ԱՐՑԱԽԸ՝ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՍԱԼԻՆ, ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՄՈՒՐՃԻՆ ԵՒ... ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԱՆՃԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՔՑԱՆԻՆ ՄԷՋ

Փաստ է, որ Ուքրայնայի պատերազմը ունեցաւ իր ծանր ազդեցութիւնը եւ դեռ ալ կրնայ ունենալ Հայաստանի վրայ։ Անառարկելի փաստ։

Ամբողջ աշխարհ մկանները լարած կը սպասէր, որ պատերազմը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ՝ մասնաւորապէս մեծ բնակչութիւնով երկիրներու պարէնային անվտանգութեան վրայ, սակայն, պարզուեցաւ, որ այդ ալ հարթելի է։ Թէեւ որոշակի զրկումներով, ճանապարհային փոփոխութիւններով, այլընտրանքներու բազմակիութեամբ եւ այլ ձեւաչափերով, որոնք այս հարցը հարթելու առումով նոյն այդ «մտահոգ» երկիրներուն պիտի պարգեւեն որոշ հանգստութիւն։

Վերադառնալով մեր «փոքր ածուին»՝ ապա յստակ է արդէն, որ այս պատերազմը առիթ դարձաւ, որպէսզի դարձեալ վառ կրակի վրայ դրուի Արցախի հարցը։ Ատրպէյճան, որ իր մագիլները սրած կը սպասէր, նաեւ լաւ ընկալած էր, թէ հիմա ատենը չէր նոր պահանջներ բարձրացնելու Արցախի վերաբերեալ։ Յարմար նկատելով պահը Պաքու յառաջ գնաց եւ մէջտեղ հանեց Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ «առնելու» հարցը, որ, անշուշտ եւ բնականաբար, պիտի ունենար պայթումի ազդեցութիւն Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ։ Այս յայտարարութիւնը, անշուշտ, երեւցաւ տողատակի եւ խնդիրը աւելիով բարդացաւ, երբ այս անգամ Պրիւքսելի մէջ, հովանաւորութեամբ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Հայաստանի վարչապետն ու Ատրպէյճանի նախագահը ի մի եկան։ Այդ գագաթէն ետք Ալիեւ զարմանք արտայայտեց, որ Փաշինեանի բերնով իսկ լսած է Հայաստանի համաձայնութիւնը՝ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած հինգ պայմաններուն համար։ Խնդիրը միայն պայմաններ ընդունիլ-չընդունիլը չէ։ Այստեղ կայ հինէն եկած վարկած մը, ըստ որու Փաշինեան պատրաստ է ամէն ինչի՝ միայն թէ կարողանայ պահել իր աթոռն ու իշխանութիւնը։

Եթէ այս տրամաբանութիւնը քիչ մը ընդհանուր պատկերէն հեռու տանինք, ապա նաեւ պիտի նկատենք, որ այսօրուայ դրութեամբ Հարաւային Կովկասի այս հատուածին մէջ կայ շահերու նոր դասաւորում, մրցակցութիւն եւ նոր մակարդակի լարուածութիւն։ Երբ լարուածութիւն կ՚ըսենք, չենք ուզեր կրկնել Փաշինեանի կողմէ արդէն յաճախակիօրէն հնչեցուած տեսակէտները, թէ «եթէ մենք չհամաձայնինք ու Պաքուի հետ չերթանք համաձայնութեան, ապա շուտով պատերազմ պիտի սկսի»։ Բայց եւ այնպէս, այո՛, եւ մանաւանդ այս օրերուն պատերազմի վտանգը կը շարունակէ մնալ երեւելի։ Այլ խօսք, որ այդ պատերազմի թնդանօթները ուղղուած կ՚ըլլան նաեւ Ռուսաստանի դէմ, բայց այսօր ստեղծուած իրավիճակը կը վկայէ, թէ Ատրպէյճան կը խաղայ ամբողջապէս «ռէէլ-փոլիթիք»ի կանոններով եւ մասնաւորապէս՝ պատերազմի մէջ յաղթած կողմի քիչ մըն ալ խելացնոր մօտեցումներով։

Թուրքիա, որ մէկ կողմէ կը փորձէ Հայաստանէն միաւորներ վաստակիլ, նաեւ բանալ երկխօսութեան նոր եւ կայուն պատուհաններ, անդին հաշուի կ՚առնէ Ատրպէյճանի պայմանները, առաջադրանքները եւ տրամադրութիւնները։ Այս ալ յստակ է բոլորին համար։ Իւրայատուկ է, որ Պաքու շատ տրամադրուած հայեացքներով կը հետեւի Եւրոպայէն հնչած թելադրանքներուն, նաեւ ընդունած է, որ Արցախի խնդրի լուծման եւրոպական մոտելը լաւագոյնն է իրեն համար. լաւագոյնն է, որովհետեւ Ատրպէյճան եւ Հայաստան այդպէսով կրնան օգտուիլ Եւրոպայի ծրագիրներէն եւ նոյնիսկ ներդրումներէն, նաեւ եւրոպական լուծման, «եւրոպական բանալիներու» ճիշդ օգտագործման պարագային՝ աւելիով պիտի նուազի Ռուսաստանի ընդհանուր ազդեցութիւնը այս տարածաշրջանին մէջ։ Ուրեմն, այսպէսով մէկ քարով՝ նոյնիսկ երեք թռչուն։ Առաջինը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի «վերջնական լուծում»ը, յետոյ Եւրոպայի նեցուկին ապահովումը, նաեւ Ռուսաստանի ազդեցութեան նուազումը։ Ալ չեմ խօսիր Իրանի դերակատարութեան թուլացման մասին, ինչ որ կարծէք դարձած է Թուրքիոյ կողմէ նուիրականացուած մօտեցում մը։ Արդարեւ, շնորհիւ Թուրքիա-Իրան կապերուն եւ մասնաւորապէս վերջին շրջանին ստեղծուած է այնպիսի իրավիճակ մը, ուր Իրան ընդհանրապէս դարձած է լուռ հետեւող մը։ Ան կը բաւարարուի մերթ ընդ մերթ Հայաստանի սահմաններու անփոփոխելիութիւնը «կարմիր գիծ» համարելու վերաբերեալ յայտարարութիւններով հանդէս գալով։

Այս համայնապատկերին վրայ ի՞նչ կը մնայ Հայաստանին ընելիք։ Մէկ կողմէ մինչեւ ողն ու ծուծը անձնատուութեան մատնուած իշխանութիւն, իսկ միւս կողմէ Արցախի հայաթափութեան վտանգի գերխնդիր։ Նոյնիսկ այդ վտանգին առջեւ անհասկնալի ներքին լարուածութիւն, պառակտում եւ տարակարծութիւն։

Այս բոլորէն անդին կայ միայն մէկ վարկած, որ կը վերաբերի Ռուսաստանի հաւանական «նոր վերադարձ»ին։ Այս վարկածը աւելիով իմաստ կրնայ ստանալ Ուքրայնայի պատերազմի հանգուցալուծումէն յետոյ, ինչ որ հեռու կը թուի ըլլալ։ Իսկ Հայաստանի համար իւրաքանչիւր պահ կ՚անցնի ահով, մտավախութեամբ ու լարուածութեամբ։ Այս բոլորը վերահաստատուեցան նաեւ Փաշինեանի կողմէ, որ առանց վարանումի մեղայական ճառ արտասանեց, նաեւ սեւով ճերմակի վրայ արձանագրեց, որ Հայաստան այսօր միս-մինակ է։ Թէ ինչքա՞ն այս խօսքը անկեղծ ու ամբողջական է, տակաւին վաղ է ըսել։ Բայց, այսօրուան խմորումները, Արցախի շուրջ ստեղծուած պայքարը միայն Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքով չեն ընթանար։ Այդ պայքարին մէջ կայ Արեւելք-Արեւմուտք լարուածութեան մէկ խազը, որ բաւական մեծ ալիքներու, նոյնիսկ պայթիւնավտանգ տագնապներու կրնայ տանիլ։

Այս բոլորի մասին խօսելէ ետք հարկ է մէջբերել վերլուծաբան Ստեփան Դանիէլեանի տեսակէտները, զորս ան վերջերս արտայայտած է հարցազրոյցի մը ընթացքին։ Ըստ իրեն, Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ բախումը արդէն տեղափոխուած է Հայաստան, սակայն, դեռ թէժ փուլը հասած չէ։ Եթէ Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը սրուի, ապա այդ մէկը կ՚ըլլայ ո՛չ թէ Հայաստան-Ատրպէյճան պատերազմ մը։ Այդ հաւանական պատերազմին կը մասնակցին Թուրքիան, Իրանն ու Ռուսաստանը, ինչ որ կրնայ վերջ տալ Հայաստանի գոյութեան:

Ի դէպ, Արցախի շուրջ աշխարհաքաղաքական լուրջ գործընթացներ տեղի կ՚ունենան եւ այստեղ իրենց կենսական շահերը կը հետապնդեն Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Իրանը։ Արեւմուտքը՝ Անգլիոյ աշխոյժ մասնակցութեամբ նոյնպէս յամառօրէն յառաջ կը մղէ տարածաշրջանին մէջ իր շահերը։ Հայաստան կրնար օգ-տըւիլ ստեղծուած իրավիճակէն եւ մեծցնել իր կշիռը՝ դառնալով աշխարհաքաղաքական լուրջ խաղացող, սակայն, ներկայ իշխանութիւններու պարագային նման բան ակնկալելը անիմաստ է:

Փաշինեանի Մոսկուա այցելութենէն առաջ Երեւանէն պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ որեւէ փաստաթուղթ պիտի չստորագրուի, բայց, ի վերջոյ ստորագրուեցաւ 30 կէտէ բաղկացեալ փաստաթուղթ մը։ Ամենայն հաւանականութեամբ այդ փաստաթուղթը պատրաստած ըլլայ ռուսական կողմը եւ ստիպած, որ ստորագրուի։ Ռուսաստան կը ցանկայ ցոյց տալ, որ ինք կ՚որոշէ Հարաւային Կովկասի հարցերը։ Մինչ այդ, Արեւմուտքը արագ ընթացքով կը փորձէ հասնիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման։ Ան կ՚ուզէ Հայաստանը ստիպել, որպէսզի Արցախը ճանչնայ՝ որպէս Ատրպէյճանի մաս եւ այսպէսով հիմնովին լուծել խնդիրը։ Յաջորդ քայլը կ՚ըլլայ հայերու դուրս բերուիլը Արցախէն։ Սակայն, ամէն անգամ, երբ կը քննարկուի հաշտութեան պայմանագիրը, Մոսկուա կը յայտարարէ, որ այդ մէկը երկար գործընթաց կ՚ենթադրէ եւ ապագային պէտք է անդրադառնալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Այսինքն, Ռուսաստանն ու Արեւմուտքը հանդէս կու գան հակառակ օրակարգերով։ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի համատեղ յայտարարութիւնը կը նշանակէ, որ այս բոլոր գործընթացները պիտի ընթանան Քրեմլինի վերահսկողութեան տակ։ Փորձագէտներ քանիցս յայտարարած են, որ Ռուսաստան չի լքեր Արցախն ու Հարաւային Կովկասը։ Մոսկուայի ու Արեւմուտքի միջեւ հակասութիւններ յառաջացած են նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման հարցով։ Այս գործընթացին նախաձեռնել կը նշանակէ նաեւ ներգրաւել ռազմական փորձագէտներ, որոնք պիտի դառնան միջնորդ ու պիտի աշխատին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ։ Այսինքն, միջնորդը այս գործընթացին մէջ կ՚ապահովէ քաղաքական եւ ռազմական ներկայութիւն:

Ամենայն հաւանականութեամբ Ռուսաստան ձգտի վերահսկել փորձել նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Այս մասին կը վկայէ՝ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ըլլալը։ Այդ հանդիպումէն յետոյ Թուրքիան ցանկութիւն յայտնեց այլ վայրերու մէջ կազմակերպել միւս հանդիպումները։ Թուրքիա կը փորձէ յառաջ տանիլ իր օրակարգը՝ յայտարարելով, որ կը համակարգէ իր քայլերը Ատրպէյճանի հետ։ Այսինքն՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը սպասարկէ Պաքուի շահերուն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2022