ԱՆԿԵՂԾ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄ
Այսօր, կանուխէն դպրոց եկած էի, որպէսզի մեր հինգ տարեկան թոռնիկը՝ Վանան, «փողոցը չմնար»: Անգիր պաշտօնս էր, որ զինք ճիշդ ժամուն «վերցնէի» ու բերէի տուն: Ապա կերակրելէ ետք, միասին քիչ մը պէտք էր ժամանակ անցընէինք: Այսպէս, իր պուպրիկներով կամ ալ խաղալիքներով անպայման միասին պէտք էր խաղայինք, մինչեւ, որ մայրը, իր գործէն ելլելով, «հասնէր» ու զինք առնելով տուն տանէր, յաջորդ օրը նոյնը կրկնելու խոստումով:
Է՜հ, թոռնիկ է. ո՞ր մեծ հայրը, կամ մեծ մայրը կրնար մերժել կամ դժկամիլ: Իրողութիւն է, որ Ամերիկայի մէջ պապիկներն ու նանիներն են, որոնք թոռներ «կը մեծցնեն», «հոգ կը տանին» եւ ոչ թէ ծնողները, որովհետեւ այս վերջինները ժամանակ իսկ չունին: Գործէն տուն, տունէն գործ: Ահա Ամերիկա: Հաւատացէ՛ք: Բայց անկեղծօրէն ըսելով, ինծի համար միշտ հաճելի եղած էր թոռնիկ տանիլ-բերելը, խաղցնելը, խաղալը եւ այլն:
Ու ահա որոշուած ժամուն Վանան կարօտով «պապի՜կ» մը պոռալով, դուրս կու գայ դպրոցի դռնէն: Կը փաթթուինք: Ձեռքէն առնելէ ետք իր «ծանր» պայուսակը, կը սկսինք միասին դէպի մեր ինքնաշարժը քալել: Վայրկեանին, կը յիշեմ, որ տունը ձգելէս առաջ, կինս ապսպրած, աւելի ճիշդ հրահանգած էր, թէ արդէն ինք Վանային սիրած ճաշերը պատրաստած էր՝ «քիւֆթէ», բրինձով փիլաւ, «միթ պօլ» եւ այլն:
-Դո՛ւն իրեն այս բոլորը շարէ՛, ալ ինքը գիտէ՛, եթէ սիրտը ուրիշ բան ուզեց, գնէ՛. «չուճուխը» մի՛ նեղացներ:
Ահա քեզի թելադրանք-հրահանգ: Անոր համար հազիւ ինքնաշարժ նստած՝ առաջին հարցումս եղաւ.
-Աղջիկս, ի՞նչ կ՚ուզես ուտել, սիրտդ ի՞նչ կ՚ուզէ: Ու շարեցի կնոջս «պատրաստածները»: Լման ցանկը հատիկ հատիկ ըսի եւ կրկնեցի, համոզիչ ձայնով:
-Դո՛ւն գիտես պապիկ, պատասխանեց Վանան, արագ եւ անմեղօրէն:
Հասկնալի էր: Ամէն բան յստակ էր: Այս արդէն ինքնին կը պարզաբանէր, թէ իր ուզածը ուրիշ բան էր: Ինք, այսօր ուրիշ նախընտրութիւն մը ունէր միտքին մէջ:
-Ես բա՛ն չեմ գիտեր, դո՛ւն ես անօթին եւ դո՛ւն որոշէ, ըսի աւելի համոզիչ եւ մեղմ: Ոչ մէկ պատասխան: Հիմա ինքնաշարժէն ներս խորհրդաւոր լռութեան տհաճ ներկայութիւնը կար: Զգալի ու հասկնալի էր նաեւ, որ այս փոքրիկ աղջկան գլխուն մէջ կատարեալ շփոթ կար, կամ ալ՝ միտքերու քաոս: Ուստի հարց պատասխանը չերկարելու համար, անմիջապէս ըսի, որ «նախ աթոռի գօտին կապէ, կոճկուէ եւ ապա հարցումիս յստակ եւ վերջնական պատասխանէ»: Այս մէկը իսկապէս հրահանգ էր: Իր կարգին, ինք գլուխը իր ափերուն մէջ առած, դէմքին վրայ տեսակ մը նոր ստուերներ նստեցուցած, ու խռպոտ ձայնով պատասխանեց.
-Պապի՛կ, ատկէ կ՚ուզեմ, ըսաւ բարի ու ներողամիտ ժպիտով մը:
Իսկապէս, որ բառը ամէն բանի սկիզբն է, ըսած էին մեծերը: Ճիշդ էին: Սակայն մտածումն է, որ ամէն ինչ շարժումի մէջ կը դնէ: Կեանքը գեղեցկացնող ջերմութիւն: Ուստի մարգարէ ըլլալու պէտք չկար: Իր ուզածը այդ «չիքըն նակէդ» կոչուած հաւու տապկուած կտորներն էին, տապկուած գետնախնձորով միասին, այդ նշանաւոր «Մըք Տանըլտզ»էն:
-Լաւ, սիրով, ըսի հանդարտ անկեղծութեամբ մը:
Յանկարծ, ո՜վ հրաշք, դէմքը պայծառացաւ: Կարծես մէջը պարած էր իր երազը: Անմիջապէս ինքնաշարժս ուղղեցի դէպի այդ «օրհնեալ» ճաշարանը, որ իր թաղին մէջ ունէր նաեւ յատուկ պատուհաններ, ուրկէ կրնայիր, առանց ինքնաշարժէդ իջնելու, նախ՝ առաջինէն պատուէրդ տալ, ապա յաջորդին անցնելէ ետք՝ վճարել, իսկ վերջինէն՝ վերցնել պատուէրդ:
Վանան շատ կը սիրէր այս մէկը: Գոց սորված էի: Ինք կ՚ապսպրէր եւ ինք կը վերցնէր: Անոր համար այս անգամ ալ ինք մեծ ուրախութեամբ եւ հրճուանքով նախ իր նախընտրածը ապսպրեց:
Ինքնաշարժս «քշեցի» դէպի երկրորդ պատուհան: Հանեցի տասնոց մը: Երկար մազերով աղջիկ մը ձեռքը երկարեց ու ինձմէ առաւ դրամս: Կրկնեց ապսպրանքին արժէքը. եւ վերադարձուց երկու տոլար եւ քանի մը սէնթեր ու պատուիրեց, որ անցնինք առաջ:
Ապահովութեան գօտիս քակած էի ու կը պատրաստուէի դրամս տեղաւորել գրպանս, երբ յանկարծ Վանային մեղմ ու համոզիչ ձայնը լսեցի.
-Պապիկ, երբ դո՛ւն երթաս, ասոնք ինծի պիտի տա՞ս:
Երկինքէն ինկածի պէս եղայ: Նայեցայ դէմքին: Այդ վայրկեանին ինք մտերիմ դիմագիծ մը ունէր: Փորձեցի արագ մը վերլուծել իր արտասանած «երթաս»ը:
-Ո՞ւր պիտի երթամ, ըսի չհասկնալ ձեւացնելով, գիտեմ, որ հիմա՛ տուն…:
-Ո՛չ, ո՛չ, շարունակեց անմեղունակ ձայնով մը. չհասկցար, ըսի եթէ «եուր կան»... երթաս...:
-Այո՛, կը հասկնամ, սակայն ո՞ւր «եթէ երթամ», ըսի նոյն ոճով եւ հարցականով:
-Պապիկ, «այ մին», երբ դո՛ւն հոս, գետնին վրայ եթէ մեզի հետ չըլլաս…:
-Օ՜հ, այսինքն եթէ մեռնի՞մ, ըսի ծանր վէրք ստացողի մը ձայնով:
-Այո՛…, ըսաւ քիչ մը ամչնալով, փոքր յանցանք գործողի բառերով:
Հասկնալի էր: Այս տարիքին այսքա՜ն յանդգնութիւն, քիչ մը շատ էր: Արդեօք այս երկրի օդէ՞ն էր, թէ՞ ո՛չ, ջուրէն կը սորվէին այսքան «բաներ»: Չեմ գիտեր: Մեր այդ տարիքին, արդեօք կրնայի՞նք…: Վանան ձեռքս քանի մը տոլար տեսած էր ու կը կարծէր, որ ես իսկապէս իրեն համար մեծահարուստ պապիկ մըն էի, ու հիմա ինք կ՚ուզէր տէրը դառնալ այդ «ժառանգին»:
Կեղծ հիասթափութեան խորշոմներ դէմքիս վրայ, նախ բացատրեցի եւ ապա խոնարհ ժպիտով մը ներքին հաշտութեան տպաւորութիւնը ձգելու համար, ըսի.
-Այս բոլորը քուկդ են, պապի՛կս, ըսի պարզ, հանդարտ եւ ապահով ձայնով, եւ աւելցուցի, միայն դո՛ւն առողջ մեծցիր:
Տպաւորիչ, նոյնքան հանդիսաւոր, իր ձայնը դողաց եւ աչքերէն կարծես գունաւոր կայծեր արձակուեցան: Յետոյ խաղաղ նայուածքով մը, որ յուշ կը պատմէ եւ աւելին՝ համակրանք կը յայտնէ, ըսաւ.
-Պապիկ, գիտե՞ս, «այ լաւ եու», բայց ես չեմ ուզեր, որ դուն շուտով «երթաս»:
Հասկանալի էր: Գիտէի, որ հիմա ինքնաշարժին մէջ ունէի հաճելի նոր եւ անմեղ խօսակից մը, եւ մանաւանդ փոքր եւ անկեղծ «խորհրդակից» մը, որ կեանքդ դէպի ուրախութիւն կ՚առաջնորդէ, եւ որուն ձայնը քեզի կեանքի կը կանչէ:
Հաստատապէս, թոռնուհիիս ինծի հանդէպ ունեցած սէրը, տակաւին կը պահէր իր պայծառութիւնը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ