ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակագիրին հետեւեալ նախադասութիւնը. «Մարդուն հոգին Տիրոջը լոյսն է, սիրտին բոլոր շտեմարանները կը քննէ» (Առ 20.27):

Պատասխան. Այն՝ որ մարդուն մէջ եղող հոգին, Աստուծմէ մարդուն տրուած լոյսն է, որով մարդ կը լուսաւորուի: Ո՛չ թէ ինքն իրմէ կը լուսաւորուի, այլ՝ Աստուծմէ կը լուսաւորուի, Աստուած է որ կը լուսաւորէ եւ կ՚առաջնորդէ զինք: Աստուած մարդուն հետ կը խօսի՝ մարդուն հոգիին միջոցով, հոգին դէպի զԻնք կը քաշէ:

Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ կը գրէ. «Վասնզի մարդոցմէ ո՞վ գիտէ մարդուն բաները, բայց միայն մարդուն հոգին որ իր մէջ է» (Ա. Կր 2.11):

Մարդէն աւելի ինքզինք ճանչցող միայն Աստուած կայ: Ինչքան ալ մարդիկ փորձեն կամ ըսեն, թէ լաւ կը ճանչնան այս կամ այն մարդը, այդ մէկը յարաբերական է, որովհետեւ մարդոց մէջ նոյնինք մա՛րդն է միայն որ ինքզինք լաւապէս կը ճանչնայ: Այս ճանաչումին համար մադրուն կ՚օգնէ իր հոգին, որ Աստուծմէ որպէս լոյս դրուած է իր մէջ, լուսաւորելու զինք եւ առաջնորդելու:

Հ. Ողորմութիւնը որեւէ մէկ բանով կ՚օգնէ՞ թագաւորի մը, կամ ղեկավարի մը, կամ առաջնորդի մը:

Պ. Անշուշտ որ կ՚օգնէ: Ողորմած թագաւորը, ղեկավարը կամ առաջնորդը միշտ դրականօրէն կը յիշատակուի իր ժողովուրդին կողմէ, աւելին իր հպատակները կը սիրեն ու կը յարգեն զինք, ո՛չ թէ կը վախնան ու կը փախչին իրմէ:

Այն թագաւորը, ղեկավարը կամ առաջնորդը, որ իր ողորմութեամբ կը կառավարէ, ողորմութեամբ եւ գթասրտութեամբ կը վարուի իր հպատակներուն հետ, կը նմանի Տէր Յիսուսին, ով Ինքզինք որպէս փրկագին տուած Իրեն հաւատացողներուն համար: Տէր Յիսուս Իր ողորմութիւնը ո՛չ թէ նիւթապէս կատարեց, այլ՝ Ինքզինք տուաւ Խաչին վրայ, որով մեզի ազատութիւն պագեւեց մեղքէն ու ստրկական վիճակէն:

Ողորմութիւնը առաքինութիւն է եւ բոլորը չէ որ այս առաքինութեան կրնան տիրանալ: Մանաւանդ մեր օրերուն, երբ ողորմութիւնը առաքինութիւն, բարեգործութիւն ըլլալէ աւելի, վերածուած է ցուցադրութեան եւ ինքնաբաւարարման արարքի: Այսինքն, այսօր մարդիկ եթէ կտոր մը հաց պիտի տան կարօտեալի մը, փողով ու թմբուկով կը կատարեն այդ արարքը: Բնականաբար, նման մօտեցում մը ո՛չինչով կրնայ օգտակար ըլլալ այդ մարդոց:

Այսօրուան ղեկավարները աւելի քան երբեք պէտք է ողորմածութեամբ զարդարուած ըլլան, որովհետեւ աշխարհը տնտեսական լուրջ տագնապներու մէջէն կ՚անցնի: Ղեկավարները ո՛չ թէ կեղեքողներ պէտք է ըլլան, այլ՝ իրենց առաջին մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ իրենց հպատակներուն բարօրութիւնը ապահովել: Ո՛չ թէ իրենց հպատակները պէտք է տարատեսակ տուրքերով եւ տոկոսներով ծանրաբեռնեն, այլ՝ ինչքան հնարաւոր է պէտք է դիւրացնեն անոնց բեռները, պէտք է թեթեւցնեն անոնց ծանրաբեռնուածութիւնը, որպէսզի իրենց հպատակները կարենան բարօր կեանքով ապրիլ:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը ողորմութեան մասին, կը գրէ.

- Ո՛չ մէկ բան մեզ Աստուծոյ հաւասար կ՚ընէ, բացի արդարութիւն (ողորմութիւն) գործելը:

- Մենք մեզ, մեր զաւակները եւ բոլոր անոնք որոնք մեզի կը պատկանին, ողորմութեան դպրոցը բերենք: Մարդը բոլոր բաներէն վեր թող սորվի զայն: Ողորմութիւնը արդարեւ, մա՛րդն իսկ է…: Մենք մեզ մահացած համարենք, եթէ տակաւին ողորմութիւն չենք ցուցաբերեր:

- Այս է Աստուծոյ գործը… Աստուած երկինքը, երկիրն ու ծովը ստեղծեց: Փառաւոր են այս գործերը եւ վայել են Անոր իմաստութեան: Սակայն, այս բոլորէն ո՛չ մէկ բան իշխանութիւն ունի մարդկային բնութիւնը Իրեն քաշելու, ինչպէս Իր ողորմութիւնն ու մարդասիրութիւնը:

Հ. Ի՞նչն է ծերերուն եւ երիտասարդներուն զարդը:

Պ. Սողոմոն Իմաստունը կը գրէ. «Երիտասարդներուն զարդը անոնց ուժն է եւ ծերերուն փառքը ճերմակ մազն է» (Առ 20.29):

Երիտասարդութիւնը աշխատանքի, արտադրութեան, ստեղծագործութեան տարիքն է, այսինքն՝ մարդ իր երիտասարդութեան պէտք է լաւ աշխատի, որովհետեւ ա՛յդ է երիտասարդութեան տարիքի պահանջքը եւ ատոր համար է, որ մարդ երիտասարդութեան ժամանակ ֆիզիքապէս ամենէն զօրաւոր շրջանը կ՚ունենայ:

Իսկ ծերութիւնը հանգստանալու, երիտասարդներուն ուղղութիւն տալու, օգնելու տարիքն է: Այլ խօսքով, ծերութիւնը ձեռք ձգած փորձառութիւնը փոխանցելու ժամանակն է: Սպիտակ մազերը մարդուն համար փառք է, այսինքն՝ պատիւ է:

Ըսինք ծերութիւնը հանգստանալու շրջան է, որովհետեւ ծեր հասակին մարդ այլեւս չի՛ կրնար ընել այն՝ ինչ կ՚ընէր իր երիտասարդութեան: Ընելու պարագային ալ մեծ դժուարութիւն կ՚ունենայ, որովհետեւ բնութեան օրէնքներուն հակառակ կ՚ընթանայ: Այս չի՛ նշանակեր, թէ ըսել կ՚ուզենք, որ ծերութեան ժամանակ մարդ պիտի չաշխատի: Չաշխատելու մասին չէ խօսքը, այլ՝ գիտնալ կեանքը լաւագոյնս կազմակերպելուն մասին: Որովհետեւ երիտասարդ տարիքին կատարուելիք գործը երբ մարդ ձգէ ծերութեան, ապա անարդիւնաւէտ ու դաժան կ՚ըլլայ, քանի որ թէ՛ յաւելեալ ուժ կը պահանջէ եւ թէ հսկայ ծախսերու դուռ կը բանայ: Այդ պատճառով մարդ պէտք է իմանայ իր ժամանակը լաւագոյնս կազմաւորել ու կարգաւորել:

Զուր տեղ չէ որ որոշ պետութիւններ թոշակի տարիքին հասնող մարդոց որոշ պարտականութիւններ, պաշտօններ ու աշխատանքներ չեն վստահիր: Չեն վստահիր ո՛չ թէ որովհետեւ յարգանք չունին այդ մարդոց նկատմամբ, այլ՝ իրենց երկրի բարօրութեան մասին մտածելով, այդ պարտականութիւնները, պաշտօններն ու աշխատանքները կը վստահին աւելի երիտասարդներու, որոնք նոյն աշխատանքը կ՚ընեն նուազ ուժ եւ ժամանակ վատնելով:

Այսօր, շատ յաճախ կը հանդիպինք ծեր երիտասարդներու եւ երիտասարդ ծերերու: Այս երեւոյթը մտահոգեցուցիչ է մանաւանդ երիտասարդերու պարագային: Ծերերու երիտասարդ ըլլալը ուրախացուցիչ է: Բայց երբ երիտասարդը իր երիտասարդ տարիքին ծերի հագուստ կը հագնի ու այդպէս կ՚ապրի իր կեանքը, այդ ահաւոր ու սարսափելի երեւոյթ է: Մարդ պէտք է իրեն տրուած կեանքը, տարիքը ըստ արժանւոյն ապրի: Եթէ երիտասարդ տարիքին ծերանայ, ապա ծերութեան ժամանակ սպիտակ մազերը ո՛չ թէ փառք ու պատիւ կ՚ըլլան տուեալ անձին համար, այլ՝ անարգանք ու անպատուութիւն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 92

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2024