ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ՔԱԼՈՂ ՍԵՂԱՆՆԵՐԸ…

Պսակաձեւ ժահրի համաճարակը նոր բառամթերքով ճոխացուց անգլերէն լեզուն։ Օրինակ՝ live streaming, առցանց սփռում եւ social distancing, ընկերային հեռաւորութիւն։ Ուրեմն ըստ ապահով գօտիին, մարդիկ պէտք է իրարմէ առնուազն վեց ոտք (մօտաւորապէս երկու մեթր) հեռու նստին կամ քալեն։

Պետական հրահանգով՝ մարտի 14-էն ի վեր ճաշարանները փակ էին, որպէսզի մարդիկ քով-քովի գալով զիրար չվարակէին այդ ախտէն։ Կարգ մը նահանգներ մայիսի 15-ին թոյլտուութիւն տուին ճաշարաններուն, որպէսզի բանան իրենց դռները յաճախորդներուն համար, սակայն մասնակի տարողութեամբ (limited capacity)։

Քալող սեղաններու դէպքը պատահած է Մերիլընտ նահանգի Օշըն Սիթի քաղաքին մէջ։ Ուրեմն Fish Tales Bar and Grill ծովեզերեայ ճաշարանը հետեւեալ միտքը յղացած է, որպէսզի անսայ իրարմէ վեց ոտք հեռու նստելով ուտելու պետական հրահանգին։

Ճաշարանատէրը՝ անիւներով օժտուած սեղաններուն մէջտեղերը կլոր մը փորած է, որպէսզի մարդիկ կայնին հոն եւ սեղաններուն չորս կողմերն ալ անցուցած է ինքնաշարժի անիւներուն ներքին խողովակները (inner tubes), որպէսզի իրարու եթէ զարնուին՝ փորձանք մը չպատահի եւ յաճախորդները (տես նկարը) շարքով յառաջանան, կատարելու իրենց ապսպրանքը։

Որո՞ւ միտքէն կ՚անցնէր այսպիսի մտայղացում մը… Բայց մարդիկ այլեւս ձանձրացան տունը կալանքի տակ մնալէ եւ ստիպողաբար պիտի բանան իրենց գործատեղիները, որպէսզի աշխատին եւ իրենց ընտանիքին ապրուստը կարենան ապահովել՝ այնպէս չէ՞…

Արդար ըլլալու համար պէտք է աւելցնեմ, որ ճաշարանները ցարդ ապսպրանքով միայն ճաշ կը պատրաստէին իրենց յաճախորդներուն համար։ Իսկ յաճախորդը կ՚երթար ճաշարան, ապսպրանքը կ՚առնէր եւ տուն կը վերադառնար։ Մէկ տարբերութեամբ միայն որ ճաշարանին մէջ նստելով ուտել արգիլուած էր։ Սա՝ ըստ իս, երկու չարեաց փոքրագոյնն է եւ շատ մը յաճախորդներ գոհացած էին այդ տարբերակով!

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020