ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Գ.
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԶՕՐԱՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
Իսկ հիմա ըստ կարգի տեսնենք, որ կ՚ըսէ. «Իր հեղինակութիւնը պէտք է զօրանայ» (Յհ 3.30):
Մեկնութիւն. զօրանալը Քրիստոսի համար չ՚ըսուիր, որովհետեւ Քրիստոս բնութեամբ Աստուած է եւ Աստուծոյ համար զօրանալ պէտք չէ: Դարձեալ, ըստ մասին, որովհետեւ Քրիստոս ըստ Աստուածութեան Հօրմէ է եւ զօրանալու հարց չունի, տակաւին ոչ ալ ըստ բանական հոգիին, քանի որ թէեւ բանական հոգին Աստուծոյ մէջ ստեղծուեցաւ ինչպէս բոլորին, սակայն յղիութեան պահուն ստեղծումը միաւորութեամբ Բանն Աստուծոյ մէջ եղաւ, այդ պատճառով յղացման սկիզբը իմաստութեամբ կատարուեցաւ, զօրութեամբ եւ փառքով, եւ այս բանը ուրիշ մէկու մը չպատահեցաւ: Տակաւին, Քրիստոսի մարմինը, թէեւ Մարիամի նիւթէն էր, սակայն Հոգիին զօրութեամբ կերպարանեցաւ, եւ կերպարանուիլը ընդ Բանին միաւորութեան եղաւ, այսինքն՝ անապական յղացման պահուն, անմեղ եւ կատարեալ սրբութեամբ: Այսպէս է Քրիստոս Աստուծոյ հոգին ու մարմինը, սկիզբը եւ յղացման պահուն միաւորութեամբ Բանն Աստուածին հետ: Աստուածաբան Գրիգորը այս կ՚ըսէ. «Կը համարձակիմ ու կ՚ըսեմ զոյգ Աստուած, ինչպէս Առնողը [Բանն Աստուածը], այդպէս ալ՝ առնուածը [մարմինը]: Այդպէս ալ մէկ անձ, մէկ դէմք եւ միաւորեալ մէկ բնութիւն կը խոստովանինք մարնացեալ եւ մարդացեալ Բանն Աստուածը»: Հետեւաբար յայտնի է, թէ Քրիստոս ո՛չ ըստ Աստուածութեան եւ ո՛չ ըստ մարդկութեան զօրանալու հարց ունի: Այդպէս ալ ըստ Աստուածութեան եւ ըստ մարդկութեան ի վերուստ կ՚ըսուի:
Հարցում. Հետեւաբար ի՞նչ իմաստ ունի ըսելը՝ «Իր հեղինակութիւնը պէտք է զօրանայ, իսկ ես հրապարակէ պէտք է քաշուիմ»:
Պատասխան. Այսինքն՝ ժողովուրդին միտքին մեծնալ, բարձրանալ ու զօրանալ կ՚ըսուի Իրեն համար, սակայն ո՛չ Իր էութեան: Դարձեալ, մենք երբ հաւատքով կը ճանչնանք ու կը զօրանանք, հաւատացեալներու բազմութեան կ՚ըսուի զօրանալ ու մեծնալ, եւ այսպէս ալ իմացիր Առաքեալին ըսածը Փիլիպպեցիներուն. «Ատոր համար ալ Աստուած զԱյն շատ աւելի բարձրացուց եւ Իրեն տուաւ այն անունը» (Փլպ 2.9): Ասիկա ցոյց կու տայ ըսելով. «Իր հեղինակութիւնը պէտք է», այսինքն՝ վայել է, որպէսզի Իր համբաւն ու իշխանութիւնը մարդոց մօտ մեծնայ, իսկ ես պէտք է քաշուիմ, ինչպէս արուսեակը կը քաշուի մարդոց տեսողութենէն, երբ արեգակը ծագի, եւ ինչպէս իշխանին իշխանութիւնը կը դադրի, երբ թագաւորը գայ:
Ասոր պատճառը Յովհաննէս ետքէն կը դնէ, ըսելով.
Խօսք. «Ան որ վերէն կու գայ, բոլորէն գերիվեր է» (տե՛ս Յհ 3.31):
Մեկնութիւն. Առաջին պատճառը Քրիստոսի մեծութեան՝ վերէն գալը, ըստ Քրիստոսի Աստուածութեան ու մարդկութեան ցոյց տրուեցաւ, ինչպէս ցուցուեցաւ, իսկ բոլորէն գերիվերը, այսինքն՝ բոլոր հրեշտակներէն առաջ, որովհետեւ անոնք Քրիստոսի սպասաւորներն են: Դարձեալ՝ գերիվեր է, քան մարդ-կային ամէն տեսակի գիտութիւն, ստոյգ վարդապետութեան համար կ՚ըսէ:
Երկրորդ պատճառը Քրիստոսի մեծութեան, որովհետեւ Քրիստոս Աստուած է եւ Հօր Աստուծոյ գիտութիւնը ունի: Եւ Քրիստոսի բանական հոգին Բանին միացած՝ Հայրն Աստուածը եւ Սուրբ Հոգին գիտէ, եւ գիտէ բոլոր անցեալն ու ներկան եւ հանդերձեալը, այդ պատճառով կրնայ ստուգապէս սորեցնել բոլոր բարձրագոյն բաները, ինչպէս կ՚ըսէ.
Խօսք. «Ան որ այս աշխարհէն է, այս աշխարհին կը պատկանի եւ երկրաւոր բաներու մասին կը խօսի» (Յհ 3.31):
Մեկնութիւն. Բոլոր մարդիկը բացի Քրիստոսէն այս երկրէն են, որովհետեւ մարմինը սերմէն եւ երկրաւոր բաներու մասին կը խօսի: Իսկ եթէ Յովհաննէս [Մկրտիչ] եւ Յովհաննէս Աւետարանիչը եւ ուրիշ սուրբեր երկնային բաներու մասին խօսեցան, սակայն իրենք իրենցմէ չէ, այլ՝ իբրեւ Աստուծմէ լուսաւորուածներ, իսկ Քրիստոս Ինքն Իրմէ խօսեցաւ: Դարձեալ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, թէ Յովհաննէս այնտեղէն Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ, այդ պատճառով երկնաւոր բաներու մասին կը խօսի, սակայն կ՚ըսէ թէ ինք այս աշխարհէն է՝ Քրիստոսի հետ համեմատուելով, ինչպէս Նիկոդեմոսի մօտ վերստին ծնունդը, որ երկնաւոր է ու հոգեւոր, Տէրը երկրաւոր ըսաւ՝ համեմատելով Բանին հայրական ծնունդին հետ, ասիկա երկրաւոր կը կոչուի:
Խօսք. «Ան որ երկինքէն կու գայ» (Յհ 3.31):
Մեկնութիւն. Որ ստուգապէս կը ճանչնայ, որ Հօրմէն ունի տեսնելն ու լսելը, իսկ ըսելը՝ տեսաւ ու լսեց (տե՛ս Յհ 3.32):
Մեկնութիւն. Ո՛չ թէ կարիքը ունէր սորվելու, որովհետեւ Աստուածութիւնը մասնաւոր աչք մը կամ ականջ մը չէ, այլ՝ բոլորովին աչք է եւ ամենեւին ականջ, եւ մարմինը թէեւ մաս ունէր, սակայն՝ Բանին հետ միաւորութեան պատճառով ամէն բան գիտէր: Սակայն, չորս բանի համար տեսնել ու լսել կ՚ըսէ. նախ՝ որովհետեւ մեր մօտ խօսքով կ՚իջնէ: Երկրորդ՝ որովհետեւ այս երկու զգայարանքներով կը հաստատէ վկայութիւնը: Երրորդ՝ որովհետեւ մենք ասով կը սորվինք ուսանիլ: Չորրորդ՝ որովհետեւ տեսնելն ու լսելը ընդունիլ է կ՚ըսէ:
Հարցում. Ի՞նչ տեսաւ ու լսեց:
Պատասխան. Մասնաւոր բան չէ, այլ՝ բոլորը. Աստուածութիւնը, անձնաւորութիւնը, արարչութիւնը, կարողութիւնը եւ միւս բաները տեսնել կ՚ըսուի: Իսկ լսել՝ խօսքը, իմաստութիւնը, բարութիւնը, անցեալն ու հանդերձեալը, եւ միւս բաները լսել կ՚ըսուի, որովհետեւ ասոնք մենք կը տեսնենք ու կը լսենք, կը դնենք անոր մէջ, սակայն Ան այդ բոլորը էութեամբ ունի եւ ո՛չ թէ մասամբ:
ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Կը վկայէ» (Յհ 3.32):
Մեկնութիւն. Այս է՝ վկայելէ հրաշքներով եւ խօսքով, որ լսեց ու տեսաւ՝ ցոյց տուաւ մեզի: Յայտնի է ըսածներէս, թէ վկայութիւնները չորս տեսակի են. նախ՝ խօսքով, ինչպէս վարդապետները: Երկրորդ՝ գոչշրծով, ինչպէս սուրբերը: Երրորդ՝ արիւնով, ինչպէս մարտիրոսները: Չորրորդ՝ հրաշքներով, ինչպէս մարգարէները:
Իսկ մեր Տէրը այս չորսով ալ վկայեց, այսինքն՝ որովհետեւ սուրբ էր ու կը քարոզէր, հրաշքներ կը գործէր եւ Իր արիւնը թափեց:
Խօսք. «Իր վկայութիւնը ոչ ոք կ՚ընդունի» (Յհ 3.32):
Մեկնութիւն. դժուար է ըսուածը, որովհետեւ Քրիստոսի աշակերտները հաւատացեալներ էին, ինչպէս նաեւ Յովհաննէսի աշակերտները, որոնք իր մօտ եկան, երբ վկայեց, թէ՝ Աստուծոյ Գառնուկը: Դարձեալ, ինք կ՚ըսէ. «Ով որ անոր վկայութիւնը կ՚ընդունի, հաստատած կ՚ըլլայ թէ Աստուած ճշմարիտ է» (Յհ 3.33):
Արդ, չորս կերպով պէտք է իմանալ. նախ՝ ոչ ոք չդրաւ, որովհետեւ քիչերը ընդունեցին, ինչպէս ընդհանրապէս կ՚ըսենք, երբ հրապարակին վրայ քիչ մարդ ըլլայ, կ՚ըսենք՝ մարդ չկայ հրապարակին վրայ: Երկրորդ՝ ոչ ոք անհաւատներուն դէմ կ՚ըսէ, ինչպէս այն, թէ՝ «Իրենիներուն մօտ եկաւ, բայց իրենինները չընդունեցին զԻնք» (տե՛ս Յհ 1.11): Երրորդ՝ ասով կը յորդրորէ իր աշակերտներուն, որպէսզի ընդունին զԻնք: Չորրորդ՝ որովհետեւ չըսաւ՝ ոչ ոք պիտի ընդունի, որովհետեւ յետագային շատերը պիտի ընդունէին:
ԶԻՆՔ ԿՆՔԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
Ասկէ ետք կը ցուցնէ, թէ ինչ բարութիւն կ՚ըլլայ զԻնք ընդունողներուն:
Խօսք. «Ով որ անոր վկայութիւնը կ՚ընդունի, հաստատած կ՚ըլլայ թէ Աստուած ճշմարիտ է» (Յհ 3.33):
Մեկնութիւն. Վեց միտքով կը տեսնուի.
Նախ՝ Նանան կ՚ըսէ. «Ով որ Քրիստոսի մասին եղած վկայութիւնը հաւատքով կ՚ընդունի, կնքեց [հաստատեց], այսինքն՝ վկայեց, թէ Քրիստոս ճշմարիտ Աստուած է, իսկ ով որ վկայութիւնը չ՚ընդունիր, չի հաւատար, թէ Քրիստոս ճշմարիտ Աստուած է»:
Երկրորդ՝ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Ով որ հաւատքով կ՚ընդունի վկայութիւնը, կնքեց, այսինքն՝ ցոյց տուաւ, թէ Հայրն Աստուածը ճշմարիտ է, եւ Իր խոստումը կատարեց՝ Որդին ղրկելով, այդ պատճառով յետոյ կ՚ըսէ, թէ Անոր որուն Աստուած ղրկեց՝ Աստուծոյ խօսքը կը խօսի»:
Երրորդ միտքը. ով որ կ՚ընդունի, կնքեց, այսինքն՝ իր սիրտին մէջ դրոշմեց ու դրաւ, թէ Աստուած ճշմարիտ է, որովհետեւ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը որպէս կակուղ մոմի վրայ դրոշմուած կնիք կ՚ըլլայ:
Չորրորդ միտք. ով որ կ՚ընդունի Անոր վկայութիւնը, կնքեց, այիսնքն՝ նշան դրաւ ինքն իր վրայ, թէ Քրիստոս ճշմարիտ Աստուած է, որովհետեւ հաւատքը նշան է, որ ինքն իր վրայ կը հաստատէ, թէ Քրիստոս ճշմարիտ Աստուած է ճշմարիտ Հօր Աստուծմէ ղրկուած, ինչպէս յառաջիկայ խօսքը կը վկայէ: Այսպէսով, այս չորս միտքերով ըստ ինքեան յայտնի է մեր մօտ:
Դարձեալ հինգերորդ. թէ նոյնինքն Քրիստոս Ինքն Իր սիրտին մէջ կնքեց, թէ Աստուած ճշմարիտ է, ինչպէս ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Հայրն Աստուած զԻնք կնքեց» (տե՛ս Յհ 6.27), եւ ով որ կ՚ընդունի Անոր վկայութիւնը, Հօր կնիքը իր վրայ կ՚ունենայ:
Դարձեալ վեցերորդ. Յովհաննէս իր կողմէն կ՚ըսէ այս մասին, թէ՝ «Անիկա կը վկայէ Իր տեսածներուն եւ լսածներուն մասին» (Յհ 3.32), այսինքն՝ իբր թէ տեսայ երկինքը բացուած եւ Հոգին աղաւնակերպ իջած, եւ Հօր ձայնը լսեցի, ու վկայեցի, թէ Սա՛ է Աստուծոյ Որդին: Անոր վկայութիւնը ո՛չ ոք կ՚ընդունի, այսինքն՝ աշակերտներէն տմարդիները, իսկ անոնք որոնք Հօր վկայութիւնը կ՚ընդունին, որ ըսաւ՝ «ա՛յդ է Իմ սիրելի Որդիս», եւ Հոգիին էջքը կնիքն է բոլոր անոնց, որոնք իրենց սիրտերուն մէջ կը դնեն, թէ Քրիստոս ճշմարիտ Աստուած է՝ Հօր վկայութեան համար:
Խօսք. «Ան որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած է՝ Աստուծոյ խօսքերը կը քարոզէ» (Յհ 3.34):
Մեկնութիւն. նախ՝ կ՚ըսէ, թէ Անոր վկայութիւնը ընդունինք, Անոր առաքեալը [Մկրտիչը] ճշմարիտ համարենք, որովհետեւ ինչ որ կ՚ըսէ, Անկէ է որ կ՚ըսէ: Երկրորդ՝ Քրիստոսի վարդապետութեան մեծութիւնը կը յայտնէ, որովհետեւ Աստուծոյ Բանը Իր յատուկ զօրութեամբը կը խօսի, որ ուրիշ ո՛չ մէկուն մօտ կը տեսնուի:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 30
Վաղարշապատ