ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

ԿԱՆՈՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻ

Հարցում. Այս ընթացքին երբ սարկաւագը «Աստուծոյ երկրպագեսցուք» կ՚ըսէ, քահանան ու ժողովուրդը ի՞նչ կ՚ընեն:

Պատասխան. Քահանան երկրպագութիւն կ՚ընէ Սեղանը համբուրելով, ու կը խնդրէ, որպէսզի Սուրբ Հոգին իջնէ Սուրբ Ընծաներուն եւ ժողովուրդին վրայ. «Երկիրպագենք եւ աղաչեմք եւ խնդրեմք ի Քէն, բարերար Աստուած, առաքեա՛ ի մեզ եւ յառաջի եղեալ ընծայս այս զմշտնջենաւորակից Քո եւ զէակից Սուրբ Հոգիդ». եւ մինչ դպիրները ժողովուրդին հետ կ՚երգեն «Որդի Աստուծոյ» երգը, քահանան զատ-զատ երեք-երեք անգամ խաչակնքելով Սուրբ ընծաներուն վրայ կ՚ըսէ.

Որով զհացս օրհնեալ՝ մարմին ճշմարտապէս արասցես Տեառն մերոյ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի:

Անով, այսինքն՝ Սուրբ Հոգիով օրհենլով այս հացը՝ ճշմարտապէս մարմին ըրէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուսի Քրիստոսի:

Եւ զբաժակս օրհնեալ արիւն ստուգապէս արասցես Տեառն մերոյ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի:

Որվ զհացս եւ զգինիս օրհնեալ մարմին եւ արիւն ճշմարտապէս արասցես Տեառն մերոյ եւ Փըրկ-չին Յիսուսի Քրիստոսի՝ փոխարկելով Հոգւովդ Քով Սրբով:

Անով այս հացը ու գինին օրհնելով ճշմարտապէս մարմին եւ արիւն ըրէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի՝ փոխարկելով ասոնք (ի մարմին եւ յարիւն Քրիստոսի) Քու Սուրբ Հոգիովդ:

Այս իւրաքանչիւր խօսքերուն եւ օրհնութեան ընթացքին, սարկաւագը քահանային մօտ կանգնած ցած ձայնով՝ ահիւ եւ դողութեամբ կ՚ըսէ՝ «Ամէն. Օրհնեա՛ Տէր»:

Իսկ քահանան աղօթքը ձայնով կ՚աւարտէ ու կ՚ըսէ.

Որպէսզի եղիցի սա ամենեցուն մեզ մերձեցելոցս՝ յանդատապարտութիւն, ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց:

Հ. Եթէ սրբագործութեան խորհուրդը Առէք կերէք եւ Արբէք ի սմանէ ըսած ատեն կը կատարուի, եւ հացն ու գինին Քրիստոսի մարմինին եւ արիւնին կը փոխարկուին, ինչո՞ւ համար Սուրբ Հոգիի կոչման աղօթքին մէջ արարեր չ՚ըսուիր, իբրեւ յիշատակութիւն անցածին, հապա՝ արասցես իբրեւ ապառնի:

Պ. Սուրբ Հոգիին կոչումը ո՛չ թէ նոր աղօթք կամ գործողութիւն պէտք է համարել այստեղ, այլ՝ իբրեւ ամբողջացուցիչ մաս՝ սրբագործութեան աղօթքին, ինչպէս որ գրեթէ եկեղեցւոյ բոլոր խորհուրդները եւս Սուրբ Հոգիին կոչումովը կը կատարուին:

ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆՔ

Հ. Սրբագործութեան մասը աւարտելէն ետք քահանան ու դպիրները ի՞նչ աղօթք կ՚ընեն:

Պ. Թէ՛ քահանան եւ թէ՛ ժողովուրդը Սուրբ Պատարագին միջնորդութեամբ կը սկսին իրենց հայցուածքները խնդրել Աստուծմէ, յիշատակելով ընդհանրապէս եւ մէկ առ մէկ բոլոր հաւատացեալները՝ ողջերն ու հանգուցեալները: Քահանան ծածուկ կերպով այս աղօթքը կ՚ըսէ.

Սովաւ շնորհեա՛ զսէր, զհաստատութիւն եւ զըղձալի զխաղաղութիւն ամենայն աշխարհի: Սրբոյ Եկեղեցւոյ եւ ամենայն ուղղափառ եպիսկոպոսաց, քահանայից, սարկաւագաց, թագաւորաց աշխարհի, իշխանաց, ժողովրդոց, ճանապարհորդելոց, նաւելոց, կապելոց, վտանգելոց, աշխատելոց, եւ որք ի պատերազմունս բարբարոսաց:

Սովաւ եւ օդոց շնորհեա՛ զբարեխառնութիւն, եւ անդոց՝ զպտղաբերութիւն, եւ ախտացելոց ի պէսպէս ցաւս՝ փութապէս զառողջութիւն:

Սովաւ հանգո՛ զամենեսեան յառաջագոյն ի Քրիստոս զննջեցեալսն [զնախահարս, զհայրապետս, զմարգարէս, զառաքեալս, զվկայեալս], զեպիսկոպոսունս, զերիցունս, զսարկաւագունս, եւ զբնաւ ուխտ եկեղեցւոյ Քոյ սրբոյ: Եւ զամենեսեան որք յաշխարհական կարգէ զարս եւ զկանայս հաւատով վախճանեալս:

Ու ձայնով աւարտելով, կ՚ըսէ.

Ընդ որս եւ մեզ այց արասցես բարերար Աստուած, աղաչեմք:

Անոնց հետ մեր վրայ եւս ողորմութեան աչքով նայիլդ կը խնդրենք, բարերար Աստուած:

Ժողովուրդն ալ կը պատսխանէ. «Յիշեա՛ Տէր, եւ ողորմեա՛», այսինքն՝ յիշէ՛ Տէր քահանային յիշատակած հաւատացեալները, եւ ողորմէ՛ անոնց եւ մեզ՝ առհասարակ:

Հ. Քահանան անունով ո՞ր սուրբերը կը յիշէ:

Պ. Ամենէն գլխաւորները, այսինքն՝ Աստուածածին Սուրբ Կոյս Մարիամը, Յովհաննէս Մկրտիչը, Սուրբ Ստեփանոս Նախավկան: Այս ընթացքին, սարկաւագը Սեղանին աջակողմը կանգնած՝ տուն առ տուն կը յիշատակէ գրեթէ բոլոր սուրբերը՝ թէ՛ խումբ-խումբ եւ թէ՛ ալ զատ-զատ, մանաւանդ ազգային սուրբերը եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաքեալներն ու վարդապետները, եւ առաջին ու գլխաւոր նահատակները:

Հ. Սրբոց յիշատակութիւնը Պատարագին մէջ ի՞նչ խորհուրդ ունի:

Պ. ա) Եկեղեցին երկրի վրայ Քրսիտոսի Սուրբ Պատարագ մատուցած ընթացքին, երկնաւոր եկեղեցւոյ, այսինքն՝ սուրբերուն եւ հրեշտակներուն հետ եւս կը միանայ, ու մեր Տիրոջ Քրիստոսի միջոցով՝ զինուորեալ եւ յաղթական եկեղեցիները Սուրբ Պատարագը միաբան կը մատուցեն:

բ) Թէպէտ գիտենք, թէ սուրբերը արդէն իսկ երանական կեանքին արժանի եղած են հոգիով, ու Արքայութեան փառքը կը վայելեն, սակայն Սուրբ Պատարագին անհուն արդեամբք, թէ՛ անոնց փառքին պատահական յաւելումը կը խնդրենք եւ թէ՛ ալ անոնց մեզի համար ըրած բարեխօսութեան ընդունելի ըլլալը: Անցեալին եկեղեցիներուն մէջ, մանաւանդ յոյներուն մօտ՝ սովորութիւն կար, որ Սեղանին վրայ երկու գրութիւններ կը պահուէին՝ դիփտիկոն անունով. մէկուն վրայ սրբոց եւ հանգուցեալ երեւելի անձերուն անունները գրուած կ՚ըլլային, իսկ միւսին վրայ՝ քաղաքական իշխանաւորներու, այսինքն՝ տուեալ ժամանակի հայրապետները, թագաւորները, իշխանները, ինչպէս նաեւ մասնաւոր կերպով խնդրողները՝ որպէսզի իրենց համար յիշատակութիւն ըլլայ Սուրբ Պատարագին մէջ: Այս սովորութիւնը մինչեւ այսօր տեղ-տեղ պահուած է յոյներուն եւ ռուսերուն մօտ:

Հ. Որո՞նք են սարկաւագին յիշատակած գլխաւոր սուրբերը:

Պ. Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաջին Լուսաւորիչ Թադէոս եւ Բարդուղիմէոս առաքեալները, մեր Սուրբ Հայրը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ, անոր որդիներն ու թոռները՝ Արիստակէս, Վրթանէս, Յուսիկ, Գրիգորիս, Մեծն Ներսէս, Սահակ Պարթեւ, Դանիէլ, Խադ Եպիսկոպոս, Մեսրոպ Վարդապետ, Գրիգոր Նարեկացի, Ներսէս Կլայեցի՝ որ է Շնորհալին, Յովհան Որոտնեցի, Գրիգոր Տաթեւացի եւ Մովսէս Տաթեւացի վարդապետները, Գրիգորեաններն ու Ներսիսեանները (որոնք են գլխաւորապէս Գրիգոր Վկայասէր եւ Գրիգոր Տղայ, Ներսէս Լամբրոնացին) եւ այլ հովիւներ ու հովուապետներ Հայաստանեայց:

Ապա, սարկաւագը կը յիշէ միանձնեայ կրօնաւորները կամ ճգնաւորները, ու ապա՝ թագաւորները, եւ ընդհանուր բոլոր հաւատացեալները, այրեր ու կիներ, ծերեր ու մանուկներ, ու բոլոր հասակներէ անձեր, որոնք հաւատքով ու սրբութեամբ ի Քրիստոս ննջեցին:

Հ. Ժողովուրդը ի՞նչ կը պատասխանէ այդ յիշատակութիւններուն:

Պ. Առաջիններուն պատասխան կու տայ՝ «յիշեա՛ Տէր եւ ողորմեա» ըսելով, իսկ վերջին տունին կը պատասխանէ, թէ «ըստ ամենայնի եւ յաղագս ամենեցուն», այսինքն՝ բոլոր խնդրանքներուն եւ ամէնուն համար, որ քիչ առաջ քահանան եւս ըսած էր:

Հ. Սրբոց յիշատակութեան ժամանակ քահանան ի՞նչ աղօթք կ՚ընէ:

Պ. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցւոյ առաջնորդներուն համար կ՚աղօթէ ու ապա ձայնով Սրբազան Կաթողիկոսին համար կ՚ըսէ.

Եւս առաւել զեպիսկոպոսապետն մեր եւ զպատուական հայրապետն ամենայն հայոց զտէր (այս անուն) շնորհեսցես մեզ ընդ երկայն աւուրս ուղիղ վարդապետւթեամբ1:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 12

Վաղարշապատ


1 Տաճկաստանի [Արեւմտահայաստանի] մէջ սովորութիւն է այս ընթացքին յիշատակել նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ եւ Երուսաղէմի սրբազան պատրիարքները, իսկ Ռուսաստանի մէջ՝ ռուսաց Կասրը եւ անոր օգոստափառ ազգատհոմը: Նոյն յիշատակութիւնները կը կրկնէ նաեւ սարկաւագը Գոհութիւն-ին մէջ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2020