա­ւա­քո­ւած է «­Մա­նա­նա», «­Հա­մով-­Հո­տով», «Գ­­րոց-Բ­­րոց», «­Թո­րոս Աղ­բար», «Հ­­նոց-­Նո­րոց» եւ այլ ա­նուն­նե­րով տաս­նեա­կա­ւոր հա­տոր­նե­րու մէջ։

Ս­­րո­ւանձ­տեանց մե­ծար­ժէք ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­նա­ւոր պահ­պա­նած ազ­գա­յին մեծ դիւ­ցազ­նա­վէ­պը՝ «­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թը» գրի առ­նե­լու եւ կո­րուս­տէ փրկե­լու գոր­ծին մէջ։

Ի­րեն կը պատ­կա­նի դիւ­ցազ­նա­վէ­պի ա­ռա­ջին գրա­ւոր տար­բե­րա­կին մշա­կու­մը՝ «Մ­­հե­րի ­Դուռ» խո­րագ­րով, որ հե­տա­գայ 170-է ա­ւե­լի գրա­ռում­նե­րու շար­քին աչ­քի կը զար­նէ իր հա­յե­րէ­նի հա­րա­զատ մշա­կո­ւա­ծու­թեամբ ու մեր ժո­ղո­վուր­դի սրտէն բխող բա­նաս­տեղ­ծա­կան շուն­չով։

Թէ՛ իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն եւ թէ հե­տա­գայ քննա­դատ­նե­րու վկա­յու­թեամբ, ­Գա­րե­գին Ս­­րուանձ­տեանց իր ա­նու­նին կա­պեց կո­թո­ղա­կան ժա­ռան­գու­թիւն, որ ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձաւ 19-րդ ­դա­րա­վեր­ջի հայ գրող­նե­րուն հա­մար։

Իր­մով նոր դա­րաշր­ջան բա­ցո­ւե­ցաւ աշ­խար­հա­բա­րի եւ գրա­կան աշ­խար­հա­յեաց­քի հա­յաց­ման ա­ռու­մով։ Ե­թէ մինչ այդ եւ­րո­պա­կա­նաց­ման ճի­գը տի­րա­կան էր թէ՛ հա­յե­րէ­նի մշակ­ման եւ թէ ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան ապ­րում­նե­րու գե­ղա­րո­ւես­տա­կա­նաց­ման մէջ, Ս­­րո­ւանձ­տեան­ցով սկսաւ հայ­րե­նի հո­ղին ու մար­դուն հա­րա­զա­տու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու մօ­տե­ցու­մը, ո­րուն ար­գա­սի­քը ե­ղան հայ գե­ղա­պաշտ գրա­կա­նու­թեան հե­տա­գայ նո­ւա­ճում­նե­րը։

Նո­յեմ­բեր 17-ին հայ ժո­ղո­վուր­դը կ՚ո­գե­կո­չէ իր հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան շնչա­ւոր «հան­րա­գի­տա­րան»ին՝ ­Գա­րե­գին Եպսկ. Ս­­րո­ւանձ­տեանց օրհ­նեալ ա­նու­նով ան­մահ հա­յու ծննդեան տա­րե­դարձն ու վախ­ճան­ման տա­րե­լի­ցը։ Այս սիւ­նա­կը նեղ կու գայ ­Մեծ ­Հա­յու վաս­տա­կին նոյ­նիսկ սոսկ թւու­մը ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն կա­տա­րե­լու հա­մար։

Հայ­կա­կան ա­ռակ­ներն ու ա­ռած­նե­րը, հե­քիաթ­ներն ու դիւ­ցազ­նա­պա­տում­նե­րը, ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գերն ու տեն­չե­րը Ս­­րո­ւանձ­տեանց քա­ղեց իր ժո­ղո­վուր­դին շրթնե­րէն, իր սրտին ու մտքին հնո­ցով մշա­կեց եւ յղկեց զա­նոնք եւ, ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը, հա­րա­զա­տօ­րէն ժա­ռանգ յանձ­նեց մեր սե­րունդ­նե­րուն։

Ս­­րո­ւանձ­տեան­ցի պատ­գա­մով՝
 «­Մարդ պէտք է ա­ռիւծ լի­նի, գայ­լե­րէն չյաղ­թո­ւե­լու հա­մար, գառ լի­նի՝ իւր ե­րա­մի հետ վա­րո­ւե­լու հա­մար»…

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2016