Այնքան Ալ Թեթեւսոլիկ Չեն…
Երբեմն այն սխալ ըմբռնումը, կամ կարծիքը կայ, որ ժողովրդային երգիչներ, դերասաններ եւ ընդհանրապէս աստղեր թեթեւսոլիկ, հաճոյասէր եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ սահմանափակ հորիզոնով անձեր են: Բարեբախտաբար այդպէս չէ…
*
«ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՔԵԶ ՉԻ ՍՊԱՆՆԵՐ, ԿՐՆԱՅ ԶՕՐԱՑՆԵԼ». ՔԵՒԸՆ ՔՈՍԹՆԸՐ
Յայտնի դերասան Քեւըն Քոսթնըր վերջերս նշեց ծննդեան 62-ամեակը: Բազմաթիւ հեղինակաւոր մրցանակներ նուաճած Քոսթնըր կը նկատուի ժամանակակից շարժապատկերի ամենէն հետաքրքրական եւ տաղանդաւոր բեմադրիչ-դերասաններէն մէկը: Ինք կը կարծէ, որ իր յաջողութիւնը պայմանաւորուած է անով, որ իր շարժապատկերները նիւթերու, բնաբաններու առումով կը տարբերին:
Ամենէն յայտնի «թիկնապահի» միտքերէն, նշենք քանի մը հատը.
«Բնական է՝ ժապաւէնները չի կրնար բոլորը գոհացնել, սակայն ատիկա պէտք է ըլլայ յիշուող: Ես զիս արհեստավարժ նկարիչ չեմ նկատեր, բայց կը կարծեմ, որ մարդիկ դիւրաւ կրնան տարբերել իմ ժապաւէններս»:
«Աստղ ըլլալ՝ տեղ մը կը նշանակէ ըլլալ գեղեցիկ կին»: «Ես միշտ հաւատարիմ եմ այն բանին, որուն կը հաւատամ»: «Ես կը սիրեմ մարմնամարզը: Ինծի հաճելի կը թուի ըլլալ ատոր մէջ, սակայն կը կարծեմ՝ ես մարզական ժապաւէններու մէջ նկարահանուելու համար յարմար թեկնածու մը չեմ»: «Երբ որեւէ ժապաւէն կը ձախողի, այդ պատասխանատուութիւնը միայն մէկ հոգիի ուսերուն վրայ ինկած չէ»: «Ես կը խաղամ ոչ թէ ժապաւէնի քննադատներուն, այլ այն մարդոց համար, որոնք գումար կը վճարեն, որպէսզի սրահին մէջ ժապաւէնը դիտեն»: «Չեմ կարծեր՝ որեւէ ատեն շատ մեծ վտանգի կը դիմեմ: Հակառակ անոր որ չեմ վախնար համարձակ քայլերէ»: «Եթէ չհասկնաս քու սահմաններդ, կեանքի մէջ շատ բանի չես հասնիր»: «Ձախողութիւնը քեզ չի սպաններ, ատիկա կը մեծցնէ բան մը ընելու ցանկութիւնդ»: «Ես երազներու մեծ համակիր մըն եմ: Դժբախտաբար երազելը առաջին բանն է, որմէ մարդ կը սկսի հրաժարիլ՝ յանձնուելով իրականութեան»: «Երբ կը տեսնեմ զաւակներս եւ այն մարդիկը, որոնք կը գնահատեն զիս, ինքզինքս աշխարհի ամենէն յաջող մարդը կը նկատեմ»:
ԱՆՃԵԼԻՆԱ ՃՈԼԻ «ԿԵՐԼԷՆ»Ի ՆՈՐ ԴԷՄՔԸ
Դերասանուհի Անճելինա Ճոլի կը դառնայ ֆրանսական «Կերլէն» օծանելիքի տան նոր անուշահոտին դէմքը: Վաճառքը կը սկսի 2017 թուականի Մարտին:
«Կերլէն» աշխարհի հնագոյն օծանելիքի տուներէն մէկն է, որ հիմնադրուած է 1828 թուականին, Փիէռ Ֆրանսուա Փասքալ Կերլէնի կողմԷ:
Դերասանուհին ստանալիք գումարը պիտի յատկացնէ իր բարեգործական նախագիծերուն:
Անճելինա Ճոլիի մտածումներէն.
«Համարձակ ընտրանքներ ըրէ՛ք եւ սխալեցէ՛ք: Այս բոլորը ձեզ կը կերտեն»: «Կը խորհիմ, որ բոլոր կիները կ՚անցնին հանգրուանէ մը, երբ մեր մասին բան մը կ՚ատենք, չենք հաւնիր ատիկա: Շատ լաւ կ՚ըլլայ, երբ հասնիս վայր մը, ուր անտեսես բոլոր մտահոգութիւններդ: Ես կնճիռները, սպիները գրաւիչ կը նկատեմ»: «Ես երջանիկ եմ ինքզինքս ըլլալով, որ նախապէս բնաւ չէի: Ես միշտ թաքնուած էի այլ անձերու մէջ, կամ փորձած էի ինքզինքս գտնել կերպարներու ընդմէջէն, կամ՝ ապրիլ անոնց կեանքերը, բայց ատոնք չունէի իմ կեանքիս մէջ»: «Ես անդրադարձած եմ, որ երջանիկ ըլլալը ընտրանք մըն է: Երբ ես տրամաբանող կ՚ըլլամ եւ չեմ վստահիր իմ բնազդներուս, այն ատեն դժուարութիւն կ՚ունենամ»: «Երբեմն կը խորհիմ, որ իմ ամուսինս շատ սքանչելի է, եւ չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ ինծի հետ կը մնայ: Չեմ գիտեր, թէ արդեօք բաւարար չափով լա՞ւ եմ: Բայց եթէ ես զինք երջանիկ կ՚ընեմ, ուրեմն ես այն եմ, որ կ՚ուզէի ըլլալ»:
ԱՆՇՈՒՇՏ ՃՈՐՃ ՔԼՈՒՆԻ ԱՅԼ ԱՐԺԷՔ Է ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ
Աշխարհահռչակ դերասան Ճորճ Քլունին աւելի քան ծանօթ եւ հարազատ է հայերուս: Կա՞յ մարդ մը նոյնքան ազնուական, իւրայատուկ ոճով եւ մոխրագոյն մազերով, որքան Ճորճ Քլունին է: Պարզապէս ոչ: Սակայն մեզի քիչ ծանօթ են անոր միտքերը, որոնցմէ կը ներկայացնենք փունջ մը:
«Ես երջանիկ աւարտներու չեմ հաւատար, բայց կը հաւատամ երջանիկ ճամբորդութիւններու, որովհետեւ ի վերջոյ դուք կը մահանաք շատ երիտասարդ տարիքին, կամ դուք բաւական երկար կ՚ապրիք՝ հետեւելու ձեր ընկերներուն մահանալուն: Կեանքը միջոց մըն է»: «Պէտք չունիք ճիգ ընելու աւելի երիտասարդ երեւնալու համար, որովհետեւ անբնական կ՚երեւիք: Կը ներկէք ձեր մազերը, անբնական կ՚երեւիք: Կ՚անցընէք վատ կեղծամ մը, անբնական կ՚երեւիք: Բաներ մը ծածկելու համար կը շպարուիք, անբնական կ՚երեւիք»: «Պարզ ճշմարտութիւնը այն է, որ ամէն ոք կարծիք մը ունի, ամէն ոք իրաւունք ունի արտայայտելու իր կարծիքը, եւ պէտք է ընեն ատիկա, եթէ կ՚ուզեն»: «Միացեալ Նահանգներ այլեւս ոչ ոքի կրնայ յաղթել»: «Շարժապատկերներու 90 առ հարիւրը բաւական միջակ է, բայց ձեւուած հանդիսատեսներ ունին եւ կը բացուին 3000 պաստառներու վրայ»: «Երբ երիտասարդ էք, կը հաւատաք, երբ մարդիկ ձեզի կ՚ըսեն, թէ որքա՜ն լաւ էք: Վտանգը ա՛յն է, որ կ՚ընդունիք: Ամէն ոք ձեզի պիտի ըսէ, թէ դուք հանճար էք, որ իսկապէս չէ՛ք, եւ եթէ ատիկա հասկնաք, դուք կը յաղթէք»: «Դերասանական ասպարէզը սովորաբար տասը տարուան պիտանելիութեան կեանք ունի, ատկէ ետք մարդիկ կը սկսին անհանգստանալ ձեզ տեսնելով»:
ՔԱՄԵՐՈՆ ՏԻԱԶ ԽՈՀՈՒՆ ԿԻՆԸ
Քամերոն Տիազ կին մըն է, որ միշտ լուրերու հաղորդումներու նիւթ դարձած է իր խիզախ կեցուածքին եւ մտածումներուն համար:
44-ամեայ դերասանուհիին մտածումներէն են.
«Կը խորհիմ, թէ որեւէ բան, որեւէ նուաճում, որ կ՚ընէք, դուք ատոր համար պէտք է աշխատիք: Ես իմ կեանքիս վերջին տասը տարիներուն շատ ծանր աշխատած եմ, եւ ձեզի կրնամ հաւաստել, որ ծանր աշխատանքը անպայման արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ»: «Հօրս միշտ կը յիշեցնեմ, որ լրագրողները (կարեւոր չէ, թէ ձեզի հետ քանի հատ սիկառ կը ծխեն), քու ընկերներդ չեն, ուրեմն մի՛ զրուցեր անոնց հետ»: «Ես կը սիրեմ կիները: Չեմ հաւատար կնոջական նախանձին: Չեմ խորհիր, որ նախանձոտ ըլլալը լաւ զգացում մըն է»: «Որեւէ պատճառով մենք յարաբերութեան մէջ կ՚ըլլանք եւ կ՚ակնկալենք, որ մէկ տղամարդ հասկը-նայ մեր «բոլոր» մասերը եւ գոհացնէ այդ կարիքները: Կը խորհիմ՝ հոն է, որ ամէն բան կը ձախողի»:
«ՑԱՒԸ ՊԷՏՔ Է ՄՈՌՆԱԼ, ԾԱՂՐԵԼ ԶԱՅՆ, ԾԻԾԱՂԻԼ ԱՆՈՐ ՎՐԱՅ». ՃԻՄ ՔԵՐԻ
Կատակերգակ դերասան Ճիմ Քերի 17 Յունուարին նշեց իր ծննդեան 55-ամեակը:
Անշուշտ ամէն ոք զայն լաւ կը ճանչնայ եւ վստահօրէն կարելի է ըսել, որ ան ամենէն սիրուած դերասաններէն է, չէ՞ որ ոչ բոլորը կը յաջողին, նոյնիսկ՝ ամենէն տխուր պահերուն, ծիծաղեցնել անսովոր շարժուձեւերով: Իսկ Քերի շատ լաւ կը յաջողի ատիկա ընել:
Դերասանը նկարահանուած է յայտնի կատակերգութիւններու մէջ՝ «Դիմակը», «Էյս վենթուրա», «Յիմարն ու աւելի յիմարը», «Սուտասանը» եւ այլն:
Միշտ ալ հետաքրքրական է պարզել, թէ ինչպիսի՛ն են սիրուած կատակերգակները իսկական կեանքի մէջ: Ճիմ Քերիի պարագային իրմէ իմացէք.
«Ոեւէ ազդեցիկ տղամարդու ետեւը կանգնած է կին մը, որ աչքերով կը յօշոտէ զայն»: «Ես իսկապէս կը խորհիմ, որ մենք կը ստեղծենք մեր սեփական տիեզերքը: Կը փորձեմ այնպէս ընել, որ իմս լաւ ըլլայ»: «Թերեւս, որոշ մարդիկ կը փորձեն սահմանափակել զիս, բայց ես երբեք ոչ մէկ սահման կը դնեմ իմ առջեւս»: «Մարդոց առիթ պէտք է որեւէ բան ընելու համար, բայց ես չեմ կարծեր, թէ բան մը կրնանք ընել առանց յուսահատութիւն ապրելու»: «Ես կ՚ուզեմ մոռնալ իմ կեանքիս մէջ եղած որեւէ ցաւ: Ցաւը պէտք է մոռնալ, ծաղրել զայն, ծիծաղիլ անոր վրայ»: «Ես միշտ ըսած եմ «Ո՛Չ» ոգելից ըմպելիին եւ թմրեցուցիչին: Կեանքը չափազանց հիանալի է ատոնց վրայ ժամանակ վատնելու համար»: «Տան մէջ նստած՝ չես կրնար աստղ ըլլալ»: «Կը ցանկամ ծիծաղեցնել եւ յուզել: Այդպիսին է թատրոնը»: «Ինծի հետ ապրիլը շատ դժուար է: Ես կարծես վանդակի մէջ փակուած անասուն ըլլամ»: «Երբեմն այնքան կը տարուիմ իմ աշխատանքովս, որ այլ բանով զբաղիլը ուղղակի անկարելի կը դառնայ»: «Յաճախ գիշերը արթուն կը մնամ: Ոչ այն պատճառով, որ երեկոյթներու կ՚երթամ, պարզապէս գիշերը այն ժամն է, երբ կրնամ առանձին մնալ եւ չխաղալ»:
«ԵՍ ՇԱՏ ԶԳԱՅՈՒՆ ԵՄ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ». ՕՐԼԱՆՏՕ ՊԼՈՒՄ
Քառասուներորդ տարեդարձը վերջերս նշած բրիտանացի սիրուած դերասան Օրլանտօ Պլում հռչակի տիրացած է «Մատանիներու տիրակալը», «Հոպպիթ» եւ «Քարայիպեան ծովու ծովահէնները» շարժապատկերներով:
Դերասանը ունի հմայիչ արտաքին, որուն շնորհիւ կը գերէ հազարաւոր կիներու եւ աղջիկներու սիրտեր: Ի դէպ, ինքն ալ միշտ սիրով եւ հիացմունքով կ՚արտայայտուի անոնց մասին:
«Կիները հիասքանչ են: Անոնք սիրոյ եւ յարգանքի արժանի են»: «Ուշադիր եղէ՛ք, թէ ինչպէ՛ս կը յարաբերիք կիներուն հետ՝ թէ՛ խօսքերով, թէ՛ մարմնի լեզուով, թէ՛ դիմախաղով եւ թէ՛ աչքերով»: «Ճենթլմեն ըլլալը տղամարդու համար պէտք է սկզբունք ըլլայ»: «Իմ ուզածս միայն գեղեցիկ եւ երջանիկ կեանք ունենալն է»: «Երբ երախայ էի, զիս միշտ կը գրաւէին հերոսները: Որոշեցի դառնալ դերասան, երբ հասկցայ, որ Սուփըրմենն ու նման կերպարները իրական մարդիկ կը խաղան»: «Ես անյոյս ռոմանթիկ եմ եւ կը սիրեմ փճացնել իմ ընկերուհիներս»: «Երբեմն դէպի քու անձդ մարդոց ուշադրութիւնը ջղայնացնող երեւոյթ կը դառնայ»: «Եթէ հարցնէք, թէ ինչի՛ մասին է «Համլեթ»ը, շատեր կը պատասխանեն՝ «Ատիկա արքայազնի մը մասին է, որ կը հարցնէ՝ ըլլա՞լ, թէ՞ չըլլալ»: «Այժմ ամենէն սիրած զբաղումս տղուս հետ լողալն է»: «Կեանքի մէջ ի՛նչ ալ պատահի, լաւ է: Պէտք է այս միտքէն կառչիլ»: «Ես շատ զգայուն եմ կիներուն նկատմամբ, որովհետեւ տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս տղամարդիկ վարուած են իմ քրոջս հետ: Ես համամիտ եմ հետեւեալ խօսքին. ոեւէ կնոջ հետ յարաբերութիւններու մէջ պատկերացուր, թէ ինչպէ՛ս անոր հետ կը վերաբերէիր, եթէ անոր հայրը ըլլայիր: Ես միշտ կը յիշեմ այս խօսքը»:
ԱՍՏՂԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆԱՊԷՍ ՀՐԱԺԱՐԱԾ ԵՆ ԾԽԱԽՈՏԷՆ
«Ծխելը վնասակար է առողջութեան». այս արձանագրութիւնը կը տեսնէք ծխախոտի որեւէ տուփի վրայ: Այս մասին գիտեն բոլորը, սակայն անոնք, որոնք կը ծխեն՝ անկախ այդ երեւոյթի յառաջացուցած առողջական բոլոր վնասներէն, յաճախ ուժ չեն գտներ իրենց մէջ, կամ ալ ցանկութիւն չեն ունենար նման կախուածութենէ ազատելու համար:
Նոյնիսկ երբ ծխող մարդը կ՚որոշէ հրաժարիլ իր վնասակար սովորութենէն, կը բախի շարք մը խնդիրներու: Սակայն կամքի ուժը կ՚օգնէ աւելի դիւրին յաղթահարելու այդ դժուարութիւնը:
Աստղերն ալ, բոլոր մարդոց պէս, կը բախին նոյն խնդիրներուն: Այդուհանդերձ, այս վեցեակը կրցած է յաղթահարել ծխելու կախուածութիւնը՝ ըսելով «Ո՛Չ» անառողջ ապրելակերպին:
Քամերոն Տիազ. 1990-ական թուականներուն Քամերոն Տիազ օրական 20 ծխախոտ կը ծխէր: Ի վերջոյ Քամերոն մնաք բարով ըսաւ այդ վատ սովորութեան: Ան ըսաւ, որ իր խիղճը եւ յանցաւորի զգացողութիւնը մղած է զինք հրաժարելու ծխախոտէն:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Թհրիլիսթ», «Հոլիվուտ», «Ռէօթըրզ», «Ինթըրնէյշընըլ Պիզնըս», «Եուրոմակ»
«Ազդակ», Լիբանան