ՊԱՏՄՈՒՄՆԵՐ

Ստորեւ ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնեմ մի քանի պատումներ, որոնք իրենց մէջ կը պարունակեն կեանքի ամէնօրեայ դասեր, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար: Ոմանց համար կրնան այս պատումները անհետաքրքրական թուիլ, բայց այլոց համար ալ կրնայ կեանքի շրջադարձի առիթ մը ըլլալ: Ընտրութիւնը կը մնայ ընթերցողին: Բարի ընթերցանութիւն:

ԶԱՔԷՈՍՆ ՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՍԷՐԸ

Ի՜նչ աստուածային սէր է:

Ի՜նչ օրհնեալ ցանկութիւն է:

Ի՜նչ սէր է, որ ոսկիով թեւաւորուած է, աւելին՝ Յիսուսով, որ երկինք կը բարձրացնէ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին զԻնք: Աստուածային սէրն է, որ մղեց զինք գետնէն ծառին վրայ բարձրանալու, որմէ ետք զինք մղեց երկրային բաներուն նայելու առանց մարդոց մէջ խառնուելու: Աստուածային սէրն է, որ իր աչքերը երկնային բարիքներուն դարձուցին: Ան, երկրայիններէն երկնայիններուն կը վազէ, որով ծառին վրայ կը բարձրանայ, անկէ կը դիտէ Յիսուսը, մինչ իր միտքով ամպի վրայ նստած է:

Զաքէոս երբ Տէրը տեսաւ, ըսաւ այն ինչ որ կը վայելէ Անոր.

-Աչքերս Քեզի բարձրացուցի, երկինքի մէջ բնակողիդ:

Զաքէոս տեսաւ Տէրը եւ իր ուրախութիւնը աւելցաւ: Դպաւ անոր սիրտին, որով ուրիշ մարդ մը եղաւ: Մաքսաւորէ մը վերածուեցաւ նախանձախնդիրի մը, անհաւատէ մը՝ հաւատացեալի, գայլէ մը՝ գառնուկի, որ պատրաստ է մորթուելու: Ո՞վ իր կինը կամ երեխաները սիրեց այնպէս, ինչպէս Զաքէոսը Տէրը սիրեց, ինչպէս որ իրողութիւնները ցոյց կու տան: Իր ունեցուածքը աղքատներուն բաժնեց եւ անոնց որոնց անիրաւութիւն ըրած էր, քառապատիկը հատուցեց:

Ի՜նչ վերաբերմունք, որ արդար աշակերտի մը կը վայելէ: ...Ի՜նչ աստուածային զօրութիւն: Միայն Յիսուսը տեսնելը, զինք գործելու մղեց: Տէրը Զաքէոսին ո՛չ մէկ ուսուցում տուաւ. անոր դիմաց ելաւ, որով հաւատքը քաշեց իր սիրտը Անոր, որուն կը կարօտէր: Նման դէպք մը պատահեցաւ արիւնահոսող կնոջ պարագային. մօտեցաւ Տիրոջ եւ Անկէ բժշկութիւն խնդրեց: Չընդունեց, որ ան իր ձեռքով դպնայ Իրեն, որով ան գաղտնաբար մօտեցաւ Անոր եւ հագուստին դպաւ, որով դպնալով բժշկութեան զօրութիւնը քաշեց զինք սպունգի նման: Զաքէոսը չէր գիտեր, թէ ինչ կ՚ընէր, քանի որ ան աստուածային նախանձախնդութեամբ կ՚առաջնորդուէր, վառուած էր աստուածային հոգեւոր սիրով, որով մոլաթզենիին վրայ բարձրացաւ:

Սակայն, Տէրը անոր գաղտնիք մը յայտնեց ու ըսաւ անոր, որ ծառէն իջնէ: Գիտցաւ անոր հոգիին խորերը: Գիտցաւ անոր սուրբ կարօտը: Իջի՛ր: Յիշէ, երբ Ադամ իր մերկութիւնը զգաց, թզենիի ծառին ետեւը պահուտեցաւ: Իսկ դուն, որ փրկութիւնը կ՚ուզես, մոլաթզենիին վրայ մի՛ բարձրանար, պէտք է չորցնեմ զայն ու անոր փոխարէն նոր մը տնկեմ..., այսինքն՝ Խաչը: Այդ է օրհնեալ ծառը (այսինքն՝ Խաչը), եւ պէտք է ոտքերդ դէպի այն ուղղես, այն է, որ ուղղակիօրէն դէպի երկինք կ՚առաջնորդէ... Դուն իմ կորսուած ոչխարս ես, եւ քեզ է, որ կը փնտռեմ: Շուտ ըրէ, իջի՛ր եւ սպասէ զիս քու տունիդ մէջ, որովհետեւ պէտք է այնտեղ հանգստանամ: Ես կը հանգստանամ այնտեղ, ուր որ հաւատք կայ: Կ՚երթամ հոն, ուր որ սէր կայ (Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ):

ԵՐԵՔ ԿՈՅՍԵՐԸ

Երեք կոյսեր Պատարագի ժամանակ եկեղեցի մտան աղօթելու: Մինչ քահանան աստուածային խորհուրդը կը կատարէր ու երբ հասաւ այն տեղը, ուր կ՚ըսէ «յիշէ, Տէր», զարմանալի բան մը պատահեցաւ. քահանան տեսաւ հրեշտակ մը, որ երկինքէն իջաւ, ձեռքին կարմիր վարդերով հիւսուած պսակ մը, ու զայն դրաւ կոյսերէն մէկուն գլուխին վրայ: Դարձեալ տեսաւ հրեշտակ մը, որ սպիտակ վարդերով պսակ մը բերաւ ու զայն դրաւ երկրորդ կոյսին գլուխը: Երրորդ անգամ ըլլալով տեսաւ դեւ մը, որ հին մուշտակ մը բերաւ եւ զայն երրորդ կոյսին գլուխին վրայ դրաւ, եւ ապա իր հետ բերած քնարով անոր առջեւ կ՚երգէր [ու կը պարէր]:

Իսկ քահանան վերադառնալով իր ուշքին, շարունակեց Պատարագը, ու կը մտածէր, թէ ի՞նչ կը նշանակէր այդ տեսիլքը: Պատարագէն ետք իր մօտ կը կանչէ այդ երեք կոյսերը. առաջինին կը հարցնէ, թէ ի՞նչ բանի մասին կը մտածէր Պատարագի ժամանակ: Կոյսը կը պատասխանէ, ըսելով, թէ կը մտածէի փուշէ պսակին մասին, որով Տէրունական գլուխը պսակադրուեցաւ, ու պատուական արիւնը գլուխէն կը հոսէր. քահանան կ՚ըսէ անոր. Պատարագին ժամանակ կը տեսնէի Տիրոջ հրեշտակը, որ երկինքէն իջած էր ու կարմիր վարդերու պսակ մը բերաւ եւ զայն գլուխիդ վրայ դրաւ:

Երկրորդ կոյսին ալ կը հարցնէ. դուն ի՞նչ կը մտածէիր: Ան կը պատասխանէ. մեր Տիրոջ մանկութիւնն ու Անոր անմեղութիւնը, թէ ինչպէս մարդասէր՝ քաղցր ու ցանկալի է. եւ իր մանկութենէն սկսեալ՝ սիրելի: Քահանան կը պատասխանէ անոր ու կ’ըսէ. տեսայ հրեշտակ մը, որ երկինքէն իջած էր, ու սպիտակ վարդերով պսակ մը բերելով դրաւ գլուխիդ վրայ:

Երրորդ կոյսին կը հարցնէ. դուն ի՞նչ կը մտածէիր. կոյսը կը պատասխանէ, ըսելով, թէ կը նեղուէի, որովհետեւ Պատարագը կ՚երկարէր, ու կ՚ըսէի, ի՞նչ կ՚ըլլար եթէ շուտ վերջացած ըլլար, որպէսզի երթայի ու մուշտակ մը գնէի ինծի համար, ու ապա պարէի եւ ամբողջ օրը ուրախութեամբ անցընէի: Քահանան կը պատասխանէ անոր, թէ տեսայ սատանան, որ ժահահոտ դժոխքի մուշտակը բերաւ ու անով գլուխիդ կը զարնէր, եւ առջեւդ կ՚ուրախանար ու կը պարէր (Գիրք Հայելի Վարուց):

«ՀԱՅՐԻԿ, ՄԵՐ ՏԷՐԸ ԻՆՉՔԱ՞Ն ՄԵԾ Է»

Փոքրիկ մը իր հօր հետ կը քալէր: Յանկարծ, փոքրիկը կը հարցնէ իր հօր.

-Հայրիկ, մեր Տէրը ինչքա՞ն մեծ է:

Հայրը, փորձելով բացատրել, երկինք նայեցաւ ու տեսաւ օդանաւ մը: Դառնալով իր փոքրիկին՝ հարցուց.

-Ինչքա՞ն է այդ օդանաւին մեծութիւնը:

-Ո՞ր մէկը, հայրիկ, ա՞յդ: ...Այդ մէկը շատ փոքր է, հազիւ թէ կրնամ տեսնել զայն:

Հայրը, իր փոքրիկին ձեռքէն բռնելով կը տանի զինք օդակայան մը, եւ կանգնելով օդանաւի մը դիմաց, կը հարցնէ.

-Ինչքա՞ն է այս օդանաւին մեծութիւնը:

Փոքրիկը հիանալով օդանաւի մեծութենէն՝ կ՚ըսէ.

-Ո՜հ, հայրիկ, այս մէկը շա՜տ մեծ է:

Հայրը ժպտալով ըսաւ իր փոքրիկին.

-Աստուծոյ մեծութեան պարագան ալ այսպէս է, զաւակս: Քու մօտիկութեանդ համեմատ Տիրոջ, Տէրը քեզի ցոյց կու տայ Իր մեծութիւնը քու կեանքիդ մէջ: Ինչքան որ մօտ ըլլաս Անոր, այնքանով զԻնք մեծ ու փառաւոր կը տեսնես: Ու ինչքան հեռանաս Անկէ, քեզի կը թուի, թէ Ան չ՚երեւար եւ կամ գոյութիւն չունի (Արաբերէնէ թարգմանուած):

ՄԱՐԴՈՑ ՀԵՏ ՎԱՐՈՒԷ՛ ԲՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆԴ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԵՒ Ո՛Չ ԹԷ ԱՆՈՆՑ ԲՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ

Մեծ տարիքով մարդ մը կը պտըտէր հանրային պարտէզի մը մէջ, խոհրդածելով իր չորս կողմը գտնուող բարձր ծառերու գեղեցկութեան մասին: Յանկարծ, բոյն մը կը տեսնէ, որ կարծես թէ հովին պատճառով այդ բարձր ծառերէն մէկուն վրայէն ինկած էր գետին: Կը մօտենայ այդ բոյնին ու կը տեսնէ, թէ անոր մէջ փոքրիկ արծիւ մը նստած է:

Մարդը կ՚որոշէ ազատել զայն: Ձեռքը կ՚երկարէ դէպի փոքրիկ արծիւը, սակայն ան զօրաւոր կերպով կը կտցահարէ զինք... Մարդը իր ձեռքը քաշելով կը գոռայ՝ ցաւին պատճառով: Սակայն, մէկ-երկու վայրկեան անցնելէ ետք, դարձեալ իր ձեռքը կ՚երկարէ, որպէսզի օգնէ արծիւին: Արծիւը դարձեալ կը կտցահարէ զինք նոյն ձեւով: Ծերուկը դարձեալ գոռալով՝ ցաւին պատճառով իր ձեռքը կը քաշէ, բայց դարձեալ մէկ-երկու վայրկեան ետք նորէն ձեռքը կ՚երկարէ երրորդ անգամ ըլլալով...

Այս ընթացքին, պարտէզի նստարաններէն մէկուն վրայ մարդ մը նստած՝ կատարուածին կը հետեւէր: Մարդը դիմելով ծերուկին՝ կ՚ըսէ.

-Ո՜վ իմաստուն, դաս չքաղեցիր ո՛չ առաջին անգամէն, ո՛չ երկրորդէն եւ ահա երրորդ անգամ ըլլալով կը փորձես ազատե՞լ զինք:

Ծերուկը այդ մարդուն յանդիմանութեան ականջ չկախեց, եւ շարունակեց փորձել ու փորձել, մինչեւ որ յաջողեցաւ ազատել արծիւը ու տանելով զայն դրաւ ծառի մը ճիւղերուն մէջ, ապա քայլեց դէպի զինք յանդիմանող մարդը ու ձեռքը ուսին դնելով՝ ըսաւ.

-Որդեա՛կս, արծիւին բնաւորութիւնն է, որ կտցահարէ, իսկ իմ բնաւորութիւնս է, որ սիրեմ ու գուրգուրամ, հետեւաբար ինչո՞ւ կ՚ուզես, որ թոյլ տամ, որպէսզի իր բնաւորութիւնը յաղթէ իմ բնաւորութեանս:

ՈՒՍԱՆԵԼԻ ԴԱՍԸ..

Մարդոց հետ վարուէ՛ քու բնաւորութեանդ համաձայն եւ ո՛չ թէ անոնց բնաւորութեան համաձայն (Արաբերէնէ թարգմանուած):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2020