ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԲԱՂԱԴՐԱԿԱՆ ԿԷՏԵՐԷ
Խաղաղութիւնը ունի իր բաղադրական կէտերն ու նպատակները՝ չդրժելով, որ ինքնին խաղաղական կեանքն ու իրերու, գիտութիւններու, նոյնիսկ եղափոխութեան էութիւնը խաղաղական է եւ կը սնանի խաղաղ վիճակէն: Եթէ հիմնապէս նկատի առնենք քաղաքական կառոյցն ու ղեկավարումը աշխարհին՝ իբրեւ իրադարձութեան բարձրագոյն ցուցանիշ, ապա կը նկատենք, որ համաշխարհային ընդհանուր եւ տեղական խաղաղութիւններու հաստանումն ու ձեւով մը պահպանումը արդիւնք են գերտէրութիւններու համաձայնութիւններու: Ներկայ բաց աշխարհին մէջ խաղաղութիւնը իբրեւ արտայայտութիւն ընթացիկ կեանքի, ընկերաբանութեան ու մշակոյթի՝ աւելի ցանկալի եւ սիրելի կը համարուի: Այս կէտէն մեկնելով՝ խաղաղութեան բաղադրիչներէն կրնանք համարել մշակութային եւ ընկերային զարգացումը, տնտեսական եւ ելմտական դիւրամատչելիութիւնն ու հասանելիութիւնը եւ գիտական զարգացումը: Իսկ խաղաղութեան ամենամեծ քաղաքական նպատակներէն մէկը կրնայ համարուիլ տեղական ու համաշխարհային բարձրագոյն ձեւով ղեկավարման իրականացումը՝ որքան ալ անոր հասնելու համար կը հրահրուին եւ կը մղուին պատերազմներ:
Այո՛, պատմականօրէն պատերազմներու նպատակները երկիրներու սահմաններու ընդլայնումը եղած էր (սկսեալ առաջին հին եգիպտական թագաւորութիւններու կատարած առաջին արշաւանքներէն եւ ընդլայնումներէն), բայց անոնց առընթեր միշտ հիմնական նպատակ մնացած է տնտեսական շահ եւ հարստութիւն ապահովելու հարցը, որքան ալ այդ մէկը ծրագրուած է հայրենասիրական, գաղափարախօսական ու կրօնական տարազներով: Այո՛, այստեղ համեմատական ազնուագոյն բացառութիւն մը կրնանք համարել կրօնական պատերազմներու տեսակով կատարուած՝ Խաչակրաց արշաւանքները, որոնք այդքան ալ տնտեսական նպատակներով չէին ծրագրուած, այլ ըստ իրենց ծրագրաւորողներուն ու որոշողներուն (որոնց հիմնականը Վատիկանն էր) սրբավայրերու ազատագրումն էր՝ իմա Երուսաղէմ: Այս կէտին կարելի է տեսնել կրօնական նպատակի մը համար դարերով մղուած պատերազմ մը, որ հաւանաբար եւ անխուսափելի պատմական ու քաղաքական ենթակայութեամբ վերածուած է տնտեսական ձեռքբերումներ ալ իրականացնելու: Օրինակ՝ Խաչակիրներու հիմնադրած զանազան թագաւորութիւնները Միջերկրականի Արեւելեան ափին եւ Երուսաղէմի մէջ, որոնք այսպէս կամ այնպէս տնտեսական ալ համադրումներու պարտականութիւններու մղուեցան:
Եթէ զանց առնենք 21-րդ դարու երկու մեծ համաշխարհային պատերազմները, ապա կրնանք առանձնացնել համաշխարհային մեծ, այսպէս ըսած, առանձին, ոչ-դաշնակցային եւ տեղէ ու միակամ հրամանատարութենէ-անձէ ծագած արշաւանքային մաքառումները։ Այդ շարքին պատերազմական տեսքով կրնանք յիշել՝ Ալեքսանտր Մակեդոնացիինը, իսլամականը, մոնղոլականը եւ Նափոլիոնինը: Հիթլերին կատարածը դաշնակցային դասաւորումներու մէջ կ՚իյնայ: Այս պատերազմները ձեւաւորած են քարտէսներ, յառաջացուցած են պետութիւններ, խառնած ու ծնած են ժողովուրդներ, ընդելուզած, համադրած ու կառուցած են մշակոյթներ, լեզուներ եւ ամենակարեւորը՝ գծած են տնտեսական համաչափութիւններ: Դրական դիտանկիւնէն, այս բոլոր արդիւնքները կրնան համարուիլ նուաճումներ եւ մարդկային գործունէութեան այսպէս կոչուած՝ տրամագծութեան ու ծաղկման կապակցութեան խթան հանդիսացած են: Իսկ բացասականով՝ միլիոնաւոր մարդոց մահուան ու տեղահանութեան պատճառ դարձած են: Անաչառօրէն եւ անկախ իսլամական կամ քրիստոնէական կամ նոյնիսկ իւթոփիք պատկերացմամբ, պատերազմներու երկար պատմութիւնը ի վերջոյ եւ ինքնեկ յանգած է այն եզրակացութեան, որ շրջագիծ մը պէտք է ըլլայ միջազգային խաղաղութեան: Եւ 20-րդ դարուն վերջապէս դուռը բացուած է Ազգերու լիկայէն վերջ Միջազգային ազգերու կազմակերպութեան ստեղծման ու մարդու իրաւունքներու հռչակագիրի մը որդեգրման, ինչ որ լաւ կամ վատ յարաբերաբար ապահոված է ընդհանուր դրոյթով միջազգային համերաշխութեան ու խաղաղութեան նուազագոյն մեքանիզմ մը, որուն մարդկային պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գրեթէ աշխարհի բոլոր երկիրները ընդգրկուեցան:
Երբ ներկայ դարուս խաղաղութիւնը եւ անոր հասանումը դարձաւ (գոնէ տեսական մակարդակով) իրաւական եւ իրաւագիտական հասկացողութեան, ՄԱԿ-ի եւ անոր պատկանող օրէնսդրական մարմիններու գոյութեամբ, կրնանք ըսել, որ պատերազմները աւելիով պարսաւելի դարձան եւ անոնց մէջ ընկղմողները ակամայ կղզիացան կամ չէզոքացուեցան: Այո՛, բազում փորձագէտներ, որոնք յատկապէս արեւմտամէտ չեն, պիտի շեշտեն, որ ՄԱԿ-ը եւ միջազգային միւս բոլոր կազմակերպութիւնները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն յարած են եւ յարաբերաբար անոր կողմէ կը ղեկավարուին։ Ուստի, խաղաղութեան այսպէս կոչուած տեսլականն ու ծրագիրը ամերիկեան կամ առաւելագոյն արեւմտեան ծրագիր է, բայց այս մէկը չի դրժեր, որ կայ ՄԱԿ եւ կան շուրջ 200 անդամ պետութիւններ, իսկ Արեւմուտքը հաւնինք կամ ոչ, գոնէ անոր հողերուն վրայ մեծ պատերազմներ չկան եւ միւս կողմէ, չկայ խաղաղական մեծ ու համամարդկային ծրագիր մը՝ կառուցուած ՄԱԿ-էն եւ միջազգային օրէնքէն դուրս:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան