ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ. ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ «ՏԱՔ» ՊԱՀԵԼ ՀՐԱՊԱՐԱԿԸ. ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ «ԽԱՂ» ԿՐՆԱՅ ԲԱՆԱԼ

Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի սկսած եւ աւելի ուշ «համաժողովրդային շարժում»ի վերածուած ընդդիմադիր պայքարը կը շարունակուի:

Փաշինեան, որ ստիպուած է փողոցէն դուրս գալ եւ հարցերը տանիլ քաղաքական հարթակ, կը պատրաստուի վաղը տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին, ուր ժողովականները պիտի ընտրեն երկրին նոր վարչապետը, որ պիտի փոխարինէ շաբաթ մը առաջ անսպասելիօրէն հրաժարական տուած Սերժ Սարգսեանը:

Երեւելի է նաեւ, որ «խաղ»ը իր ձեռքին առած Փաշինեան ինքն է, որ հանդէս կու գայ «թելադրող»ի դերով, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու չունենալու մասին ըրած յայտարարութենէն ետք:

Յիշեցնեմ, որ Շաբաթ յետմիջօրէին տեղի կ՚ունենային երկու կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնք «խաղը բանալու» հիմնարար բոլոր տուեալները ունին:

ա. Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու չունենալու մասին յայտարարութիւնը, որ կը կատարուէր ՀՀԿ-ի խօսնակ՝ Եդուարդ Շարմազանովի բերնով:

բ. Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի «ժողովրդային թեկնածու»ի սա-տարելու մասին որոշումը, որ Ծառուկեան կը կատարէր նոյնպէս Շաբաթ յետմիջօրէին, իրեն պատկանող «Կեդրոն» հեռատեսիլի կայանէն:

Այս երկու տուեալները ցոյց կու տան, որ այսօրուան դրութեամբ «խաղի լարեր»ը կը գտնուին Նիկոլ Փաշինեանի ձեռքը: Այս մօտեցումին գլխաւոր ապացոյցը ՀՀԿ-ի խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանի կատարած յայտարարութիւնն է, թէ Ազգային ժողովի երեք ուժերը եթէ միասնական թեկնածուով հանդէս գան, ապա իրենք որպէս «Հանրապետական» կուսակցութիւն, ոչ մէկ խնդիր ունին մասնակցելու, հետեւաբար նաեւ այդ նիստին օրինականութիւնը ապահովելու առումով:

Ճիշդ է այդ մօտեցումը, ըստ որուն նոր վարչապետ ընտրելու գաղտնաբառը չէ հնչած: Խօսքը անշուշտ խորհրդարանին մէջ մեծամասնական ուժ համարուող «Հանրապետական»ին մասին է, որ մինչեւ այս տողերուն գրուիլը կը շարունակէ պահել «էնթրիք»ը՝ ընտրական օրակարգին առումով:

Հարցում. «Հանրապետական»ը, որ անհնարին է «ամբողջ կազմ»ով մասնակցի Փաշինեանի ընտրութեան, թոյլ պիտի տա՞յ, որ իր խմբակցութեան անդամներէն «ոմանք» (կարեւոր է այդ «ոմանք»ը ապահովելու համար վարչապետի ընտրութեան անհրաժեշտ թիւով քուէներ) անկաշկանդ ձեւով իրենց քուէները տան Փաշինեանին: Կամ թէ «նոր խաղ» մը բանալով՝ այնպէս մը ընել, որ երկու ձախող քուէարկութիւններ է յետոյ այս խորհրդարանը «տուն երթայ» եւ Հայաստան մտնէ նոր խորհրդարան մը ընտրելու փուլը:

Հայաստանի քաղաքական զարգացումներուն մօտէն հետեւողներուն համար կան այս հարցադրումները ու շատ բնական է, որ «Հանրապետական»ը կրնայ որեւէ պահու նոր «թելադրական» ոճով մը հանդէս գալ, սակայն կարեւորը այս չէ, կարեւորը ներքաղաքական հարթակի վրայ եղած գործողութիւնները իրենց հունէն դուրս չգան եւ պահպանեն խաղին կանոնները:

Ի վերջոյ ինչ ալ ըլլան, Մայիսի ընտրութեան կամ այդ պատմական նիստին արդիւնքները Փաշինեան եւ իր կողմը եղած ժողովուրդը (որ կ՚ըսուի, թէ Հայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնն է) ըմբռնէ «խաղին սահմաններ»ը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Փաշինեան կը խօսի «վրէժ չլուծելու» եղանակով ու լաւ կ՚ընէ, սակայն կ՚ըմբռնէ՞ արդեօք, որ ժողովէն ետք տագնապը «արտածել»ու եւ միջազգային դիտորդ երկիրներուն միջամտութեան առիթ տալու որեւէ փորձ մեծ վնասներ կրնայ բերել ո՛չ միայն իր «համաժողովրդային շարժման», այլ՝ ամբողջ Հայաստանին:

Ի դէպ, երէկ գիշեր Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կայացած հանրահաւաքին ընթացքին խօսք առնելով Փաշինեան իր համակիրներուն կոչ ըրաւ այսօր (Երկուշաբթի օր) բողոքի ցոյցեր չընել եւ դադար առնել: Ան նաեւ յայտարարեց, որ գրասենեկային աշխատաքներ ունի եւ պիտի պատրաստուի Երեքշաբթի օրուան նիստին: Այստեղ նշմարելի է, որ Փաշինեան կ՚անդրադառնայ, թէ ինք, իր խումբը եւ ամբողջ երկիրը կարեւոր նոր փուլի մը առջեւ են ու բոլոր հարթակներու վրայ կարեւոր ընելիքներու ժամը հնչած է:

Յառաջիկայ օրերը կարեւոր են Հայաստանի համար: Սպասենք:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018