ՆԱՐԵԿ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Նիկոսիոյ Նարեկ վարժարանի առաջին հինգ դասարաններու իւրաքանչիւր աշակերտ, Երկուշաբթի, 22 Յունուարին, ստացաւ «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» գիրքէն օրինակ մը։ Այս նոր գիրքը հրատարակուած է Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերակցութեան կողմէ եւ կը բաժնուի որպէս նուէր հայկական տարբեր գաղութներու մէջ։

Վարժարանի տնօրէնուհի Վերա Թահմազեան կատարեց բացման խօսքը, որմէ ետք Աստուծաշունչի ընկերակութեան ընդհանուր քարտուղարը՝ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան ներկայացուց գիրքը։ Ապա Տքթ. Արտա Ճէպէճեան, որ պատրաստած է այս գիրքը, հաճելի ու մանկավարժական մօտեցումով կարդաց Կոյր Բարտիմէոսին պատմութիւնը։

«Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» բաժնուած է քսան գլուխներու եւ իւրաքանչիւր գլուխ կը պարունակէ Աստուածաշունչէն եօթ պատմութիւններ։ Պատմութիւններու շարքը կը հետեւի Յիսուսին առընչուած դէպքերուն՝ ինչպէս արձանագրուած է Աւետարանին մէջ։ Պատմութիւնները կարդալով, այս փոքրիկներուն մէջ քրիստոնէական արժէքներ պիտի դրսեւորուին եւ ամուր հիմեր ունեցող նկարագիր եւ անհատականութիւն պիտի կերտուի։

«Շնորհակալութիւն Հրայր եւ Արտա այս շատ գեղեցիկ եւ արժէքաւոր նուէրին համար։ Աշակերտները արդէն մեծ հետաքրքրութեամբ սկսած են կարդալ գիրքը եւ ինծի սկսան իմացնել, թէ քանի պատմութիւն արդէն իսկ կարդացած են», արտայայտուեցաւ Վերա Թահմազեան գիրքերու բաժանումէն ետք ե-նամակի միջոցով։ 

Լիմասոլի եւ Լառնաքայի Նարեկ վարժարանի աշակերտները նոյնպէս պիտի ստանան այս գիրքէն յառաջիկայ շաբաթներուն։

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2018