ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ. ՔԱՆԻ ՄԸ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵ
Սուրիոյ իրավիճակին մասին գրող վերլուծաբաններ վերջին շրջանին սկսան կարեւոր շեշտադրումներ կատարել այն մասին, թէ երկիրը հարուածող տագնապը մտած է նոր փուլ մը։ Փուլ, որ կրնայ ըլլալ երկարատեւ ու մանուածապատ ամենատարբեր բարդութիւններով։ Խօսքը մասնաւորապէս Սուրիոյ դէմ ընթացք առած տնտեսական պաշարման մասին է, որուն միջոցաւ ալ «Արեւմտեան պլոք»ի երկիրները եւ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, կը փորձեն ամէն բան ընել, որպէսզի կարողանան «ծունկի բերել» պաշտօնական Դամասկոսն ու յատկապէս Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատը։ Յստակ ալ չէ անշուշտ, որ այս տնտեսական բնոյթ ունեցող պաշարումը ի՞նչ հետեւանքներու կրնայ յանգեցնել, սակայն յստակ է, որ ռազմական բազմաթիւ ճնշումներու ենթարկուած երկիրը պիտի փորձէ ամէն գնով պայքարիլ այս երեւոյթներուն դէմ ու ձեւով մը յաղթանակած դուրս գալ այս տագնապէն։
ՊԱՇԱՐՄԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ «ԴՌՆԵՐ»Ը
Լիբանանեան «Ալ Ախպար» պարբերականը Սուրիոյ դէմ ընթացք առած տնտեսական պատժամիջոցներու մասին գրելով նկատել կու տայ, որ արեւմտեան աշխարհին համար Սուրիան ճնշելու գլխաւոր երեք առանցքներ գոյութիւն ունին։ Անոնք են ՝ Լիբանանի, Իրաքի եւ յատկապէս Յորդանանի հետ ունեցած Սուրիոյ սահմանային անցքերը, որոնք նոյնպէս կը համարուին Սուրիոյ «տնտեսական շնչառութեան» գլխաւոր ճանապարհները։
Թերթը այս առումով ի մի բերած է կարեւոր փաստարկներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ամերիկացիք կարեւոր եւ գործնական քայլերու կը ձեռնարկեն Սուրիան ենթարկելու համընդհանուր պաշարման մթնոլորտի մը մէջ։ Օրինակ՝ վերջին շաբաթներուն շատ բացայայտ կերպով կը խօսուի այն մասին, թէ Սուրիա-Լիբանան սահմանային հատուածին վրայ ամերիկացիք կը կառուցեն զինուորական պահակակէտներ, որոնք պիտի յանձնուին լիբանանեան բանակին։ Անշուշտ այս քայլով ամերիկացիք նպատակ պիտի ունենան ցայսօր առկայ Լիբանան-Սուրիա ցամաքային «շփում»ը իջեցնել նուազագոյնի եւ այդ շրջանի ընդհանուր վերահսկողութիւնը վստահիլ լիբանանեան բանակին, որ ըստ ամերիկացիներուն՝ իրենց համար վստահելի գործընկեր է։ Անշուշտ այստեղ չի բացառուիր նաեւ այն հանգամանքը, որ այդ հատուածին վրայ առկայ է ռազմական-ապահովական մեծ համագործակցութիւն մը. մէկ կողմէ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ին, իսկ միւս կողմէ Սուրիոյ բանակային զօրքերուն միջեւ։ Այս կէտին մեծ հարց կրնայ ծագիլ, այն իմաստով՝ թէ արդեօք «Հիզպուլլահ» պիտի մարսէ՞ այս կարգադրութիւնը եւ հեզասահ կերպով քաշուի ընդհանուր խաղէն։ Հոս պարտաւոր եմ յիշեցնել, թէ Սուրիոյ պատերազմի առաջին օրէն իսկ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ը շեշտուած մասնակցութիւն մ՚ունեցաւ եւ մեծ գին վճարելով կարողացաւ դառնալ սուրիական պատերազմական դաշտի ամենէն տիրական ուժերէն մին։
Մինչ երէկ խօսքը ռազմական գործողութիւններու եւ զարգացումներու մասին էր, այսօր առկայ է նոր իրավիճակ մը, որու ամենամեծ գրաւականը Սուրիոյ տնտեսական «պայքար»ն է։ Այսինքն ներկայ պահու դրութեամբ խաղի կանոնները փոխուած են. արեւմուտքի համար շատ կարեւոր է, որ ե՞րբ է այն ժամը, երբ պաշտօնական Դամասկոս «ախ» ըսէ ու կերպով մըն ալ իր գլուխը հակէ արեւմուտքին առջեւ։
Անշուշտ այս բոլորը այդքան ալ հեշտ գոյանալիք վիճակ մը չէ, մանաւանդ, որ սուրիացիք թէ՛ իբրեւ պետական համակարգ եւ թէ իբրեւ հասարակութիւն, արդէն վարժ են նման ճնշումներու, աւելի՛ն, վճռած են ամէն գնով յաղթական դուրս գալ այս պատերազմէն։
ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԱՐԱ ԿԻՒՄՐԻՒԿԵԱՆԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Այս բոլոր զարգացումներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու համար կարճ զրոյց մ՚ունեցայ հալէպահայ Արա Կիւմրիւկեանին հետ։
-Այս օրերուն հայկական լրահոսը, հասկնալի պատճառներով, շատ չէ հետաքրքրուած Հալէպով, որովհետեւ պատերազմը դադրած է, բայց գիտենք, որ այսօր կայ տնտեսական պատերազմը: Ձեր կարծիքով՝ որո՞նք են Հալէպի մէջ տնտեսական գլխաւոր դժուարութիւնները եւ անոնց պատճառները:
-Այո, պատերազմը դադրեցաւ, բայց հիմա տնտեսական պատերազմը սկսաւ, քանի որ երբ միջազգային ուժերը՝ Միացեալ Նահանգները, Արեւմուտքը, հրեաները եւ Պարսից ծոցի երկիրները, պարտութեան մատնուեցան եւ չկրցան նախագահ Պեշար Էսատը հեռացնելու իրենց երազը իրականացնել։ Հիմա՝ ութ տարի ետք, տնտեսական պատերազմի սկսան Սուրիոյ դէմ: Ութ տարուան մարտը ներկայ դրութեամբ ձեւափոխ-ւած է, պատերազմը հիմա վառելանիւթի, ելեկտրականութեան, դեղօրայքի եւ այլ հարցերու շուրջ կը զարգանայ: Պատճառը Սուրիոյ դէմ գործադրուող պատժամիջոցներն ու շրջափակումներն են: Եւ դժբախտաբար Եգիպտոսը մեծ դեր կը խաղայ այս բոլորին մէջ: Այս մէկը անշուշտ նորութիւն չէ, Եգիպտոսը եւ բազմաթիւ արաբական երկիրներ միշտ գործակցած են հրեաներուն հետ, բայց հիմա արդէն արաբական երկիրներու մեծամասնութիւնը Իսրայէլի հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունին եւ շատ ակնյայտօրէն կ՚ընեն այդ մէկը։ Ներկայիս երբ Իրանէն կազ, նաւթ փոխադրող նաւեր Սուրիա կ՚ուղարկուին, Եգիպտոսի մէջ՝ Սուէզի ջրանցքի վրայով անցնելու ժամանակ եգիպտացիները կը կանխարգիլեն այդ նաւերուն Սուրիա հասնիլը. իբր այդ ալ տագնապ կը ստեղծուի:
-Հալէպի մէջ բնականոն կեանք մը ապրելու համար որքա՞ն գումարի կարիքն ունի, օրինակ, երեք անդամներէ բաղկացող ընտանիք մը:
-Հալէպի մէջ, նախքան պատերազմի սկիզբը, ընտանիքի մը հայրը կ՚աշխատէր եւ ամբողջ ընտանիքը կը պահէր։ Բայց այսօր, եթէ ընտանիքը երեք հոգիէ կը բաղկանայ, երեքն ալ պէտք է աշխատին, որպէսզի տունը պահեն: Կեան-քի սղաճը ակներեւ է, դժուարութիւնները բազմացան, թանկացումներ ամենուրէք. հացի, վառելանիւթի, սնունդի եւ այլն:
Եթէ միջին հաշուարկ մը ընենք, երեք հոգինոց ընտանիք մը ամսական նուազագոյն 300 տոլարի կարիքն ունի իր ապրուստը ապահովելու համար, անշուշտ բացի բժշկական եւ այլ յարակից ծախսերէ: Ելեկտրականութեան պարագային, քանի որ տակաւին հոսանքը երկար ժամեր կը խզուի, մարդիկ այլընտրանքային՝ «ամփեր» կոչուած միջոցին կը դիմեն, բան մը, որ ամիսը շուրջ 30-40 տոլարի յաւելեալ ծախս է ընտանիքի մը համար: Ջուրի պարագային, փառք Աստուծոյ, հիմա ջուրի տագնապ չունինք։
-Արդեօք այս տնտեսական բարդութիւններուն շարունակականութիւնը կրնա՞յ ազդել հալէպահայ գաղութի գոյատեւման վրայ. ի՞նչ է ձեր կարծիքը:
-Ես կը կարծեմ, որ եթէ այս պատժամիջոցները շարունակուին, արտագաղթը բնականաբար աւելի պիտի աճի: Ներկայ դրութեամբ՝ որքան որ տեղեակ եմ, մենք ամիսը գրեթէ երկու կամ երեք գաղթող ընտանիք ունինք, այս թիւը ահաւոր է մեզի համար:
Մարդիկ ամբողջ պատերազմի ընթացքին դիմանալէ ետք, այսօր ստիպուած կը լքեն երկիրը, այս պատժամիջոցներուն յառաջացուցած տագնապներուն պատճառով: Այս մէկն ալ պատերազմ է, սպիտակ ջարդ է: Սեւ ջարդ տեսանք, մահեր տեսանք, սեւ օրեր տեսանք, սպիտակ դագաղներ տեսանք, հիմա ալ սպիտակ ջարդ կը տեսնենք:
Որպէս հայ գաղութ, դժուար է ըսել, թէ որքա՞ն կրնանք դիմանալ։ Այսօր մեր թիւը շատ նուազած է. վերջին տուեալներով՝ 6 միլիոն բնակչութեամբ Հալէպի մէջ կայ 7500-8000 հայ։ Պատկերացուցէք, որ այս թիւը հետզհետէ կը նօսրանայ:
Ես կը կարծեմ, որ ահաւոր պիտի ըլլայ վիճակը, եթէ այս հարցը Ռուսաստանի կողմէ չլուծուի։ Ռուսաստան հիմա որոշած է միջամտել, որպէսզի կազի, նաւթի, դեղօրայքի նաւերը իր միջոցաւ հասնին Սուրիա, ինչ որ լաւագոյն լուծումն է այսօրուան տագնապներուն։
-Ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել, որպէս վերջին խօսք:
-Մէկ պատգամ ունիմ մեր հալէպահայ ժողովուրդին՝ ձուլման մի՛ ենթարկուիք։ Մեր սրտերը, մեր հոգիները կը ցաւին, երբ կը տեսնենք հայ ընտանիք մը Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Աւստրալիա, Ֆրանսա, Գերմանիա կը գաղթէ։ Իմ կարծիքով՝ այդ գաղթին հետ մենք կը կորսնցնենք մեր հայապահպանումը։ Միայն Հայաստանի մէջ է, որ այդ հարցը չունինք։ Հետեւաբար, կոչս է՝ ինչ ալ պատահի, որքան դժուար պայմաններու մատնուիք, ձեր հասցէն անփոփոխ պահեցէ՛ք՝ Հայաստան:
Անշուշտ այս հարցին մէջ իր կարեւոր դերը պէտք է ունենայ նաեւ Հայաստանի նորակազմ կառավարութիւնը: Ես այս խօսքը օրին ըսած եմ Սփիւռքի նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին. «Սուրիայէն գանձեր եկած են Հայաստան, կ՚ուզեմ պահէք զանոնք, որպէսզի Հայաստանը նախընտրեն, չերազեն Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ այլուրի մասին»։
Հայաստանը «էսքալ»ի տեղ մը չէ՝ եկայ, անցայ, գացի… Ո՛չ, Հայաստանը մեր երկիրն է եւ մենք պէտք է միասնաբար զարգացնենք մեր հայրենիքը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան