ՔՈՐՈՆԱՆ ՊԻՏԻ ՓՐԿԷ՞ ՄԵՐ ԱՇԽԱՐՀԸ. ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿՈՐՏԸՆ ՊՐԱՈՒՆԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ

Մեր օրերէն ժամանակ մը անց, երբ մարդիկ, վերլուծողներ, փորձեն մեր օրերու մասին «ակադեմական» մակարդակի բնորոշում-անուանում մը տալ, անվարան կերպով պիտի գրեն «նախքան-քորոնայի» ու ապա «խետ-քորոնայի» ժամանակները։

Ճիշդ է, որ տակաւին իրավիճակը թարմ է ու «վէրք»ը բաւական տաք, սակայն բոլոր անոնք՝ որոնք վերլուծական փորձ կատարելու միտումներ ունին, տեղ մը կը համաձայնին, որ աշխարհով մէկ սփռուած այս վարակին հետեւանքները պիտի ըլլան շատ աւելի մեծ քան ինքը՝ վարակը։

Տնտեսական, ընկերային, հետեւաբար ու անպայմանօրէն քաղաքական գետիններու վրայ մինչեւ հիմա առկայ խնդիրները, բաժանումներն ու տագնապները պիտի ստանան նոր կերպարանք, որ անպայմանօրէն ժխտական ձեւափոխում մը պիտի չըլլայ, մինչ քորոնայի յայտնուիլը ու առանց այդ վարակին ալ «յոգնած» պատկեր մ՚ունեցող մեր աշխարհին վրայ։

Ամէն պարագայի, եթէ տեղ մը ընդունինք, որ քորոնան նեղ -տեղայնական- շրջանային հանգամանք մը չունի, այլ բացուած է աշխարհին վրայ ու ատոր համար ալ այս «հզօր» երեւոյթին դիմաց աւելի քան ակնկալելի է, որ ինքը բզկտուած եւ տարտղնուած աշխարհը միաւորուի։

Միաւորուի՝ դիտարկելու ու հարց տալու համար, թէ դէպի ո՞ւր կ՚երթայ, ո՞ւր հասած է եւ այսօր ի՞նչ կարեւոր քայլերու պէտք է դիմէ՝ հեռու մնալու համար մահաբեր քայքայումէ։

Ի դէպ, երբ այս տողերը թուղթին կու տայի, ուշագրաւ էր, որ մեծ տագնապի լոյսին տակ արտահերթ (եւ հեռակայ կարգով եղած) ժողով մը կը գումարէին աշխարհի քսան հզօրներու առաջնորդները։

Ժողովը անշուշտ իր առաջնահերթութիւններով, մօտեցումներով ու մանաւանդ տեսալականով կը տարբերէր անցեալի ժողովներէն, որովհետեւ այս ղեկավարները իրարու մօտ բերողը այս անգամ մարդկութեան սպառնալիք հանդիսացող քորոնա վարակն էր։

Ու այս բոլորի լոյսին տակ աւելի քան ուշագրաւ էր, որ աշխարհի գլխաւոր առաջնորդները ի՛նչ կը մտածեն լուծումներ բերելու համար. պահ մը, երբ բոլորը կը գիտակցին, թէ մարդկութեան աճեցուցած վէրքերը եւ քաղաքակիրթ աշխարհի պատրաստած դանակը՝ հասած է ոսկորին։

Այս բոլորին մասին հետաքրքրական դիտարկումներ կատարած է Մեծն Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Կորտըն Պրաուըն, որ այս մասին ուշագրաւ յօդ-ւած մը ստորագրած է Financial Times պարբերականին մէջ։ Ստորեւ իմ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ այդ գրութիւնը, որ առաջին անգամ արեւելահայերէնով լոյս տեսաւ «Սիվիլնէթ» կայքէջին մէջ, թարգմանութեամբ՝ Զառա Պօղոսեանի։

ԿՈՐՏԸՆ ՊՐԱՈՒԸՆ. «ՃԳՆԱԺԱՄԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ Է ԾՆԻՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐԸ»

Մէկ տասնամեակ առաջ աշխարհի երկիրները հասկցան, որ եթէ չմիաւորուին, ապա այդ մէկը վատ աւարտ պիտի ունենայ անոնցմէ իւրաքանչիւրի համար։

Այդ նոյն միասնութիւնը անհրաժեշտ է հիմա։

Երբ աւելի քան մէկ տասնամեակ առաջ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարման համար գումարուեցաւ «G20»ի գագաթնաժողովը, մենք ստիպուած էինք յաղթահարել Միացեալ Նահանգներու թերահաւատութիւնը, «G7»ի երկմտութիւնը, Չինաստանի ընդդիմացումը ճգնաժամի յաղթահարման գործին մէջ իր պատասխանատուութիւնը սահմանափակելու եւ, հակառակը, Ֆրանսայի ճնշումը զայն ընդլայնելու համար: Այդպիսին էր իրավիճակը Լոնտոնի գագաթնաժողովին, որուն ներկայ էին ոչ թէ 20, այլ 23 երկիրներու առաջնորդները: Անոնց միջեւ ամենամեծ տարաձայնութիւնը ոչ թէ 1 թրիլիոն տոլարի խթանումներու ծրարն էր, այլ օֆշորային գօտիները:

Ի վերջոյ, մենք համաձայնութեան եկանք կարճաժամկէտ հարկապիւտճէային թիրախներու, բայց ոչ՝ միջին աճի թիրախներու շուրջ: Մեր ծրագիրը՝ համաշխարհային դրամագլուխի հոսքերու եւ մատակարարումներու ցանցերու դարաշրջանին վերափոխելու համաշխարհային հիմնարկները, նոյնպէս ձախողեցաւ: Բայց գոնէ բոլորը հասկցան, որ եթէ չմիաւորուինք՝ հարցին լուծում տալու համար, ապա այն վատ պիտի վերջանայ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար: Գործնական քայլերու վրայ հիմ-նըւած ընդհանուր նպատակներուն նուիրուածութիւնն էր, որ օգնեց վերականգնել վստահութիւնը, երբ այն չկար:       

Այդ վստահութիւնն է, որ «G20»ի առաջնորդները պէտք է վերականգնեն այսօրուան եզակի ճգնաժամի ընթացքին: Անոնք շատ ծանր փոխզիջման գացած են. որքան թշնամական դիմակայենք առողջապահական այս արտակարգ իրավիճակը՝ փակելով աշխատատեղիները, այնքան ծանր պիտի ըլլայ արտակարգ իրավիճակը տնտեսութեան մէջ՝ յառաջ բերելով համակարգուած գործողութիւններու աւելի սուր անհրաժեշտութիւն՝ իւրաքանչիւր երկրի տնտեսական վայրէջքը դանդաղցնելու եւ ետ շրջելու համար: Բայց ահա այդպիսին է միջազգային համագործակցութեան պահանջարկի եւ անոր արձագանգելու այսօրուան մեր պատրաստակամութեան միջեւ խզումը, երբ «G20»ի յաւակնութիւնները հակադարձ համեմատական են մեր ընդհանուր մարտահրաւէրներու վիթխարիութեան հետ:

Քորոնաժահրային համաճարակը դիմագրաւելու ջանքերու շրջագիծէն ներս անհատական ինքնամեկուսացումը սովորական դարձած է: Բայց սկսած է նաեւ երկիրներու ինքնամեկուսացումը: Յետպաղպատերազմեան սկզբնական շրջանին Միացեալ Նահանգներ բազմակողմանի կը գործէր. այժմ, աւելի բազմաբեւեռ ժամանակաշրջանին մէջ, ան կը գործէ միակողմանիօրէն: Այս «մենք-ընդդէմ-անոնց» ազգայնականութիւնը, եւ ընդհանրապէս, «Ամերիկան առաջինը», «Չինաստանը առաջինը», «Հնդկաստանը առաջինը», «Ռուսաստանը առաջինը», «Պրազիլը առաջինը» կամ «Թուրքիան առաջինը», դարձած են համաշխարհային երեւոյթ: Այնուամենայնիւ, նոյնիսկ ամենամեկուսացուած երկիրը գիտէ, որ բաւարար չէ «Covid-19»ի դէմն ընդամէնը մէկ երկրի մէջ առնելը. անոր դէմը պէտք է առնել ընդհանրապէս բոլոր երկիրներուն մէջ:

«G20»ը պէտք է ստանձնէ եւ արագցնէ համաձայնեցուած համաշխարհային ջանքերը՝ պատուաստանիւթերու եւ դեղօրայքի ստեղծման, արտադրման եւ տարածման համար: Իւրաքանչիւր պետութիւն գրեթէ միաժամանակ եւ մեծ ծաւալներով, հետազօտական սրուակներու, շնչառական սարքերու, մաքրող քիմիական նիւթերու եւ պաշտպանիչ սարքաւորումներու կարիք ունի: Ատոր հասնելու համար «G-20»ը պէտք է աջակցի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Համաշխարհային հիմնադրամի ջանքերուն՝ համակարգելու եւ մեծցնելու բժշկական պարագաներու արտադրութիւնն ու գնումները: Ժամանակի ընթացքին ան պէտք է ստեղծէ համաշխարհային պահուստ եւ աշխատուժ: Մաքսատուրքերն ու ապահովական արգելքները պէտք է վերացուին. ոչինչ պէտք է խանգարէ, որ այն, ինչ որ զանգուածային կ՚արտադրուի մէկ երկրի մէջ եւ մէկ երկրի համար, արտադ-րըւի նաեւ ուրիշներու համար:

2010-ին «G20»ի մէջ համաձայնեցուած դրամավարկային, հարկապիւտճէային եւ հակաապահովական միջոցառումները արագ վերականգնեցին աճը: Այժմ նմանատիպ միջոցառումները կրնան առաւելագոյնի հասցնել առանձին երկիրներու քաղաքականութեան արդիւնքը, որ կրնայ ըլլալ աւելին, քան Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան (OECD) կողմէ կանխատեսուող 2 թրիլիոն տոլարի խթանիչ ծրարը: Աշխարհը շատ աւելի զօրաւոր եւ կայուն կ՚ըլլար, եթէ համակարգային նշանակութիւն ունեցող իւրաքանչիւր կեդրոնական դրամատուն միաժամանակ միջամտէր այնպիսի արմատական ձեւով, որպիսին կ՚ընէ Միացեալ Նահանգներու Դաշնային պահուստային համակարգը: Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը եւս պէտք է համաձայնի SDR-ի (փոխառութեան յատուկ իրաւունքներ) նոր յատկացումներուն, որպէսզի կարենայ լուծել զարգացող տնտեսութիւններէն դրամագլուխի զանգուածային արտահոսքի խնդիրը։ 

Այդ ուժն ու կայունութիւնը կրնան աւելի արդիւնաւէտ դառնալ համակարգուած հարկապիւտճէային խթանիչ քաղաքականութեամբ, որ այս անգամ շատ աւելի է՝ համեմատած 2009-ին տեղաբաշխուած համաշխարհային համախառն ներքին արդիւնքի 2 տոկոսին: Եւրոպական Միութիւնն ու Չինաստանը այժմ եւս պէտք է իրականացնեն Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծ Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը այս հարցի պարագային:

Հարկապիւտճէային քաղաքականութիւնը կրկնակի կարեւոր է, քանի որ առկայ են արդարութեան մեծ հարցեր: Ամենաաղքատներն ու ամենախոցելիները կը կրեն ամենամեծ բեռը եւ ամենաշատը կը տուժեն, երբ գայ պարտքերը վճարելու ժամանակը: «G20»ի հարկապիւտճէային գործողութիւնը կրնայ շրջանցել երկրորդ տասնամեակին խնայողութեան խիստ վարչաձեւի անցնելու քաղաքականութիւնը եւ նուազեցնել ամբոխավար ազգայնականութեան յետագայ ալիքներու վտանգը:

Ի վերջոյ, «G20»ը մօտ ապագային պէտք է ստեղծէ աշխատանքային խումբ՝ համակարգելու համար քաղաքական առաջնորդներու, բժշկական փորձագէտներու եւ միջազգային հաստատութիւններու ղեկավարներու աշխատանքը: Եթէ Ափրիկէի մէջ վարակի տարածման աստիճանը մօտենայ Ասիոյ ցուցանիշներուն, ապա միջազգային հիմնադրամները շուտով կը սպառին: «G20»ը պէտք է վերանայի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը ամբողջութեամբ գանձատրելու հարցը, Պատուաստումներու եւ պատուաստանիւթերու համաշխարհային դաշինքի (GAVI) ֆոնտի համալրումը, եւ Համաշխարհային դրամատան լրացուցիչ միջոցներ խոստանայ: Ծախսարդիւնաւէտ տարբերակ մըն է նոր Միջազգային գանձատրական կրթական կառոյցը (International Finance Facility for Education - IFFED): Մինչ երկիրները ներդրումները կ՚ուղղեն տնտեսական աջակցութեան եւ ընկերային անվտանգութեան ցանցերուն, IFFED-ը կրնայ լրացուցիչ իրաւասութիւն ստանձնել՝ վերապատրաստելու համար զարգացող երկիրներուն անհրաժեշտ առողջապահական ոլորտի 18 միլիոն աշխատողները:

«G20»ը դեռ պէտք է իրականացնէ իր՝ որպէս աշխարհի առաջնային տնտեսական հարթակի ներուժը։ Նախադէպեր եղած են: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի գեհենէն ծնան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը, Համաշխարհային դրամատունն ու Համաշխարհային առողջապահութեան Կազմակերպութիւնը։ Այս ճգնաժամէն դուրս գալու համար պէտք է ծնին միջազգային ճարտարապետութեան եւ համաշխարհային համագործակցութեան բոլորովին նոր մակարդակի բարեփոխումներ: Սա ծայրայեղ անհրաժեշտ հանրային բարիք է աշխարհի մը համար, որ պիտի սկսի հասկնալ, թէ ինք շատ աւելի փոխկապակցուած եւ խոցելի է, քան երբեւէ: 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020